< Yuhanna 11 >
1 Meryem ile kızkardeşi Marta'nın köyü olan Beytanya'dan Lazar adında bir adam hastalanmıştı.
Մարիամի եւ անոր քրոջ՝ Մարթայի գիւղէն, Բեթանիայէն, Ղազարոս անունով մէկը հիւանդ էր:
2 Meryem, Rab'be güzel kokulu yağ sürüp saçlarıyla O'nun ayaklarını silen kadındı. Hasta Lazar ise Meryem'in kardeşiydi.
(Ասիկա այն Մարիամն էր՝ որ օծեց Տէրը օծանելիքով ու սրբեց անոր ոտքերը իր մազերով. անոր եղբայրը՝ Ղազարոս հիւանդ էր: )
3 İki kızkardeş İsa'ya, “Rab, sevdiğin kişi hasta” diye haber gönderdiler.
Ուրեմն իր քոյրերը մարդ ղրկեցին անոր եւ ըսին. «Տէ՛ր, ահա՛ ան՝ որ դուն կը սիրես՝ հիւանդ է»:
4 İsa bunu işitince, “Bu hastalık ölümle sonuçlanmayacak; Tanrı'nın yüceliğine, Tanrı Oğlu'nun yüceltilmesine hizmet edecek” dedi.
Երբ Յիսուս լսեց՝ ըսաւ. «Այս հիւանդութիւնը մահուան համար չէ՝ հապա Աստուծոյ փառքին համար, որպէսզի Աստուծոյ Որդին փառաւորուի անով»:
5 İsa Marta'yı, kızkardeşini ve Lazar'ı severdi.
Արդարեւ Յիսուս կը սիրէր Մարթան եւ անոր քոյրն ու Ղազարոսը:
6 Bu nedenle, Lazar'ın hasta olduğunu duyunca bulunduğu yerde iki gün daha kaldıktan sonra öğrencilere, “Yahudiye'ye dönelim” dedi.
Ուրեմն երբ լսեց թէ հիւանդ է, եղած տեղը երկու օր ալ մնաց.
յետոյ ըսաւ աշակերտներուն. «Եկէ՛ք, դարձեալ Հրէաստան երթանք»:
8 Öğrenciler, “Rabbî” dediler, “Yahudi yetkililer demin seni taşlamaya kalkıştılar. Yine oraya mı gidiyorsun?”
Աշակերտները ըսին իրեն. «Ռաբբի՛, Հրեաները հի՛մա կը փնտռէին քեզ՝ քարկոծելու համար, ու դա՞րձեալ հոն կ՚երթաս»:
9 İsa şu karşılığı verdi: “Günün on iki saati yok mu? Gündüz yürüyen sendelemez. Çünkü bu dünyanın ışığını görür.
Յիսուս պատասխանեց. «Օրը տասներկու ժամ չէ՞: Եթէ մէկը ցերեկը քալէ՝ չի սայթաքիր, որովհետեւ այս աշխարհի լոյսը կը տեսնէ.
10 Oysa gece yürüyen sendeler. Çünkü kendisinde ışık yoktur.”
բայց եթէ մէկը գիշերուան մէջ քալէ՝ կը սայթաքի, որովհետեւ իրեն հետ լոյս չկայ»:
11 Bu sözleri söyledikten sonra, “Dostumuz Lazar uyudu” diye ekledi, “Onu uyandırmaya gidiyorum.”
Այս բաները խօսելէ ետք՝ ըսաւ անոնց. «Ղազարոս՝ մեր բարեկամը՝ քնացած է. բայց կ՚երթա՛մ՝ որպէսզի արթնցնեմ զայն»:
12 Öğrenciler, “Ya Rab” dediler, “Uyuduysa iyileşecektir.”
Իր աշակերտները ըսին. «Տէ՛ր, եթէ քնացած է՝ պիտի առողջանայ»:
13 İsa Lazar'ın ölümünden söz ediyordu, ama onlar olağan uykudan söz ettiğini sanmışlardı.
Յիսուս կը խօսէր անոր մահուան մասին, բայց անոնք կը կարծէին թէ քունո՛վ հանգստանալուն մասին կը խօսէր:
14 Bunun üzerine İsa açıkça, “Lazar öldü” dedi.
Այն ատեն Յիսուս բացորոշապէս ըսաւ անոնց. «Ղազարոս մեռաւ.
15 “İman edesiniz diye, orada bulunmadığıma sizin için seviniyorum. Şimdi onun yanına gidelim.”
ու ես ուրախ եմ ձեզի համար՝ որ հոն չէի, որպէսզի դուք հաւատաք. բայց եկէ՛ք՝ երթանք անոր»:
16 “İkiz” diye anılan Tomas öbür öğrencilere, “Biz de gidelim, O'nunla birlikte ölelim!” dedi.
Թովմաս, որ Երկուորեակ կը կոչուէր, ըսաւ աշակերտակիցներուն. «Մե՛նք ալ երթանք՝ որպէսզի մեռնինք անոր հետ»:
17 İsa Beytanya'ya yaklaşınca Lazar'ın dört gündür mezarda olduğunu öğrendi.
Երբ Յիսուս եկաւ, գտաւ որ ան արդէն չորս օրէ ի վեր գերեզմանը դրուած էր:
18 Beytanya, Yeruşalim'e on beş ok atımı kadar uzaklıktaydı.
Բեթանիա Երուսաղէմի մօտ էր՝ տասնհինգ ասպարէզի չափ.
19 Birçok Yahudi, kardeşlerini yitiren Marta'yla Meryem'i avutmaya gelmişti.
եւ Հրեաներէն շատեր եկած էին Մարթայի ու Մարիամի, որպէսզի սփոփեն զանոնք իրենց եղբօր համար:
20 Marta İsa'nın geldiğini duyunca O'nu karşılamaya çıktı, Meryem ise evde kaldı.
Ուստի՝ երբ Մարթա լսեց թէ Յիսուս կու գայ՝ գնաց դիմաւորելու զայն. բայց Մարիամ նստած էր տան մէջ:
21 Marta İsa'ya, “Ya Rab” dedi, “Burada olsaydın, kardeşim ölmezdi.
Մարթա ըսաւ Յիսուսի. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր, եղբայրս չէր մեռներ.
22 Şimdi bile, Tanrı'dan ne dilersen Tanrı'nın onu sana vereceğini biliyorum.”
Բայց գիտեմ թէ հիմա ալ՝ դուն ի՛նչ որ խնդրես Աստուծմէ, Աստուած պիտի տայ քեզի»:
23 İsa, “Kardeşin dirilecektir” dedi.
Յիսուս ըսաւ անոր. «Եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ»:
24 Marta, “Son gün, diriliş günü onun dirileceğini biliyorum” dedi.
Մարթա ըսաւ անոր. «Գիտեմ թէ յարութեան ժամանակը՝ վերջին օրը՝ յարութիւն պիտի առնէ»:
25 İsa ona, “Diriliş ve yaşam Ben'im” dedi. “Bana iman eden kişi ölse de yaşayacaktır.
Յիսուս ըսաւ անոր. «Ե՛ս եմ յարութիւնն ու կեանքը: Ա՛ն որ կը հաւատայ ինծի, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի.
26 Yaşayan ve bana iman eden asla ölmeyecek. Buna iman ediyor musun?” (aiōn )
Եւ ո՛վ որ կ՚ապրի եւ կը հաւատայ ինծի, յաւիտեա՛ն պիտի չմեռնի: Դուն կը հաւատա՞ս ասոր»: (aiōn )
27 Marta, “Evet, ya Rab” dedi. “Senin, dünyaya gelecek olan Tanrı'nın Oğlu Mesih olduğuna iman ettim.”
Ըսաւ անոր. «Այո՛, Տէ՛ր, ես կը հաւատամ թէ դո՛ւն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին, որ աշխարհ պիտի գար»:
28 Bunu söyledikten sonra gidip kızkardeşi Meryem'i gizlice çağırdı. “Öğretmen burada, seni çağırıyor” dedi.
Երբ ըսաւ ասիկա՝ գնաց, ու ծածկաբար կանչեց իր քոյրը՝ Մարիամը, ըսելով. «Վարդապետը եկած է, եւ կը կանչէ քեզ»:
29 Meryem bunu işitince hemen kalkıp İsa'nın yanına gitti.
Երբ ան լսեց՝ շուտով ոտքի ելաւ ու եկաւ անոր քով:
30 İsa henüz köye varmamıştı, hâlâ Marta'nın kendisini karşıladığı yerdeydi.
Յիսուս դեռ եկած չէր գիւղը, հապա այն տեղն էր՝ ուր Մարթա դիմաւորեց զինք:
31 Meryem'le birlikte evde bulunan ve kendisini teselli eden Yahudiler, onun hızla kalkıp dışarı çıktığını gördüler. Ağlamak için mezara gittiğini sanarak onu izlediler.
