< mathiH 19 >

1 anantaram EtAsu kathAsu samAptAsu yIzu rgAlIlapradEzAt prasthAya yardantIrasthaM yihUdApradEzaM prAptaH|
Երբ Յիսուս աւարտեց այս խօսքերը, մեկնեցաւ Գալիլեայէն եւ գնաց Հրէաստանի հողամասը՝ Յորդանանի միւս կողմը:
2 tadA tatpazcAt jananivahE gatE sa tatra tAn nirAmayAn akarOt|
Մեծ բազմութիւններ հետեւեցան անոր, ու հոն բուժեց զանոնք:
3 tadanantaraM phirUzinastatsamIpamAgatya pArIkSituM taM papracchuH, kasmAdapi kAraNAt narENa svajAyA parityAjyA na vA?
Փարիսեցիները մօտեցան անոր եւ փորձեցին զայն՝ ըսելով. «Արտօնուա՞ծ է, որ մարդ մը արձակէ իր կինը՝ որեւէ պատճառի համար»:
4 sa pratyuvAca, prathamam IzvarO naratvEna nArItvEna ca manujAn sasarja, tasmAt kathitavAn,
Ան ալ պատասխանեց անոնց. «Չէ՞ք կարդացեր թէ ա՛ն՝ որ սկիզբէն ստեղծեց, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք, ու ըսաւ.
5 mAnuSaH svapitarau parityajya svapatnyAm AsakSyatE, tau dvau janAvEkAggau bhaviSyataH, kimEtad yuSmAbhi rna paThitam?
“Այս պատճառով մարդը պիտի թողու հայրն ու մայրը, եւ պիտի յարի իր կնոջ, ու երկուքը պիտի ըլլան մէ՛կ մարմին”:
6 atastau puna rna dvau tayOrEkAggatvaM jAtaM, IzvarENa yacca samayujyata, manujO na tad bhindyAt|
Հետեւաբար ա՛լ երկու չեն, հապա՝ մէկ մարմին. ուրեմն մարդը թող չզատէ ինչ որ Աստուած իրարու միացուցած է»:
7 tadAnIM tE taM pratyavadan, tathAtvE tyAjyapatraM dattvA svAM svAM jAyAM tyaktuM vyavasthAM mUsAH kathaM lilEkha?
Ըսին իրեն. «Հապա ինչո՞ւ Մովսէս պատուիրեց ամուսնալուծումի վկայագիր տալ եւ արձակել»:
8 tataH sa kathitavAn, yuSmAkaM manasAM kAThinyAd yuSmAn svAM svAM jAyAM tyaktum anvamanyata kintu prathamAd ESO vidhirnAsIt|
Ըսաւ անոնց. «Մովսէս ձեր սիրտին կարծրութեա՛ն համար արտօնեց ձեզի՝ որ արձակէք ձեր կիները. բայց սկիզբէն այնպէս չէր:
9 atO yuSmAnahaM vadAmi, vyabhicAraM vinA yO nijajAyAM tyajEt anyAnjca vivahEt, sa paradArAn gacchati; yazca tyaktAM nArIM vivahati sOpi paradArESu ramatE|
Սակայն կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ կ՚արձակէ իր կինը՝ առանց պոռնկութեան պատճառի, ու կ՚ամուսնանայ ուրիշի մը հետ՝ շնութիւն կ՚ընէ: Եւ ո՛վ որ արձակուածին հետ կ՚ամուսնանայ՝ շնութիւն կ՚ընէ”»:
10 tadA tasya ziSyAstaM babhASirE, yadi svajAyayA sAkaM puMsa EtAdRk sambandhO jAyatE, tarhi vivahanamEva na bhadraM|
Իր աշակերտները ըսին իրեն. «Եթէ ա՛յդ է պարագան մարդուն եւ իր կնոջ միջեւ, օգտակար չէ ամուսնանալ»:
11 tataH sa uktavAn, yEbhyastatsAmarthyaM AdAyi, tAn vinAnyaH kOpi manuja EtanmataM grahItuM na zaknOti|
Բայց ինք ըսաւ անոնց. «Բոլորը չեն ընդունիր ասիկա, հապա անոնք՝ որոնց տրուած է:
12 katipayA jananaklIbaH katipayA narakRtaklIbaH svargarAjyAya katipayAH svakRtaklIbAzca santi, yE grahItuM zaknuvanti tE gRhlantu|
Որովհետեւ կան ներքինիներ, որոնք ա՛յդպէս ծնան՝ իրենց մօր որովայնէն. կան ներքինիներ, որոնք մարդոցմէ՛ ներքինի եղան. ու կան ներքինիներ, որոնք իրենք զիրենք ներքինի ըրին՝ երկինքի թագաւորութեան համար: Ո՛վ որ կրնայ ընդունիլ՝ թող ընդունի»:
13 aparam yathA sa zizUnAM gAtrESu hastaM datvA prArthayatE, tadarthaM tatsamIMpaM zizava AnIyanta, tata AnayitRn ziSyAstiraskRtavantaH|
Այն ատեն մանուկներ բերուեցան իրեն, որպէսզի ձեռք դնէ անոնց վրայ եւ աղօթէ. իսկ աշակերտները կը յանդիմանէին զանոնք:
14 kintu yIzuruvAca, zizavO madantikam Agacchantu, tAn mA vArayata, EtAdRzAM zizUnAmEva svargarAjyaM|
Յիսուս ըսաւ. «Թո՛յլ տուէք մանուկներուն, ու մի՛ արգիլէք զանոնք՝ որ գան ինծի, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը այդպիսիներունն է»:
15 tataH sa tESAM gAtrESu hastaM datvA tasmAt sthAnAt pratasthE|
Եւ ձեռք դնելէ ետք անոնց վրայ՝ մեկնեցաւ անկէ:
16 aparam Eka Agatya taM papraccha, hE paramagurO, anantAyuH prAptuM mayA kiM kiM satkarmma karttavyaM? (aiōnios g166)
Մէկը մօտենալով՝ ըսաւ անոր. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ բարիք գործեմ՝ որ ունենամ յաւիտենական կեանքը»: (aiōnios g166)
17 tataH sa uvAca, mAM paramaM kutO vadasi? vinEzcaraM na kOpi paramaH, kintu yadyanantAyuH prAptuM vAnjchasi, tarhyAjnjAH pAlaya|
Ան ալ ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ բարի կը կոչես զիս. մէկէ՛ն զատ բարի չկայ, որ Աստուած է: Եթէ կ՚ուզես մտնել կեանքը՝ պահէ՛ պատուիրանները»:
18 tadA sa pRSTavAn, kAH kA AjnjAH? tatO yIzuH kathitavAn, naraM mA hanyAH, paradArAn mA gacchEH, mA cOrayEH, mRSAsAkSyaM mA dadyAH,
Ըսաւ անոր. «Որո՞նք»: Յիսուս պատասխանեց. «Սպանութիւն մի՛ ըներ, շնութիւն մի՛ ըներ, գողութիւն մի՛ ըներ, սուտ վկայութիւն մի՛ տար,
19 nijapitarau saMmanyasva, svasamIpavAsini svavat prEma kuru|
պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ, եւ սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ՝՝ պէս»:
20 sa yuvA kathitavAn, A bAlyAd EtAH pAlayAmi, idAnIM kiM nyUnamAstE?
Երիտասարդը ըսաւ անոր. «Պահած եմ այդ բոլորը՝ պատանութենէս ի վեր. տակաւին ի՞նչ կը պակսի ինծի»:
21 tatO yIzuravadat, yadi siddhO bhavituM vAnjchasi, tarhi gatvA nijasarvvasvaM vikrIya daridrEbhyO vitara, tataH svargE vittaM lapsyasE; Agaccha, matpazcAdvarttI ca bhava|
Յիսուս ըսաւ անոր. «Եթէ կ՚ուզես կատարեալ ըլլալ՝ գնա՛, ծախէ՛ ինչքդ եւ տո՛ւր աղքատներուն, ու գանձ պիտի ունենաս երկինքը. ապա հետեւէ՛ ինծի»:
22 EtAM vAcaM zrutvA sa yuvA svIyabahusampattE rviSaNaH san calitavAn|
Երբ երիտասարդը լսեց այս խօսքը՝ տրտմած գնաց, որովհետեւ շատ ստացուածք ունէր:
23 tadA yIzuH svaziSyAn avadat, dhaninAM svargarAjyapravEzO mahAduSkara iti yuSmAnahaM tathyaM vadAmi|
Յիսուս ըսաւ աշակերտներուն. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Հարուստը դժուարութեամբ պիտի մտնէ երկինքի թագաւորութիւնը”:
24 punarapi yuSmAnahaM vadAmi, dhaninAM svargarAjyapravEzAt sUcIchidrENa mahAggagamanaM sukaraM|
Դարձեալ կը յայտարարեմ ձեզի. “Աւելի դիւրին է որ ո՛ւղտը անցնի ասեղին ծակէն, քան թէ հարուստը մտնէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը”»:
25 iti vAkyaM nizamya ziSyA aticamatkRtya kathayAmAsuH; tarhi kasya paritrANaM bhavituM zaknOti?
Երբ աշակերտները լսեցին, չափազանց ապշեցան եւ ըսին. «Ուրեմն ո՞վ կրնայ փրկուիլ»:
26 tadA sa tAn dRSdvA kathayAmAsa, tat mAnuSANAmazakyaM bhavati, kintvIzvarasya sarvvaM zakyam|
Յիսուս նայելով անոնց՝ ըսաւ. «Ատիկա անկարելի է մարդոց քով, բայց ամէն բան կարելի է Աստուծոյ քով»:
27 tadA pitarastaM gaditavAn, pazya, vayaM sarvvaM parityajya bhavataH pazcAdvarttinO 'bhavAma; vayaM kiM prApsyAmaH?
Այն ատեն Պետրոս ըսաւ անոր. «Ահա՛ մենք թողուցինք ամէն ինչ ու հետեւեցանք քեզի. ուրեմն ի՞նչ պիտի ըլլայ մեզի»:
28 tatO yIzuH kathitavAn, yuSmAnahaM tathyaM vadAmi, yUyaM mama pazcAdvarttinO jAtA iti kAraNAt navInasRSTikAlE yadA manujasutaH svIyaizcaryyasiMhAsana upavEkSyati, tadA yUyamapi dvAdazasiMhAsanESUpavizya isrAyElIyadvAdazavaMzAnAM vicAraM kariSyatha|
Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Դուք՝ որ հետեւեցաք ինծի, միւս գալուստին՝՝, երբ մարդու Որդին բազմի իր փառքի գահին վրայ, դո՛ւք ալ պիտի բազմիք տասներկու գահերու վրայ՝ դատելու Իսրայէլի տասներկու տոհմերը”:
29 anyacca yaH kazcit mama nAmakAraNAt gRhaM vA bhrAtaraM vA bhaginIM vA pitaraM vA mAtaraM vA jAyAM vA bAlakaM vA bhUmiM parityajati, sa tESAM zataguNaM lapsyatE, anantAyumO'dhikAritvanjca prApsyati| (aiōnios g166)
Ո՛վ որ թողուցած ըլլայ տուներ, եղբայրներ, քոյրեր, հայր, մայր, կին, զաւակներ, կամ արտեր՝ իմ անունիս համար, պիտի ստանայ հարիւրապատի՛կը եւ ժառանգէ յաւիտենական կեանքը: (aiōnios g166)
30 kintu agrIyA anEkE janAH pazcAt, pazcAtIyAzcAnEkE lOkA agrE bhaviSyanti|
Բայց շատ առաջիններ պիտի ըլլան յետին, ու յետիններ՝ առաջին»:

< mathiH 19 >