< 2 Corinthians 5 >

1 For we know that if the earthly house of our tent is dissolved, we have a building from God, a house not made with hands, everlasting, in the heavens. (aiōnios g166)
Արդարեւ գիտենք թէ եթէ մեր վրանի նման երկրային տունը քակուի, շինուածք մը ունինք Աստուծմէ, անձեռակերտ յաւիտենական տուն մը՝ երկինքի մէջ. (aiōnios g166)
2 For truly in this we groan, longing to be clothed with our habitation which is from heaven,
եւ ի՛րապէս ասոր մէջ կը հառաչենք՝ տենչալով հագնիլ մեր երկնաւոր բնակութիւնը.
3 since, after we have put it on, we will not be found naked.
սակայն երբ զայն հագնինք՝ մերկ չգտնուինք:
4 For indeed we who are in this tent do groan, being burdened; not that we desire to be unclothed, but that we desire to be clothed, that what is mortal may be swallowed up by life.
Որովհետեւ մենք՝ որ այս վրանին տակն ենք, ծանրութեան տակ կը հառաչենք. ո՛չ թէ կ՚ուզենք հանուիլ, հապա՝ հագնիլ զայն ասոր վրայ, որպէսզի մահկանացութիւնը ընկղմի կեանքին մէջ:
5 Now he who made us for this very thing is God, who also gave to us the down payment of the Spirit.
Ուրեմն ա՛ն՝ որ պատրաստեց մեզ այդ նոյն բանին համար՝ Աստուա՛ծ է, որ նաեւ տուաւ մեզի Հոգիին գրաւականը:
6 Therefore, we are always confident and know that while we are at home in the body, we are absent from the Lord;
Ուստի ամէն ատեն վստահութիւն ունինք, գիտնալով թէ մինչ մարմինի մէջ ենք՝ հեռու ենք Տէրոջմէն.
7 for we walk by faith, not by sight.
(որովհետեւ հաւատքո՛վ կ՚ընթանանք, եւ ո՛չ թէ տեսողութեամբ.)
8 We are of good courage, I say, and are willing rather to be absent from the body, and to be at home with the Lord.
վստահութիւն ունինք, եւ առաւելապէս կ՚ուզենք հեռանալ մարմինէն ու մօտ ըլլալ Տէրոջ:
9 Therefore also we make it our aim, whether at home or absent, to be well pleasing to him.
Ուստի պատիւ կը համարենք ընդունելի ըլլալ անոր, մօտ թէ հեռու:
10 For we must all appear before the judgment seat of Christ; that each one may receive the things in the body, according to what he has done, whether good or bad.
Որովհետեւ պէտք է որ բոլորս ալ ներկայանանք Քրիստոսի դատարանին առջեւ, որպէսզի իւրաքանչիւրը ստանայ այն բաներուն համեմատ՝ որ իր մարմինին մէջ եղած ատեն ըրած է, բարի կամ չար:
11 Knowing therefore the fear of the Lord, we persuade people, but we are revealed to God; and I hope that we are revealed also in your consciences.
Ուրեմն՝ գիտնալով Տէրոջ վախը՝ կը համոզենք մարդիկ. սակայն մենք բացայայտ ենք Աստուծոյ առջեւ, եւ կը յուսամ թէ բացայայտ ենք նաեւ ձեր խղճմտանքին մէջ:
12 We are not commending ourselves to you again, but speak as giving you occasion of boasting on our behalf, that you may have something to answer those who boast in appearance, and not in heart.
Որովհետեւ մենք մեզ դարձեալ չենք յանձնարարեր ձեզի, հապա առիթ կու տանք ձեզի՝ մեզմով պարծենալու. որպէսզի բան մը ունենաք պատասխանելու անոնց՝ որ կը պարծենան երեւոյթով, եւ ո՛չ թէ սիրտով:
13 For if we are out of control, it is for God. If we are in a reasonable way, it is for you.
Քանի որ եթէ ցնորած ենք՝ ատիկա Աստուծոյ համար է, ու եթէ խոհեմ ենք՝ ատիկա ձեզի համար է:
14 For the love of Christ constrains us; because we judge thus, that one died for all, therefore all died.
Որովհետեւ Քրիստոսի սէրը կը պարտադրէ մեզ, ու մեր դատումը սա՛ է, թէ եթէ մէկը մեռաւ բոլորին համար, ուրեմն բոլորն ալ մեռան:
15 He died for all, that those who live should no longer live to themselves, but to him who for their sakes died and rose again.
Ան բոլորին համար մեռաւ, որպէսզի ապրողները այլեւս չապրին իրենք իրենց համար, հապա անո՛ր համար՝ որ մեռաւ իրենց համար, եւ յարութիւն առաւ:
16 Therefore we know no one after the flesh from now on. Even though we have known Christ after the flesh, yet now we no longer know him in this way.
Հետեւաբար ասկէ ետք մենք ո՛չ մէկը կը ճանչնանք մարմինով. թէպէտ Քրիստոսը ճանչցանք մարմինով, հիմա ա՛լ այնպէս չենք ճանչնար:
17 Therefore if anyone is in Christ, he is a new creation. The old things have passed away. Look, new things have come.
Ուրեմն եթէ մէկը Քրիստոսի մէջ է, ան նոր արարած մըն է. նախկին բաները անցան, եւ ահա՛ ամէն բան նոր եղաւ:
18 But all things are of God, who reconciled us to himself through Jesus Christ, and gave to us the ministry of reconciliation;
Եւ ամէն բան Աստուծմէ է, որ հաշտեցուց մեզ իրեն հետ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, ու տուաւ մեզի հաշտութեան սպասարկութիւնը.
19 namely, that God was in Christ reconciling the world to himself, not counting their trespasses against them, and having committed to us the word of reconciliation.
այսինքն Աստուած էր, որ Քրիստոսով հաշտեցուց աշխարհը իրեն հետ՝ անոնց յանցանքները չվերագրելով իրենց, ու յանձնեց մեզի հաշտութեան խօսքը:
20 We are therefore ambassadors on behalf of Christ, as though God were making his appeal through us. We implore you on behalf of Christ, be reconciled to God.
Ուրեմն մենք դեսպաններ ենք Քրիստոսի համար, որպէս թէ Աստուած կ՚աղաչէր ձեզի մեր միջոցով. կ՚աղերսենք ձեզի Քրիստոսի կողմէն, հաշտուեցէ՛ք Աստուծոյ հետ:
21 For him who knew no sin he made to be sin on our behalf; so that in him we might become the righteousness of God.
Որովհետեւ Աստուած մեզի համար մեղաւոր համարեց՝՝ ա՛ն՝ որ մեղք չէր գիտեր, որպէսզի մենք Աստուծոյ արդարութիւնը ըլլանք անով:

< 2 Corinthians 5 >