< Luke 19 >
1 Jesus entered and was passing through Jericho.
Երիքով մտնելով՝ քաղաքին մէջէն կ՚անցնէր,
2 Behold, there was a man there named Zacchaeus. He was a chief tax collector and was rich.
երբ ահա՛ հարուստ մարդ մը՝ Զաքէոս կոչուած, որ մաքսապետ էր,
3 He was trying to see who Jesus was, but could not see over the crowd, because he was small in height.
կը ջանար տեսնել թէ ո՛վ է Յիսուսը. բայց բազմութեան պատճառով չէր կրնար, որովհետեւ կարճահասակ էր:
4 So he ran on ahead of the people and climbed up into a sycamore tree to see him, because Jesus was about to pass that way.
Ուստի յառաջ վազեց եւ ժանտաթզենիի մը վրայ ելաւ՝ որպէսզի տեսնէ զայն, քանի որ անկէ պիտի անցնէր:
5 When Jesus came to the place, he looked up and said to him, “Zacchaeus, come down quickly, for today I must stay at your house.”
Երբ Յիսուս այդ տեղը եկաւ, վեր նայելով՝ տեսաւ զայն ու ըսաւ անոր. «Զաքէո՛ս, աճապարէ՛, իջի՛ր ատկէ. որովհետեւ այսօր տունդ պէտք է մնամ»:
6 So he hurried and came down and welcomed him joyfully.
Ան ալ աճապարելով իջաւ, եւ ուրախութեամբ ընդունեց զայն:
7 When everyone saw this, they all complained, saying, “He has gone in to visit a man who is a sinner.”
Երբ բոլորն ալ տեսան, կը տրտնջէին ու կ՚ըսէին. «Մեղաւոր մարդու քով գնաց՝ իջեւանելու»:
8 Zacchaeus stood and said to the Lord, “Look, Lord, the half of my goods I give to the poor, and if I have cheated anyone of anything, I will restore four times the amount.”
Իսկ Զաքէոս կայնեցաւ եւ ըսաւ Տէրոջ. «Տէ՛ր, ահա՛ ինչքիս կէ՛սը կու տամ աղքատներուն. ու եթէ զրպարտութեամբ ոեւէ մէկը զրկած եմ, քառապատի՛կ կը հատուցանեմ անոր»:
9 Jesus said to him, “Today salvation has come to this house, because he too is a son of Abraham.
Յիսուս ըսաւ անոր. «Այսօր փրկութիւն եղաւ այս տան, քանի որ ի՛նք ալ Աբրահամի որդի է:
10 For the Son of Man came to seek and to save the people who are lost.”
Արդարեւ մարդու Որդին եկաւ՝ որպէսզի փնտռէ կորսուածը եւ փրկէ»:
11 As they heard these things, he continued speaking and told a parable, because he was near to Jerusalem, and they thought that the kingdom of God was about to appear immediately.
Երբ անոնք կը լսէին այս բաները՝ առակ մըն ալ ըսաւ, քանի որ ինք Երուսաղէմի կը մօտենար եւ անոնք կը կարծէին թէ Աստուծոյ թագաւորութիւնը անմի՛ջապէս պիտի երեւնար:
12 He said therefore, “A certain nobleman went into a far country to receive for himself a kingdom and then to return.
Ուրեմն ըսաւ. «Ազնուական մարդ մը գնաց հեռաւոր երկիր մը՝ իրեն թագաւորութիւն ստանալու եւ վերադառնալու:
13 He called ten of his servants, and gave them ten minas, and said to them, 'Conduct business until I come back.'
Իր տասը ծառաները կանչելով՝ տասը մնաս տուաւ անոնց, ու ըսաւ անոնց. “Շահարկեցէ՛ք՝ մինչեւ որ գամ”:
14 But his citizens hated him and sent a delegation after him, saying, 'We will not have this man rule over us.'
Անոր քաղաքացիները կ՚ատէին զայն, եւ պատուիրակութիւն մը ղրկեցին անոր ետեւէն՝ ըսելով. “Չենք ուզեր որ ասիկա թագաւորէ մեր վրայ”:
15 It happened when he came back again, having received the kingdom, he commanded the servants to whom he had given the money to be called to him, that he might know what profit they had made by doing business.
Բայց երբ ան վերադարձաւ՝ թագաւորութիւնը ստանալով, իրեն կանչեց այն ծառաները՝ որոնց դրամ տուեր էր, որպէսզի գիտնայ թէ ո՛վ ի՛նչպէս շահագործած էր:
16 The first came before him, saying, 'Lord, your mina has made ten minas more.'
Առաջինը եկաւ եւ ըսաւ. “Տէ՛ր, քու մնասդ՝ տասը մնաս վաստկեցաւ”:
17 The nobleman said to him, 'Well done, good servant. Because you were faithful in very little, you will have authority over ten cities.'
