< Acts 15 >

1 And certain ones having come down from Judea were teaching the brethren that, Unless you may be circumcised, according to the custom of Moses, you are not able to be saved.
Ոմանք՝ իջնելով Հրէաստանէն՝ կը սորվեցնէին եղբայրներուն ու կ՚ըսէին. «Եթէ Մովսէսի աւանդած սովորութեան համաձայն չթլփատուիք, չէք կրնար փրկուիլ»:
2 And there being no small contention and disputation to Paul and Barnabas against them, they delegated Paul and Barnabas, and certain others of them, to go up to the apostles and elders in Jerusalem concerning this question.
Ուստի, երբ Պօղոս ու Բառնաբաս սաստիկ ընդվզեցան եւ վիճաբանեցան անոնց հետ, վճռեցին որ Պօղոս ու Բառնաբաս, նաեւ անոնցմէ քանի մը ուրիշներ, բարձրանան Երուսաղէմ՝ առաքեալներուն ու երէցներուն քով՝ այս հարցին համար:
3 Then indeed they having been sent away by the church, traveled through both Phoenicia and Samaria, relating the conversion of the Gentiles: and they continued to make great joy to all the brethren.
Անոնք ալ՝ եկեղեցիէն ուղարկուած՝ անցան Փիւնիկէէն եւ Սամարիայէն, ու պատմելով հեթանոսներուն դարձի գալը՝ մեծապէս ուրախացուցին բոլոր եղբայրները:
4 And arriving into Jerusalem, they were received by the church, and the apostles, and the elders, and they proclaimed so many things as God did with them.
Երբ հասան Երուսաղէմ, ընդունուեցան եկեղեցիէն, առաքեալներէն ու երէցներէն, եւ պատմեցին ինչ որ Աստուած ըրեր էր իրենց հետ:
5 And certain one of those from the sect of the Pharisees having believed arose up, saying that, It is necessary to circumcise them, and to command them to keep the law of Moses.
Բայց Փարիսեցիներու աղանդէն քանի մը հաւատացեալներ կայնեցան եւ ըսին. «Պէտք է թլփատել զանոնք, ու պատուիրել՝ որ պահեն Մովսէսի Օրէնքը»:
6 And the apostles and elders were convened to see about this problem.
Ուստի առաքեալներն ու երէցները հաւաքուեցան՝ նկատի առնելու համար այս բանը:
7 And there being much disputation, Peter, having arisen, said to them, Men, brethren, you know that from ancient days God chose among you, that the Gentiles should hear the word of the gospel through my mouth, and believe.
Շատ վիճաբանութիւն ըլլալէ ետք, Պետրոս կանգնեցաւ եւ ըսաւ անոնց. «Մարդի՛կ եղբայրներ, դուք գիտէք թէ առաջին օրերէն ի վեր Աստուած ընտրեց զիս մեր մէջէն, որպէսզի իմ բերանովս հեթանոսները լսեն աւետարանին խօսքը, ու հաւատան:
8 And God, who knows the heart, witnessed to them, giving to them the Holy Ghost, as also to us;
Սրտագէտն Աստուած վկայեց անոնց՝ Սուրբ Հոգին տալով անոնց, ինչպէս մեզի ալ,
9 and made no difference between us and them, purifying their hearts by faith.
ու ո՛չ մէկ խտրութիւն դրաւ մեր եւ անոնց միջեւ՝ մաքրելով անոնց սիրտերը հաւատքով:
10 Now therefore why tempt ye God, to put a yoke on the neck of the disciples, which neither our fathers nor we were able to bear?
Ուստի հիմա ինչո՞ւ կը փորձէք Աստուած, աշակերտներուն վիզին վրայ դնելով այնպիսի լուծ մը, որ ո՛չ մեր հայրերը, ո՛չ ալ մենք կարողացանք կրել:
11 But through the grace of our Lord Jesus, we believe that we are saved, in the same manner in which they are also.
Բայց կը հաւատանք թէ Տէր Յիսուսի շնորհքո՛վ կը փրկուինք մենք, ինչպէս նաեւ անոնք»:
12 And the whole multitude became silent, and continued to hear Barnabas and Paul, relating how many miracles and wonders God wrought among the Gentiles through them.
Ամբողջ բազմութիւնը լռեց, ու մտիկ կ՚ընէր Բառնաբասի եւ Պօղոսի, որոնք կը պատմէին թէ Աստուած ո՛րչափ նշաններ եւ սքանչելիքներ գործած էր հեթանոսներուն մէջ՝ իրենց միջոցով:
13 And after they became silent, James responded, saying, Men, brethren, hear me.
Երբ անոնք լռեցին, Յակոբոս ըսաւ. «Մարդի՛կ եղբայրներ, ինծի՛ մտիկ ըրէք.
14 Symeon hath related how God in the first place interposed to take a people from the Gentiles, in His name.
Շմաւոն պատմեց թէ ի՛նչպէս Աստուած առաջին անգամ այցելեց հեթանոսներուն, որպէսզի անոնց մէջէն առնէ ժողովուրդ մը՝ կրելու համար իր անունը:
15 And to this corresponds the words of the prophet; as has been written,
Այս բանին հետ կը համաձայնին մարգարէներուն խօսքերն ալ, ինչպէս գրուած է.
16 After these things I will return, and will build again the throne of David, which has fallen down; and will build again the ruins of the same, and will set it up again:
“Ասկէ ետք պիտի վերադառնամ ու պիտի վերակառուցանեմ Դաւիթի փլած խորանը. պիտի վերակառուցանեմ անոր աւերակները եւ վերականգնեմ զայն,
17 in order that the residue of men may seek out the Lord, even all the Gentiles, on whom my name has been called upon them, says the Lord, who doeth these things
որպէսզի մնացած մարդիկը փնտռեն Տէրը, նաեւ բոլոր հեթանոսները՝ որոնք իմ անունովս կոչուած են՝՝, - կ՚ըսէ Տէրը՝ որ կ՚ընէ այս բոլոր բաները”:
18 known from the beginning. (aiōn g165)
Աստուած գիտէ իր բոլոր գործերը՝ դարերու սկիզբէն ի վեր: (aiōn g165)
19 Therefore I judge, that we should not burden those from the Gentiles turning to God:
Ուստի ես յարմար կը դատեմ չնեղել անոնք՝ որ հեթանոսներէն կը դառնան Աստուծոյ.
20 but to command them to abstain from things offered to idols, and from fornication, and from strangulation, and from blood.
հապա նամակ մը գրել անոնց՝ որ ետ կենան կուռքերու պղծութիւններէն, պոռնկութենէ, խեղդուածէ եւ արիւնէ:
21 For Moses from ancient generations, has those preaching him in every city, being read in the synagogues on every Sabbath.
Որովհետեւ Մովսէս նախկին սերունդներէն ի վեր ունի զինք քարոզողներ ամէն քաղաքի մէջ, ու կը կարդացուի ժողովարաններու մէջ ամէն Շաբաթ օր»:
22 Then it seemed good to the apostles and the elders, along with the whole church, to send men chosen from them into Antioch along with Paul and Barnabas; Judas called Barsabbas, and Silas, leaders among the brethren:
Այն ատեն առաքեալներուն ու երէցներուն՝ ամբողջ եկեղեցիին հետ՝ հաճելի թուեցաւ, որ մարդիկ ընտրեն իրենցմէ եւ Անտիոք ղրկեն՝ Պօղոսի ու Բառնաբասի հետ.- Բարսաբա մականուանեալ Յուդան եւ Շիղան, որոնք կառավարող մարդիկ էին եղբայրներուն մէջ:
23 having written through their hand; The apostles and elders, brethren to the brethren who are from the Gentiles throughout Antioch and Syria and Cilicia greeting.
Անոնց միջոցով ղրկեցին նամակ մը՝ սա՛պէս գրուած. «Առաքեալներէն, երէցներէն ու եղբայրներէն՝ ողջո՜յն Անտիոքի, Սուրիայի եւ Կիլիկիայի մէջ եղող եղբայրներուն, որոնք հեթանոսներէն դարձած են:
24 Since we heard that certain ones having come out from us troubled you, disturbing your souls with words which we did not command:
Քանի լսեցինք թէ մեր մէջէն ելած ոմանք՝ վրդոված են ձեզ խօսքերով, ու ցնցած ձեր անձերը՝ ըսելով թէ պէտք է թլփատուիլ եւ Օրէնքը պահել, - որոնց մենք այսպէս չպատուիրեցինք, -
25 it seemed good to us, being of one accord, having chosen men to send them to you along with our beloved Barnabas and Paul,
մեզի՝ միաբանութեամբ հաւաքուածներուս՝ յարմար թուեցաւ, որ մարդիկ ընտրելով ղրկենք ձեզի, մեր սիրելիներուն՝ Բառնաբասի ու Պօղոսի հետ,
26 men who have imperiled their lives for the name of our Lord Jesus Christ.
որոնք մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի անունին համար իրենց անձերը ընծայած մարդիկ են:
27 Therefore we have sent Judas and Silas, themselves also proclaiming the same things by speech.
Ուստի ղրկեցինք Յուդան եւ Շիղան, որպէսզի իրենք ալ բերանով նոյն բաները պատմեն ձեզի:
28 For it seemed good to the Holy Ghost, and to us, to lay upon you no more burden than these necessary things,
Որովհետեւ յարմար թուեցաւ Սուրբ Հոգիին ու մեզի ալ՝ աւելի ծանրութիւն չդնել ձեր վրայ, սա՛ հարկաւոր բաներէն զատ.-
29 to abstain from things offered to idols, and from blood, and from things strangled, and from fornication: from which keeping yourselves, you will do well. Fare ye well.
ետ կենալ կուռքերու զոհուածէ, արիւնէ, խեղդուածէ եւ պոռնկութենէ: Գոհ կ՚ըլլաք՝՝ եթէ հեռու մնաք՝՝ ատոնցմէ: Ո՛ղջ եղէք»:
30 Then indeed they, having been sent away, came down into Antioch, and convening the multitude, they delivered the letter.
Անոնք ալ՝ բաժնուելով՝ գացին Անտիոք, ու հաւաքելով բազմութիւնը՝ տուին նամակը:
31 And having read it, they rejoiced over the consolation.
Երբ կարդացին՝ ուրախացան տրուած մխիթարութեան համար:
32 Both Judas and Silas, themselves also being prophets, exhorted the brethren with elaborate speech, and strengthened them;
Իսկ Յուդա եւ Շիղա, իրենք ալ մարգարէ ըլլալով, շատ խօսքերով յորդորեցին եղբայրները, ու ամրացուցին:
33 and having spent the time, they were discharged by the brethren with peace back to the apostles who sent them.
Ժամանակ մը հոն կենալէ ետք՝ եղբայրներէն խաղաղութեամբ ուղարկուեցան, եւ առաքեալներուն դարձան:
Բայց Շիղայի հաճելի թուեցաւ հոն մնալ:
35 And Paul and Barnabas tarried in Antioch, teaching and preaching the word of the Lord, also along with many others.
Պօղոս ու Բառնաբաս ալ Անտիոքի մէջ կը կենային, եւ ուրիշ շատերու հետ կը սորվեցնէին ու կ՚աւետէին Տէրոջ խօսքը:
36 And after many days Paul said to Barnabas, Having returned let us now visit the brethren in every city in which we preached the word of the Lord, how they are doing.
Քանի մը օր ետք՝ Պօղոս ըսաւ Բառնաբասի. «Վերադառնա՛նք եւ այցելե՛նք եղբայրներուն՝ այն բոլոր քաղաքներուն մէջ, ուր Տէրոջ խօսքը հռչակեցինք, ու տեսնենք թէ ի՛նչպէս են:
37 But Barnabas advised to take with them John, also called Mark.
Բառնաբաս կ՚ուզէր առնել Յովհաննէսն ալ, որ Մարկոս կը կոչուէր.
38 But Paul thought that he would not take with them, him who having departed from them from Pamphylia, and not having gone along with them into the work.
բայց Պօղոս մտածեց թէ լաւ չէ իրենց հետ առնել Պամփիւլիայի մէջ իրենցմէ հեռացողը եւ իրենց հետ գործի չգացողը:
39 But there was a paroxysm, so that they parted from one another, and Barnabas, taking Mark, sailed away into Cyprus.
Այսպէս՝ տարակարծութիւն եղաւ անոնց միջեւ, այն աստիճան՝ որ զատուեցան իրարմէ: Բառնաբաս առաւ Մարկոսը եւ նաւարկեց դէպի Կիպրոս:
40 And Paul, having chosen Silas, went out, committed to the grace of the Lord by the brethren;
Պօղոս ալ ընտրեց Շիղան ու մեկնեցաւ, եղբայրներէն յանձնարարուած ըլլալով Աստուծոյ շնորհքին,
41 and he traveled through Syria and Cilicia, confirming the churches.
եւ կը շրջէր Սուրիայի ու Կիլիկիայի մէջ՝ ամրացնելով եկեղեցիները:

< Acts 15 >