< Romans 13 >

1 Let every soul submit to the governing authorities, because there is no authority except under God, and the existing authorities have been placed by God.
Ամէն անձ թող հպատակի իր վրայ եղած իշխանութիւններուն. որովհետեւ չկայ իշխանութիւն մը՝ որ Աստուծմէ չըլլայ, եւ անոնք որ կան՝ կարգուած են Աստուծմէ:
2 Therefore whoever resists the authority is opposed to God's ordinance, and those who oppose will bring judgment on themselves.
Հետեւաբար ո՛վ որ կ՚ընդդիմանայ իշխանութեան, կը դիմադրէ Աստուծոյ կարգադրութեան. եւ անոնք որ կը դիմադրեն՝ իրենք զիրենք կը դատապարտեն՝՝:
3 Now rulers are not a terror to good deeds but to bad ones. So if you wish not to fear the authority, do the good and you will have praise from the same;
Քանի որ իշխանները՝ բարի գործերու համար վախ չեն ազդեր, հապա՝ չար գործերու: Ուստի կ՚ուզե՞ս չվախնալ իշխանութենէն. բարի՛ն գործէ, եւ գովեստ պիտի ընդունիս անկէ:
4 because it is God's minister to you with a view to the good. But if you do wrong, be afraid, because it does not bear the sword for nothing; because it is God's minister, an avenger with a view to wrath on the wrongdoer.
Որովհետեւ ան Աստուծոյ սպասարկուն է քեզի համար՝ որ բարի՛ն գործես. բայց եթէ չա՛րը գործես՝ վախցի՛ր, քանի որ զուր տեղը չէ որ սուր կը կրէ մէջքը. որովհետեւ Աստուծոյ սպասարկուն է, եւ վրէժխնդիր՝ բարկութիւն հասցնելու անոր վրայ՝ որ չարիք կը գործէ:
5 Therefore it is necessary to submit, not only because of the wrath, but also because of the conscience.
Ուստի հա՛րկ է հպատակիլ. ո՛չ միայն բարկութեան համար, այլ նաեւ խղճմտանքի համար:
6 This is precisely why you pay taxes, for they are God's servants, continually attending on this very thing.
Այս պատճառով է որ տուրք ալ կը վճարէք. որովհետեւ Աստուծոյ պաշտօնեաներն են՝ բուն այս բանին յատկացուած:
7 Render therefore to all their due: taxes to whom taxes, customs to whom customs, respect to whom respect, honor to whom honor.
Ուրեմն հատուցանեցէ՛ք բոլորին ինչ որ կը պարտիք. որո՛ւն որ տուրք տրուելու է՝ տուրքը, որո՛ւն որ մաքս՝ մաքսը, որո՛ւն որ վախ՝ վախը, որո՛ւն որ պատիւ՝ պատիւը:
8 Owe no one anything except to love one another, since he who loves the other has fulfilled the law.
Ո՛չ մէկ պարտք ունեցէք ոեւէ մէկուն, բացի զիրար սիրելէ. որովհետեւ ո՛վ որ կը սիրէ ընկերը՝ գործադրած կ՚ըլլայ Օրէնքը:
9 Because—“You shall not commit adultery,” “You shall not murder,” “You shall not steal,” “You shall not bear false witness,” “You shall not covet,” and whatever further commandment—everything is summed up in this word, namely: “You shall love your neighbor as yourself.”
Արդարեւ այն ըսուածը. «Շնութիւն մի՛ ըներ, սպանութիւն մի՛ ըներ, գողութիւն մի՛ ըներ, սուտ վկայութիւն մի՛ տար, մի՛ ցանկար», եւ եթէ կայ ուրիշ որեւէ պատուիրան՝ համառօտաբար կը բովանդակուի սա՛ խօսքին մէջ. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ՝՝ պէս»:
10 Love does no harm to a neighbor; therefore love is the fulfillment of the law.
Սէրը ո՛չ մէկ չարիք կը գործէ իր ընկերին. ուրեմն սէ՛րն է Օրէնքին գործադրութիւնը:
11 Besides this, knowing the time, it is high time for us to be awakened from sleep, because our salvation is nearer now than when we first believed.
Նաեւ գիտնա՛նք ատենը՝ թէ արդէն ժամն է քունէն արթննալու, որովհետեւ հիմա մեր փրկութիւնը աւելի՛ մօտ է՝ քան երբ հաւատացինք:
12 The night is nearly over, and the day is near; so let us get rid of the works of the darkness, and let us put on the weapons of the light.
Գիշերը շատ յառաջացած է, ու ցերեկը՝ մօտեցած. ուրեմն թօթափե՛նք խաւարին գործերը, ու հագնի՛նք լոյսին զրահը:
13 Let us walk properly, as in the day, not in carousing and drunkenness, not in sexual orgies and licentiousness, not in strife and jealousy.
Վայելչութեա՛մբ ընթանանք, ինչպէս ցերեկ ատեն, ո՛չ թէ զեխութեամբ ու արբեցութեամբ, ո՛չ թէ խառնակ անկողինով եւ ցոփութեամբ, ո՛չ թէ կռիւով ու նախանձով.
14 But put on the Lord Jesus Christ, and make no provision for the flesh, with a view to lusts.
հապա հագէ՛ք Տէր Յիսուս Քրիստոսը, եւ մի՛ մտադրէք մարմինին ցանկութիւնները գոհացնել:

< Romans 13 >