< 2 Corinthians 1 >
1 Paul, an apostle of Christ Jesus through the will of God, and Timothy our brother, to the church of God which is at Corinth, with all the saints who are in the whole of Achaia:
Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, ու Տիմոթէոս մեր եղբայրը, Կորնթոսի մէջ եղած Աստուծոյ եկեղեցիին եւ Աքայիայի մէջ եղող բոլոր սուրբերուն.
2 Grace to you and peace from God our Father and the Lord Jesus Christ.
շնորհք ու խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսէ:
3 Blessed be the God and Father of our Lord Jesus Christ, the Father of mercies and God of all comfort;
Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, արգահատանքի Հայրը եւ ամէն մխիթարութեան Աստուածը,
4 who comforts us in all our affliction, that we may be able to comfort those who are in any affliction, through the comfort with which we ourselves are comforted by God.
որ կը մխիթարէ մեզ մեր ամբողջ տառապանքին մէջ, որպէսզի մենք կարենանք մխիթարել անոնք՝ որ որեւէ տառապանքի մէջ են, այն մխիթարութեամբ՝ որով մենք կը մխիթարուինք Աստուծմէ.
5 For as the sufferings of Christ abound to us, even so our comfort also abounds through Christ.
որովհետեւ ինչպէս Քրիստոսի չարչարանքները կ՚առատանան մեր մէջ, նմանապէս մեր մխիթարութիւնն ալ կ՚առատանայ Քրիստոսի միջոցով:
6 But if we are afflicted, it is for your comfort and salvation. If we are comforted, it is for your comfort, which produces in you the patient enduring of the same sufferings which we also suffer.
Եթէ տառապինք՝ ձեր մխիթարութեան եւ փրկութեան համար է, որ արդիւնաւոր կ՚ըլլայ՝ համբերելով այն նոյն չարչարանքներուն, որոնցմով մենք ալ կը չարչարուինք. ու եթէ մխիթարուինք՝ ձեր մխիթարութեան եւ փրկութեան համար է:
7 Our hope for you is steadfast, knowing that, since you are partakers of the sufferings, so also are you of the comfort.
Մեր յոյսը հաստատուն է ձեր վրայ, որովհետեւ գիտենք թէ ինչպէս հաղորդակից էք մեր չարչարանքներուն, նոյնպէս ալ մխիթարութեան պիտի ըլլաք:
8 For we do not desire to have you uninformed, brothers, concerning our affliction which happened in Asia, that we were weighed down exceedingly, beyond our power, so much that we despaired even of life.
Որովհետեւ չենք ուզեր, եղբայրնե՛ր, որ անգիտանաք Ասիայի մէջ մեզի պատահած տառապանքը. չափէն աւելի ծանրաբեռնուեցանք, մեր կարողութենէն աւելի, ա՛յնքան՝ որ նոյնիսկ յուսահատեցանք կեանքէն:
9 Yes, we ourselves have had the sentence of death within ourselves, that we should not trust in ourselves, but in God who raises the dead,
Բայց մահուան վճիռը ունէինք մեր վրայ, որպէսզի վստահինք ո՛չ թէ մենք մեզի, հապա Աստուծոյ՝ որ մեռելները կը յարուցանէ:
10 who delivered us out of so great a death, and he will deliver us. On him we have set our hope that he will also deliver us again;
Ան այդպիսի մեծ մահէ մը ազատեց մեզ, ու կ՚ազատէ.
11 you also helping together on our behalf by your petition; that, for the gift bestowed on us by means of many, thanks may be given by many persons on our behalf.
եւ կը յուսանք թէ ան տակաւին պիտի ազատէ: Դուք ալ կը գործակցիք՝ մեզի համար աղերսելով, որպէսզի շատեր շնորհակալ ըլլան մեր պատճառով՝ շատ անձերու աղօթքին միջոցով մեզի եղած շնորհին համար:
12 For our boasting is this: the testimony of our conscience, that with pure motives and sincerity of God, not in fleshly wisdom but in the grace of God we conducted ourselves in the world, and more abundantly toward you.
Արդարեւ սա՛ է մեր պարծանքը՝ մեր խղճմտանքին վկայութիւնը, թէ մենք՝ պարզամտութեամբ եւ Աստուծոյ անկեղծութեամբ, ո՛չ թէ մարմնաւոր իմաստութեամբ՝ հապա Աստուծոյ շնորհքով վարուեցանք աշխարհի մէջ, եւ ա՛լ աւելի ձեզի հանդէպ:
13 For we write no other things to you, than what you read or even acknowledge, and I hope you will fully acknowledge;
Որովհետեւ ուրիշ բան չենք գրեր ձեզի, քան ինչ որ դուք կը կարդաք ու կը հասկնաք. եւ կը յուսամ թէ մինչեւ վախճանն ալ պիտի հասկնաք,
14 as also you acknowledged us in part, that we are your boasting, even as you also are ours, in the day of our Lord Jesus.
ինչպէս նաեւ մասամբ հասկցաք մեզ, թէ մենք ձեր պարծանքն ենք, ինչպէս դուք ալ մերը՝ Տէր Յիսուսի օրը:
15 In this confidence, I was determined to come first to you, that you might have a second benefit;
Այս վստահութեամբ կը փափաքէի նախ գալ ձեզի, որպէսզի դուք երկրորդ շնորհք մը ընդունիք,
16 and by you to pass into Macedonia, and again from Macedonia to come to you, and to be sent forward by you on my journey to Judea.
անցնիլ ձեզմէ դէպի Մակեդոնիա, եւ Մակեդոնիայէն դարձեալ գալ ձեզի, ու ձեզմէ ուղարկուած՝ երթալ Հրէաստան:
17 When I therefore was planning this, did I do it lightly? Or the things that I purpose, do I purpose according to the flesh, that with me there should be the "Yes, yes" and the "No, no?"
Ուրեմն երբ այսպէս փափաքեցայ, միթէ թեթեւութեա՞մբ վարուեցայ. եւ կամ՝ ինչ որ ես կը ծրագրեմ, մարմնաւորապէ՞ս կը ծրագրեմ, որպէսզի իմ քովս «այո՛»ն՝ այո՛ ըլլայ, եւ «ո՛չ»ը՝ ո՛չ՝՝:
18 But as God is faithful, our word toward you is not "Yes and no."
Սակայն Աստուած հաւատարիմ է, որ ձեզի հասած մեր խօսքը «այո՛» եւ «ո՛չ» չէր.
19 For the Son of God, Jesus Christ, who was preached among you by us, by me, Silvanus, and Timothy, was not "Yes and no," but in him is "Yes."
քանի որ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, որ քարոզուեցաւ ձեզի մեր միջոցով, (ինձմով, Սիղուանոսով ու Տիմոթէոսով, ) «այո՛» եւ «ո՛չ» չեղաւ, հապա իր մէջ եղաւ «այո՛»ն:
20 For however many are the promises of God, in him they are "Yes." Therefore also through him they are "Amen," to the glory of God through us.
Արդարեւ Աստուծոյ բոլոր խոստումները՝ իր մէջ «այո՛» են, եւ իր մէջ «ամէ՛ն» են՝ Աստուծոյ փառքին համար մեր միջոցով:
21 Now he who establishes us with you in Christ, and anointed us, is God;
Ուրեմն ա՛ն որ հաստատեց մեզ Քրիստոսով՝ ձեզի հետ, եւ օծեց մեզ՝ Աստուա՛ծ է,
22 who also sealed us, and gave us the down payment of the Spirit in our hearts.
որ նաեւ կնքեց մեզ ու տուաւ մեզի Հոգիին գրաւականը՝ մեր սիրտերուն մէջ:
23 But I call God as a witness to my soul, that to spare you I did not come again to Corinth.
Բայց ես Աստուած վկայ կը կանչեմ իմ անձիս, թէ տակաւին Կորնթոս չեկայ՝ խնայելու համար ձեզի:
24 Not that we rule over your faith, but are fellow workers with you for your joy. For you stand firm in faith.
Ո՛չ թէ կը տիրենք ձեր հաւատքին վրայ, հապա գործակիցներ ենք ձեր ուրախութեան. որովհետեւ դուք հաւատքով կը կենաք: