< Revelation 18 >

1 And after these things I saw another messenger coming down out of Heaven, having great authority, and the earth was lightened from his glory,
Ասկէ ետք՝ տեսայ (ուրիշ) հրեշտակ մը, որ երկինքէն կ՚իջնէր եւ մեծ իշխանութիւն ունէր, ու երկիրը լուսաւորուեցաւ անոր փառքով:
2 and he cried in might [with] a great voice, saying, “Fallen, fallen is Babylon the great! And she became a habitation of demons, and a hold of every unclean spirit, and a hold of every unclean and hateful bird,
Ան հզօր ձայնով աղաղակեց. «Կործանեցա՜ւ, կործանեցա՜ւ մեծ Բաբելոնը, եւ եղաւ դեւերու բնակավայր, ամէն անմաքուր ոգիի բանտ, ու ամէն անմաքուր եւ ատելի թռչունի բանտ.
3 because all the nations have drunk of the wine of the wrath of her whoredom, and the kings of the earth committed whoredom with her, and merchants of the earth were made rich from the power of her indulgence.”
որովհետեւ բոլոր ազգերը խմեցին անոր պոռնկութեան զայրոյթի գինիէն, երկրի թագաւորները պոռնկեցան անոր հետ, ու երկրի առեւտրականները հարստացան անոր պերճանքին զօրութենէն»:
4 And I heard another voice out of Heaven, saying, “Come forth out of her, My people, that you may not partake with her sins, and that you may not receive of her plagues,
Լսեցի երկինքէն ուրիշ ձայն մըն ալ՝ որ կ՚ըսէր. «Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս, որպէսզի հաղորդակից չըլլաք անոր մեղքերուն ու բաժին չստանաք ատոր պատուհասներէն.
5 because her sins have reached up to Heaven, and God remembered her unrighteousness.
որովհետեւ ատոր մեղքերը կուտակուեցան մինչեւ երկինք, եւ Աստուած յիշեց անոր անիրաւութիւնները:
6 Render to her as she also rendered to you, and double to her twofold according to her works; in the cup that she mingled mingle to her double.
Հատուցանեցէ՛ք անոր՝ ինչպէս ինք հատուցանեց, ու կրկնապատի՛կ փոխարինեցէք անոր՝ իր արարքներուն համեմատ: Այն բաժակը որ ինք լեցուց՝ կրկնապատի՛կ լեցուցէք իրեն:
7 As much as she glorified herself and indulged, so much torment and sorrow give to her, because in her heart she says, I sit [as] queen, and I am not a widow, and I will not see sorrow;
Ո՛րչափ փառաւորեց ինքզինք եւ ապրեցաւ պերճանքով, ա՛յդչափ ալ տանջա՛նք ու սո՛ւգ տուէք անոր, որովհետեւ իր սիրտին մէջ կ՚ըսէ. “Ես կը գահակալեմ իբր թագուհի. բնա՛ւ այրի չեմ եւ բնա՛ւ սուգ պիտի չտեսնեմ”:
8 because of this, in one day, will come her plagues: death, and sorrow, and famine; and she will be utterly burned in fire, because strong [is] the LORD God who is judging her;
Ուստի մէ՛կ օրուան մէջ պիտի գան անոր պատուհասները՝ մահ, սուգ ու սով, եւ կրակով պիտի այրուի. որովհետեւ հզօ՛ր է զայն դատող Տէր Աստուածը:
9 and the kings of the earth will weep over her and strike themselves for her, who committed whoredom and indulged with her, when they may see the smoke of her burning,
Երկրի թագաւորները, որ պոռնկեցան անոր հետ եւ ապրեցան պերճանքով, պիտի լան ու հեծեծեն անոր վրայ, երբ տեսնեն անոր հրդեհին ծուխը:
10 having stood from afar because of the fear of her torment, saying, Woe, woe, the great city! Babylon, the strong city! Because in one hour your judgment came.
Անոր տանջանքին վախէն՝ հեռու պիտի կայնին եւ ըսեն. “Վա՜յ, վա՜յ քեզի, մե՛ծ Բաբելոն քաղաք, հզօ՛ր քաղաք, քանի որ մէ՛կ ժամուան մէջ եկաւ քու դատաստանդ”:
11 And the merchants of the earth will weep and mourn over her, because no one buys their cargo anymore;
Երկրի առեւտրականներն ալ պիտի լան ու սգան անոր վրայ, որովհետեւ ա՛լ ո՛չ մէկը պիտի գնէ իրենց ապրանքը.-
12 cargo of gold, and silver, and precious stone, and pearls, and fine linen, and purple, and silk, and scarlet, and all fragrant wood, and every vessel of ivory, and every vessel of most precious wood, and brass, and iron, and marble,
ոսկիի, արծաթի, պատուական քարերու եւ մարգարիտներու, բեհեզի, ծիրանիի, մետաքսի ու որդան կարմիրի ապրանք. ամէն տեսակ բուրումնաւէտ փայտ, ամէն տեսակ առարկայ՝ փղոսկրէ, եւ ամէն տեսակ առարկաներ՝ պատուական փայտէ, պղինձէ, երկաթէ ու մարմարէ.
13 and cinnamon, and amomum, and incense, and ointment, and frankincense, and wine, and oil, and fine flour, and wheat, and cattle, and sheep, and of horses, and of chariots, and of bodies and souls of men.
կինամոն, (ամոմոն, ) խունկեր, օծանելիքներ եւ կնդրուկ. գինի, ձէթ, նաշիհ ու ցորեն. անասուններ, ոչխարներ, ձիեր, կառքեր, մարմիններ եւ մարդոց անձեր:
14 And the fruits of the desire of your soul went away from you, and all things—the sumptuous and the radiant—went away from you, and no more at all may you find them.
Քու անձիդ ցանկացած պտուղները գացին քեզմէ, բոլոր շքեղ ու փայլուն բաները գացին քեզմէ, եւ այլեւս բնա՛ւ պիտի չգտնես զանոնք»:
15 The merchants of these things, who were made rich by her, will stand far off because of the fear of her torment, weeping, and mourning,
Այս բաներուն առեւտրականները՝ որ հարստացած էին անոր միջոցով, հեռու պիտի կայնին անոր տանջանքին վախէն՝ լալով ու սգալով,
16 and saying, Woe, woe, the great city, that was clothed with fine linen, and purple, and scarlet, and gilded in gold, and precious stone, and pearls—
եւ պիտի ըսեն. «Վա՜յ, վա՜յ, մե՛ծ քաղաք, դո՛ւն որ հագած էիր բեհեզ, ծիրանի ու որդան կարմիր, եւ պճնուած էիր ոսկիով, պատուական քարերով ու մարգարիտներով.
17 because in one hour so much riches were made desolate! And every shipmaster, and all the company on the ships, and sailors, and as many as work the sea, stood far off,
որովհետեւ ա՛յսչափ շատ հարստութիւնը աւերեցաւ մէ՛կ ժամուան մէջ»: Ամէն նաւավար, բոլոր նաւագնացները, նաւաստիները, եւ անոնք՝ որ կ՚օգտագործեն ծովը, հեռու կայնեցան
18 and were crying, seeing the smoke of her burning, saying, What [city is] like to the great city?
ու աղաղակեցին՝ երբ տեսան անոր հրդեհին ծուխը. «Ո՞ր քաղաքը նման էր այս մեծ քաղաքին»:
19 And they cast dust on their heads, and were crying out, weeping and mourning, saying, Woe, woe, the great city! In which were made rich all having ships in the sea, out of her costliness—for in one hour was she made desolate.
Հող ցանեցին իրենց գլուխին վրայ, ու լալով եւ սգալով աղաղակեցին. «Վա՜յ, վա՜յ այդ մեծ քաղաքին, որուն մէջ՝ իր փարթամութենէն հարստացան բոլոր անոնք՝ որ նաւեր ունէին ծովուն վրայ. որովհետեւ մէ՛կ ժամուան մէջ ամայացաւ:
20 Be glad over her, O Heaven, and you holy apostles and prophets, because God judged your judgment of her!”
Ուրախացէ՛ք անոր համար, երկի՛նք, եւ դո՛ւք՝ սո՛ւրբ առաքեալներ ու մարգարէներ, քանի որ Աստուած ձեր վրէժը առաւ՝՝ անկէ»:
21 And one strong messenger took up a stone as a great millstone, and cast [it] into the sea, saying, “Thus with violence will Babylon be cast, the great city, and may not be found anymore at all;
Հզօր հրեշտակ մը վերցուց քար մը՝ մեծ ջաղացքի քարի պէս, ու նետեց ծովը՝ ըսելով. «Ա՛յսպէս սաստկութեամբ պիտի խորտակուի Բաբելոն մեծ քաղաքը եւ ա՛լ բնա՛ւ պիտի չգտնուի:
22 and voice of harpists, and musicians, and pipers, and trumpeters, may not be heard at all in you anymore; and any craftsman of any craft may not be found at all in you anymore; and noise of a millstone may not be heard at all in you anymore;
Քնարահարներուն, երաժիշտներուն, սրնգահարներուն ու փողահարներուն ձայնը ա՛լ բնա՛ւ պիտի չլսուի քու մէջդ. ա՛լ արհեստաւոր մը պիտի չգտնուի քու մէջդ, ի՛նչ արհեստէ ալ ըլլայ. ջաղացքի քարին ձայնը ա՛լ բնա՛ւ պիտի չլսուի քու մէջդ.
23 and light of a lamp may not shine at all in you anymore; and voice of bridegroom and of bride may not be heard at all in you anymore; because your merchants were the great ones of the earth, because all the nations were led astray in your sorcery,
ճրագին լոյսը ա՛լ բնա՛ւ պիտի չփայլի քու մէջդ. փեսային ձայնը եւ հարսին ձայնը ա՛լ բնա՛ւ պիտի չլսուին քու մէջդ. քանի որ երկրի մեծամեծներն էին քու առեւտրականներդ, ու բոլոր ազգերը մոլորեցան քու կախարդութեամբդ»:
24 and in her blood of prophets and of holy ones was found, and of all those who have been slain on the earth.”
Եւ մարգարէներուն, սուրբերուն ու երկրի վրայ բոլոր մորթուածներուն արիւնը գտնուեցաւ անոր մէջ:

< Revelation 18 >