Բայց Հրեաները, որ տան մէջ էին անոր հետ եւ կը սփոփէին զայն, երբ տեսան թէ Մարիամ շուտով կանգնեցաւ ու գնաց, իրենք ալ հետեւեցան անոր՝ ըսելով. «Գերեզմանը կ՚երթայ՝ որպէսզի հոն լայ»:
32 Meryem İsa'nın bulunduğu yere vardı. O'nu görünce ayaklarına kapanarak, “Ya Rab” dedi, “Burada olsaydın, kardeşim ölmezdi.”
Իսկ Մարիամ, երբ հասաւ Յիսուսի եղած տեղը ու տեսաւ զինք, անոր ոտքը իյնալով՝ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, եթէ հոս ըլլայիր՝ եղբայրս չէր մեռներ»:
33 Meryem'in ve onunla gelen Yahudiler'in ağladığını gören İsa'nın içini hüzün kapladı, yüreği sızladı.
Ուրեմն երբ Յիսուս տեսաւ զայն՝ որ կու լար, եւ անոր հետ եկող Հրեաները՝ որոնք կու լային, սրդողեցաւ իր հոգիին մէջ ու վրդովեցաւ,
34 “Onu nereye koydunuz?” diye sordu. O'na, “Ya Rab, gel gör” dediler.
եւ ըսաւ. «Ո՞ւր դրած էք զայն»: Ըսին իրեն. «Տէ՛ր, եկո՛ւր ու տե՛ս»:
36 Yahudiler, “Bakın, onu ne kadar seviyormuş!” dediler.
Ուստի Հրեաները կ՚ըսէին. «Նայեցէ՛ք, ո՜րչափ կը սիրէր զայն»:
37 Ama içlerinden bazıları, “Körün gözlerini açan bu kişi, Lazar'ın ölümünü de önleyemez miydi?” dediler.
Անոնցմէ ոմանք ալ կ՚ըսէին. «Ասիկա՝ որ կոյրին աչքերը բացաւ, չէ՞ր կրնար այնպէս ընել՝ որ ա՛յս ալ չմեռնէր»:
38 İsa yine derinden hüzünlenerek mezara vardı. Mezar bir mağaraydı, girişinde de bir taş duruyordu.
Ուրեմն Յիսուս՝ դարձեալ սրդողելով ինքնիր մէջ՝ գնաց գերեզման. ան քարայր մըն էր, որուն վրայ քար մը դրուած էր:
39 İsa, “Taşı çekin!” dedi. Ölenin kızkardeşi Marta, “Rab, o artık kokmuştur, öleli dört gün oldu” dedi.
Յիսուս ըսաւ. «Վերցուցէ՛ք այդ քարը»: Մեռելին քոյրը՝ Մարթա՝ ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, արդէն նեխած պիտի ըլլայ, որովհետեւ չորս օրուան է»:
40 İsa ona, “Ben sana, ‘İman edersen Tanrı'nın yüceliğini göreceksin’ demedim mi?” dedi.
Յիսուս ըսաւ անոր. «Քեզի չըսի՞ թէ պիտի տեսնես Աստուծոյ փառքը՝ եթէ հաւատաս»:
41 Bunun üzerine taşı çektiler. İsa gözlerini gökyüzüne kaldırarak şöyle dedi: “Baba, beni işittiğin için sana şükrediyorum.
Ուստի վերցուցին քարը: Յիսուս բարձրացուց իր աչքերը եւ ըսաւ. «Հա՛յր, շնորհակալ եմ քեզմէ՝ որ լսեցիր զիս:
42 Beni her zaman işittiğini biliyordum. Ama bunu, çevrede duran halk için, beni senin gönderdiğine iman etsinler diye söyledim.”
Ու ես գիտէի թէ ամէն ատեն կը լսես զիս. բայց ըսի շուրջս կայնող բազմութեան համար, որպէսզի հաւատան թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս»:
43 Bunları söyledikten sonra yüksek sesle, “Lazar, dışarı çık!” diye bağırdı.
Ասիկա ըսելէն ետք՝ բարձրաձայն պոռաց. «Ղազարո՛ս, դո՛ւրս եկուր»:
44 Ölü, elleri ayakları sargılarla bağlı, yüzü peşkirle sarılmış olarak dışarı çıktı. İsa oradakilere, “Onu çözün, bırakın gitsin” dedi.
Մեռելն ալ ելաւ՝ ոտքերն ու ձեռքերը պատանքով կապուած, եւ դէմքը՝ վարշամակով պատուած: Յիսուս ըսաւ անոնց. «Արձակեցէ՛ք զինք, ու թո՛յլ տուէք որ երթայ»:
45 O zaman, Meryem'e gelen ve İsa'nın yaptıklarını gören Yahudiler'in birçoğu İsa'ya iman etti.
Հրեաներէն շատեր՝ որ եկած էին Մարիամի քով, երբ տեսան Յիսուսի ըրածը՝ հաւատացին իրեն:
46 Ama içlerinden bazıları Ferisiler'e giderek İsa'nın yaptıklarını onlara bildirdiler.
Բայց անոնցմէ ոմանք գացին Փարիսեցիներուն ու պատմեցին անոնց Յիսուսի ըրածը:
47 Bunun üzerine başkâhinler ve Ferisiler, Yüksek Kurul'u toplayıp dediler ki, “Ne yapacağız? Bu adam birçok doğaüstü belirti gerçekleştiriyor.
Ուստի քահանայապետներն ու Փարիսեցիները ժողով գումարեցին՝՝ եւ ըսին. «Ի՞նչ ընենք, քանի որ այս մարդը բազմաթիւ նշաններ կ՚ընէ:
48 Böyle devam etmesine izin verirsek, herkes O'na iman edecek. Romalılar da gelip kutsal yerimizi ve ulusumuzu ortadan kaldıracaklar.”
Եթէ թոյլ տանք անոր՝ որ այսպէս շարունակէ, բոլորն ալ պիտի հաւատան անոր, ու Հռոմայեցիները պիտի գան եւ կործանեն մեր տեղն ու ազգը»:
49 İçlerinden biri, o yıl başkâhin olan Kayafa, “Hiçbir şey bilmiyorsunuz” dedi.
Անոնցմէ մէկը՝ Կայիափա անունով, որ այդ տարուան քահանայապետն էր, ըսաւ անոնց.
50 “Bütün ulus yok olacağına, halk uğruna bir tek adamın ölmesi sizin için daha uygun. Bunu anlamıyor musunuz?”
«Դուք ոչինչ գիտէք, ու չէք ալ մտածեր թէ աւելի օգտակար է մեզի՝ որ մէ՛կ մարդ մեռնի ժողովուրդին համար, եւ ամբողջ ազգը չկորսուի»:
51 Bunu kendiliğinden söylemiyordu. O yılın başkâhini olarak İsa'nın, ulusun uğruna, ve yalnız ulusun uğruna değil, Tanrı'nın dağılmış çocuklarını toplayıp birleştirmek için de öleceğine ilişkin peygamberlikte bulunuyordu.
Բայց այս բանը ո՛չ թէ ինքնիրմէ ըսաւ, հապա այդ տարուան քահանայապետը ըլլալով՝ մարգարէացաւ թէ Յիսուս պիտի մեռնէր ազգին համար.
եւ ո՛չ միայն ազգին համար, այլ նաեւ հաւաքելով միացնելու համար Աստուծոյ ցրուած որդիները:
53 Böylece o günden itibaren İsa'yı öldürmek için düzen kurmaya başladılar.
Ուրեմն այդ օրէն ետք խորհրդակցեցան՝ որ սպաննեն զայն:
54 Bu yüzden İsa artık Yahudiler arasında açıkça dolaşmaz oldu. Oradan ayrılarak çöle yakın bir yere, Efrayim denilen kente gitti. Öğrencileriyle birlikte orada kaldı.
Ուստի ա՛լ Յիսուս բացորոշապէս չէր շրջեր Հրեաներուն մէջ, հապա անկէ գնաց անապատին մօտ երկրամաս մը, քաղաք մը՝ որ Եփրայիմ կը կոչուէր, եւ հոն կեցաւ իր աշակերտներուն հետ:
55 Yahudiler'in Fısıh Bayramı yakındı. Taşradakilerin birçoğu bayramdan önce arınmak için Yeruşalim'e gitti.
Երբ Հրեաներուն Զատիկը մօտեցաւ, այդ երկրամասէն շատեր Երուսաղէմ բարձրացան Զատիկէն առաջ՝ որպէսզի մաքրագործեն իրենք զիրենք:
56 Orada İsa'yı arayıp durdular. Tapınaktayken birbirlerine, “Ne dersiniz, bayrama hiç gelmeyecek mi?” diye soruyorlardı.
Ուստի կը փնտռէին Յիսուսը, ու տաճարին մէջ կեցած ատեն՝ կ՚ըսէին իրարու. «Ի՞նչ է ձեր կարծիքը. արդեօք բնա՛ւ պիտի չգա՞յ այս տօնին»:
57 Başkâhinlerle Ferisiler O'nu yakalayabilmek için, yerini bilenlerin haber vermesini buyurmuşlardı.
Իսկ քահանայապետներն ու Փարիսեցիները պատուիրեր էին, որ եթէ մէկը գիտնայ անոր ո՛ւր ըլլալը՝ ցոյց տայ, որպէսզի ձերբակալեն զայն: