< Acts 26 >

1 And Agrippa said to Paul, “It is permitted to you to speak for yourself”; then Paul having stretched forth the hand, was making a defense:
Այն ատեն Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսի. «Արտօնուած է քեզի՝ խօսիլ դուն քեզի համար»: Պօղոս ալ՝ երկարելով ձեռքը՝ ջատագովեց ինքզինք.
2 “Concerning all things of which I am accused by Jews, King Agrippa, I have thought myself blessed, being about to make a defense before you today,
«Ագրիպպա՛ս թագաւոր, ես երանելի կը համարեմ զիս, որ այսօր քու առջեւդ պիտի ջատագովեմ զիս՝ Հրեաներուն ինծի դէմ ըրած բոլոր ամբաստանութիւններուն համար.
3 especially knowing you to be acquainted with all things—both customs and questions—among Jews; for this reason, I implore you to hear me patiently.
մա՛նաւանդ որ դուն լաւ գիտես Հրեաներուն բոլոր սովորութիւններն ու հարցերը: Ուստի կ՚աղերսե՛մ որ համբերատարութեամբ մտիկ ընես ինծի:
4 The manner of my life then, indeed, from youth—which from the beginning was among my nation, in Jerusalem—all the Jews know,
Բոլոր Հրեաները տեղեակ են իմ կենցաղիս՝ պատանութենէս ի վեր, սկիզբէն Երուսաղէմ՝ իմ ազգիս մէջ ըլլալուս համար.
5 knowing me before from the first (if they may be willing to testify), that after the most exact sect of our worship, I lived a Pharisee;
անոնք սկիզբէն ի վեր կը ճանչնան զիս, (եթէ ուզեն վկայել, ) գիտնալով թէ ապրած եմ մեր կրօնին ամենէն խիստ աղանդին համաձայն՝ իբր Փարիսեցի:
6 and now for the hope of the promise made to the fathers by God, I have stood judged,
Եւ հիմա դատարան ներկայացած եմ ու կը դատուիմ՝ Աստուծմէ մեր հայրերուն եղած խոստումի յոյսին համար,
7 to which our twelve tribes, intently serving night and day, hope to come, concerning which hope I am accused, King Agrippa, by the Jews;
որուն կը յուսան հասնիլ մեր տասներկու տոհմերը՝ ջերմեռանդութեամբ պաշտելով Աստուած գիշեր ու ցերեկ: Ես կ՚ամբաստանուիմ Հրեաներէն այս յոյսին համար, Ագրիպպա՛ս թագաւոր:
8 why is it judged incredible with you if God raises the dead?
Ինչո՞ւ անհաւատալի կը թուի ձեզի՝ թէ Աստուած կը յարուցանէ մեռելները:
9 I indeed, therefore, thought with myself that it was necessary [for me] to do many things against the Name of Jesus of Nazareth,
Ես ինքս ալ կը կարծէի թէ շատ բաներ պէտք էր ընել Յիսուս Նազովրեցիի անունին դէմ.
10 which I also did in Jerusalem, and I shut up many of the holy ones in prison, having received the authority from the chief priests; they also being put to death, I gave my vote against them,
եւ ըրի ալ Երուսաղէմի մէջ, ու քահանայապետներէն իրաւասութիւն ստացած՝ բանտարկեցի սուրբերէն շատերը, եւ հաւանութիւն տուի անոնց մեռցուած ատենը:
11 and in every synagogue, often punishing them, I was constraining [them] to speak evil, being also exceedingly mad against them, I was also persecuting [them] even to strange cities.
Բոլոր ժողովարաններուն մէջ յաճախ պատժելով զանոնք՝ կը հարկադրէի որ հայհոյեն, եւ սաստիկ խելագարած անոնց դէմ՝ կը հալածէի զանոնք մինչեւ անգամ օտար քաղաքներու մէջ»:
12 In which things, also, going on to Damascus—with authority and commission from the chief priests—
«Այսպէս, երբ Դամասկոս ալ կ՚երթայի՝ քահանայապետներուն իրաւասութեամբ ու հրահանգով,
13 at midday, I saw in the way, O king, out of Heaven, above the brightness of the sun, shining around me a light—and those going on with me;
կէսօրին, ո՛վ թագաւոր, ճամբան տեսայ արեւէն աւելի պայծառ լոյս մը՝ որ երկինքէն փայլեցաւ իմ շուրջս, նաեւ ինծի հետ գացողներուն շուրջը:
14 and we all having fallen to the earth, I heard a voice speaking to me, and saying in the Hebrew dialect, Saul, Saul, why do you persecute Me? [It is] hard for you to kick against goads!
Երբ մենք բոլորս գետին ինկանք, լսեցի ձայն մը՝ որ կ՚ըսէր ինծի եբրայական բարբառով. “Սաւո՛ւղ, Սաւո՛ւղ, ինչո՞ւ կը հալածես զիս. տաժանելի է քեզի՝ աքացել խթանի դէմ”:
15 And I said, Who are You, Lord? And He said, I am Jesus whom you persecute;
Ես ալ ըսի. “Դուն ո՞վ ես, Տէ՛ր”: Եւ ան ըսաւ. “Ես Յիսուսն եմ, որ դուն կը հալածես:
16 but rise, and stand on your feet, for this I appeared to you, to appoint you an officer and a witness both of the things you saw, and of the things [in which] I will appear to you,
Բայց կանգնէ՛ ու կեցի՛ր ոտքերուդ վրայ. որովհետեւ երեւցայ քեզի՝ որպէսզի կարգեմ քեզ սպասաւոր եւ վկայ թէ՛ այն բաներուն՝ որ տեսար, թէ՛ ալ այն բաներուն՝ որոնցմով պիտի երեւնամ քեզի:
17 delivering you from the people, and the nations, to whom I now send you,
Պիտի ազատեմ քեզ այդ ժողովուրդէն ու հեթանոսներէն, որոնց հիմա կը ղրկեմ քեզ՝
18 to open their eyes, to turn [them] from darkness to light, and [from] the authority of Satan to God, for their receiving forgiveness of sins, and a lot among those having been sanctified by faith that [is] toward Me.
անոնց աչքերը բանալու, խաւարէն՝ լոյսի, եւ Սատանայի իշխանութենէն՝ Աստուծոյ դարձնելու, որպէսզի անոնք ստանան մեղքերու ներում, նաեւ ժառանգութիւն անոնց հետ՝ որ սրբացած են հաւատալով ինծի”»:
19 After which, King Agrippa, I was not disobedient to the heavenly vision,
«Ուստի, Ագրիպպա՛ս թագաւոր, ես անհնազանդ չեղայ այդ երկնային տեսիլքին:
20 but to those in Damascus first, and to those in Jerusalem, also to all the region of Judea, and to the nations, I was preaching to convert, and to turn back to God, doing works worthy of conversion;
Հապա՝ նախ Դամասկոս եղողներուն, յետոյ Երուսաղէմ, ամբողջ Հրէաստանի երկիրը ու հեթանոսներուն քարոզեցի որ ապաշխարեն, դառնան Աստուծոյ, եւ ապաշխարութեան արժանավայել գործեր կատարեն:
21 because of these things the Jews—having caught me in the temple—were endeavoring to kill [me].
Այս պատճառով Հրեաները բռնեցին զիս տաճարին մէջ, ու կը ձգտէին սպաննել:
22 Having obtained, therefore, help from God, until this day, I have stood witnessing both to small and to great, saying nothing besides the things that both the prophets and Moses spoke of as about to come,
Սակայն Աստուծմէ հասած օգնութեամբ՝ մինչեւ այսօր ողջ մնացի, պզտիկին թէ մեծին վկայելով, ոչինչ ըսելով այն բաներէն դուրս՝ որ մարգարէները եւ Մովսէս խօսեցան թէ պիտի ըլլային.
23 that the Christ is to suffer, whether first by a resurrection from the dead, He is about to proclaim light to the people and to the nations.”
թէ Քրիստոս պիտի չարչարուէր, ի՛նք պիտի ըլլար առաջինը՝ որ մեռելներէն յարութիւն պիտի առնէր, ու լոյս պիտի քարոզէր ժողովուրդին եւ հեթանոսներուն»:
24 And he thus making a defense, Festus said with a loud voice, “You are mad, Paul; much learning turns you mad!”
Մինչ ան այսպէս կը ջատագովէր ինքզինք, Փեստոս բարձրաձայն ըսաւ. «Կը ցնորի՛ս, Պօղո՛ս. շատ կարդացած ըլլալդ քեզ կը խելագարեցնէ»:
25 And he says, “I am not mad, most noble Festus, but of truth and soberness I speak forth the sayings;
Պօղոս ալ ըսաւ. «Ես չեմ խելագարիր, պատուակա՛ն Փեստոս, հապա կ՚ըսեմ ճշմարտութեան ու խոհեմութեան խօսքեր.
26 for the king knows concerning these things, before whom I also speak boldly, for none of these things, I am persuaded, are hidden from him; for this thing has not been done in a corner;
քանի որ թագաւորը գիտէ այս բաները, եւ անոր առջեւ ալ համարձակութեամբ կը խօսիմ: Արդարեւ համոզուած եմ թէ ասոնցմէ ոչինչ թաքուն մնացած է իրմէ, որովհետեւ այս բանը անկիւնի մը մէջ եղած չէ:
27 do you believe, King Agrippa, the prophets? I have known that you believe!”
Մարգարէներուն կը հաւատա՞ս, Ագրիպպա՛ս թագաւոր: Գիտե՛մ թէ կը հաւատաս»:
28 And Agrippa said to Paul, “In [so] little you persuade me to become a Christian?”
Ագրիպպաս ըսաւ Պօղոսի. «Քիչ մնաց որ համոզես զիս քրիստոնեայ ըլլալու»:
29 And Paul said, “I would have wished to God, both in a little, and in much, not only you, but also all those hearing me today, to become such as I also am—except these bonds.”
Պօղոս ալ ըսաւ. «Աստուծմէ պիտի խնդրէի որ ո՛չ միայն դուն, այլ նաեւ բոլոր անոնք՝ որ այսօր կը լսեն զիս, բոլորովին ինծի պէս ըլլան, այս կապերէն զատ»:
30 And he having spoken these things, the king rose up, and the governor, Bernice also, and those sitting with them,
Թագաւորը, կառավարիչը, Բերինիկէ, եւ անոնք՝ որ բազմած էին իրենց հետ՝ կանգնեցան.
31 and having withdrawn, they were speaking to one another, saying, “This man does nothing worthy of death or of bonds”;
ու երբ առանձնացան՝ իրարու հետ խօսակցեցան եւ ըսին. «Այս մարդը մահուան կամ կապերու արժանի ոչինչ կ՚ընէ»:
32 and Agrippa said to Festus, “This man might have been released if he had not appealed to Caesar.”
Ագրիպպաս ալ ըսաւ Փեստոսի. «Կարելի էր արձակել այս մարդը, եթէ բողոքած չըլլար կայսրին»:

< Acts 26 >