< 1 Timothy 5 >
1 Do not rebuke an older man, but exhort him as a father; the younger men as brothers;
Մի՛ սաստեր տարեցը, հապա յորդորէ՛ զայն՝ հօր մը պէս. երիտասարդները՝ եղբայրներու պէս,
2 the older women as mothers; the younger as sisters, in all purity.
տարեց կիները՝ մայրերու պէս, դեռահասակները՝ քոյրերու պէս, բոլորովին մաքրակեցութեամբ:
3 Honor widows who are widows indeed.
Պատուէ՛ այն այրիները՝ որ ի՛րապէս այրի են:
4 But if any widow has children or grandchildren, let them learn first to show piety towards their own family, and to repay their parents, for this is acceptable in the sight of God.
Բայց եթէ այրի մը ունի զաւակներ կամ թոռներ, անոնք թող սորվին նախ իրենց տան մէջ բարեպաշտութիւն ցոյց տալ, ու փոխարէնը հատուցանել իրենց ծնողներուն. որովհետեւ ա՛յդ է բարին եւ ընդունելին Աստուծոյ առջեւ:
5 Now she who is a widow indeed, and desolate, has her hope set on God, and continues in petitions and prayers night and day.
Իսկ ան որ ի՛րապէս այրի է ու մինակ մնացած, կը յուսայ Աստուծոյ, եւ գիշեր-ցերեկ կը յարատեւէ աղերսանքի ու աղօթքի մէջ.
6 But she who gives herself to pleasure is dead while she lives.
մինչդեռ փափկասէր այրին մեռած է, թէպէտ կ՚ապրի:
7 Also command these things, so that they will be without fault.
Պատուիրէ՛ այս բաները, որպէսզի անարատ ըլլան:
8 But if anyone does not provide for his own, and especially his own household, he has denied the faith, and is worse than an unbeliever.
Բայց եթէ մէկը չի հոգար իրենները ու մա՛նաւանդ իր ընտանիքը, ան ուրացած է հաւատքը, եւ աւելի գէշ է՝ քան անհաւատ մը:
9 Let no one be enrolled as a widow under sixty years old, having been the wife of one man,
Իբր այրի թող դասուի ա՛ն՝ որ վաթսուն տարեկանէն կրտսեր չէ, մէկ մարդու կին եղած է,
10 being approved by good works, if she has brought up children, if she has been hospitable to strangers, if she has washed the saints' feet, if she has relieved the afflicted, and if she has diligently followed every good work.
ու բարի գործերով վկայուած. եթէ զաւակներ մեծցուցած է, հիւրեր ընդունած, սուրբերուն ոտքերը լուացած, տառապեալներուն նպաստած, ամէն բարի գործի հետամուտ եղած:
11 But refuse younger widows, for whenever their passions lead them away from Christ, they desire to marry;
Բայց մերժէ՛ դեռահասակ այրիները. քանի որ երբ պերճանքը հեռացնէ զիրենք Քրիստոսէ, կ՚ուզեն ամուսնանալ
12 having condemnation, because they have rejected their first pledge.
եւ դատապարտութիւն կը կրեն՝՝, որովհետեւ կ՚անարգեն իրենց առաջին հաւատքը:
13 Besides, they also learn to be idle, going about from house to house. Not only idle, but also gossips and busybodies, saying things which they ought not.
Նաեւ կը սորվին դատարկապորտ ըլլալ՝ շրջելով տունէ տուն. եւ ո՛չ միայն դատարկապորտ, այլ նաեւ շաղակրատ ու հետաքրքրամոլ՝ խօսելով անպատեհ բաներ:
14 I desire therefore that the younger widows marry, bear children, rule the household, and give no occasion to the adversary for reviling.
Ուրեմն կը փափաքիմ որ դեռահասակ կիները ամուսնանան, զաւակներ ծնանին, իրենց տունը կառավարեն՝՝, եւ հեգնելու առիթ չտան հակառակորդին,
15 For already some have turned aside after Satan.
քանի որ արդէն ոմանք խոտորեցան՝ երթալով Սատանայի ետեւէն:
16 If any believing woman has widows, she must assist them, and do not let the church be burdened; that it might help those widows who are truly in need.
Եթէ հաւատացեալ այր մարդ մը կամ կին մը ունի այրիներ, ի՛նք թող նպաստէ անոնց, որպէսզի եկեղեցին չծանրաբեռնուի ու կարենայ նպաստել իրակա՛ն այրիներուն:
17 Let the elders who rule well be counted worthy of double honor, especially those who labor in the word and in teaching.
Լաւ վերակացու եղող երէցները, մա՛նաւանդ անոնք՝ որոնց աշխատանքն է խօսքը քարոզել եւ սորվեցնել, թող արժանանան կրկնապատիկ պատիւի,
18 For the Scripture says, "Do not muzzle the ox when it treads out the grain." And, "The laborer is worthy of his wages."
որովհետեւ Գիրքը կ՚ըսէ. «Մի՛ կապեր կալի մէջ աշխատող՝՝ եզին դունչը»: Նաեւ. «Գործաւորը արժանի է իր վարձքին»:
19 Do not receive an accusation against an elder, except at the word of two or three witnesses.
Երէցի դէմ ամբաստանութիւն մի՛ ընդունիր, բայց միայն երկու կամ երեք վկայի առջեւ:
20 Those who sin, reprove in the sight of all, that the rest also may be in fear.
Անոնք որ կը մեղանչեն՝ կշտամբէ՛ բոլորին առջեւ, որպէսզի միւսներն ալ վախնան:
21 I command you in the sight of God, and Christ Jesus, and the chosen angels, that you observe these things without prejudice, doing nothing by partiality.
Կը վկայեմ Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսի եւ ընտրեալ հրեշտակներուն առջեւ, որ պահես այս բաները առանց նախընտրանքի, ոչինչ ընելով կողմնակալութեամբ:
22 Do not ordain anyone hastily, nor participate in the sins of others. Keep yourself pure.
Աճապարելով ձեռք մի՛ դներ ոեւէ մէկուն վրայ, եւ մի՛ հաղորդակցիր ուրիշներուն մեղքերուն: Դուն քեզ մաքրակենցա՛ղ պահէ:
23 Be no longer a drinker of water only, but use a little wine for your stomach's sake and your frequent infirmities.
Այլեւս միայն ջուր մի՛ խմեր, հապա քիչ մըն ալ գինի գործածէ՝ ստամոքսիդ ու յաճախադէպ հիւանդութիւններուդ համար:
24 The sins of some people are obvious, going before them to judgment, but those of others show up later.
Կարգ մը մարդոց մեղքերը առաջուընէ յայտնի են, նախքան իրենց դատաստանը. իսկ ոմանց մեղքերը յետոյ կը յայտնուին՝՝:
25 In the same way also there are good works that are obvious, and those that are otherwise cannot be hidden.
Նոյնպէս ալ ոմանց բարի գործերը յայտնի են. իսկ անոնք որ տարբեր են՝ չեն կրնար պահուիլ: