< James 4 >
1 From where [are] wars and fightings among you? [Is it] not from here, out of your passions warring in your members?
Ուրկէ՞ կը ծագին պատերազմներն ու կռիւները ձեր մէջ: Միթէ չե՞ն ծագիր ձեր կիրքերէն, որոնք կը մարտնչին ձեր անդամներուն մէջ:
2 You desire, and do not have, [so] you murder; and you are zealous, and are not able to attain, [so] you fight and war; and you do not have, because of your not asking;
Կը ցանկաք, բայց չունիք. կը սպաննէք ու կը նախանձիք, սակայն չէք կրնար հասնիլ ձեր ուզածին: Կը կռուիք եւ կը պատերազմիք, բայց չունիք՝ որովհետեւ չէք խնդրեր:
3 you ask, and you do not receive, because you ask badly, that you may spend [it] in your pleasures.
Կը խնդրէք՝ սակայն չէք ստանար, որովհետեւ կը խնդրէք չարամտօրէն՝ որպէսզի վատնէք ձեր կիրքերուն համար:
4 Adulterers and adulteresses! Have you not known that friendship of the world is enmity with God? Whoever, then, may intend to be a friend of the world, he is designated [as] an enemy of God.
Շնացողնե՛ր, չէ՞ք գիտեր թէ այս աշխարհի բարեկամութիւնը՝ Աստուծոյ դէմ թշնամութիւն է. ուրեմն ո՛վ որ կը փափաքի բարեկամ ըլլալ աշխարհի, ինքզինք թշնամի կ՚ընէ Աստուծոյ:
5 Or, do you think that the Writing says emptily, “The Spirit that has dwelt in us yearns with envy,”
Կամ կը կարծէք թէ Գիրքը ընդունա՞յն կ՚ըսէ. «Նախանձի կը տենչայ մեր մէջ բնակող հոգին»՝՝:
6 but [God] gives greater grace, for this reason it says, “God sets Himself up against proud ones, and He gives grace to lowly ones.”
Սակայն աւելի մեծ շնորհք մը կու տայ, ուստի կ՚ըսէ. «Աստուած կ՚ընդդիմանայ ամբարտաւաններուն, բայց շնորհք կու տայ խոնարհներուն»:
7 Be subject, then, to God; stand up against the Devil, and he will flee from you;
Ուրեմն հպատակեցէ՛ք Աստուծոյ: Դիմադրեցէ՛ք Չարախօսին, եւ ան պիտի փախչի ձեզմէ:
8 draw near to God, and He will draw near to you; cleanse hands, you sinners! And purify hearts, you split-souled!
Մօտեցէ՛ք Աստուծոյ, եւ ան պիտի մօտենայ ձեզի: Մաքրեցէ՛ք ձեր ձեռքերը, մեղաւորնե՛ր, ու սրբացուցէ՛ք ձեր սիրտերը, երկմիտնե՛ր:
9 Be exceedingly afflicted, and mourn, and weep, let your laughter be turned to mourning, and the joy to heaviness;
Զգացէ՛ք ձեր թշուառութիւնը, սգացէ՛ք եւ լացէ՛ք. ձեր խնդուքը թող փոխուի սուգի, ու ձեր ուրախութիւնը՝ տրտմութեան:
10 be made low before the LORD, and He will exalt you.
Խոնարհեցէ՛ք Տէրոջ առջեւ, եւ ան պիտի բարձրացնէ ձեզ:
11 Do not speak against one another, brothers; he who is speaking against a brother, and is judging his brother, speaks against law, and judges law, and if you judge law, you are not a doer of law but a judge.
Մի՛ բամբասէք զիրար, եղբայրնե՛ր: Ա՛ն որ կը բամբասէ իր եղբայրը կամ կը դատէ իր եղբայրը, կը բամբասէ Օրէ՛նքը եւ կը դատէ Օրէ՛նքը: Իսկ եթէ դատես Օրէնքը, ա՛լ Օրէնքը գործադրող չես, հապա՝ դատաւոր:
12 One is the lawgiver, who is able to save and to destroy; you—who are you that judges the other?
Միայն մէ՛կ Օրէնսդիր (ու Դատաւոր) կայ, որ կարող է փրկել եւ կորսնցնել: Դուն ո՞վ ես՝ որ կը դատես ուրիշը:
13 Go, now, you who are saying, “Today and tomorrow we will go on to such a city, and will pass there one year, and traffic, and make gain,”
Հիմա գա՛նք ձեզի՝ որ կ՚ըսէք. «Այսօր կամ վաղը պիտի երթանք այսինչ քաղաքը, հոն տարի մը պիտի կենանք, առեւտուր պիտի ընենք ու պիտի շահինք»:
14 who does not know the thing of tomorrow; for what is your life? For it is a vapor that is appearing for a little [while], and then is vanishing;
(Դո՛ւք՝ որ չէք գիտեր թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ վաղը:
15 instead, you [ought] to say, “If the LORD may will, we will live, and do this or that”;
Քանի որ ի՞նչ է ձեր կեանքը. արդարեւ շոգի մըն է, որ քիչ մը ատեն կ՚երեւնայ, յետոյ կ՚աներեւութանայ: ) Փոխարէնը ըսելու էիք. «Եթէ Տէրը կամենայ, պիտի ապրինք եւ պիտի ընենք այս կամ այն բանը»:
16 but now you glory in your pride; all such glorying is evil;
Բայց հիմա կը պարծենաք ձեր պոռոտախօսութեամբ. այդպիսի ամէն պարծանք չար է:
17 to him, then, knowing to do good, and not doing [it], it is sin to him.
Ուրեմն ո՛վ որ գիտէ բարին ընել՝ բայց չ՚ըներ, ատիկա մեղք է իրեն համար: