< Hebrews 9 >

1 It had, indeed, then (even the first tabernacle) ordinances of service, also a worldly sanctuary,
Արդարեւ առաջին ուխտն ալ ունէր պաշտամունքի կանոններ, նաեւ աշխարհային սրբարան մը.
2 for a tabernacle was prepared, the first, in which was both the lamp-stand, and the table, and the bread of the presence — which is called 'Holy;'
որովհետեւ խորան մը կառուցանուած էր: Առաջինը, որուն մէջ կային աշտանակը, սեղանը եւ առաջադրութեան հացը, Սրբութիւն կը կոչուէր:
3 and after the second vail a tabernacle that is called 'Holy of holies,'
Իսկ երկրորդ վարագոյրին ետեւ կար խորան մը՝ որ Սրբութիւններու սրբութիւն կը կոչուէր.
4 having a golden censer, and the ark of the covenant overlaid all round about with gold, in which [is] the golden pot having the manna, and the rod of Aaron that budded, and the tables of the covenant,
անոր մէջ էին ոսկիէ բուրվառը եւ ամէն կողմէ ոսկեպատ ուխտին տապանակը, որուն մէջ կային ոսկիէ սափորը՝ մանանայով լեցուն, Ահարոնի գաւազանը՝ որ ծաղկեցաւ, եւ ուխտին տախտակները:
5 and over it cherubim of the glory, overshadowing the mercy-seat, concerning which we are not now to speak particularly.
Անոր վրայ ալ՝ փառքի քերովբէները, որ հովանի կ՚ընէին Քաւութեան վրայ: Այս մասին հիմա մանրամասն խօսելու կարիք չկայ:
6 And these things having been thus prepared, into the first tabernacle, indeed, at all times the priests do go in, performing the services,
Ասոնք այսպէս կառուցանուած ըլլալով, քահանաները ամէն ատեն կը մտնէին առաջին խորանը՝ պաշտամունք կատարելու:
7 and into the second, once in the year, only the chief priest, not apart from blood, which he doth offer for himself and the errors of the people,
Իսկ միայն քահանայապետը կը մտնէր երկրորդին մէջ, տարին մէ՛կ անգամ. բայց ո՛չ առանց արիւնի, որ կը մատուցանէր իրեն համար, նաեւ ժողովուրդին անգիտութեան մեղքերուն համար:
8 the Holy Spirit this evidencing that not yet hath been manifested the way of the holy [places], the first tabernacle having yet a standing;
Սուրբ Հոգին սա՛ կը բացայայտէր, թէ սրբարանին ճամբան յայտնաբերուած չէր, քանի դեռ կը կենար առաջին խորանը,
9 which [is] a simile in regard to the present time, in which both gifts and sacrifices are offered, which are not able, in regard to conscience, to make perfect him who is serving,
որ նախատիպար մըն էր ներկայ ատենին համար: Անոր մէջ կը մատուցանուէին ընծաներ ու զոհեր, որոնք չէին կրնար կատարեալ ընել պաշտամունք կատարողը՝ խղճմտանքին հանդէպ. հապա՝ կերակուրներով, խմելիքներով
10 only in victuals, and drinks, and different baptisms, and fleshly ordinances — till the time of reformation imposed upon [them].
եւ տարբեր լուացումներով՝ միայն մարմնաւոր կանոններ էին, որոնք կը պարտադրուէին մինչեւ ուղղումի ատենը:
11 And Christ being come, chief priest of the coming good things, through the greater and more perfect tabernacle not made with hands — that is, not of this creation —
Բայց երբ Քրիստոս եկաւ իբր գալիք բարիքներու Քահանայապետ, անցաւ աւելի մեծ ու կատարեալ խորանին մէջէն՝ որ անձեռակերտ է, (այսինքն՝ այս արարչութենէն չէ, )
12 neither through blood of goats and calves, but through his own blood, did enter in once into the holy places, age-during redemption having obtained; (aiōnios g166)
եւ ի՛ր իսկ արիւնով - ո՛չ թէ նոխազներու եւ զուարակներու արիւնով - մէ՛կ անգամ ընդմիշտ մտաւ սրբարանը, յաւիտենական ազատագրութիւն ստանալով: (aiōnios g166)
13 for if the blood of bulls, and goats, and ashes of an heifer, sprinkling those defiled, doth sanctify to the purifying of the flesh,
Որովհետեւ եթէ ցուլերուն ու նոխազներուն արիւնը, եւ պիղծերուն վրայ սրսկուող երինջին մոխիրը, կը սրբացնէին՝ մարմինի մաքրութեան համար,
14 how much more shall the blood of the Christ (who through the age-during Spirit did offer himself unblemished to God) purify your conscience from dead works to serve the living God? (aiōnios g166)
ա՛լ ո՜րչափ աւելի Քրիստոսի արիւնը, որ յաւիտենական Հոգիին միջոցով մատուցանեց ինքզինք Աստուծոյ՝ իբր անարատ զոհ, պիտի մաքրէ ձեր խղճմտանքը մեռած գործերէն՝ պաշտելու համար ապրող Աստուածը: (aiōnios g166)
15 And because of this, of a new covenant he is mediator, that, death having come, for redemption of the transgressions under the first covenant, those called may receive the promise of the age-during inheritance, (aiōnios g166)
Հետեւաբար ինք նոր ուխտին միջնորդն է, քանի որ իր մահը եղաւ առաջին ուխտին ժամանակ գործուած օրինազանցութիւններուն ազատագրութեան համար, որպէսզի կանչուածները ստանան յաւիտենական ժառանգութեան խոստումը: (aiōnios g166)
16 for where a covenant [is], the death of the covenant-victim to come in is necessary,
Որովհետեւ հո՛ն՝ ուր կտակ մը կայ, հարկ է որ կտակարարը մեռնի:
17 for a covenant over dead victims [is] stedfast, since it is no force at all when the covenant-victim liveth,
Արդարեւ կտակը կը հաստատուի մահէն ետք. այլապէս ոյժ չունի՝ այնքան ատեն որ կտակարարը ողջ է:
18 whence not even the first apart from blood hath been initiated,
Հետեւաբար առաջին ուխտն ալ չէր կրնար հաստատուիլ՝՝ առանց արիւնի.
19 for every command having been spoken, according to law, by Moses, to all the people, having taken the blood of the calves and goats, with water, and scarlet wool, and hyssop, he both the book itself and all the people did sprinkle,
քանի որ երբ Մովսէս ամբողջ ժողովուրդին հաղորդեց Օրէնքին բոլոր պատուէրները, ցուլերուն եւ նոխազներուն արիւնը առաւ ու նոյնինքն Գիրքին եւ ամբողջ ժողովուրդին վրայ սրսկեց՝ ջուրով, որդան կարմիր բուրդով ու զոպայով,
20 saying, 'This [is] the blood of the covenant that God enjoined unto you,'
եւ ըսաւ. «Ա՛յս է արիւնը այն ուխտին՝ որ Աստուած հրահանգեց ձեզի»:
21 and both the tabernacle and all the vessels of the service with blood in like manner he did sprinkle,
Ու խորանին վրայ, եւ պաշտօնին բոլոր առարկաներուն վրայ նոյնպէս սրսկեց արիւնը:
22 and with blood almost all things are purified according to the law, and apart from blood-shedding forgiveness doth not come.
Օրէնքին համաձայն՝ գրեթէ ամէն բան կը մաքրուի արիւնով. եւ առանց արիւն թափելու՝ ներում չ՚ըլլար:
23 [It is] necessary, therefore, the pattern indeed of the things in the heavens to be purified with these, and the heavenly things themselves with better sacrifices than these;
Ուրեմն հարկ էր որ երկնային բաներուն օրինակները մաքրուէին ասոնցմով, իսկ նոյնինքն երկնաւորները՝ ասոնցմէ լաւագոյն զոհերով:
24 for not into holy places made with hands did the Christ enter — figures of the true — but into the heaven itself, now to be manifested in the presence of God for us;
Քանի որ Քրիստոս մտաւ ո՛չ թէ ձեռակերտ սրբարանը, որ ճշմարիտին կրկնատիպն էր, հապա նոյնինքն երկինքը, որպէսզի հիմա Աստուծոյ առջեւ երեւնայ մեզի համար.
25 nor that he may many times offer himself, even as the chief priest doth enter into the holy places every year with blood of others;
ո՛չ ալ մտաւ՝ ինքզինք յաճախ իբր զոհ մատուցանելու համար, ինչպէս քահանայապետը՝ որ ամէն տարի սրբարանը կը մտնէ ուրիշին արիւնով.
26 since it had behoved him many times to suffer from the foundation of the world, but now once, at the full end of the ages, for putting away of sin through his sacrifice, he hath been manifested; (aiōn g165)
այլապէս, պէտք էր որ յաճախ չարչարուէր՝ աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր: Բայց հիմա, դարերու վախճանին, մէ՛կ անգամ երեւցաւ՝ ջնջելու համար մեղքը ինքզինք զոհելով: (aiōn g165)
27 and as it is laid up to men once to die, and after this — judgment,
Եւ ինչպէս մարդոց վերապահուած է մէ՛կ անգամ մեռնիլ, իսկ անկէ ետք՝ դատաստանը,
28 so also the Christ, once having been offered to bear the sins of many, a second time, apart from a sin-offering, shall appear, to those waiting for him — to salvation!
նոյնպէս ալ Քրիստոս մէ՛կ անգամ իբր զոհ մատուցանուեցաւ՝ քաւելու համար շատերու մեղքերը, ու երկրորդ անգամ պիտի երեւնայ՝ առանց մեղքի, փրկելու համար անոնք՝ որ կը սպասեն իրեն:

< Hebrews 9 >