< Jude 1 >
1 JUDE, a servant of Jesus the Messiah, and the brother of James, to the called people, the beloved of God the Father, the preserved by Jesus the Messiah:
Յուդա, Յիսուս Քրիստոսի ծառան ու Յակոբոսի եղբայրը, անոնց՝ որ Հայր Աստուծմով սրբացած, Յիսուս Քրիստոսով պահուած ու կանչուած են.
2 Mercy and peace in love, be multiplied to you.
ողորմութիւն, խաղաղութիւն եւ սէր թող շատնան ձեր վրայ:
3 My beloved, while I take all pains to write to you of our common life, it is needful for me to write to you, exhorting you to maintain a conflict for the faith which was once delivered to the saints.
Սիրելինե՛ր, երբ ամբողջ փութաջանութեամբ կը գրէի ձեզի հասարակաց փրկութեան համար, հարկաւոր նկատեցի գրել ձեզի եւ յորդորել՝ որպէսզի պայքարիք այն հաւատքին համար, որ մէ՛կ անգամ աւանդուեցաւ սուրբերուն:
4 For some have obtained entrance, who from the beginning were registered beforehand under this condemnation: wicked men, who pervert the grace of God to impurity, and deny him who is the only Lord God and our Lord, Jesus the Messiah.
Որովհետեւ քանի մը մարդիկ - որոնց դատապարտութիւնը վաղուց արձանագրուած է՝՝ - գաղտնի մտան ձեր մէջ, ամբարիշտներ՝ որոնք մեր Աստուծոյն շնորհքը այլափոխեցին ցոփութեան, եւ ուրացան միակ Տիրակալն ու մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը:
5 And I wish to remind you, though ye all know it, that God, after once rescuing the people from Egypt, again destroyed them who believed not.
Ուրեմն կը փափաքիմ յիշեցնել ձեզի, թէպէտ ժամանակին գիտէիք ասիկա, թէ Տէրը՝ որ փրկեց ժողովուրդը Եգիպտոսի երկրէն՝ երկրորդ անգամ կորսնցուց չհաւատացողները.
6 And the angels that kept not their primacy, but left their station, he hath reserved in chains unknown, under darkness, unto the judgment of the great day. (aïdios )
եւ այն հրեշտակները, որոնք չպահեցին իրենց սկզբնական դիրքը՝՝, հապա ձգեցին իրենց բնակութիւնը, յաւերժական կապերով վերապահեց մեծ օրուան դատաստանին համար՝ մթութեան մէջ: (aïdios )
7 As Sodom and Gomorrah, and the surrounding cities, which in like manner followed whoredom and went after strange flesh, are placed beneath everlasting fire, being, doomed to judgment. (aiōnios )
Նմանապէս Սոդոմ ու Գոմոր, ինչպէս նաեւ անոնց շուրջը եղած քաղաքները, որոնք անձնատուր եղան պոռնկութեան եւ ընթացան ուրիշ մարմինի ետեւէն, իբր օրինակ դրուած են մեր առջեւ, կրելով յաւիտենական կրակին վճիռը: (aiōnios )
8 In the same manner, too, these sensual dreamers defile the flesh and despise authority, and revile excellency.
Նմանապէս այս ցնորածներն ալ կը պղծեն մարմինը, կ՚անարգեն տէրութիւնը ու կը հայհոյեն փառքերը:
9 But Michael the archangel, who, in debate with the Accuser, contended about the body of Moses, did not venture to bring against him a reviling declaration; but said, The Lord will rebuke thee.
Բայց Միքայէլ հրեշտակապետը, երբ կը վիճէր Չարախօսին հետ՝ խօսելով Մովսէսի մարմինին մասին, չյանդգնեցաւ հայհոյալից դատավճիռ արձակել՝՝ անոր դէմ, հապա ըսաւ. «Տէ՛րը յանդիմանէ քեզ»:
10 But these men revile things which they do not understand; and in the things of which they have a natural persuasion as animal beings, in these they corrupt themselves.
Մինչդեռ ասոնք կը հայհոյեն այն բաները՝ որ չեն գիտեր. իսկ ինչ որ գիտեն բնականաբար, անբան կենդանիներու պէս, կ՚ապականին այդ բաներուն մէջ:
11 Woe to them; for they have gone in the way of Cain; and, after the error of Balaam, they have lusted for gain; and, in the rebellion of Korah, they have perished.
Վա՜յ անոնց, քանի որ գացին Կայէնի ճամբայէն, ինկան Բաղաամի մոլորութեան մէջ՝ վարձքի համար, եւ կորսուեցան Կորխի հակաճառութեամբ:
12 These are they who, in their feastings, riot while polluting themselves, feeding themselves without fear; clouds without rain, moved about by the winds; trees whose fruit hath failed, and they are without fruit, twice dead, and uplifted from their root;
Ասոնք բիծեր են ձեր սիրոյ խնճոյքներուն մէջ, երբ խրախճանք կ՚ընեն ձեզի հետ, իրենք զիրենք արածելով առանց վախի: Անջուր ամպեր են՝ հովերէն քշուած, աշնանային խամրած պտուղով ծառեր, անպտուղ, երկու անգամ մեռած, արմատախիլ եղած.
13 raging waves of the sea, which, by their foam, manifest their confusion; shootingstars, for which is reserved the blackness of darkness for ever. (aiōn )
ծովու վայրագ ալիքներ, որ կը փրփրցնեն իրենց ամօթը. մոլորած աստղեր, որոնց համար վերապահուած է խաւարին մթութիւնը յաւիտեան: (aiōn )
14 And of them also prophesied Enoch, who was the seventh from Adam, when he said: Behold, the Lord cometh, with myriads of his saints;
Ենովք ալ, եօթներորդը Ադամէն ետք, մարգարէացաւ ասոնց համար եւ ըսաւ. «Ահա՛ Տէրը կու գայ իր բիւրաւոր սուրբերով՝
15 to execute judgment upon all; and to convict all the wicked, because of all the deeds they have wickedly committed; and because of all the hard speeches, which they, ungodly sinners, have uttered.
դատաստան կիրարկելու բոլորին հանդէպ, ու կշտամբելու անոնց մէջ եղող բոլոր ամբարիշտները՝ իրենց ամբարշտութեամբ ըրած բոլոր ամբարիշտ գործերուն համար, եւ բոլոր խիստ խօսքերուն համար՝ որ ամբարիշտ մեղաւորները խօսեցան անոր դէմ»:
16 These are they who murmur and complain of every thing, while they walk according to their lusts; and their mouth speaketh shocking things; and they flatter people, for the sake of gain.
Ասոնք տրտնջողներ ու քրթմնջողներ են, որոնք կ՚ընթանան իրենց ցանկութիւններուն համաձայն. իրենց բերանները կը խօսին յոխորտաբանութիւններ, ու երեսպաշտութիւն կ՚ընեն օգուտի համար:
17 But do ye, my beloved, remember the words which were before spoken by the legates of our Lord Jesus the Messiah;
Բայց դո՛ւք, սիրելինե՛ր, յիշեցէ՛ք այն խօսքերը՝ որ նախապէս ըսուեցան մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալներուն կողմէ:
18 because they told you, that in the end of the times there would be scoffers, going after wickedness, according to their lusts.
Անոնք կ՚ըսէին ձեզի թէ “վերջին ժամանակը ծաղրողներ պիտի ըլլան, որոնք պիտի ընթանան իրենց ամբարիշտ ցանկութիւններուն համաձայն”:
19 These are they that separate themselves, sensual persons, not having the Spirit.
Ասոնք՝ իրենք զիրենք զատող, շնչաւոր մարդիկ են, որոնք չունին Հոգին:
20 But, my beloved, be ye built up anew, in your holy faith, through the Holy Spirit, while ye pray.
Իսկ դո՛ւք, սիրելինե՛ր, շինելով դուք ձեզ՝ ձեր ամենասուրբ հաւատքին վրայ, եւ աղօթելով Սուրբ Հոգիով,
21 And let us keep ourselves in the love of God, while we wait for the mercy of our Lord Jesus the Messiah unto our eternal life. (aiōnios )
պահեցէ՛ք դուք ձեզ Աստուծոյ սիրոյն մէջ, սպասելով մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ողորմութեան՝ յաւիտենական կեանքի համար: (aiōnios )
22 And some of them, snatch ye from the fire.
Կարեկցեցէ՛ք ոմանց՝ զատորոշելով.
23 And when they repent, have compassion on them, with fear, hating even the tunic that is defiled by the flesh.
իսկ փրկեցէ՛ք ուրիշները, վախով յափշտակելով զանոնք կրակէն, ատելով մարմինէն ապականած բաճկոնն ալ:
24 And to him who is able to preserve you faultless, and spotless, and to establish you without a blemish,
Անոր՝ որ կարող է զերծ պահել ձեզ անկումէ, եւ անարատ կեցնել իր փառքին առջեւ՝ ցնծութեամբ,
25 before his majesty, with joy, namely, the only God, our Deliverer, by means of Jesus the Messiah our Lord, be praise, and dominion, and honor, and majesty, both now and in all ages. Amen. (aiōn )
մեր Փրկիչին՝ միա՛կ Աստուծոյ, (մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով) փա՜ռք ու մեծափառութի՜ւն, զօրութի՜ւն եւ իշխանութի՜ւն (բոլոր դարերէն առաջ, ) հիմա ու բոլոր դարերուն մէջ: Ամէն: (aiōn )