< 1 Corinthians 8 >

1 And concerning sacrifices to idols, we know, that in all of us there is knowledge; and knowledge inflateth, but love edifieth.
Այժմ, ինչ կը վերաբերի կուռքերուն զոհուած բաներուն, գիտենք թէ բոլորս ալ գիտութիւն ունինք: Գիտութիւնը կը հպարտացնէ, բայց սէրը կը շինէ:
2 And if any one thinketh that he knoweth any thing he knoweth nothing yet, as he ought to know it.
Եթէ մէկը կը կարծէ թէ բա՛ն մը գիտէ, դեռ ոչինչ գիտէ այնպէս՝ ինչպէս պէտք է գիտնալ:
3 But if any one loveth God, that man is known of him.
Սակայն եթէ մէկը կը սիրէ Աստուած, ինք ճանչցուած է անկէ:
4 As to the eating of the sacrifices of idols, therefore, we know that an idol is nothing in the world; and that there is no other God, but one.
Ուրեմն, ինչ կը վերաբերի կուռքերուն զոհուած բաները ուտելու, գիտենք թէ կուռքը ոչինչ է աշխարհի մէջ, եւ թէ ուրիշ ոեւէ Աստուած չկայ՝ մէկէն զատ:
5 For although there are what are called gods, whether in heaven, or on earth, (as there are gods many, and lords many, )
Քանի որ՝ թէեւ ըլլան աստուած կոչուածներ, թէ՛ երկինքը եւ թէ երկրի վրայ, (ինչպէս կան շատ աստուածներ ու շատ տէրեր, )
6 yet to us, on our part, there is one God, the Father, from whom are all things, and we in him; and one Lord, Jesus the Messiah, by whom are all things, and we also by him.
մենք ունինք մէ՛կ Աստուած՝ Հա՛յրը, որմէ են բոլոր բաները, եւ մենք՝ անոր կը պատկանինք՝՝, ու մէ՛կ Տէր՝ Յիսուս Քրիստոս, որով գոյութիւն ունին՝՝ բոլոր բաները, եւ մենք՝ անով կանք:
7 But there is not this knowledge in every man; for there are some, who, to the present time, in their conscience, eat it as an offering to idols; and because their conscience is weak, it is defiled.
Բայց բոլորը չունին այս գիտութիւնը. որովհետեւ ոմանք՝ մինչեւ հիմա խղճմտանքի հարց ունենալով կուռքի մասին՝ կ՚ուտեն զանոնք որպէս կուռքի զոհուած բան. եւ իրենց խղճմտանքը կը պղծուի՝ քանի որ տկար է:
8 But food doth not bring us near to God; for if we eat, we do not abound; and if we eat not, we are not in want.
Սակայն կերակուրը չէ որ կը մօտեցնէ մեզ Աստուծոյ՝՝. քանի որ ո՛չ առատութեան մէջ կ՚ըլլանք՝ եթէ ուտենք, ո՛չ ալ կարօտութեան մէջ կ՚ըլլանք՝ եթէ չուտենք:
9 See to it, however, lest this your authority become a stumbling-block to the weak.
Բայց զգուշացէ՛ք որ ձեր այս ազատութիւնը տկարներուն սայթաքում չըլլայ:
10 For if one should see thee in whom there is knowledge, reclining in the temple of idols, will not his conscience, seeing he is a weak person, be encouraged to eat what is sacrificed?
Քանի որ եթէ մէկը տեսնէ քեզ՝ որ գիտութիւն ունիս, սեղան նստած՝՝ կռատունի մէջ, այդ տկար եղողին խղճմտանքը պիտի չխրախուսուի՞ ուտել այն բաները՝ որ կուռքերուն զոհուած են.
11 And by thy knowledge, he who is feeble, and on account of whom the Messiah died, will perish.
եւ քու գիտութեամբդ՝ այդ տկար եղբայրը պիտի կորսուի, որուն համար Քրիստոս մեռաւ:
12 And if ye thus sin against your brethren, and wound the consciences of the feeble, ye sin against the Messiah.
Իսկ երբ այսպէս կը մեղանչէք եղբայրներուն դէմ ու կը վիրաւորէք անոնց տկար խղճմտանքը, կը մեղանչէք Քրիստոսի՛ դէմ:
13 Wherefore, if food is a stumbling-block to my brother, I will for ever eat no flesh, lest I should be a stumbling-block to my brother. (aiōn g165)
Ուստի եթէ կերակուրը կը գայթակղեցնէ եղբայրս, յաւէ՛տ միս պիտի չուտեմ՝ որպէսզի չգայթակղեցնեմ եղբայրս: (aiōn g165)

< 1 Corinthians 8 >