< Matthew 6 >
1 “Take heed not to do your kindness before men, to be seen by them, and if not—you have no reward from your Father who [is] in the heavens;
«Զգուշացէ՛ք որ ձեր ողորմութիւնը չընէք մարդոց առջեւ՝ տեսնուելու համար անոնցմէ. այլապէս՝ վարձատրութիւն չէք ունենար ձեր Հօրմէն, որ երկինքն է:
2 whenever, therefore, you may do kindness, you may not sound a trumpet before you as the hypocrites do, in the synagogues, and in the streets, that they may have glory from men; truly I say to you, they have their reward!
Ուրեմն երբ ողորմութիւն ընես, փող մի՛ հնչեցներ առջեւդ, ինչպէս կեղծաւորները կ՚ընեն ժողովարաններուն ու փողոցներուն մէջ, որպէսզի փառաւորուին մարդոցմէ: Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Անոնք ունեցած կ՚ըլլան իրենց վարձատրութիւնը”:
3 But you, doing kindness, do not let your left hand know what your right hand does,
Իսկ դո՛ւն՝ երբ ողորմութիւն ընես՝ ձախ ձեռքդ թող չգիտնայ աջ ձեռքիդ ի՛նչ տալը,
4 that your kindness may be in secret, and your Father who is seeing in secret will reward you Himself.
որպէսզի քու ողորմութիւնդ գաղտնի ըլլայ. եւ քու Հայրդ՝ որ կը տեսնէ գաղտնիքը, բացայայտօրէն պիտի հատուցանէ քեզի»:
5 And when you may pray, you will not be as the hypocrites, because they cherish to pray standing in the synagogues and in the corners of the broad places, that they may be seen of men; truly I say to you that they have their reward.
«Երբ աղօթես՝ նման մի՛ ըլլար կեղծաւորներուն, որոնք կը սիրեն աղօթել՝ կայնելով ժողովարաններուն մէջ ու հրապարակներուն անկիւնները, որպէսզի երեւնան մարդոց: Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Անոնք ունեցած կ՚ըլլան իրենց վարձատրութիւնը”:
6 But you, when you may pray, go into your chamber, and having shut your door, pray to your Father who [is] in secret, and your Father who is seeing in secret will reward you.
Իսկ դո՛ւն՝ երբ աղօթես՝ մտի՛ր ներքին սենեակդ, գոցէ՛ դուռդ, եւ աղօթէ՛ Հօրդ՝ որ գաղտնի տեղ կը գտնուի. ու Հայրդ՝ որ կը տեսնէ գաղտնիքը, բացայայտօրէն պիտի հատուցանէ քեզի:
7 And—praying—you may not use vain repetitions like the nations, for they think that in their speaking much they will be heard,
Երբ աղօթէք, շատախօս մի՛ ըլլաք հեթանոսներուն պէս, որովհետեւ կը կարծեն թէ պիտի ընդունուին՝ իրենց շատ խօսելուն համար:
8 therefore do not be like them, for your Father knows those things that you have need of before your asking Him;
Ուրեմն մի՛ նմանիք անոնց, որովհետեւ ձեր Հայրը գիտէ ձեր պէտքերը՝ դեռ դուք չխնդրած իրմէ:
9 therefore pray thus: Our Father who [is] in the heavens, hallowed be Your Name.
Ուստի դուք սա՛պէս աղօթեցէք. “Հա՛յր մեր՝ որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ.
10 Your kingdom come, Your will come to pass, as in Heaven also on the earth.
քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ, ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ:
11 Give us today our appointed bread.
Մեր ամէնօրեայ հացը՝ մեզի տո՛ւր այսօր.
12 And forgive us our debts, as we also forgive our debtors.
մեզի ներէ՛ մեր պարտքերը, ինչպէս մենք ալ կը ներենք մեր պարտապաններուն.
13 And may You not lead us into temptation, but deliver us from the evil [one], because Yours is the kingdom, and the power, and the glory—for all ages. Amen.
ու մեզ մի՛ տանիր փորձութեան, հապա մեզ ազատէ՛ Չարէն. որովհետեւ քո՛ւկդ են թագաւորութիւնը, զօրութիւնը եւ փառքը յաւիտեան. ամէն”:
14 For if you may forgive men their trespasses He also will forgive you—your Father who [is] in the heavens;
Արդարեւ եթէ դուք ներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր երկնաւոր Հայրն ալ պիտի ներէ ձեզի.
15 but if you may not forgive men their trespasses, neither will your Father forgive your trespasses.
իսկ եթէ դուք չներէք մարդոց իրենց յանցանքները, ձեր Հայրն ալ ձեզի պիտի չներէ ձեր յանցանքները»:
16 And when you may fast, do not be as the hypocrites, of sour countenances, for they disfigure their faces, that they may appear to men fasting; truly I say to you that they have their reward.
«Երբ ծոմ պահէք, տրտումերես մի՛ ըլլաք՝ կեղծաւորներուն պէս. որովհետեւ իրենց երեսները կը խաթարեն, որպէսզի երեւնան մարդոց՝ թէ ծոմ կը պահեն: Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Անոնք ունեցած կ՚ըլլան իրենց վարձատրութիւնը”:
17 But you, fasting, anoint your head, and wash your face,
Բայց դո՛ւն՝ երբ ծոմ պահես՝ օծէ՛ գլուխդ ու լուա՛ երեսդ,
18 that you may not appear to men fasting, but to your Father who [is] in secret, and your Father, who is seeing in secret, will reward you.
որպէսզի չերեւնաս մարդոց՝ ծոմ պահողի պէս, հապա քու Հօրդ՝ որ գաղտնի տեղ կը գտնուի: Եւ քու Հայրդ՝ որ կը տեսնէ գաղտնիքը, պիտի հատուցանէ քեզի»:
19 Do not treasure up to yourselves treasures on the earth, where moth and rust disfigure, and where thieves break through and steal,
«Երկրի վրայ գանձեր մի՛ դիզէք ձեզի, ուր ցեցը եւ ժանգը կ՚ապականեն, ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան:
20 but treasure up to yourselves treasures in Heaven, where neither moth nor rust disfigure, and where thieves do not break through nor steal,
Հապա երկի՛նքը գանձեր դիզեցէք ձեզի, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ՚ապականեն, ու ո՛չ գողերը պատ կը ծակեն եւ կը գողնան:
21 for where your treasure is, there will your heart be also.
Որովհետեւ ձեր գանձը ո՛ւր որ է, ձեր սիրտն ալ հո՛ն պիտի ըլլայ»:
22 The lamp of the body is the eye, if, therefore, your eye may be perfect, all your body will be enlightened,
«Մարմինին ճրագը աչքն է. ուրեմն եթէ աչքդ պարզ է, ամբողջ մարմինդ լուսաւոր կ՚ըլլայ:
23 but if your eye may be evil, all your body will be dark; if, therefore, the light that [is] in you is darkness—the darkness, how great!
Բայց եթէ աչքդ չար է, ամբողջ մարմինդ խաւարամած կ՚ըլլայ. ուրեմն եթէ քու մէջդ եղած լոյսը խաւար է, ա՛լ ո՜րքան է այդ խաւարը»:
24 None is able to serve two lords, for either he will hate the one and love the other, or he will hold to the one, and despise the other; you are not able to serve God and wealth.
«Ո՛չ մէկը կրնայ ծառայել երկու տիրոջ. որովհետեւ կա՛մ պիտի ատէ մէկը եւ սիրէ միւսը, կա՛մ պիտի յարի մէկուն՝՝ ու արհամարհէ միւսը: Չէք կրնար ծառայել Աստուծոյ եւ մամոնային:
25 Because of this I say to you, do not be anxious for your life, what you may eat, and what you may drink, nor for your body, what you may put on. Is not life more than nourishment, and the body than clothing?
Ուստի կը յայտարարեմ ձեզի. “Մի՛ մտահոգուիք ձեր անձին մասին՝ թէ ի՛նչ պիտի ուտէք կամ ի՛նչ պիտի խմէք, ո՛չ ալ ձեր մարմիններուն մասին՝ թէ ի՛նչ պիտի հագնիք. միթէ անձը աւելի չէ՞ կերակուրէն, ու մարմինը՝ հագուստէն:
26 Look to the birds of the sky, for they do not sow, nor reap, nor gather into storehouses, and your heavenly Father nourishes them; are you not much better than they?
Նայեցէ՛ք երկինքի թռչուններուն, որոնք ո՛չ կը սերմանեն եւ ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ ալ կը ժողվեն ամբարի մէջ. բայց ձեր երկնաւոր Հայրը կը կերակրէ զանոնք: Դուք աւելի չէ՞ք արժեր անոնցմէ:
27 And who of you, being anxious, is able to add to his age one cubit?
Հիմա ձեզմէ ո՞վ կրնայ մտահոգուելով՝ կանգո՛ւն մը աւելցնել իր հասակին վրայ:
28 And why are you anxious about clothing? Consider well the lilies of the field; how do they grow? They do not labor, nor do they spin;
Եւ ինչո՞ւ կը մտահոգուիք հագուստի մասին. նկատեցէ՛ք դաշտի շուշանները, թէ ի՛նչպէս կ՚աճին. ո՛չ կ՚աշխատին ու ո՛չ կը մանեն:
29 and I say to you that not even Solomon in all his glory was clothed as one of these.
Բայց կը յայտարարեմ ձեզի թէ Սողոմոն ալ՝ իր ամբողջ փառաւորութեան մէջ՝ չհագուեցաւ անոնցմէ մէկուն պէս:
30 And if the herb of the field, that today is, and tomorrow is cast into the furnace, God so clothes—not much more you, O you of little faith?
Ուստի եթէ դաշտի խոտը, որ այսօր կայ եւ վաղը փուռը կը նետուի, Աստուած ա՛յնպէս կը հագուեցնէ, հապա ո՜րչափ աւելի ձե՛զ, թերահաւատնե՛ր:
31 Therefore you may not be anxious, saying, What may we eat? Or, What may we drink? Or, [With] what may we be clothed?
Ուրեմն մի՛ մտահոգուիք՝ ըսելով. "Ի՞նչ պիտի ուտենք", կամ՝ "ի՞նչ պիտի խմենք", կամ՝ "ի՞նչ պիտի հագնինք"
32 For the nations seek for all these, for your heavenly Father knows that you have need of all these;
(քանի որ հեթանոսնե՛րը կը փնտռեն այդ բոլոր բաները). որովհետեւ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ թէ այդ բոլոր բաները պէտք են ձեզի:
33 but seek first the Kingdom of God and His righteousness, and all these will be added to you.
Բայց նախ խնդրեցէ՛ք Աստուծոյ թագաւորութիւնն ու անոր արդարութիւնը, եւ այդ բոլոր բաներն ալ պիտի տրուին ձեզի:
34 Therefore do not be anxious for tomorrow, for tomorrow will be anxious for its own things; sufficient for the day [is] the evil of it.”
Ուստի մի՛ մտահոգուիք վաղուան համար, որովհետեւ վաղուան օրը պիտի հոգայ իրեն համար. բաւական է օրուան իր անձկութիւնը”»: