< Acts 22 >
1 “Brothers and fathers, listen to my defense which I will now make to you.”
«Մարդի՛կ եղբայրներ եւ հայրե՛ր, լսեցէ՛ք հիմա իմ ջատագովականս՝ ուղղուած ձեզի»:
2 When the crowd heard Paul speak to them in the Hebrew language, they became quiet. He said,
(Երբ լսեցին թէ եբրայական բարբառով կը խօսէր իրենց, ա՛լ աւելի հանդարտ կեցան: )
3 “I am a Jew, born in Tarsus of Cilicia, but educated in this city at the feet of Gamaliel. I was instructed according to the strict ways of the law of our fathers. I am zealous for God, just as all of you are today.
Եւ ան ըսաւ. «Ես հրեայ մարդ մըն եմ՝ ծնած Կիլիկիայի Տարսոնին մէջ, բայց մեծցած հոս՝ այս քաղաքին մէջ՝ Գամաղիէլի ոտքը, եւ ճշգրտապէս կրթուած մեր հայրերու Օրէնքին համաձայն: Նախանձախնդիր էի Աստուծոյ, ինչպէս այսօր դուք բոլորդ:
4 I persecuted this Way to the death, binding up and delivering them to prison both men and women,
Այր մարդիկ ու կիներ կապելով եւ բանտերու մատնելով՝ այս ճամբան հալածեցի մինչեւ մահ,
5 as the high priest and all the elders can bear witness. I received letters from them for the brothers in Damascus, and went there to bring them back in bonds to Jerusalem in order for them to be punished.
ինչպէս քահանայապետն ալ կը վկայէ իմ մասիս, եւ ամբողջ երէցներու ժողովը. նաեւ անոնցմէ նամակներ ընդունելով՝ Դամասկոս կ՚երթայի, որպէսզի հոն եղածներն ալ կապուած բերեմ Երուսաղէմ՝ որ պատժուին»:
6 It happened that when I was traveling and nearing Damascus, about noon suddenly a great light from heaven began to shine around me.
«Մինչ կ՚երթայի ու մօտեցայ Դամասկոսի, կէսօրուան ատենները յանկարծ երկինքէն մեծ լոյս մը փայլատակեց իմ շուրջս,
7 I fell to the ground and heard a voice say to me, 'Saul, Saul, why are you persecuting me?'
եւ գետին ինկայ ու լսեցի ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր ինծի. «Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ կը հալածես զիս»:
8 I answered, 'Who are you, Lord?' He said to me, 'I am Jesus of Nazareth, whom you are persecuting.'
Ես ալ պատասխանեցի. «Դուն ո՞վ ես, Տէ՛ր»: Ան ալ ըսաւ ինծի. «Ես Յիսուս Նազովրեցին եմ, որ դուն կը հալածես»:
9 Those who were with me saw the light, but they did not understand the voice of him who spoke to me.
Անոնք որ ինծի հետ էին՝ արդարեւ տեսան լոյսը ու վախցան, սակայն չլսեցին ինծի խօսողին ձայնը:
10 I said, 'What should I do, Lord?' The Lord said to me, 'Arise and go into Damascus; there you will be told everything that you must do.'
Իսկ ես ըսի. «Ի՞նչ ընեմ, Տէ՛ր»: Տէրը ըսաւ ինծի. «Կանգնէ՛, գնա՛ Դամասկոս, ու հոն պիտի խօսուի քեզի այն բոլոր բաներուն մասին, որոնք որոշուած են քեզի համար՝ որպէսզի ընես»:
11 I could not see because of that light's brightness, and being led by the hands of those who were with me, I came into Damascus.
Քանի չէի տեսներ՝ այդ լոյսին փառաւորութեան պատճառով, ինծի հետ եղողներուն ձեռքէն բռնելով՝ մտայ Դամասկոս:
12 There I met a man named Ananias, a devout man according to the law and well spoken of by all the Jews who lived there.
Անանիա անունով մարդ մը, Օրէնքին համեմատ բարեպաշտ, եւ բարի վկայուած Դամասկոս բնակող բոլոր Հրեաներէն,
13 He came to me, stood by me, and said, 'Brother Saul, receive your sight.' In that very hour I saw him.
եկաւ ինծի ու կայնելով քովս՝ ըսաւ ինծի. «Սաւո՛ւղ եղբայր, վերստացի՛ր տեսողութիւնդ»:
14 Then he said, 'The God of our fathers has chosen you to know his will, to see the Righteous One, and to hear the voice coming from his own mouth.
Նոյն ժամուն վերստացայ տեսողութիւնս եւ նայեցայ իրեն. ինք ալ ըսաւ. «Մեր հայրերուն Աստուածը նախապէս սահմանեց քեզ որ գիտնաս իր կամքը, տեսնես այն Արդարը եւ լսես անոր ձայնը՝ իր բերանէն.
15 For you shall be a witness for him to all men about what you have seen and heard.
քանի որ բոլոր մարդոց առջեւ պիտի ըլլաս իր վկան այն բաներուն մասին՝ որ տեսար ու լսեցիր:
16 Now why are you waiting? Arise, be baptized, and wash away your sins, calling on his name.'
Եւ հիմա ա՛լ ինչո՞ւ կը յամենաս. կանգնէ՛, մկրտուէ՛ ու լուա՛ մեղքերդ՝ կանչելով իր անունը»:
17 After I had returned to Jerusalem, and while I was praying in the temple, it happened that I was given a vision.
Երբ վերադարձայ Երուսաղէմ, մինչ կ՚աղօթէի տաճարին մէջ՝ վերացում ունեցայ
18 I saw him say to me, 'Hurry and leave Jerusalem quickly, because they will not accept your testimony about me.'
ու տեսայ զինք՝ որ կ՚ըսէր ինծի. «Աճապարէ՛, շուտո՛վ դուրս ելիր Երուսաղէմէն, որովհետեւ պիտի չընդունին քու վկայութիւնդ՝ իմ մասիս»:
19 I said, 'Lord, they themselves know that I imprisoned and beat those who believed in you in every synagogue.
Ես ալ ըսի. «Տէ՛ր, իրենք լաւ գիտեն թէ ե՛ս էի՝ որ կը բանտարկէի քեզի հաւատացողները եւ կը ծեծէի ժողովարաններուն մէջ.
20 When the blood of Stephen your witness was spilled, I also was standing by and agreeing, and I was guarding the cloaks of those who killed him.'
երբ քու Ստեփանոս վկայիդ արիւնը կը թափուէր՝ ես ինքս ալ ներկայ էի, կամակից ըլլալով անոր սպաննուելուն՝՝, ու ե՛ս կը պահէի զայն սպաննողներուն հանդերձները»:
21 But he said to me, 'Go, because I will send you far away to the Gentiles.'”
Բայց ըսաւ ինծի. «Գնա՛, որովհետեւ ես պիտի ղրկեմ քեզ հեռաւոր հեթանոսներուն»:
22 They listened to him until he said this. Then they shouted and said, “Away with such a fellow from the earth, for it is not right that he should live.”
Անոնք մտիկ ըրին իրեն մինչեւ այս խօսքը, յետոյ բարձրացուցին իրենց ձայները եւ ըսին. «Վերցո՛ւր աշխարհէն այդպիսի մարդ մը, քանի որ չի պատշաճիր անոր ապրիլ»:
23 As they were shouting, throwing off their cloaks, and throwing dust into the air,
Մինչ կը պոռային, իրենց հանդերձները կը նետէին ու փոշի կը ցանէին օդին մէջ,
24 the chief captain commanded Paul to be brought into the fortress. He ordered that he should be questioned with scourging, so that he himself might know why they were shouting against him like that.
հազարապետը հրամայեց որ բերդը մտցնեն զայն, եւ ըսաւ որ խարազանելով հարցաքննեն զայն, որպէսզի գիտնայ թէ ինչո՛ւ ա՛յդպէս կը գոչէին անոր դէմ:
25 When they had tied him up with the thongs, Paul said to the centurion who was standing by, “Is it lawful for you to scourge a man who is a Roman and who has not been put on trial?”
Երբ կապեցին զինք փոկերով, Պօղոս ըսաւ վերակացու հարիւրապետին. «Արտօնուա՞ծ է ձեզի՝ խարազանել մարդ մը, որ Հռոմայեցի է ու դատապարտուած ալ չէ»:
26 When the centurion heard this, he went to the chief captain and told him, saying, “What are you about to do? For this man is a Roman citizen.”
Երբ հարիւրապետը լսեց ասիկա, մօտեցաւ ու պատմեց հազարապետին՝ ըսելով. «Ի՞նչ պիտի ընես, որովհետեւ այս մարդը Հռոմայեցի է»:
27 The chief captain came and said to him, “Tell me, are you a Roman citizen?” Paul said, “Yes.”
Ուստի հազարապետը գնաց անոր քով եւ ըսաւ. «Ըսէ՛ ինծի, դուն Հռոմայեցի՞ ես»: Ան ալ ըսաւ. «Այո՛»:
28 The chief captain answered, “It was only with a large amount of money that I acquired citizenship.” But Paul said, “I was born a Roman citizen.”
Հազարապետը պատասխանեց. «Ես մեծ գումարով տիրացայ այս քաղաքացիութեան»: Պօղոս ըսաւ. «Իսկ ես ծնունդո՛վ եմ»:
29 Then the men who were going to question him left him immediately. The chief captain also was afraid, when he learned that Paul was a Roman citizen, because he had tied him up.
Ուստի անոնք որ պիտի հարցաքննէին զինք՝ իսկոյն հեռացան իրմէ. հազարապետն ալ վախցաւ՝ երբ գիտցաւ թէ Հռոմայեցի է, որովհետեւ կապած էր զայն:
30 On the next day, the chief captain wanted to know the truth about the Jews' accusations against Paul. So he untied his bonds and ordered the chief priests and all the council to meet. Then he brought Paul down and placed him in their midst.
Հետեւեալ օրը, ուզելով գիտնալ ստոյգը՝ թէ ինչո՛ւ ան ամբաստանուած էր Հրեաներէն, արձակեց զայն եւ հրամայեց որ քահանայապետներն ու ամբողջ ատեանը գան. եւ իջեցնելով Պօղոսը՝ ներկայացուց անոնց: