< Acts 17 >
1 Now when they had passed through Amphipolis and Apollonia, they came to Thessalonica, where there was a Jewish synagogue.
Ամփիպոլիսէն եւ Ապողոնիայէն անցնելով՝ Թեսաղոնիկէ եկան, ուր Հրեաներուն ժողովարանը կար:
2 Paul, as was his custom, went in to them, and for three Sabbath days reasoned with them from the Scriptures,
Պօղոս ալ՝ իր սովորութեան համաձայն՝ մտաւ անոնց մէջ, ու երեք Շաբաթ օրեր խօսեցաւ անոնց հետ Գիրքերուն մասին,
3 explaining and demonstrating that the Christ had to suffer and rise again from the dead, and saying, "This Jesus, whom I proclaim to you, is the Christ."
բացատրելով եւ փաստարկելով անոնց թէ Քրիստոս պէ՛տք է չարչարուէր ու մեռելներէն յարութիւն առնէր. եւ ըսաւ. “Այս Յիսուսը՝ որ ես կը հռչակեմ ձեզի, Քրիստո՛սն է”:
4 Some of them were persuaded, and joined Paul and Silas, as did a large number of the devout Greeks, and not a few of the prominent women.
Անոնցմէ ոմանք անսացին ու միացան Պօղոսի եւ Շիղայի, նաեւ՝ բարեպաշտ Յոյներէն մեծ բազմութիւն մը. առաջնակարգ կիներէն հաւատացողներն ալ սակաւաթիւ չէին:
5 But the Jews, being moved with jealousy, took along some wicked men from the marketplace, and gathering a crowd, set the city in an uproar. Assaulting the house of Jason, they sought to bring them out to the people.
Բայց չանսացող Հրեաները նախանձեցան, եւ քանի մը դատարկապորտ, գռեհիկ մարդիկ առնելով՝ բազմութիւն ժողվեցին, ամբողջ քաղաքին մէջ աղմուկ հանեցին, ու Յասոնի տան վրայ յարձակելով կը փնտռէին զանոնք՝ որ ամբոխին տանին:
6 When they did not find them, they dragged Jason and certain brothers before the rulers of the city, crying, "These who have turned the world upside down have come here also,
Երբ չգտան զանոնք, Յասոնը եւ քանի մը եղբայրներ քաշկռտելով տարին քաղաքապետներուն առջեւ՝ գոռալով. «Անոնք որ երկրագունդը տակնուվրայ ըրին՝ հոս ալ հասած են,
7 whom Jason has received. These all act contrary to the decrees of Caesar, saying that there is another king, Jesus."
ու Յասոն ընդունած է զանոնք: Ասոնք բոլորը կը գործեն կայսրին հրամաններուն դէմ, ըսելով թէ ուրիշ թագաւոր մը կայ՝ Յիսուս անունով»:
8 The crowd and the rulers of the city were troubled when they heard these things.
Բազմութիւնն ու քաղաքապետները վրդովեցան՝ լսելով այս բաները:
9 When they had taken security from Jason and the rest, they let them go.
Բայց երբ երաշխիք առին Յասոնէն եւ միւսներէն՝ արձակեցին զանոնք:
10 The brothers immediately sent Paul and Silas away by night to Beroea. When they arrived, they went into the Jewish synagogue.
Եղբայրներն ալ իսկոյն՝ գիշերուան մէջ՝ Բերիա ղրկեցին Պօղոսն ու Շիղան, որոնք հոն հասնելով՝ գացին Հրեաներուն ժողովարանը:
11 Now these were more noble than those in Thessalonica, in that they received the word with all readiness of the mind, examining the Scriptures daily to see whether these things were so.
Ասոնք աւելի ազնիւ էին՝ քան Թեսաղոնիկէի մէջ եղողները. Աստուծոյ խօսքը ընդունեցին լման յօժարութեամբ, եւ ամէն օր կը զննէին Գիրքերը, տեսնելու թէ այդպէ՛ս են այդ բաները:
12 Many of them therefore believed; also of the prominent Greek women, and not a few men.
Ուստի անոնցմէ շատերը հաւատացին, ու մեծայարգ յոյն կիներէն եւ այր մարդոցմէն հաւատացողներն ալ սակաւաթիւ չէին:
13 But when the Jews of Thessalonica had knowledge that the word of God was proclaimed by Paul at Beroea also, they came there likewise, inciting and disturbing the crowds.
Բայց երբ թեսաղոնիկեցի Հրեաները գիտցան թէ Բերիայի մէջ ալ Պօղոս հռչակեց Աստուծոյ խօսքը, հո՛ն ալ եկան ու գրգռեցին բազմութիւնը:
14 Then the brothers immediately sent out Paul to go as far as to the sea, and Silas and Timothy still stayed there.
Այն ատեն եղբայրները իսկոյն Պօղոսը ճամբեցին՝ որ երթայ մինչեւ ծովեզերքը, բայց Շիղա եւ Տիմոթէոս մնացին հոն:
15 But those who escorted Paul brought him as far as Athens. Receiving a commandment to Silas and Timothy that they should come to him very quickly, they departed.
Անոնք որ կը տանէին Պօղոսը՝ հասցուցին զայն մինչեւ Աթէնք, ապա մեկնեցան՝ պատուէր ստանալով Շիղայի ու Տիմոթէոսի համար, որ շուտով գան իրեն:
16 Now while Paul waited for them at Athens, his spirit was provoked within him as he saw the city full of idols.
Մինչ Աթէնքի մէջ Պօղոս կը սպասէր անոնց, իր հոգին գրգռուած էր իր մէջ, տեսնելով քաղաքը՝ լեցուած կուռքերով:
17 So he reasoned in the synagogue with the Jews and the devout persons, and in the marketplace every day with those who met him.
Ուստի ժողովարանին մէջ կը խօսէր Հրեաներուն ու բարեպաշտ մարդոց, նաեւ ամէն օր հրապարակներուն մէջ՝ անոնց որ հանդիպէր:
18 Some of the Epicurean and Stoic philosophers also were conversing with him. Some said, "What does this babbler want to say?" Others said, "He seems to be advocating foreign deities," because he preached Jesus and the resurrection.
Քանի մը Եպիկուրեան եւ Ստոյիկեան փիլիսոփաներ ալ կը խորհրդակցէին իրեն հետ: Ոմանք կ՚ըսէին. «Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ այս սերմնաքաղը»: Ուրիշներ ալ կ՛ըսէին. «Կը թուի թէ օտար աստուածներու քարոզիչ է». որովհետեւ կ՚աւետէր անոնց Յիսուսը եւ յարութիւնը:
19 They took hold of him, and brought him to the Areopagus, saying, "May we know what this new teaching is, which is spoken by you?
Ուստի առնելով զայն՝ տարին Արիսպագոս ու կ՚ըսէին. «Կրնա՞նք գիտնալ թէ ի՛նչ է այդ նոր ուսուցումը՝ որ դուն կը քարոզես,
20 For you bring certain strange things to our ears. We want to know therefore what these things mean."
որովհետեւ քանի մը տարօրինակ բաներ լսել կու տաս մեզի՝՝: Ուրեմն կ՚ուզենք գիտնալ թէ ի՛նչ կրնան ըլլալ ատոնք»:
21 Now all the Athenians and the strangers living there spent their time in nothing else, but either to tell or to hear some new thing.
(Որովհետեւ բոլոր Աթենացիներուն եւ հոն գաղթած օտարականներուն ժամանցը ուրիշ ոչինչ է, քան նոր բան ըսել կամ լսել: )
22 Paul stood in the middle of the Areopagus, and said, "You men of Athens, I perceive that you are very religious in all things.
Հետեւաբար Պօղոս կայնեցաւ Արիսպագոսի մէջ եւ ըսաւ. «Աթենացի՛ մարդիկ, կը նշմարեմ թէ ամէն ինչով չափազանց կրօնասէր էք:
23 For as I passed along, and observed the objects of your worship, I found also an altar with this inscription: 'TO AN UNKNOWN GOD.' What therefore you worship in ignorance, this I announce to you.
Քանի որ ես շրջելով ու ձեր պաշտամունքը զննելով՝ գտայ զոհասեղան մը, որուն վրայ գրուած էր. «Անծանօթ Աստուծոյն»: Ուստի ա՛ն՝ որմէ դուք կ՚ակնածիք առանց ճանչնալու, ես զա՛յն կը հռչակեմ ձեզի:
24 The God who made the world and all things in it, he, being Lord of heaven and earth, does not dwell in temples made with hands,
Աստուած՝ որ ստեղծեց աշխարհը եւ անոր մէջ եղած բոլոր բաները, ի՛նք՝ որ Տէրն է երկինքի ու երկրի, ո՛չ կը բնակի ձեռակերտ տաճարներու մէջ,
25 neither is he served by human hands, as though he needed anything, seeing he himself gives to all life and breath, and all things.
ո՛չ ալ կը խնամուի մարդոց ձեռքով՝ իբր թէ որեւէ բանի կարօտ ըլլար. քանի որ ի՛նք կու տայ բոլորին կեանք, շունչ, եւ ամէն ինչ:
26 He made from one blood every nation of the human race to dwell on all the surface of the earth, having determined appointed seasons, and the boundaries of their dwellings,
Մէ՛կ արիւնէ ստեղծեց մարդոց բոլոր ազգերը՝ որպէսզի բնակին ամբողջ երկրի մակերեսին վրայ, ու սահմանեց նախապէս որոշուած ժամանակները եւ անոնց բնակարանի սահմանները՝ որ փնտռեն Տէրը,
27 that they should seek God, if perhaps they might reach out for him and find him, though he is not far from each one of us.
ու թերեւս գտնեն զինք խարխափելով, թէպէտ մեզմէ իւրաքանչիւրէն ալ հեռու չէ:
28 'For in him we live, and move, and have our being.' As some of your own poets have said, 'For we are also his offspring.'
Արդարեւ անո՛վ կ՚ապրինք, կը շարժինք եւ կանք, ինչպէս ձեր բանաստեղծներէն ոմանք ալ ըսին. “Քանի որ մենք անոր ցեղէն իսկ ենք”:
29 Being then the offspring of God, we ought not to think that the Divine Nature is like gold, or silver, or stone, engraved by human art and design.
Ուրեմն՝ Աստուծոյ ցեղէն ըլլալով՝ պէտք չէ կարծենք՝՝ թէ աստուածութիւնը նման է ոսկիի կամ արծաթի կամ քարի, քանդակուած մարդկային արուեստով ու երեւակայութեամբ՝՝:
30 The times of ignorance therefore God overlooked. But now he commands that all people everywhere should repent,
Եւ հիմա Աստուած, անտեսելով այս անգիտութեան ժամանակները, ամէնուրեք կը պատուիրէ բոլոր մարդոց՝ որ ապաշխարեն:
31 because he has appointed a day in which he will judge the world in righteousness by the man whom he has ordained; of which he has given assurance to everyone by raising him from the dead."
Որովհետեւ սահմանած է օր մը, երբ պիտի դատէ երկրագունդը արդարութեամբ՝ իր որոշած մարդուն միջոցով. եւ այս մասին հաւաստիք տուաւ բոլորին՝ մեռելներէն յարուցանելով զայն»:
32 Now when they heard of the resurrection of the dead, some mocked; but others said, "We want to hear you again concerning this."
Երբ լսեցին մեռելներու յարութեան մասին՝ ոմանք ծաղրեցին, իսկ ուրիշներ ըսին. «Այս մասին դարձեալ մտիկ պիտի ընենք քեզի»:
33 Thus Paul went out from among them.
Այսպէս Պօղոս մեկնեցաւ անոնց մէջէն:
34 But some people joined with him, and believed, among whom also was Dionysius the Areopagite, and a woman named Damaris, and others with them.
Սակայն քանի մը մարդիկ յարեցան իրեն, ու հաւատացին. անոնց մէջ էին Դիոնեսիոս Արիսպագացին, Դամարիս անունով կին մը, եւ իրենց հետ ուրիշներ: