< 1 Thessalonians 1 >

1 Paul, Silas, and Timothy: To the Church of the Thessalonians which is in God the Father and the Lord Jesus Christ. May grace and peace be granted to you.
Պօղոս, Սիղուանոս եւ Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին՝ Հայր Աստուծմով ու Տէր Յիսուս Քրիստոսով.
2 We continually give thanks to God because of you all, while we make mention of you in our prayers.
շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ: Ամէն ատեն շնորհակալ կ՚ըլլանք Աստուծմէ՝ ձեր բոլորին համար, յիշելով ձեզ մեր աղօթքներուն մէջ,
3 For we never fail to remember your works of faith and labours of love and your persistent and unwavering hope in our Lord Jesus Christ in the presence of our God and Father;
անդադար յիշելով ձեր հաւատքին գործը, սիրոյ աշխատանքը, եւ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի յոյսին համբերութիւնը՝ Աստուծոյ ու մեր Հօր առջեւ,
4 knowing as we do, brethren, that you are beloved by God and that He has chosen you.
գիտնալով՝ սիրելի եղբայրներ՝ թէ Աստուած ընտրեց ձեզ:
5 The Good News that we brought you did not come to you in words only, but also with power and with the Holy Spirit and with much certainty, for you know the sort of men we became among you, as examples for your sakes.
Որովհետեւ մեր աւետարանը քարոզուեցաւ ձեզի ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ զօրութեամբ, Սուրբ Հոգիով ու լման վստահութեամբ: Դո՛ւք ալ գիտէք թէ ի՛նչպէս կեցանք ձեր մէջ՝ ձեզի համար,
6 And you followed the pattern set you by us and by the Master, after you had received the Message amid severe persecution, and yet with the joy which the Holy Spirit gives,
եւ դուք նմանեցաք մեզի ու Տէրոջ, ընդունելով խօսքը շատ տառապանքի մէջ՝ Սուրբ Հոգիին ուրախութեամբ:
7 so that you became a pattern to all the believers throughout Macedonia and Greece.
Հետեւաբար դուք տիպար եղաք բոլոր հաւատացեալներուն՝ որ Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի մէջ են,
8 For it was not only from you that the Master's Message sounded forth throughout Macedonia and Greece; but everywhere your faith in God has become known, so that it is unnecessary for us to say anything about it.
որովհետեւ ո՛չ միայն Մակեդոնիայի եւ Աքայիայի մէջ հռչակուեցաւ Տէրոջ խօսքը ձեզմէ, այլ նաեւ ամէն տեղ տարածուեցաւ Աստուծոյ վրայ ձեր ունեցած հաւատքը, այնպէս որ պէտք չունինք որեւէ բան խօսելու.
9 For when others speak of us they report the reception we had from you, and how you turned from your idols to God, to be bondservants of the true and ever-living God,
քանի որ իրենք իրենցմէ կը պատմեն մեր մասին, թէ ինչպիսի՛ մուտք ունեցանք ձեր մէջ, եւ ի՛նչպէս դուք կուռքերէն դարձաք Աստուծոյ՝ ապրող ու ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայելու համար,
10 and to await the return from Heaven of His Son, whom He raised from among the dead--even Jesus, our Deliverer from God's coming anger.
եւ երկինքէն սպասելու անոր Որդիին՝ որ ինք մեռելներէն յարուցանեց, այսինքն Յիսուսի, որ կ՚ազատէ մեզ գալիք բարկութենէն:

< 1 Thessalonians 1 >