< John 17 >

1 After Jesus said these things, he lifted up his eyes to the heavens and said, “Father, the hour has come, glorify your Son so that the Son will glorify you—
Երբ Յիսուս խօսեցաւ ասոնք, բարձրացուց իր աչքերը դէպի երկինք եւ ըսաւ. «Հա՛յր, ժամը հասած է. փառաւորէ՛ քու Որդիդ, որպէսզի քու Որդիդ ալ փառաւորէ քեզ,
2 just as you gave him authority over all flesh so that he would give eternal life to everyone whom you have given him. (aiōnios g166)
քանի իշխանութիւն տուիր իրեն ամէն մարմինի վրայ, որ տայ յաւիտենական կեանքը բոլոր անոնց՝ որ տուիր իրեն: (aiōnios g166)
3 This is eternal life: That they know you, the only true God, and him whom you sent, Jesus Christ. (aiōnios g166)
Եւ սա՛ է յաւիտենական կեանքը.- ճանչնալ քեզ՝ միմիայն ճշմարիտ Աստուածը, ու Յիսուս Քրիստոսը՝ որ դուն ղրկեցիր: (aiōnios g166)
4 I glorified you on the earth. I have finished the work that you have given me to do.
Ես փառաւորեցի քեզ երկրի վրայ. աւարտեցի այն գործը՝ որ տուիր ինծի ընելու:
5 Now, Father, glorify me along with yourself with the glory that I had with you before the world was made.
Եւ հիմա, Հա՜յր, փառաւորէ՛ զիս քու քովդ այն փառքով՝ որ ունէի քովդ աշխարհի ըլլալէն առաջ:
6 I revealed your name to the people whom you gave me from the world. They were yours, and you gave them to me, and they have kept your word.
Բացայայտեցի քու անունդ այն մարդոց՝ որ տուիր ինծի աշխարհէն: Քուկդ էին՝ եւ ինծի տուիր զանոնք, ու պահեցին քու խօսքդ:
7 Now they know that everything that you have given me comes from you,
Հիմա գիտցան թէ ամէն ինչ որ տուիր ինծի՝ քեզմէ՛ է.
8 for I have given them all the words that you gave me. They received them and truly knew that I came from you, and they believed that you sent me.
որովհետեւ այն խօսքերը որ տուիր ինծի՝ ես տուի անոնց, անոնք ալ ընդունեցին եւ ճշմա՛րտապէս գիտցան թէ ես քեզմէ՛ ելայ, ու հաւատացին թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս:
9 I pray for them. I do not pray for the world but for those whom you have given me, for they are yours.
Ես կը թախանձեմ անո՛նց համար. ո՛չ թէ կը թախանձեմ աշխարհին համար, այլ անոնց համար՝ որ դուն տուիր ինծի, որովհետեւ անոնք քուկդ են:
10 Everything that is mine is yours, and yours is mine, and I am glorified in them.
Եւ ամէն ինչ որ իմս է՝ քո՛ւկդ է, եւ ինչ որ քուկդ է՝ ի՛մս է, ու ես փառաւորուած եմ անոնցմով:
11 I am no longer in the world, but these people are in the world, and I am coming to you. Holy Father, keep them in your name that you have given me so that they will be one, just as we are one.
Ա՛լ ես աշխարհի մէջ չեմ. բայց անոնք աշխարհի մէջ են, ու ես կու գամ քեզի: Սո՜ւրբ Հայր, պահէ՛ քու անունովդ անոնք՝ որ դուն տուիր ինծի, որպէսզի մէ՛կ ըլլան՝ ինչպէս մենք մէկ ենք:
12 While I was with them, I kept them in your name, which you have given me. I protected them, and not one of them was destroyed, except for the son of destruction, so that the scriptures would be fulfilled.
Մինչ անոնց հետ էի աշխարհի մէջ, զանոնք կը պահէի քու անունովդ: Անոնք որ դուն տուիր ինծի՝ ես պահեցի, եւ անոնցմէ ո՛չ մէկը կորսուեցաւ, բայց միայն՝ այն կորուստի որդին, որպէսզի գրուածը իրագործուի:
13 Now I am coming to you, but I am saying these things in the world so that they will have my joy fulfilled in themselves.
Ա՛լ հիմա կու գամ քեզի, եւ այս բաները կը խօսիմ աշխարհի մէջ, որպէսզի իմ ուրախութիւնս լման ըլլայ իրենց մէջ:
14 I have given them your word, and the world has hated them because they are not of the world, just as I am not of the world.
Քու խօսքդ տուի անոնց, եւ աշխարհը ատեց զանոնք՝ որովհետեւ աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ:
15 I do not ask for you to take them away from the world, but for you to keep them from the evil one.
Չեմ թախանձեր որ վերցնես զանոնք աշխարհէն, հապա՝ որ պահես զանոնք չարէն:
16 They are not of the world, just as I am not of the world.
Անոնք աշխարհէն չեն, ինչպէս ես աշխարհէն չեմ:
17 Set them apart by the truth. Your word is truth.
Սրբացո՛ւր զանոնք քու ճշմարտութեամբդ. քու խօ՛սքդ ճշմարտութիւն է:
18 Just as you sent me into the world, so I have sent them into the world.
Ինչպէս դուն աշխարհ ղրկեցիր զիս, ես ալ աշխարհ ղրկեցի զանոնք:
19 For their sakes I have set myself apart, so that they themselves may also be set apart in truth.
Անոնց համար ես զիս կը սրբացնեմ, որպէսզի իրենք ալ սրբացած ըլլան ճշմարտութեամբ:
20 I pray not only for these, but also for those who will believe in me through their word
Բայց կը թախանձեմ ո՛չ միայն ասոնց համար, այլ նաեւ անոնց համար՝ որ պիտի հաւատան ինծի իրենց խօսքով:
21 so that they will all be one, just as you, Father, are in me, and I am in you. May they also be in us so that the world will believe that you have sent me.
Որպէսզի բոլորն ալ մէ՛կ ըլլան, ինչպէս դուն՝ Հա՜յր՝ իմ մէջս, ու ես՝ քու մէջդ. որ անո՛նք ալ մէկ ըլլան մեր մէջ, որպէսզի աշխարհը հաւատայ թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս:
22 The glory that you gave me, I have given to them, so that they will be one, just as we are one:
Այն փառքը՝ որ դուն տուիր ինծի, ես տուի անոնց, որպէսզի մէկ ըլլան՝ ինչպէս մենք մէկ ենք.
23 I in them, and you in me—that they may be brought to complete unity, so that the world will know that you sent me, and that you have loved them just as you loved me.
(ես՝ անոնց մէջ, ու դուն՝ իմ մէջս.) որպէսզի իրենք կատարելապէս մէկ ըլլան, եւ աշխարհը գիտնայ թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս, ու սիրեցիր զանոնք՝ ինչպէս սիրեցիր զիս:
24 Father, I want those you have given me to be with me where I am, and to see my glory, the glory you gave me because you loved me before the creation of the world.
Հա՜յր, անոնք որ տուիր ինծի, կ՚ուզեմ որ իրենք ալ ըլլան ինծի հետ՝ ո՛ւր որ ես եմ, որպէսզի տեսնեն իմ փառքս՝ որ տուիր ինծի. որովհետեւ դուն սիրեցիր զիս աշխարհի հիմնադրութենէն առաջ:
25 Righteous Father, the world did not know you, but I know you; and these know that you sent me.
Արդա՜ր Հայր, աշխարհը չճանչցաւ քեզ. բայց ես ճանչցայ քեզ, եւ ասոնք գիտցան թէ դո՛ւն ղրկեցիր զիս:
26 I made your name known to them, and I will make it known so that the love with which you have loved me will be in them, and I will be in them.”
Քու անունդ ճանչցուցի անոնց, ու պիտի ճանչցնեմ. որպէսզի այն սէրը՝ որով դուն սիրեցիր զիս՝ ըլլայ անոնց մէջ, ու ե՛ս ալ անոնց մէջ»:

< John 17 >