< Luke 13 >
1 At that time, some people there told him about the Galileans whose blood Pilate mixed with their own sacrifices.
Այդ ատեն ներկայ եղողներէն ոմանք պատմեցին անոր այն Գալիլեացիներուն մասին, որոնց արիւնը Պիղատոս խառնեց իրենց զոհերուն հետ:
2 Jesus answered and said to them, “Do you think that these Galileans were more sinful than all the other Galileans because they suffered in this way?
Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Կը կարծէ՞ք թէ այդ Գալիլեացիները աւելի մեղաւոր էին բոլոր Գալիլեացիներէն, քանի որ այսպիսի չարչարանքներ կրեցին:
3 No, I tell you. But if you do not repent, all of you will perish in the same way.
Կ՚ըսեմ ձեզի՝ ո՛չ: Հապա եթէ չապաշխարէք, բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք:
4 Or those eighteen people in Siloam on whom a tower fell and killed them, do you think they were worse sinners than other men in Jerusalem?
Կամ թէ այն տասնութ հոգիները, որոնց վրայ Սելովամի աշտարակը ինկաւ եւ սպաննեց զանոնք, կը կարծէ՞ք թէ անոնք Երուսաղէմ բնակող բոլոր մարդոցմէ աւելի յանցաւոր էին:
5 No, I say. But if you do not repent, all of you will also perish.”
Կ՚ըսեմ ձեզի՝ ո՛չ: Հապա եթէ չապաշխարէք, բոլորդ ալ նմանապէս պիտի կորսուիք»:
6 Jesus told this parable, “Someone had a fig tree planted in his vineyard and he came and looked for fruit on it but found none.
Սա՛ առակն ալ ըսաւ. «Մէկը իր այգիին մէջ ունէր տնկուած թզենի մը. եկաւ պտուղ փնտռելու անոր վրայ, բայց չգտաւ:
7 The man said to the gardener, 'Look, for three years I came and tried to find fruit on this fig tree and found none. Cut it down. Why let it waste the ground?'
Ուստի ըսաւ այգեպանին. “Ահա՛ երեք տարի է, որ կու գամ՝ պտուղ կը փնտռեմ այդ թզենիին վրայ, ու չեմ գտներ. ա՛լ կտրէ՛ զայն, ինչո՞ւ խափանէ գետինը”:
8 The gardener answered and said, 'Leave it alone this year while I dig around it and put manure on it.
Ան ալ պատասխանեց անոր. “Տէ՛ր, ա՛յս տարի ալ ձգէ զայն, մինչեւ որ բրեմ անոր շուրջը ու թրիք դնեմ:
9 If it bears fruit next year, good; but if it does not, cut it down!'”
Եթէ պտուղ տայ՝ լա՛ւ. այլապէս՝ յետագայի՛ն կտրէ զայն”»:
10 Now Jesus was teaching in one of the synagogues during the Sabbath.
Շաբաթ օրը՝ ինք կը սորվեցնէր ժողովարաններէն մէկուն մէջ:
11 Behold, a woman was there who for eighteen years had a spirit of weakness. She was bent over and was not able to straighten up completely.
Եւ ահա՛ կին մը կար հոն, որ տասնութ տարիէ ի վեր ունէր հիւանդութեան ոգի մը. կքած էր, եւ ամե՛նեւին չէր կրնար շիտակ կայնիլ:
12 When Jesus saw her, he called to her and said, “Woman, you are freed from your weakness.”
Յիսուս տեսնելով զայն՝ կանչեց ու ըսաւ անոր. «Կի՛ն, արձակուած ես հիւանդութենէդ»,
13 He placed his hands on her, and immediately she was straightened up and she glorified God.
եւ ձեռքը դրաւ անոր վրայ: Ան անմի՛ջապէս շտկուեցաւ, ու փառաբանեց Աստուած:
14 But the synagogue ruler was indignant because Jesus had healed on the Sabbath. So the ruler answered and said to the crowd, “There are six days in which it is necessary to work. Come and be healed then, not on the Sabbath day.”
Քանի որ Յիսուս բուժեց Շաբաթ օրը, ժողովարանին պետը ընդվզելով ըսաւ բազմութեան. «Վեց օր կայ՝ որոնց մէջ պէտք է գործէք. ուրեմն ա՛յդ օրերը եկէք ու բուժուեցէք, ո՛չ թէ Շաբաթ օրը»:
15 The Lord answered him and said, “Hypocrites! Does not each of you untie his ox or his donkey from the stall and lead it to drink on the Sabbath?
Ուստի Տէրը պատասխանեց անոր. «Կեղծաւո՛ր, ձեզմէ իւրաքանչիւրը Շաբաթ օրը իր եզը կամ էշը մսուրէն չ՚ա՞րձակեր, որպէսզի տանի՝ ջուր տայ:
16 So too this daughter of Abraham, whom Satan bound for eighteen long years, should her bonds not be untied on the Sabbath day?”
Հապա ասիկա՝ որ Աբրահամի աղջիկ էր, եւ ահա՛ տասնութ տարի Սատանան կապած էր զայն, պէտք չէ՞ր որ Շաբաթ օրը արձակուէր այդ կապէն»:
17 As he said these things, all those who opposed him were ashamed, but the whole crowd was rejoicing over all the glorious things he did.
Երբ այս բաները ըսաւ, իր բոլոր հակառակորդները ամօթահար եղան. իսկ ամբողջ բազմութիւնը ուրախացաւ այն բոլոր փառաւոր գործերուն համար՝ որ ան կը կատարէր:
18 Then Jesus said, “What is the kingdom of God like, and what can I compare it to?
Եւ ըսաւ. «Ի՞նչ բանի նման է Աստուծոյ թագաւորութիւնը, կամ ի՞նչ բանի նմանցնեմ զայն:
19 It is like a mustard seed that a man took and threw into his garden, and it grew into a big tree, and the birds of heaven built their nests in its branches.”
Նման է մանանեխի հատիկի մը, որ մարդ մը առաւ՝ իր պարտէզը ցանեց. եւ աճեցաւ, մեծ ծառ մը եղաւ, ու երկինքի թռչունները բնակեցան անոր ճիւղերուն վրայ»:
20 Again he said, “To what can I compare the kingdom of God?
Դարձեալ ըսաւ. «Ի՞նչ բանի նմանցնեմ Աստուծոյ թագաւորութիւնը:
21 It is like yeast that a woman took and mixed with three measures of flour until it spread through all the flour.”
Նման է խմորին, որ կին մը առաւ ու երեք գրիւ ալիւրի մէջ պահեց, մինչեւ որ ամբողջը խմորուեցաւ»:
22 Then Jesus traveled through the towns and villages, teaching and making his way toward Jerusalem.
Եւ քաղաքներն ու գիւղերը շրջելով՝ կը սորվեցնէր, եւ դէպի Երուսաղէմ կը ճամբորդէր:
23 Someone said to him, “Lord, are only a few people to be saved?” So he said to them,
Մէկը ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, քիչուո՞ր են անոնք՝ որ պիտի փրկուին»:
24 “Struggle to enter through the narrow door, because, I say to you, many will want to enter, but will not be able to enter.
Ան ալ ըսաւ անոնց. «Պայքարեցէ՛ք՝ որ մտնէք նեղ դռնէն. քանի որ կ՚ըսեմ ձեզի թէ շատե՛ր պիտի ջանան մտնել՝ բայց պիտի չկարողանան:
25 Once the owner of the house gets up and locks the door, then you will stand outside and pound the door and say, 'Lord, Lord, let us in.' He will answer and say to you, 'I do not know you or where you are from.'
Անկէ ետք՝ երբ տանուտէրը ոտքի ելլէ, գոցէ դուռը եւ դուք մնաք դուրսը, ու սկսիք բախել դուռը եւ ըսել. “Տէ՛ր, Տէ՛ր, բա՛ց մեզի”, ան ալ պիտի պատասխանէ ձեզի. “Չեմ ճանչնար ձեզ, ուրկէ՞ էք”:
26 Then you will say, 'We ate and drank in front of you and you taught in our streets.'
Այն ատեն պիտի սկսիք ըսել. “Մենք քու առջեւդ կերանք ու խմեցինք, եւ դուն մեր հրապարակներուն մէջ սորվեցուցիր”:
27 But he will reply, 'I say to you, I do not know where you are from. Get away from me, you evildoers!'
Բայց ան պիտի ըսէ. “Կ՚ըսեմ ձեզի. "Չեմ ճանչնար ձեզ, ուրկէ՞ էք. հեռացէ՛ք ինձմէ բոլորդ՝ անիրաւութիւն գործողներ"”:
28 There will be crying and the grinding of teeth when you see Abraham, Isaac, Jacob, and all the prophets in God's kingdom, but you are thrown out.
Հոն պիտի ըլլայ լաց ու ակռաներու կրճտում, երբ տեսնէք Աբրահամը, Իսահակը, Յակոբը եւ բոլոր մարգարէները՝ Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ, իսկ դուք՝ դուրս հանուած:
29 They will come from the east, west, north, and south, and be seated at a table in the kingdom of God.
Այնտեղ պիտի գան արեւելքէն եւ արեւմուտքէն, հիւսիսէն ու հարաւէն, եւ պիտի բազմին Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ:
30 Know this, those who are least important will be first, and those who are most important will be last.”
Ու ահա՛ յետիններ կան՝ որոնք պիտի ըլլան առաջին, եւ առաջիններ՝ որոնք պիտի ըլլան յետին»:
31 Shortly after, some Pharisees came and said to him, “Go and leave here because Herod wants to kill you.”
Նոյն օրը քանի մը Փարիսեցիներ եկան քովը եւ ըսին իրեն. «Ելի՛ր ու հեռացի՛ր ասկէ, որովհետեւ Հերովդէս կ՚ուզէ սպաննել քեզ»:
32 Jesus said, “Go and tell that fox, 'Look, I cast out demons and perform healings today and tomorrow, and the third day I will reach my goal.'
Ինք ալ ըսաւ անոնց. «Գացէ՛ք, ըսէ՛ք այդ աղուէսին. “Ահա՛ ես դեւեր դուրս կը հանեմ ու բժշկութիւններ կ՚ընեմ այսօր եւ վաղը, ու երրորդ օրը աւարտած պիտի ըլլամ”:
33 In any case, it is necessary for me to continue on today, tomorrow, and the following day, since it is not acceptable to kill a prophet away from Jerusalem.
Սակայն պէտք է որ այսօր եւ վաղը ու միւս օր քալեմ, որովհետեւ կարելի չէ որ մարգարէ մը կորսուի Երուսաղէմէն դուրս:
34 Jerusalem, Jerusalem, who kills the prophets and stones those sent to you. How often I desired to gather your children the way a hen gathers her brood under her wings, but you did not desire this.
Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, դուն որ կը սպաննէիր մարգարէները եւ կը քարկոծէիր քեզի ղրկուածները. քանի՜ անգամ ուզեցի հաւաքել զաւակներդ, ինչպէս հաւը թեւերուն տակ կը հաւաքէ իր ձագերը, բայց դո՛ւք չուզեցիք:
35 See, your house is abandoned. I say to you, you will not see me until you say, 'Blessed is he who comes in the name of the Lord.'”
Ահա՛ ձեր տունը ամայի պիտի մնայ ձեզի: Սակայն կ՚ըսեմ ձեզի թէ ա՛լ պիտի չտեսնէք զիս, մինչեւ որ գայ այն ժամանակը՝ երբ պիտի ըսէք. “Օրհնեա՜լ է ա՛ն՝ որ կու գայ Տէրոջ անունով”»: