< 2 Corinthians 6 >

1 WE then as labourers with him, exhort you also that ye receive not the grace of God in vain:
2 for he saith, “In an acceptable time have I heard thee, and in a day of salvation have I succoured thee.” Behold, now is the accepted time; behold, now is the day of salvation.
Որովհետեւ կ՚ըսէ. «Պատեհ ժամանակին պատասխանեցի քեզի, եւ փրկութեան օրը օգնեցի քեզի»: Ահա՛ հիմա է պատեհ ժամանակը, ահա՛ հիմա է փրկութեան օրը:
3 Giving no offence in any thing, that the ministry be not blamed:
Բնա՛ւ սայթաքում չենք պատճառեր՝ որեւէ բանի մէջ, որպէսզի մեր սպասարկութիւնը չարատաւորուի:
4 but in every thing approving ourselves as ministers of God, in much patience, in afflictions, in necessities, in straits,
Հապա ամէն բանի մէջ մենք մեզ կը հաստատենք որպէս Աստուծոյ սպասարկուներ, շատ համբերութեամբ, տառապանքներու մէջ, հարկադրանքներու, տագնապներու,
5 in stripes, in imprisonments, in tumults, in labours, in watchings, in fastings,
ծեծերու, բանտերու, խառնակութիւններու, աշխատանքներու, հսկումներու, ծոմերու մէջ,
6 in purity, in knowledge, in long-suffering, by kindness, by the Holy Ghost, by love unfeigned,
մաքրակեցութեամբ, գիտութեամբ, համբերատարութեամբ, քաղցրութեամբ, Սուրբ Հոգիով, անկեղծ սիրով,
7 by the word of truth, by the power of God, with weapons of righteousness in the right hand and in the left,
ճշմարտութեան խօսքով, Աստուծոյ զօրութեամբ, արդարութեան զրահով՝ որ աջ կողմէն ու ձախ կողմէն է.
8 through honour and dishonour, through evil report and good report: as deceivers, yet true men;
փառքով եւ անպատուութեամբ, վատ համբաւով թէ բարի համբաւով, մոլորեցուցիչներու պէս՝ բայց ճշմարտախօսներ,
9 as unknown, though well known; as dying, and lo! we live; as chastened, yet not given over to death;
անծանօթներու պէս՝ սակայն լաւ ճանչցուածներ. մահամերձի պէս՝ եւ ահա՛ կ՚ապրինք, պատժուածներու պէս՝ ու չենք մեռցուած.
10 as sorrowful, yet always rejoicing; as poor, yet making many rich; as having nothing, and yet possessing all things.
տրտմածներու պէս՝ բայց միշտ կ՚ուրախանանք, աղքատներու պէս՝ սակայն կը հարստացնենք շատերը, ոչինչ ունեցողներու պէս՝ մինչդեռ տիրացած ենք ամէն բանի:
11 Our mouth is opened unto you, O Corinthians! our heart is enlarged.
Կորնթացինե՛ր, մեր բերանը բացուած է ձեզի, եւ մեր սիրտը՝ լայնցած:
12 Ye are not straitened in us, but ye are straitened in your own bowels.
Դուք մեր մէջ նեղը ինկած՝՝ չէք, հապա ձեր սիրտին մէջ՝՝ նեղը ինկած էք:
13 Let us have a like return; I speak as unto children; be ye also enlarged.
Ուրեմն, փոխարէնը հատուցանելու համար (կը խօսիմ ձեզի՝ իբր զաւակներուս), դո՛ւք ալ ձեր սիրտը լայնցուցէք՝՝:
14 Be not unequally yoked with infidels; for what participation hath righteousness with unrighteousness? and what fellowship is there between light and darkness?
Անհաւատներուն հետ անյարիր լծակից՝՝ մի՛ ըլլաք. քանի որ ի՞նչ ընկերակցութիւն ունի արդարութիւնը անօրէնութեան հետ, ի՞նչ հաղորդութիւն ունի լոյսը խաւարին հետ,
15 and what concord of Christ with Belial? or what share hath he that believeth with an infidel?
եւ ի՞նչ միաբանութիւն ունի Քրիստոս Բելիարի հետ. կամ ի՞նչ բաժին ունի հաւատացեալը անհաւատին հետ,
16 or what agreement hath the temple of God with idols? for ye are the temple of the living God; as God hath said, “I will inhabit in them, and walk about in them; and I will be their God, and they shall be for me a people.”
եւ ի՞նչ համաձայնութիւն ունի Աստուծոյ տաճարը կուռքերուն հետ, որովհետեւ դուք ապրող Աստուծոյ տաճարն էք՝ ինչպէս Աստուած ըսաւ. «Անոնց մէջ պիտի բնակիմ եւ անոնց մէջ պիտի շրջիմ. անոնց Աստուած պիտի ըլլամ ու անոնք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլան:
17 “Wherefore go forth from the midst of them, and be ye separated, saith the Lord, and touch not the unclean; and I will receive you,
Ուստի ելէ՛ք անոնց մէջէն եւ զատուեցէ՛ք, - կ՚ըսէ Տէրը: - Անմաքուր բանի մի՛ դպչիք,
18 and I will be as a father unto you, and ye shall be to me for sons and daughters, saith the Lord Almighty.”
ու ես պիտի ընդունիմ ձեզ. ես Հայր պիտի ըլլամ ձեզի, ու դուք՝ իմ որդիներս եւ աղջիկներս պիտի ըլլաք, - կ՚ըսէ Ամենակալ Տէրը»:

< 2 Corinthians 6 >