< Acts 21 >
1 When we had departed from them and had set sail, we came with a straight course to Cos, and the next day to Rhodes, and from there to Patara.
Երբ անջատուեցանք անոնցմէ ու մեկնեցանք, ուղիղ ընթացքով գացինք Կով, ու միւս օրը՝ Հռոդոն, անկէ ալ՝ Պատարա:
2 Having found a ship crossing over to Phoenicia, we went aboard and set sail.
Եւ գտնելով նաւ մը՝ որ կ՚երթար Փիւնիկէ, մտանք անոր մէջ ու մեկնեցանք:
3 When we had come in sight of Cyprus, leaving it on the left hand, we sailed to Syria and landed at Tyre, for the ship was there to unload her cargo.
Երբ Կիպրոս երեւցաւ, թողուցինք զայն ձախ կողմը, նաւարկեցինք դէպի Սուրիա ու հասանք Տիւրոս, որովհետեւ նաւը հո՛ն պիտի պարպէր իր ապրանքը:
4 Having found disciples, we stayed there seven days. These said to Paul through the Spirit that he should not go up to Jerusalem.
Գտնելով աշակերտները՝ եօթը օր մնացինք հոն. անոնք Սուրբ Հոգիով կ՚ըսէին Պօղոսի՝ որ չբարձրանայ Երուսաղէմ:
5 When those days were over, we departed and went on our journey. They all, with wives and children, brought us on our way until we were out of the city. Kneeling down on the beach, we prayed.
Բայց երբ այդ օրերը լրացան, մեկնեցանք. երբ կ՚երթայինք՝ բոլորն ալ, կիներով ու զաւակներով, ուղեկցեցան մեզի մինչեւ քաղաքէն դուրս, եւ ծնրադրելով ծովեզերքը՝ աղօթեցինք:
6 After saying goodbye to each other, we went on board the ship, and they returned home again.
Ապա հրաժեշտ առնելով իրարմէ՝ մենք նաւ ելանք, անոնք ալ վերադարձան իրենց տուները:
7 When we had finished the voyage from Tyre, we arrived at Ptolemais. We greeted the brothers and stayed with them one day.
Իսկ մենք՝ աւարտելով Տիւրոսէն սկսած նաւարկութիւնը՝ հասանք Պտողեմայիս, բարեւեցինք եղբայրները, եւ օր մը մնացինք անոնց քով:
8 On the next day, we who were Paul’s companions departed and came to Caesarea. We entered into the house of Philip the evangelist, who was one of the seven, and stayed with him.
Հետեւեալ օրը՝ մեկնեցանք ու եկանք Կեսարիա, եւ մտնելով Փիլիպպոս աւետարանիչին տունը՝ որ եօթը սարկաւագներէն մէկն էր՝ մնացինք անոր քով:
9 Now this man had four virgin daughters who prophesied.
Ան ունէր չորս կոյս աղջիկներ, որոնք կը մարգարէանային:
10 As we stayed there some days, a certain prophet named Agabus came down from Judea.
Քանի որ շատ օրեր մնացինք հոն, Հրէաստանէն մարգարէ մը իջաւ՝ Ագաբոս անունով.
11 Coming to us and taking Paul’s belt, he bound his own feet and hands, and said, “The Holy Spirit says: ‘So the Jews at Jerusalem will bind the man who owns this belt, and will deliver him into the hands of the Gentiles.’”
երբ եկաւ մեզի, առաւ Պօղոսի գօտին, կապեց իր ձեռքերն ու ոտքերը, եւ ըսաւ. «Սա՛ կը յայտարարէ Սուրբ Հոգին. “Երուսաղէմի մէջ, Հրեաները ա՛յսպէս պիտի կապեն այն մարդը՝ որունն է այս գօտին, ու պիտի մատնեն հեթանոսներուն ձեռքը”»:
12 When we heard these things, both we and the people of that place begged him not to go up to Jerusalem.
Երբ լսեցինք այս բաները, աղաչեցինք՝ մե՛նք ալ, տեղացինե՛րն ալ, որ չբարձրանայ Երուսաղէմ:
13 Then Paul answered, “What are you doing, weeping and breaking my heart? For I am ready not only to be bound, but also to die at Jerusalem for the name of the Lord Jesus.”
Իսկ Պօղոս պատասխանեց. «Ի՞նչ կ՚ընէք. ինչո՞ւ կու լաք ու կը ճմլէք իմ սիրտս. քանի որ ես պատրաստ եմ Երուսաղէմի մէջ ո՛չ միայն կապուելու, հապա նաեւ մեռնելու՝ Տէր Յիսուսի անունին համար»:
14 When he would not be persuaded, we ceased, saying, “The Lord’s will be done.”
Երբ ինք չհամոզուեցաւ, հանդարտ կեցանք եւ ըսինք. «Տէրոջ կամքը թող ըլլայ»:
15 After these days we took up our baggage and went up to Jerusalem.
Այդ օրերէն ետք՝ պատրաստուեցանք ու բարձրացանք Երուսաղէմ:
16 Some of the disciples from Caesarea also went with us, bringing one Mnason of Cyprus, an early disciple, with whom we would stay.
Կեսարացի աշակերտներէն ալ ոմանք եկան մեզի հետ, ու տարին մեզ առաջին օրերէն աշակերտ եղած՝՝ Կիպրացի Մնասոնի, որուն քով պիտի հիւրընկալուէինք:
17 When we had come to Jerusalem, the brothers received us gladly.
Երբ մտանք Երուսաղէմ, եղբայրները ուրախութեամբ ընդունեցին մեզ:
18 The day following, Paul went in with us to James; and all the elders were present.
Հետեւեալ օրը Պօղոս մեզի հետ գնաց Յակոբոսի քով, ու բոլոր երէցներն ալ եկան:
19 When he had greeted them, he reported one by one the things which God had worked among the Gentiles through his ministry.
Բարեւելէ ետք զանոնք՝ մէկ առ մէկ կը պատմէր ինչ որ Աստուած ըրաւ հեթանոսներուն մէջ՝ իր սպասարկութեամբ:
20 They, when they heard it, glorified God. They said to him, “You see, brother, how many thousands there are among the Jews of those who have believed, and they are all zealous for the law.
Անոնք ալ լսելով՝ փառաւորեցին Տէրը, եւ ըսին իրեն. «Կը տեսնե՞ս, եղբա՛յր, քանի՜ բիւրաւոր հաւատացեալ Հրեաներ կան: Բոլորն ալ Օրէնքին նախանձախնդիր են,
21 They have been informed about you, that you teach all the Jews who are among the Gentiles to forsake Moses, telling them not to circumcise their children and not to walk after the customs.
բայց տեղեկացան քու մասիդ՝ թէ հեթանոսներուն մէջ եղող բոլոր Հրեաներուն կը սորվեցնես հրաժարիլ Մովսէսէն, ըսելով որ չթլփատեն իրենց զաւակները եւ չընթանան սովորութիւններուն համաձայն:
22 What then? The assembly must certainly meet, for they will hear that you have come.
Ուրեմն ի՞նչ պիտի ըլլայ. անշուշտ բազմութիւն պիտի համախմբուի, որովհետեւ պիտի լսեն թէ եկած ես:
23 Therefore do what we tell you. We have four men who have taken a vow.
Ուստի ըրէ՛ ինչ որ կ՚ըսենք քեզի: Մեր քով չորս մարդիկ կան՝ որոնք ուխտ ըրած են.
24 Take them and purify yourself with them, and pay their expenses for them, that they may shave their heads. Then all will know that there is no truth in the things that they have been informed about you, but that you yourself also walk keeping the law.
ա՛ռ զանոնք, մաքրագործէ՛ դուն քեզ՝ իրենց հետ, եւ վճարէ՛ անոնց ծախսը՝ որ ածիլեն իրենց գլուխը. որպէսզի բոլորն ալ գիտնան թէ սխալ են քու մասիդ իրենց ստացած տեղեկութիւնները, հապա դո՛ւն ալ մեզի հետ կ՚ընթանաս՝ պահելով Օրէնքը:
25 But concerning the Gentiles who believe, we have written our decision that they should observe no such thing, except that they should keep themselves from food offered to idols, from blood, from strangled things, and from sexual immorality.”
Բայց հաւատքը ընդունող հեթանոսներուն մասին՝ մենք գրեցինք, եզրակացնելով որ անոնք բնա՛ւ չպահեն այսպիսի բաներ, բայց միայն զգուշանան կուռքերու զոհուածէ, արիւնէ, խեղդուածէ ու պոռնկութենէ»:
26 Then Paul took the men, and the next day purified himself and went with them into the temple, declaring the fulfillment of the days of purification, until the offering was offered for every one of them.
Այն ատեն Պօղոս առաւ այդ մարդիկը, եւ հետեւեալ օրը՝ անոնց հետ մաքրագործուելէ ետք՝ մտաւ տաճարը իրենց մաքրագործումի օրերուն ամբողջացումը յայտարարելու համար, թէ ե՛րբ ընծայ պիտի մատուցանուէր իրենցմէ իւրաքանչիւրին համար:
27 When the seven days were almost completed, the Jews from Asia, when they saw him in the temple, stirred up all the multitude and laid hands on him,
Եօթը օրերը լրանալու մօտ էին, երբ ասիացի Հրեաները՝ տեսնելով զայն տաճարին մէջ՝ խառնակեցին ամբողջ բազմութիւնը, եւ անոր վրայ ձեռք բարձրացնելով՝ կ՚աղաղակէին.
28 crying out, “Men of Israel, help! This is the man who teaches all men everywhere against the people, and the law, and this place. Moreover, he also brought Greeks into the temple and has defiled this holy place!”
«Իսրայելացի՛ մարդիկ, օգնութեա՛ն հասէք: Ա՛յս է այն մարդը, որ ամէնուրեք կը սորվեցնէ բոլորին՝ ժողովուրդին, Օրէնքին եւ այս տեղին դէմ. նոյնիսկ Յոյներ ալ մտցուց տաճարին մէջ ու պղծեց այս սուրբ տեղը»
29 For they had seen Trophimus the Ephesian, with him in the city, and they supposed that Paul had brought him into the temple.
(որովհետեւ նախապէս տեսեր էին Եփեսացի Տրոփիմոսը իրեն հետ՝ քաղաքին մէջ, ու կը կարծէին թէ Պօղոս տաճարը մտցուցած էր զայն):
30 All the city was moved and the people ran together. They seized Paul and dragged him out of the temple. Immediately the doors were shut.
Ամբողջ քաղաքը շարժեցաւ ու ժողովուրդը խռնուեցաւ. Պօղոսը բռնելով՝ քաշեցին տաճարէն դուրս, եւ իսկոյն դռները գոցուեցան:
31 As they were trying to kill him, news came up to the commanding officer of the regiment that all Jerusalem was in an uproar.
Երբ անոնք կը ջանային սպաննել զայն, լուր հասաւ գունդին հազարապետին թէ ամբողջ Երուսաղէմը խառնաշփոթութեան մէջ է:
32 Immediately he took soldiers and centurions and ran down to them. They, when they saw the chief captain and the soldiers, stopped beating Paul.
Ան ալ անյապաղ զինուորներ եւ հարիւրապետներ առած՝ վազեց անոնց քով: Անոնք ալ տեսնելով հազարապետն ու զինուորները՝ դադրեցան Պօղոսը ծեծելէ:
33 Then the commanding officer came near, arrested him, commanded him to be bound with two chains, and inquired who he was and what he had done.
Այն ատեն հազարապետը մօտեցաւ, բռնեց զայն, ու հրամայեց որ կապեն կրկին շղթայով. ապա հարցափորձեց թէ ո՛վ էր ան եւ ի՛նչ ըրած էր:
34 Some shouted one thing and some another, among the crowd. When he couldn’t find out the truth because of the noise, he commanded him to be brought into the barracks.
Սակայն բազմութեան մէջէն՝ մէկը բա՛ն մը կը գոռար, միւսը՝ ուրի՛շ բան: Երբ չկրցաւ գիտնալ ստոյգը աղմուկին մասին, հրամայեց որ բերդը տանին զայն:
35 When he came to the stairs, he was carried by the soldiers because of the violence of the crowd;
Երբ սանդուխը հասաւ, այնպէս պատահեցաւ որ զինուորները կրեցին զայն՝ բազմութեան բռնութեան համար.
36 for the multitude of the people followed after, crying out, “Away with him!”
որովհետեւ ժողովուրդին բազմութիւնը կը հետեւէր՝ աղաղակելով. «Վերցո՛ւր զայն»:
37 As Paul was about to be brought into the barracks, he asked the commanding officer, “May I speak to you?” He said, “Do you know Greek?
Երբ Պօղոս կը մտնէր բերդը՝ ըսաւ հազարապետին. «Արդեօք արտօնուա՞ծ է որ բան մը ըսեմ քեզի»: Ան ալ ըսաւ. «Յունարէն գիտե՞ս:
38 Aren’t you then the Egyptian who before these days stirred up to sedition and led out into the wilderness the four thousand men of the Assassins?”
Դուն չե՞ս այն Եգիպտացին, որ ասկէ օրեր առաջ չորս հազար սրիկայ մարդիկ ապստամբեցուց եւ դուրս տարաւ՝ անապատը»:
39 But Paul said, “I am a Jew from Tarsus in Cilicia, a citizen of no insignificant city. I beg you, allow me to speak to the people.”
Պօղոս ալ ըսաւ. «Ես հրեայ մարդ մըն եմ՝ Կիլիկիայի Տարսոնէն, ոչ աննշան քաղաքի մը քաղաքացի. կ՚աղերսե՛մ քեզի, արտօնէ՛ ինծի՝ որ խօսիմ ժողովուրդին»:
40 When he had given him permission, Paul, standing on the stairs, beckoned with his hand to the people. When there was a great silence, he spoke to them in the Hebrew language, saying,
Երբ ան արտօնեց, Պօղոս՝ սանդուխին վրայ կայնելով՝ ձեռքը շարժեց ժողովուրդին: Երբ խոր լռութիւն եղաւ, եբրայական բարբառով խօսեցաւ անոնց եւ ըսաւ.