Ան ալ ըսաւ անոր. “Ապրի՛ս, բարի՛ ծառայ. որովհետեւ ամենափոքր բանին մէջ հաւատարիմ եղար, տա՛սը քաղաքի վրայ իշխանութիւն ունեցիր”:
18 The second came, saying, 'Your mina, lord, has made five minas.'
Երկրորդը եկաւ ու ըսաւ. “Տէ՛ր, քու մնասդ՝ հինգ մնաս բերաւ”:
19 The nobleman said to him, 'You take charge over five cities.'
Եւ ըսաւ անոր. “Դուն ալ հի՛նգ քաղաքի վրայ եղիր”:
20 Another came, saying, 'Lord, here is your mina, which I kept safely in a cloth,
Ուրիշ մը եկաւ ու ըսաւ. “Տէ՛ր, ահա՛ քու մնասդ՝ որ կը պահէի թաշկինակի մը մէջ ծրարած,
21 for I was afraid of you, because you are a demanding person. You take up what you did not put in, and you reap what you did not sow.'
քանի որ կը վախնայի քեզմէ. որովհետեւ դուն խիստ մարդ մըն ես, կը վերցնես չդրած բանդ, եւ կը հնձես չսերմանածդ”:
22 The nobleman said to him, 'By your own words I will judge you, you wicked servant. You knew that I am a demanding person, that I take up what I did not put in, and that I reaped what I did not sow.
Ան ալ ըսաւ անոր. “Բերանո՛վդ պիտի դատեմ քեզ, չա՛ր ծառայ: Գիտէիր թէ ես խիստ մարդ մըն եմ, կը վերցնեմ չդրած բանս ու կը հնձեմ չսերմանածս.
23 Then why did you not put my money in the bank, so that when I returned I would have collected it with interest?'
ուրեմն ինչո՞ւ չտուիր իմ դրամս սեղանաւորներուն, որպէսզի եկած ատենս՝ տոկոսո՛վ պահանջէի զայն”:
24 The nobleman said to them that stood by, 'Take away from him the mina, and give it to him that has the ten minas.'
Քովը կայնողներուն ըսաւ. “Առէ՛ք ատկէ մնասը, եւ տուէ՛ք անոր՝ որ տասը մնաս ունի.
25 They said to him, 'Lord, he has ten minas.'
(Ըսին իրեն. "Տէ՛ր, ան տա՛սը մնաս ունի".)
26 'I say to you, that everyone who has will be given more, but from him that has not, even that which he has will be taken away.
որովհետեւ կը յայտարարեմ ձեզի թէ ամէն ունեցողի պիտի տրուի, ու չունեցողին՝ ունեցա՛ծն ալ պիտի առնուի իրմէ:
27 But these enemies of mine, those who did not want me to reign over them, bring them here and kill them before me.'”
Բայց այդ թշնամիներս, որոնք չէին ուզեր որ իրենց վրայ թագաւորեմ, բերէ՛ք հոս եւ մեռցուցէ՛ք իմ առջեւս”»:
28 When he had said these things, he went on ahead, going up to Jerusalem.
Այս բաները խօսելէն ետք, յառաջ գնաց՝ որ բարձրանայ Երուսաղէմ:
29 It came about that when he came near to Bethphage and Bethany, to the hill that is called Olivet, he sent two of the disciples,
Երբ մօտեցաւ Բեթփագէի ու Բեթանիայի, այն լերան մօտ՝ որ Ձիթենիներու լեռ կը կոչուի, իր աշակերտներէն երկուքը ղրկեց
30 saying, “Go into the next village. As you enter, you will find a colt that has never been ridden. Untie it and bring it to me.
եւ ըսաւ. «Գացէ՛ք մեր դիմացի գիւղը. երբ մտնէք անոր մէջ՝ պիտի գտնէք կապուած աւանակ մը, որուն վրայ բնա՛ւ մարդ նստած չէ. արձակեցէ՛ք զայն ու բերէ՛ք:
31 If anyone asks you, 'Why are you untying it?' say, 'The Lord has need of it.'”
Եթէ մէկը հարցնէ ձեզի. “Ինչո՞ւ կ՚արձակէք”, սա՛ ըսէք անոր. “Տէրո՛ջ պէտք է”»:
32 Those who were sent went and found the colt just as Jesus had told them.
Ղրկուածները գացին, եւ գտան ինչպէս ըսած էր իրենց:
33 As they were untying the colt, the owners said to them, “Why are you untying the colt?”
Մինչ աւանակը կ՚արձակէին, անոր տէրերը ըսին անոնց. «Ինչո՞ւ կ՚արձակէք այդ աւանակը»:
34 They said, “The Lord has need of it.”
Անոնք ալ ըսին. «Տէրո՛ջ պէտք է»:
35 They brought it to Jesus, and they threw their cloaks upon the colt and set Jesus on it.
Յիսուսի բերին զայն, եւ աւանակին վրայ ձգելով իրենց հանդերձները՝ հեծցուցին Յիսուսը:
36 As he went, they spread their cloaks on the road.
Մինչ կ՚երթար, մարդիկ իրենց հանդերձները կը փռէին ճամբային վրայ:
37 As he was now approaching the place where the Mount of Olives descends, the whole multitude of the disciples began to rejoice and praise God with a loud voice for all the mighty works which they had seen,
Երբ ա՛լ մօտեցաւ ու Ձիթենիներու լերան զառիվայրէն կ՚իջնէր, աշակերտներուն ամբողջ բազմութիւնը սկսաւ ուրախութեամբ բարձրաձայն Աստուած գովաբանել՝ այն բոլոր հրաշքներուն համար, որ տեսեր էին:
38 saying, “Blessed is the king who comes in the name of the Lord! Peace in heaven and glory in the highest!”
Եւ կ՚ըսէին. «Օրհնեա՜լ է այդ թագաւորը, որ կու գայ Տէրոջ անունով. երկինքի մէջ խաղաղութի՜ւն, ու փա՜ռք՝ ամենաբարձր վայրերուն մէջ»:
39 Some of the Pharisees in the multitude said to him, “Teacher, rebuke your disciples.”
Փարիսեցիներէն ոմանք բազմութեան մէջէն ըսին անոր. «Վարդապե՛տ, յանդիմանէ՛ քու աշակերտներդ»:
40 Jesus answered and said, “I tell you, if these were silent, the stones would cry out.”
Ան ալ պատասխանեց անոնց. «Կը յայտարարեմ ձեզի. “Եթէ ատոնք լռեն՝ քարե՛րը պիտի աղաղակեն”»:
41 When Jesus approached the city, he wept over it,
Երբ մօտեցաւ, քաղաքը տեսնելով՝ լացաւ անոր վրայ եւ ըսաւ.
42 saying, “If only you had known in this day, even you, the things which bring you peace! But now they are hidden from your eyes.
«Գո՛նէ այս օրուանդ մէջ գիտնայիր քու խաղաղութիւնդ. բայց հիմա ծածկուեցաւ աչքերէդ:
43 For the days will come upon you when your enemies will build a barricade around you, and surround you, and press in on you from every side.
Որովհետեւ օրերը պիտի գան քու վրադ, երբ թշնամիներդ պատնէշ պիտի շինեն շուրջդ, պիտի պաշարեն քեզ, ամէն կողմէ պիտի սեղմեն քեզ,
44 They will strike you down to the ground and your children with you. They will not leave one stone upon another, because you did not recognize it when God was trying to save you.”
եւ հիմնայատակ պիտի ընեն քեզ ու մէջդ եղած զաւակներդ. եւ ամե՛նեւին քար մը քարի վրայ պիտի չթողուն մէջդ, քանի որ չգիտցար այցելութեանդ ատենը»:
45 Jesus entered the temple and began to cast out those who were selling,
Մտնելով տաճարը՝ սկսաւ դուրս հանել անոր մէջ ծախողներն ու գնողները,
46 saying to them, “It is written, 'My house will be a house of prayer,' but you have made it a den of robbers.”
եւ ըսաւ անոնց. «Գրուած է. “Իմ տունս աղօթքի տուն է”, բայց դուք աւազակներու քարայր ըրիք զայն»:
47 So Jesus was teaching daily in the temple. The chief priests and the scribes and the leaders of the people wanted to kill him,
Ամէն օր կը սորվեցնէր տաճարին մէջ: Իսկ քահանայապետները, դպիրներն ու ժողովուրդին գլխաւորները կը փնտռէին թէ ի՛նչպէս կորսնցնեն զայն.
48 but they could not find a way to do it, because all the people were listening to him intently.
բայց չէին կրնար գտնել թէ ի՛նչ ընեն, որովհետեւ ամբողջ ժողովուրդը շատ ուշադրութեամբ մտիկ կ՚ընէր անոր: