< Mark 12 >
1 Then Jesus began to teach them in parables. He said, “A man planted a vineyard, put a hedge around it, and dug a pit for a winepress. He built a watchtower and then leased the vineyard to vine growers. Then he went away on a journey.
Ապա սկսաւ առակներով խօսիլ անոնց հետ ու ըսել. «Մարդ մը այգի տնկեց, ցանկ քաշեց անոր շուրջը, հնձանի փոս փորեց, աշտարակ կառուցանեց, մշակներու յանձնեց զայն, եւ ճամբորդեց:
2 At the right time, he sent a servant to the vine growers to receive from them some of the fruit of the vineyard.
Ատենին ծառայ մը ղրկեց մշակներուն, որպէսզի մշակներէն ստանայ այգիին պտուղէն:
3 But they took him, beat him, and sent him away with nothing.
Իսկ անոնք բռնեցին, ծեծեցին զայն ու պարապ ճամբեցին:
4 Again he sent to them another servant, and they wounded him in the head and treated him shamefully.
Դարձեալ ուրիշ ծառայ մըն ալ ղրկեց անոնց. զայն ալ քարկոծելով՝ գլուխը վիրաւորեցին եւ անպատուուած ճամբեցին:
5 He sent yet another, and this one they killed. They treated many others in the same way, beating some and killing others.
Դարձեալ ուրիշ մը ղրկեց, ու զայն սպաննեցին: Շատ ուրիշներ ալ ղրկեց, որոնցմէ ոմանք ծեծեցին եւ ոմանք սպաննեցին:
6 He had still one more person to send, a beloved son. He was the last one he sent to them. He said, 'They will respect my son.'
Տակաւին սիրելի որդի մը ունէր. վերջապէս զայն ալ ղրկեց անոնց՝ ըսելով. “Թերեւս պատկառին որդիէս”:
7 But the vine growers said to one another, 'This is the heir. Come, let us kill him, and the inheritance will be ours.'
Բայց այդ մշակները ըսին իրարու. “Ա՛յս է ժառանգորդը. եկէ՛ք սպաննենք զայն, ու ժառանգութիւնը մե՛րը պիտի ըլլայ”:
8 They seized him, killed him, and threw him out of the vineyard.
Բռնեցին զայն, սպաննեցին եւ այգիէն դուրս հանեցին:
9 Therefore, what will the owner of the vineyard do? He will come and destroy the vine growers and will give the vineyard to others.
Ուրեմն այգիին տէրը ի՞նչ պիտի ընէ. պիտի գայ ու կորսնցնէ մշակները, եւ այգին պիտի տայ ուրիշներու:
10 Have you not read this scripture? 'The stone which the builders rejected has been made the cornerstone.
Չէ՞ք կարդացեր սա՛ գրուածը. “Այն քարը՝ որ կառուցանողները մերժեցին, անիկա՛ եղաւ անկիւնաքարը.
11 This was from the Lord, and it is marvelous in our eyes.'”
ասիկա Տէրոջմէ՛ն եղաւ, եւ սքանչելի է մեր աչքերուն”»:
12 They sought to arrest Jesus, but they feared the crowd, for they knew that he had spoken this parable against them. So they left him and went away.
Անոնք կը ջանային բռնել զայն, բայց բազմութենէն կը վախնային. որովհետեւ գիտցան թէ այդ առակը խօսեցաւ իրենց դէմ: Ուստի թողուցին զայն, եւ գացին:
13 Then they sent some of the Pharisees and the Herodians to him to trap him with words.
Փարիսեցիներէն ու Հերովդէսեաններէն ոմանք ղրկեցին անոր, որպէսզի խօսքով բռնեն զայն:
14 When they came, they said to him, “Teacher, we know that you care for no one's opinion, and you do not show partiality between people. You truly teach the way of God. Is it lawful to pay taxes to Caesar or not? Should we pay or not?”
Անոնք եկան եւ ըսին անոր. «Վարդապե՛տ, գիտենք թէ ճշմարտախօս ես, ու ո՛չ մէկուն համար հոգ կ՚ընես. քանի որ երեսպաշտութիւն չես ըներ մարդոց, հապա ճշմարտութեամբ կը սորվեցնես Աստուծոյ ճամբան: Արտօնուա՞ծ է կայսրին տուրք տալ. տա՞նք՝ թէ չտանք»:
15 But Jesus knew their hypocrisy and said to them, “Why do you test me? Bring me a denarius so I can look at it.”
Յիսուս գիտնալով անոնց կեղծաւորութիւնը՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ զիս կը փորձէք: Բերէ՛ք ինծի դահեկան մը՝ որ տեսնեմ»:
16 They brought one to Jesus. He said to them, “Whose likeness and inscription is this?” They said, “Caesar's.”
Անոնք ալ բերին: Ըսաւ անոնց. «Որո՞ւնն են այս պատկերն ու գրութիւնը»: Անոնք ըսին իրեն. «Կայսրի՛ն»:
17 Jesus said, “Give to Caesar the things that are Caesar's, and to God the things that are God's.” They marveled at him.
Յիսուս ալ պատասխանեց անոնց. «Ինչ որ կայսրինն է՝ կայսրի՛ն տուէք, եւ ինչ որ Աստուծոյ է՝ Աստուծո՛յ oտուէքp»: Ու զարմացան իր վրայ:
18 Then Sadducees, who say there is no resurrection, came to him. They asked him, saying,
Սադուկեցիներն ալ, որոնք կ՚ըսեն թէ յարութիւն չկայ, եկան անոր քով եւ հարցուցին իրեն.
19 “Teacher, Moses wrote for us, 'If a man's brother dies and leaves a wife behind him, but no child, the man should take the brother's wife, and raise up a descendant for his brother.'
«Վարդապե՛տ, Մովսէս գրեց մեզի. “Եթէ մէկուն եղբայրը մեռնի, ու կինը այրի ձգէ եւ զաւակ չթողու, անոր եղբայրը թող առնէ անոր կինը ու զարմ տայ իր եղբօր”:
20 There were seven brothers; the first took a wife and then died, leaving no children.
Ուրեմն եօթը եղբայրներ կային. առաջինը կին առաւ եւ մեռաւ, ու զարմ չթողուց:
21 Then the second took her and died, leaving no children, and the third likewise.
Երկրորդը առաւ զայն եւ մեռաւ. ա՛ն ալ զարմ չթողուց. նոյնպէս ալ երրորդը:
22 The seven left no children. Last of all, the woman also died.
Եօթն ալ զայն առին ու զարմ չթողուցին. բոլորէն ետք՝ կինն ալ մեռաւ:
23 In the resurrection, when they rise again, whose wife will she be? For all seven brothers had her as their wife.”
Ուրեմն յարութեան ատեն, երբ յարութիւն առնեն, անոնցմէ որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ. որովհետեւ եօթն ալ ունեցան զայն իբր կին»:
24 Jesus said, “Is this not the reason you are mistaken, because you do not know the scriptures nor the power of God?
Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Արդեօք դուք մոլորած չէ՞ք՝ քանի որ ո՛չ Գիրքերը գիտէք, ո՛չ ալ Աստուծոյ զօրութիւնը:
25 For when they rise from the dead, they neither marry nor are given in marriage, but they are like angels in heaven.
Արդարեւ երբ մեռելներէն յարութիւն առնեն, ո՛չ կ՚ամուսնանան եւ ո՛չ ամուսնութեան կը տրուին, հապա երկինքի հրեշտակներուն պէս կ՚ըլլան:
26 But concerning the dead that are raised, have you not read in the Book of Moses, in the account about the bush, how God spoke to him and said, 'I am the God of Abraham and the God of Isaac and the God of Jacob'?
Բայց մեռելներուն մասին՝ թէ յարութիւն կ՚առնեն, Մովսէսի գիրքին մէջ չէ՞ք կարդացեր, թէ ի՛նչպէս Աստուած մորենիին մէջէն խօսեցաւ անոր՝ ըսելով. “Ե՛ս եմ Աբրահամի Աստուածը, Իսահակի Աստուածը եւ Յակոբի Աստուածը”:
27 He is not the God of the dead, but of the living. You are quite mistaken.”
Ան մեռելներուն Աստուածը չէ, հապա՝ ողջերուն. ուրեմն դուք շատ մոլորած էք»:
28 One of the scribes came and heard their discussion; he saw that Jesus answered them well. He asked him, “What commandment is the most important of all?”
Դպիրներէն մէկը մօտեցաւ, մտիկ ըրաւ անոնց՝ երբ կը վիճաբանէին, ու նշմարելով թէ լաւ պատասխանեց անոնց՝ հարցուց անոր. «Ո՞րն է բոլոր պատուիրաններուն առաջինը»:
29 Jesus answered, “The most important is, 'Hear, Israel, the Lord our God, the Lord is one.
Յիսուս պատասխանեց անոր. «Բոլոր պատուիրաններուն առաջինը սա՛ է. “Մտի՛կ ըրէ, ո՛վ Իսրայէլ. Տէրը՝ մեր Աստուածը՝ միա՛կ Տէրն է:
30 You must love the Lord your God with all your heart, with all your soul, with all your mind, and with all your strength.'
Սիրէ՛ Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ ամբողջ սիրտովդ, ամբողջ անձովդ, ամբողջ միտքովդ եւ ամբողջ զօրութեամբդ”: Ա՛յս է առաջին պատուիրանը:
31 The second commandment is this, 'You must love your neighbor as yourself.' There is no other greater commandment than these.”
Ու երկրորդը՝ ասոր նման. “Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ՝՝ պէս”: Ասոնցմէ մեծ ուրիշ պատուիրան չկայ»:
32 The scribe said, “Good, Teacher! You have truly said that God is one, and that there is no other besides him.
Դպիրը ըսաւ անոր. «Լա՛ւ, վարդապե՛տ, ճշմարտութեամբ ըսիր թէ Աստուած մէ՛կ է, եւ անկէ զատ ուրիշ մը չկայ.
33 To love him with all the heart and with all the understanding and with all the strength, and to love one's neighbor as oneself, is even more than all burnt offerings and sacrifices.”
նաեւ ամբողջ սիրտով, ամբողջ խելքով, ամբողջ անձով ու ամբողջ զօրութեամբ զայն սիրելը, եւ ընկերը իրեն պէս սիրելը՝ բոլոր ողջակէզներէն ու զոհերէն աւելի է»:
34 When Jesus saw that he had given a wise answer, he said to him, “You are not far from the kingdom of God.” After that, no one dared to ask Jesus any more questions.
Յիսուս՝ տեսնելով որ ան խելամտութեամբ պատասխանեց, ըսաւ անոր. «Աստուծոյ թագաւորութենէն հեռու չես»: Եւ ա՛լ ուրիշ ո՛չ մէկը կը յանդգնէր բան մը հարցնել անոր:
35 While Jesus was teaching in the temple courts, he said, “How is it that the scribes say the Christ is the son of David?
Երբ Յիսուս կը սորվեցնէր տաճարին մէջ՝ ըսաւ. «Դպիրները ի՞նչպէս կ՚ըսեն թէ “Քրիստոս Դաւիթի որդին է”:
36 David himself, in the Holy Spirit, said, 'The Lord said to my Lord, “Sit at my right hand, until I make your enemies your footstool.”'
Արդարեւ ի՛նք՝ Դաւիթ՝ Սուրբ Հոգիով կ՚ըսէ. “Տէրը ըսաւ իմ Տէրոջս. «Բազմէ՛ իմ աջ կողմս, մինչեւ որ քու թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ»”:
37 David himself calls him 'Lord,' so how can the Christ be David's son?” The large crowd gladly listened to him.
Ուրեմն ի՛նք՝ Դաւիթ՝ Տէր կը կոչէ զայն. ի՞նչպէս ան կ՚ըլլայ իր որդին»: Բազմութենէն շատեր հաճոյքով մտիկ կ՚ընէին անոր:
38 In his teaching Jesus said, “Beware of the scribes, who like to walk in long robes and they like the greetings they receive in the marketplaces
Իր ուսուցումին մէջ կ՚ըսէր անոնց. «Զգուշացէ՛ք դպիրներէն, որոնք կ՚ուզեն երկայն հանդերձներով շրջիլ, կը փնտռեն բարեւները՝ հրապարակներուն վրայ,
39 and they like to have the chief seats in the synagogues and chief places at feasts.
առաջին աթոռները՝ ժողովարաններու մէջ, եւ առաջին բազմոցները՝ ընթրիքներու մէջ.
40 They also devour widows' houses, and they pray long prayers for people to see. These men will receive greater condemnation.”
որոնք կը լափեն այրիներուն տուները, ու իբր պատրուակ՝ աղօթքը կ՚երկարեն: Ասոնք աւելի՛ խստութեամբ պիտի դատուին՝՝»:
41 Then Jesus sat down across from an offering box in the temple area; he was watching people as they dropped their money into the box. Many rich people put in large amounts of money.
Յիսուս գանձանակին դիմաց նստած՝ կը նայէր թէ բազմութիւնը գանձանակին մէջ ի՛նչպէս դրամ կը ձգէ: Շատ հարուստներ՝ շատ բան ձգեցին:
42 Then a poor widow came and put in two mites, worth about a penny.
Աղքատ այրի մըն ալ եկաւ ու երկու լումայ ձգեց, որ նաքարակիտ մը կ՚ընէ:
43 He called his disciples and said to them, “Truly I say to you, this poor widow has put in more than all of them who contributed to the offering box.
Իր աշակերտները կանչելով իրեն՝ ըսաւ անոնց. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի թէ այս աղքատ այրին՝ գանձանակը դրամ ձգողներուն բոլորէն աւելի ձգեց.
44 For all of them gave out of their abundance. But this widow, out of her poverty, put in all of the money which she had to live on. “
որովհետեւ բոլորը իրենց առատութենէն ձգեցին, բայց ան՝ իր կարօտութենէն՝ ձգեց իր ամբողջ ունեցածը, իր ամբողջ ապրուստը»: