< 1 Timoteos 4 >
1 Ruh açıkça diyor ki, son zamanlarda bazıları yalancıların ikiyüzlülüğü nedeniyle aldatıcı ruhlara ve cinlerin öğretilerine kulak vererek imandan dönecek. Vicdanları adeta kızgın bir demirle dağlanmış bu yalancılar evlenmeyi yasaklayacak, iman edip gerçeği bilenlerin şükranla yemesi için Tanrı'nın yarattığı yiyeceklerden çekinmek gerektiğini buyuracaklar.
Հոգին յատկապէս կ՚ըսէ թէ վերջին ատենները՝ ոմանք պիտի հեռանան հաւատքէն, ուշադրութիւն դարձնելով մոլորեցուցիչ ոգիներու եւ դեւերու վարդապետութիւններու:
Կեղծաւորութեամբ սուտ պիտի խօսին, խանձուած խղճմտանք պիտի ունենան,
պիտի արգիլեն ամուսնանալ ու ետ պիտի պահեն կերակուրներէն, որ Աստուած ստեղծեր է որպէսզի հաւատացեալները եւ ճշմարտութիւնը գիտցողները շնորհակալութեամբ ընդունին.
4 Oysa Tanrı'nın yarattığı her şey iyidir, hiçbir şey reddedilmemeli; yeter ki, şükranla kabul edilsin.
որովհետեւ ամէն ինչ որ Աստուած ստեղծած է՝ բարի է, ու ոչինչ մերժուելու է՝ եթէ ընդունուի շնորհակալութեամբ,
5 Çünkü her şey Tanrı'nın sözüyle ve duayla kutsal kılınır.
քանի որ կը սրբացուի Աստուծոյ խօսքով եւ աղօթքով:
6 Bunları kardeşlere öğütlersen, imanın ve izlediğin iyi öğretinin sözleriyle beslenmiş olarak Mesih İsa'nın iyi bir görevlisi olursun.
Եթէ թելադրես այս բաները եղբայրներուն, պիտի ըլլաս Յիսուս Քրիստոսի բարի սպասարկու մը, սնած խօսքերով հաւատքին ու բարի վարդապետութեան՝ որուն հետեւեցար:
7 Kutsallıktan yoksun kocakarı masallarını reddet. Kendini Tanrı yolunda eğit.
Բայց մերժէ՛ սրբապիղծ ու պառաւական առասպելները, եւ դուն քեզ վարժեցուր բարեպաշտութեան.
8 Bedeni eğitmenin biraz yararı var; ama şimdiki ve gelecek yaşamın vaadini içeren Tanrı yolunda yürümek her yönden yararlıdır.
որովհետեւ մարմինին վարժութիւնը օգտակար է քիչ բանի, բայց բարեպաշտութիւնը օգտակար է ամէն բանի, ունենալով թէ՛ ներկայ եւ թէ ապագայ կեանքին խոստումը:
9 Bu güvenilir ve her bakımdan kabule layık bir sözdür.
Այս խօսքը վստահելի է ու բոլորովին ընդունուելու արժանի:
10 Bunun için emek veriyor, mücadele ediyoruz. Çünkü umudumuzu bütün insanların, özellikle iman edenlerin Kurtarıcısı olan diri Tanrı'ya bağladık.
Արդարեւ մենք կ՚աշխատինք եւ կը նախատուինք սա՛ նպատակով, որովհետեւ կը յուսանք ապրող Աստուծոյ, որ Փրկիչն է բոլոր մարդոց, մա՛նաւանդ՝ հաւատացեալներուն:
11 Bunları buyur ve öğret.
Պատուիրէ՛ եւ սորվեցո՛ւր այս բաները:
12 Gençsin diye kimse seni küçümsemesin. Konuşmada, davranışta, sevgide, imanda, paklıkta imanlılara örnek ol.
Ո՛չ մէկը թող արհամարհէ քու երիտասարդութիւնդ, հապա տիպա՛ր եղիր հաւատացեալներուն՝ խօսքով, վարքով, սիրով, հաւատքով ու մաքրակեցութեամբ:
13 Ben yanına gelinceye dek kendini topluluğa Kutsal Yazılar'ı okumaya, öğüt vermeye, öğretmeye ada.
Մինչեւ որ գամ՝ ուշադի՛ր եղիր կարդալու, յորդորելու, սորվեցնելու:
14 Peygamberlik sözüyle, ihtiyarlar kurulunun ellerini senin üzerine koymasıyla sana verilen ve hâlâ sende olan ruhsal armağanı ihmal etme.
Անհոգ մի՛ ըլլար քու մէջդ եղած շնորհին հանդէպ, որ մարգարէութեամբ տրուեցաւ քեզի՝ երէցներուն ձեռնադրութեամբ:
15 Bu konuların üzerinde dur, kendini bunlara ver ki, ilerlediğini herkes görsün.
Խոկա՛ այդ բաներուն մասին եւ զբաղէ՛ ատոնցմով, որպէսզի քու յառաջդիմութիւնդ երեւնայ ամենուն:
16 Kendine ve öğretine dikkat et, bu yolda yürümeye devam et. Çünkü bunu yapmakla hem kendini hem seni dinleyenleri kurtaracaksın.
Ուշադի՛ր եղիր դուն քեզի ու վարդապետութեան, եւ մի՛շտ յարատեւէ ատոնց մէջ. քանի որ այդպէս ընելով՝ պիտի փրկես թէ՛ քեզ, թէ՛ քեզ լսողները: