< Philippians 2 >

1 If, then, any exhortation [is] in Christ, if any comfort of love, if any fellowship of [the] Spirit, if any yearnings and mercies,
Ուրեմն՝ եթէ մխիթարութիւն կայ Քրիստոսով, եթէ կան սիրոյ սփոփանք, Հոգիի հաղորդութիւն, գութ ու կարեկցութիւն,
2 fulfill my joy, that you may mind the same thing—having the same love—of one soul—minding the one thing,
լիացուցէ՛ք իմ ուրախութիւնս՝ ըլլալով համախոհ եւ ունենալով միեւնոյն սէրը, մէ՛կ անձ ու մէ՛կ մտածում:
3 nothing in rivalry or vainglory, but in humility of mind counting one another more excellent than yourselves—
Ո՛չ մէկ բան ըրէք հակառակութեամբ կամ սնափառութեամբ. հապա՝ խոնարհութեամբ ուրիշը ձեզմէ գերազա՛նց համարեցէք՝՝:
4 do not each look to your own, but each also to the things of others.
Իւրաքանչիւրը թող նկատի չառնէ միայն իր շահը, այլ նաեւ ուրիշներո՛ւնը:
5 For let this mind be in you that [is] also in Christ Jesus,
Ունեցէ՛ք այն մտածումը՝ որ Քրիստոս Յիսուսի մէջ էր.
6 who, being in the form of God, thought [it] not something to be seized to be equal to God,
Աստուծոյ կերպարանքը ունենալով՝ ան յափշտակութիւն մը չհամարեց Աստուծոյ հաւասար ըլլալը,
7 but emptied Himself, having taken the form of a servant, having been made in the likeness of men,
հապա ունայնացուց ինքզինք, իր վրայ առաւ ծառայի մը կերպարանքը եւ նմանեցաւ մարդոց. գտնուելով մարդկային կերպարով՝
8 and having been found in appearance as a man, He humbled Himself, having become obedient to death—even death of a cross,
խոնարհեցուց ինքզինք ու հնազանդ եղաւ մինչեւ մահ, նոյնիսկ՝ խաչին մահը:
9 for this reason, also, God highly exalted Him, and gave to Him a Name that [is] above every name,
Ուստի Աստուած ալ մեծապէս բարձրացուց զայն եւ շնորհեց անոր անուն մը՝ որ ամէն անունէ գերազանց է,
10 that in the Name of Jesus every knee may bow—of heavenlies, and earthlies, and what are under the earth—
որպէսզի Յիսուսի անունին ծնրադրեն բոլորը՝ երկնաւորները, երկրաւորներն ու սանդարամետականները,
11 and every tongue may confess that Jesus Christ [is] LORD, to the glory of God the Father.
եւ ամէն լեզու դաւանի թէ Յիսուս Քրիստոս Տէր է՝ Հայր Աստուծոյ փառքին համար:
12 So that, my beloved, as you always obey, not as in my presence only, but now much more in my absence, work out your own salvation with fear and trembling,
Հետեւաբար, սիրելինե՛րս, ինչպէս ամէն ատեն հնազանդեցաք, ո՛չ միայն իմ ներկայութեանս մէջ, հապա ա՛լ աւելի հիմա՝ իմ բացակայութեանս ատեն, գործադրեցէ՛ք ձեր փրկութիւնը՝ ահով ու դողով.
13 for it is God who is working in you both to will and to work for His good pleasure.
որովհետեւ Աստուած է որ ձեր մէջ կը ներգործէ թէ՛ կամենալը եւ թէ ընելը՝ իր բարեհաճութեան համաձայն:
14 Do all things without murmurings and deliberations,
Ըրէ՛ք ամէն ինչ՝ առանց տրտունջներու եւ առարկութիւններու,
15 that you may become blameless and pure children of God, unblemished in the midst of a crooked and perverse generation, among whom you appear as luminaries in the world,
որպէսզի ըլլաք անմեղադրելի ու աննենգ, Աստուծոյ անարատ զաւակներ՝ կամակոր եւ խոտորեալ սերունդի մը մէջ: Դուք կը փայլիք անոնց մէջ՝ որպէս լուսաւորներ աշխարհի մէջ,
16 holding forth the word of life, for rejoicing to me in regard to [the] Day of Christ, that I did not run in vain, nor did I labor in vain;
ամուր բռնելով կեանքին խօսքը, որպէսզի կարենամ պարծենալ Քրիստոսի օրը՝ թէ ընդունայն չեմ վազած, ո՛չ ալ ընդունայն աշխատած:
17 but if I also am poured forth on the sacrifice and service of your faith, I rejoice and am glad with you all,
Նոյնիսկ եթէ ընծայուիմ ձեր զոհին ու հաւատքի պաշտօնին համար, կ՚ուրախանամ եւ ուրախակից կ՚ըլլամ ձեր բոլորին:
18 because of this you also rejoice and are glad with me.
Նոյնպէս ալ դուք ուրախացէ՛ք եւ ուրախակի՛ց եղէք ինծի:
19 And I hope, in the Lord Jesus, to send Timotheus to you quickly, that I also may be of good spirit, having known the things concerning you,
Տէր Յիսուսով կը յուսամ շուտով ձեզի ղրկել Տիմոթէոսը, որպէսզի իմ սիրտս ալ հանգչի՝ երբ գիտնամ ձեր վիճակը:
20 for I have no one like-minded, who will sincerely care for the things concerning you,
Որովհետեւ անոր նման ո՛չ մէկ սրտակից ունիմ, որ անկեղծաբար հոգայ ձեզ.
21 for the whole seek their own things, not the things of Christ Jesus,
քանի որ բոլորը կը փնտռեն իրե՛նց շահը, ո՛չ թէ Յիսուս Քրիստոսինը:
22 and you know his proof, that as a child [serves] a father, he served with me in regard to the good news;
Բայց դուք փորձով գիտէք թէ ան ծառայեց աւետարանին ինծի հետ՝ ինչպէս զաւակ մը հօրը հետ:
23 I indeed hope to send him, when I may see through the things concerning me—immediately;
Ուստի կը յուսամ ձեզի ղրկել զինք անյապաղ, երբ տեսնեմ թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ վիճակս:
24 and I trust in the LORD that I will also come quickly myself.
Սակայն վստահութիւն ունիմ Տէրոջմով՝ թէ ե՛ս ալ շուտով պիտի գամ:
25 And I thought [it] necessary to send to you Epaphroditus—my brother and fellow-workman and fellow-soldier, and your apostle and servant to my need,
Բայց հարկաւոր համարեցի հիմա ձեզի ղրկել Եպափրոդիտոսը, իմ եղբայրս, գործակիցս ու զինակիցս, որ դուք ղրկած էիք իբր կարիքներուս պաշտօնեան:
26 seeing he was longing after you all, and in heaviness, because you heard that he ailed,
Որովհետեւ ինք ալ կարօտցած է բոլորդ, եւ կը վշտանար որ լսեր էիք թէ հիւանդացեր էր:
27 for he also ailed near to death, but God dealt kindly with him, and not with him only, but also with me, that I might not have sorrow on sorrow.
Արդարեւ ինք հիւանդացաւ ու շատ մօտեցաւ մահուան, բայց Աստուած ողորմեցաւ անոր. ո՛չ միայն անոր՝ հապա ինծի ալ, որպէսզի չունենամ տրտմութիւն տրտմութեան վրայ:
28 The more eagerly, therefore, I sent him, that having seen him again you may rejoice, and I may be less sorrowful;
Ուստի աւելի փութաջանութեամբ ղրկեցի, որպէսզի՝ տեսնելով զայն՝ դարձեալ ուրախանաք ու ես նուազ տրտմիմ:
29 receive him, therefore, in the LORD, with all joy, and hold such in honor,
Ուրեմն ընդունեցէ՛ք զայն Տէրոջմով՝ բոլորովին ուրախութեամբ, եւ պատուեցէ՛ք այդպիսիները.
30 because on account of the work of the Christ he drew near to death, having hazarded life that he might fill up your deficiency of service to me.
քանի որ մահուան մօտեցաւ Քրիստոսի գործին համար՝ վտանգելով իր անձը, որպէսզի լրացնէ ինչ որ կը պակսէր ձեր կատարելիք պաշտօնին՝ ինծի հանդէպ:

< Philippians 2 >