< Apustuļu Darbi 2 >

1 Un kad vasaras svētku diena atnāca, tad visi vienprātīgi bija kopā.
Երբ Պենտեկոստէի տօնը հասաւ, բոլորն ալ միաբան՝ մէկ տեղ էին:
2 Un tur piepeši no debess rūkšana notika, tā kā no varena vēja pūšanas, un piepildīja visu to namu, kur tie sēdēja.
Յանկարծ շառաչ մը եղաւ երկինքէն՝ սաստկաշունչ հովի մը ձայնին պէս, ու լեցուց ամբողջ տունը՝ ուր նստած էին:
3 Un dalītas mēles tiem parādījās tā kā uguns un nolaidās uz ikvienu no tiem.
Եւ բաժնուած լեզուներ երեւցան իրենց՝ որպէս թէ կրակէ, ու հանգչեցան անոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ:
4 Un visi tapa piepildīti ar Svētu Garu un iesāka runāt ar citām mēlēm, kā tiem Tas Gars deva izrunāt.
Բոլորն ալ լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ սկսան խօսիլ ուրիշ լեզուներով, ինչպէս Հոգին իրենց խօսիլ կու տար:
5 Bet tur bija Jūdu ļaudis, kas Jeruzālemē dzīvoja, dievbijīgi vīri no visādām tautām apakš debess.
Երուսաղէմ բնակող Հրեաներ կային, բարեպաշտ մարդիկ՝ երկինքի տակ եղած ամէն ազգէ:
6 Kad nu šī balss notika, tad tas pulks nāca kopā un iztrūcinājās; jo ikviens tos dzirdēja savā valodā runājam.
Երբ այս ձայնը եղաւ, բազմութիւնը համախմբուեցաւ ու շփոթեցաւ, որովհետեւ կը լսէին թէ անոնք կը խօսէին իրենցմէ իւրաքանչիւրին սեփական բարբառով:
7 Un tie visi sabijušies brīnījās, un cits uz citu sacīja: “Redzi, vai šie visi, kas runā, nav Galileji?
Բոլորն ալ զմայլած էին եւ կը զարմանային՝ իրարու ըսելով. «Ահա՛ ասոնք բոլորն ալ՝ որ կը խօսին, միթէ Գալիլեացի չե՞ն:
8 Kā tad mēs tos dzirdam ikviens savā valodā, kurā mēs dzimuši?
Ուրեմն ի՞նչպէս կը լսենք՝ մեր իւրաքանչիւրին սեփական բարբառով, այն երկրին՝ որուն մէջ ծնած ենք.
9 Partieši un Mēdieši un Elamieši, un kas dzīvojam iekš Mezopotamijas, Jūdejas un Kapadoķijas, Pontus un Āzijas,
Պարթեւներ, Մարեր ու Եղամացիներ, եւ անոնք որ կը բնակին Միջագետքի, Հրէաստանի, Կապադովկիայի, Պոնտոսի, Ասիայի,
10 Friģijas un Pamfilijas, Ēģiptes un Libijas robežās pret Kireni, un piedzīvotāji no Romas, Jūdi un Jūdu ticības biedri,
Փռիւգիայի, Պամփիւլիայի ու Եգիպտոսի մէջ, եւ Կիւրենէի մօտ՝ Լիպիայի կողմերը, նաեւ Հռոմէն գաղթած Հրեաներ ու նորահաւատներ,
11 Krieti un Arābi, - mēs dzirdam, tos ar mūsu pašu mēlēm Dieva lielos darbus runājam.”
Կրետացիներ եւ Արաբներ, կը լսենք թէ անոնք կը խօսին Աստուծոյ մեծամեծ գործերուն մասին՝ մե՛ր լեզուներով»:
12 Un visi sabijušies nezināja, ko darīt, un cits uz citu sacīja: “Kas tas būs?”
Բոլորն ալ զմայլած էին, ու տարակուսած՝ կ՚ըսէին իրարու. «Ի՞նչ կրնայ ըլլալ ասիկա»:
13 Bet citi mēdīdami sacīja: “Tie salda vīna pilni.”
Ոմանք ալ ծաղրելով կ՚ըսէին. «Անոնք լի են անոյշ գինիով»:
14 Bet Pēteris nostājies ar tiem vienpadsmit, pacēla savu balsi un uz tiem runāja: “Jūs Jūdu vīri, un visi, kas Jeruzālemē dzīvojat, lai tas jums ir zināms, un saņemat manus vārdus savās ausīs.
Բայց Պետրոս կանգնեցաւ տասնմէկին հետ, բարձրացուց ձայնը եւ ըսաւ անոնց. «Ո՛վ Հրէաստանցիներ, ու դուք բոլորդ՝ որ կը բնակիք Երուսաղէմ, սա՛ գիտցէ՛ք եւ մտի՛կ ըրէք իմ խօսքերս.
15 Jo šie nav piedzēruši, kā jums šķiet; jo šī ir dienas trešā stunda.
որովհետեւ ասոնք ո՛չ թէ արբեցած են՝ ինչպէս դուք կ՚ենթադրէք, քանի դեռ օրուան երրորդ ժամն՝՝ է,
16 Bet tas ir, ko pravietis Joēls sacījis:
հապա ասիկա ա՛յն է՝ որ ըսուեցաւ Յովէլ մարգարէին միջոցով.
17 Un Dievs saka: “Notiks pēdīgās dienās, ka Es izliešu no Sava Gara uz visu miesu; un jūsu dēli un jūsu meitas sludinās nākamas lietas, un jūsu jaunekļi redzēs parādīšanas, un jūsu vecaji sapņos sapņus.
“Վերջին օրերը, - կ՚ըսէ Աստուած, - իմ Հոգիէս պիտի թափեմ ամէն մարմինի վրայ, եւ ձեր որդիներն ու աղջիկները պիտի մարգարէանան, ձեր երիտասարդները տեսիլքներ պիտի տեսնեն, ու ձեր ծերերը երազներ պիտի տեսնեն:
18 Un arī uz Saviem kalpiem un uz Savām kalponēm Es tanīs dienās izliešu no Sava Gara, un tie sludinās praviešu mācību.
Իմ ծառաներուս եւ աղախիններուս վրայ ալ այդ օրերը իմ Հոգիէս պիտի թափեմ, ու պիտի մարգարէանան:
19 Un Es došu brīnumus augšā pie debess un zīmes apakšā virs zemes, asinis un uguni un dūmu tvaiku.
Վերը՝ երկինքը՝ սքանչելիքներ ցոյց պիտի տամ, եւ վարը՝ երկիրը՝ նշաններ, արիւն, կրակ ու ծուխի մառախուղ.
20 Saule taps pārvērsta par tumsību, un mēnesis par asinīm, pirms nekā nāks Tā Kunga lielā un spožā diena.
արեւը պիտի փոխուի խաւարի, եւ լուսինը՝ արիւնի, դեռ Տէրոջ մեծ ու երեւելի օրը չեկած:
21 Un notiks, ka ikviens, kas Tā Kunga vārdu piesauks, taps izglābts.”
Եւ ո՛վ որ կանչէ Տէրոջ անունը՝ պիտի փրկուի”:
22 Jūs Israēla vīri, klausiet šos vārdus: Jēzu no Nacaretes, vīru no Dieva skaidri ierādītu jūsu starpā caur spēcīgiem darbiem un brīnumiem un zīmēm, ko Dievs darījis caur Viņu jūsu starpā, kā jūs paši to zināt,
Իսրայելացի՛ մարդիկ, լսեցէ՛ք սա՛ խօսքերը. Յիսուս Նազովրեցին, Աստուծմէ ձեզի ցոյց տրուած մարդ մը՝ հրաշքներով, սքանչելիքներով ու նշաններով - որ Աստուած անոր միջոցով ըրաւ ձեր մէջ, ինչպէս դուք ալ գիտէք -,
23 Šo, pēc Dieva nolemta padoma un papriekš zināšanas nodotu, jūs esat ņēmuši, caur netaisnu rokām pie krusta piekaluši un nokāvuši -
Աստուծոյ որոշած ծրագիրով եւ կանխագիտութեամբ մատնուած ըլլալով՝ առիք եւ սպաննեցիք անօրէններու ձեռքով՝ փայտի վրայ գամելով:
24 To Dievs ir uzmodinājis, nāves sāpes atraisīdams, jo nevarēja būt, ka Viņš no tās taptu turēts.
Բայց Աստուած յարուցանեց զայն՝ քակելով մահուան ցաւերը, քանի որ կարելի չէր որ ան բռնուէր անկէ:
25 Jo Dāvids par Viņu saka: es To Kungu vienmēr esmu turējis priekš acīm; jo Viņš man ir pa labo roku, ka es nešaubos.
Որովհետեւ Դաւիթ կ՚ըսէ անոր մասին. “Ամէն ատեն կը տեսնեմ Տէրը իմ առջեւս, քանի որ իմ աջ կողմս է՝ որպէսզի չսասանիմ:
26 Tāpēc mana sirds priecājās un mana mēle līksmojās un arī mana miesa dusēs uz cerību.
Ուստի իմ սիրտս ուրախացաւ եւ իմ լեզուս ցնծաց. նաեւ իմ մարմինս ալ պիտի հանգստանայ յոյսով.
27 Jo Tu manu dvēseli nepametīsi kapā, nedz Savam Svētam liksi redzēt satrūdēšanu. (Hadēs g86)
որովհետեւ իմ անձս պիտի չթողուս դժոխքին մէջ, ու պիտի չթոյլատրես որ քու Սուրբդ ապականութիւն տեսնէ: (Hadēs g86)
28 Tu man esi zināmus darījis dzīvības ceļus; Tu mani piepildīsi ar līksmību Tava vaiga priekšā.
Կեանքի ճամբաները գիտցուցիր ինծի. քու երեսիդ ուրախութեամբ պիտի լեցնես զիս”:
29 Vīri, brāļi, lai ar drošību uz jums runājam par vectēvu Dāvidu: tas ir nomiris un aprakts, un viņa kaps pie mums ir līdz šai dienai.
Մարդի՛կ եղբայրներ, արտօնուած է ինծի համարձակութեամբ խօսիլ ձեզի Դաւիթ նահապետին մասին, որ վախճանեցաւ ու թաղուեցաւ, եւ անոր գերեզմանը մինչեւ այսօր մեր մէջ է:
30 Tad nu viņš pravietis būdams un zinādams, ka Dievs zvērēdams viņam bija solījis, ka tas Kristu gribot celt no viņa gurnu augļiem pēc miesas un to sēdināt uz viņa krēslu,
Ուրեմն, որովհետեւ ան մարգարէ էր, - եւ գիտէր թէ Աստուած երդումով իրեն խոստացաւ, թէ պիտի յարուցանէ մարմինի համեմատ իր մէջքին պտուղէն եղող Քրիստոսը՝ որ բազմի իր գահին վրայ, -
31 To tas paredzēdams ir runājis par Kristus augšāmcelšanos, ka Viņa dvēsele nav pamesta kapā nedz Viņa miesa redzējusi satrūdēšanu. (Hadēs g86)
ինք կանխատեսութեամբ խօսեցաւ Քրիստոսի յարութեան մասին, թէ անոր անձը դժոխքը չմնաց եւ անոր մարմինը ապականութիւն չտեսաւ: (Hadēs g86)
32 Šo Jēzu Dievs ir uzmodinājis, tam mēs visi esam liecinieki.
Աստուած այս Յիսուսը յարուցանեց, որուն մենք բոլորս ալ վկայ ենք:
33 Tad nu caur Dieva labo roku paaugstināts un no Tā Tēva dabūjis Tā Svētā Gara apsolīšanu, Viņš ir izlējis to, ko jūs tagad redzat un dzirdat,
Ուստի Աստուծոյ աջ ձեռքով բարձրանալով ու Հօրմէն ստանալով Սուրբ Հոգիին խոստումը՝ թափեց ասիկա, որ դուք հիմա կը տեսնէք ու կը լսէք:
34 Jo Dāvids nav uzkāpis debesīs; bet viņš saka: Tas Kungs ir sacījis uz manu Kungu: “Sēdies pie Manas labās rokas,
Որովհետեւ Դաւիթ երկինք չելաւ, բայց ինք կ՚ըսէ. “Տէրը ըսաւ իմ Տէրոջս. «Բազմէ՛ իմ աջ կողմս,
35 Tiekams Es Tavus ienaidniekus lieku par pameslu Tavām kājām.”
մինչեւ որ քու թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ»”:
36 Tad nu visam Israēla namam būs tiešām zināt, ka Dievs Viņu ir darījis par Kungu un Kristu, šo pašu Jēzu, ko jūs esat situši krustā.”
Ուրեմն Իսրայէլի ամբողջ տունը ստուգապէս թող գիտնայ թէ Աստուած զայն Տէ՛ր ալ ըրաւ, Օծեա՛լ ալ, այդ Յիսուսը՝ որ դուք խաչեցիք»:
37 Un kad tie to dzirdēja, tad sirds tiem pārtrūka, un tie sacīja uz Pēteri un tiem citiem apustuļiem: “Vīri, brāļi, ko mums būs darīt?”
Երբ լսեցին ասիկա, զղջացին իրենց սիրտին մէջ եւ ըսին Պետրոսի ու միւս առաքեալներուն. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ի՞նչ ընենք»:
38 Bet Pēteris uz tiem sacīja: “Atgriežaties no grēkiem un liekaties ikviens kristīties Jēzus Kristus vārdā uz grēku piedošanu, tad jūs dabūsiet Tā Svētā Gara dāvanu.
Պետրոս ըսաւ անոնց. «Ապաշխարեցէ՛ք, ու ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող մկրտուի Յիսուս Քրիստոսի անունով՝ մեղքերու ներումին համար, եւ պիտի ստանաք Սուրբ Հոգիին պարգեւը:
39 Jo jums šī apsolīšana pieder un jūsu bērniem un visiem, kas ir tālu, cik Tas Kungs, mūsu Dievs, pieaicinās.”
Որովհետեւ խոստումը ձեզի համար է, նաեւ ձեր զաւակներուն, ու բոլոր հեռու եղողներուն, որ Տէրը՝ մեր Աստուածը պիտի կանչէ»:
40 Un ar daudz citiem vārdiem tas liecību deva un tos pamācīja sacīdams: “Izglābjaties no šās netiklas cilts.”
Եւ ուրիշ շատ խօսքերով կը վկայէր, կը յորդորէր զանոնք ու կ՚ըսէր. «Ազատեցէ՛ք դուք ձեզ այս կամակոր սերունդէն»:
41 Kas nu viņa vārdu labprāt uzņēma, tie tapa kristīti; un tanī dienā tapa pieliktas kādas trīs tūkstošas dvēseles.
Ուստի անոնք՝ որ սիրայօժար ընդունեցին անոր խօսքերը՝ մկրտուեցան. եւ այդ օրը երեք հազար անձի չափ աւելցան եկեղեցիին թիւին վրայ:
42 Un tie pastāvēja iekš apustuļu mācības un iekš draudzības un iekš maizes laušanas un iekš Dieva lūgšanām.
Անոնք միշտ կը յարատեւէին առաքեալներուն ուսուցումին ու հաղորդութեան, հաց կտրելու եւ աղօթելու մէջ:
43 Un visām dvēselēm bailība uzgāja, un daudz brīnumi un zīmes notika caur tiem apustuļiem.
Վախը համակեց ամէն անձ՝՝, եւ շատ սքանչելիքներ ու նշաններ կատարուեցան առաքեալներուն միջոցով:
44 Bet visi, kas bija ticīgi, palika kopā un visas lietas tiem bija kopā;
Բոլոր հաւատացեալները միասին էին, եւ բոլոր բաները հասարակաց էին:
45 Un tie pārdeva visu savu mantu un sagādu, un to izdalīja visiem, kā kuram vajadzēja.
Կը ծախէին իրենց ստացուածքներն ու ինչքերը, եւ անոնց գինը կը բաժնէին բոլորին, որո՛ւ որ պէտք ըլլար:
46 Un tie ikdienas vienprātīgi turējās kopā Dieva namā, un šurp un turp namos maizi lauza un barību ņēma ar prieku un sirds vientiesību,
Ամէն օր կը յարատեւէին միաբանութեամբ տաճարը երթալու մէջ, եւ հաց կտրելով իրենց տուներուն մէջ՝ իրենց կերակուրը կ՚ուտէին ցնծութեամբ ու պարզամտութեամբ:
47 Dievu teikdami, un bija visiem ļaudīm piemīlīgi; un Tas Kungs pielika ikdienas pie tās draudzes, kas tapa svētīgi.
Աստուած կը գովաբանէին եւ շնորհք կը գտնէին ամբողջ ժողովուրդին առջեւ. ու Տէրը օրէ օր փրկուածներ կ՚աւելցնէր եկեղեցիին թիւին վրայ:

< Apustuļu Darbi 2 >