< Ephesians 6 >
1 Children, obey your parents in the Lord, for this is right.
Զաւակնե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ծնողներուն՝ Տէրոջմով, որովհետեւ ա՛յդ է իրաւացին:
2 "Honor your father and mother," which is the first commandment with a promise:
Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ, (որ առաջին պատուիրանն է խոստումով, )
3 "that it may be well with you, and that you may live long in the land."
որպէսզի բարիք ըլլայ քեզի, ու երկար ապրիս երկրի վրայ:
4 And fathers, do not provoke your children to anger, but nurture them in the discipline and instruction of the Lord.
Եւ դո՛ւք, հայրե՛ր, մի՛ բարկացնէք ձեր զաւակները, հապա մեծցուցէ՛ք զանոնք Տէրոջ կրթութեամբ ու խրատով:
5 Servants, be obedient to those who according to the flesh are your masters, with fear and trembling, in singleness of your heart, as to Christ;
Ստրուկնե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր մարմնաւոր տէրերուն՝ ահով ու դողով, ձեր սիրտին պարզամտութեամբ, որպէս թէ Քրիստոսի.
6 not in the way of service only when eyes are on you, as people-pleasers; but as servants of Christ, doing the will of God from the heart;
ո՛չ թէ ծառայելով աչքի առջեւ՝ մարդահաճոներու պէս, հապա Քրիստոսի՛ ստրուկներու պէս՝ սրտանց գործադրելով Աստուծոյ կամքը:
7 with good will doing service, as to the Lord, and not to people;
Ծառայեցէ՛ք յօժարութեամբ, որպէս թէ Տէրոջ եւ ո՛չ թէ մարդոց,
8 knowing that whatever good thing each one does, he will receive the same again from the Lord, whether he is bound or free.
գիտնալով թէ իւրաքանչիւրը՝ ի՛նչ բարիք որ գործէ, նո՛յնը պիտի ստանայ Տէրոջմէն, ստրուկ ըլլայ թէ ազատ:
9 You masters, do the same things to them, and give up threatening, knowing that he who is both their Master and yours is in heaven, and there is no partiality with him.
Իսկ դո՛ւք, տէրե՛ր, ըրէ՛ք անոնց նոյն բաները, հրաժարելով սպառնալիքէն: Գիտցէ՛ք թէ անո՛նց ալ, ձե՛ր ալ Տէրը երկինքն է, ու աչառութիւն չկայ անոր քով:
10 Finally, be strong in the Lord, and in the strength of his might.
Վերջապէս, եղբայրնե՛րս, զօրացէ՛ք Տէրոջմով եւ անոր հզօր կարողութեամբ:
11 Put on the whole armor of God, that you may be able to stand against the schemes of the devil.
Հագէ՛ք Աստուծոյ ամբողջ զրահը, որպէսզի կարենաք դիմադրել Չարախօսին հնարքներուն:
12 For our wrestling is not against flesh and blood, but against the rulers, against the powers, against the world's rulers of this darkness, and against the spiritual forces of wickedness in the heavenly places. (aiōn )
Որովհետեւ մեր գօտեմարտը մարմինի եւ արիւնի հետ չէ, հապա պետութիւններու, իշխանութիւններու, այս խաւար աշխարհին՝՝ իշխանաւորներուն հետ, երկնաւոր վայրերու մէջ եղող չար ոգիներուն հետ: (aiōn )
13 Therefore, put on the whole armor of God, that you may be able to withstand in the evil day, and, having done all, to stand.
Ուստի առէ՛ք ձեր վրայ Աստուծոյ ամբողջ զրահը, որպէսզի կարենաք դիմադրել չար օրը,
14 Stand therefore, having the belt of truth buckled around your waist, and having put on the breastplate of righteousness,
ու ամէն բան կատարելէ ետք՝ հաստատուն կայնիլ: Ուստի կայնեցէ՛ք ձեր տեղը՝ ձեր մէջքը գօտեպնդած ճշմարտութեամբ եւ հագած արդարութեան զրահը,
15 and having fitted your feet with the preparation of the Good News of peace;
ու ձեր ոտքերուն իբր կօշիկ անցուցած խաղաղութեան աւետարանին պատրաստութիւնը:
16 above all, taking up the shield of faith, with which you will be able to quench all the fiery darts of the evil one.
Բոլորին վրայ՝ առէ՛ք հաւատքին վահանը, որով պիտի կարենաք մարել Չարին բոլոր հրավառ նետերը.
17 And take the helmet of salvation, and the sword of the Spirit, which is the spoken word of God;
եւ առէ՛ք փրկութեան սաղաւարտն ու Հոգիին սուրը՝ որ Աստուծոյ խօսքն է:
18 with all prayer and requests, praying at all times in the Spirit, and being watchful to this end in all perseverance and requests for all the saints:
Ամէն ատեն աղօթեցէ՛ք Հոգիով՝ ամէն տեսակ աղօթքով եւ աղերսանքով: Հսկեցէ՛ք ասոր վրայ բոլորովին յարատեւութեամբ ու աղերսանքով՝ բոլոր սուրբերուն համար.
19 on my behalf, that utterance may be given to me in opening my mouth, to make known with boldness the mystery of the Good News,
ինծի՛ համար ալ, որպէսզի խօսք տրուի ինծի, որ համարձակութեամբ բանամ բերանս՝ գիտցնելու խորհուրդը աւետարանին,
20 for which I am an ambassador in chains; that in it I may speak boldly, as I ought to speak.
որուն համար ես դեսպան մըն եմ՝ շղթաներով. որպէսզի անով համարձակութեա՛մբ խօսիմ՝ ինչպէս պէտք է խօսիմ:
21 But that you also may know my affairs, how I am doing, Tychicus, the beloved brother and faithful servant in the Lord, will make known to you all things;
Բայց որպէսզի դո՛ւք ալ գիտնաք իմ մասիս՝ թէ ի՛նչ կ՚ընեմ, ամէն բան պիտի գիտցնէ ձեզի Տիւքիկոս սիրելի եղբայրն ու Տէրոջմով հաւատարիմ սպասարկուն:
22 whom I have sent to you for this very purpose, that you may know our state, and that he may comfort your hearts.
Զինք յատկապէս ղրկեցի ձեզի, որպէսզի գիտնաք մեր մասին, եւ ինք մխիթարէ ձեր սիրտերը:
23 Peace be to the brothers, and love with faith, from God the Father and the Lord Jesus Christ.
Խաղաղութի՜ւն եղբայրներուն, ու սէ՜ր՝ հաւատքով միասին՝ Հայր Աստուծմէ ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ:
24 Grace be with all those who love our Lord Jesus Christ with incorruptible love.
Շնո՜րհք բոլոր անոնց հետ՝ որ անկեղծութեամբ կը սիրեն մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը: Ամէն: