< Matthew 9 >

1 So getting into the boat He crossed over and came into His own city.
Ուստի նաւ մտնելով՝ անցաւ միւս կողմը ու գնաց իր քաղաքը:
2 And then, they came to Him carrying a paralytic lying on a pallet. And seeing their faith Jesus said to the paralytic, “Courage, son; your sins are forgiven you!”
Եւ բերին իրեն անդամալոյծ մը, որ պառկած էր մահիճի մէջ: Յիսուս՝ տեսնելով անոնց հաւատքը՝ ըսաւ անդամալոյծին. «Քաջալերուէ՛, որդեա՛կ, մեղքերդ ներուած են քեզի»:
3 But then, some of the scribes said within themselves, “This man blasphemes!”
Դպիրներէն ոմանք ըսին՝ իրենք իրենց մէջ. «Ասիկա կը հայհոյէ»:
4 So Jesus, knowing their thoughts, said: “Why do you think evil in your hearts?
Յիսուս՝ գիտնալով անոնց մտածումները՝ ըսաւ. «Ինչո՞ւ չար բան կը մտածէք ձեր սիրտերուն մէջ:
5 So which is easier, to say ‘Your sins are forgiven’, or to say ‘Get up and walk’?
Ո՞րը աւելի դիւրին է, “մեղքերդ ներուած են” ըսե՞լը, թէ՝ “ոտքի՛ ելիր ու քալէ՛” ըսելը:
6 But so that you may know that the Son of the Man has authority on the earth to forgive sins”—then He says to the paralytic, “On your feet, pick up your pallet and go to your house!”
Բայց որպէսզի գիտնաք թէ մարդու Որդին իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու երկրի վրայ, (այն ատեն ըսաւ անդամալոյծին.) “Ոտքի՛ ելիր, ա՛ռ մահիճդ ու գնա՛ տունդ”»:
7 So he got up and went off to his house.
Ան ալ ոտքի ելաւ եւ գնաց իր տունը:
8 And seeing it the crowds marveled and glorified God, the one giving such authority to the people.
Երբ բազմութիւնները տեսան՝ զարմացան, ու փառաբանեցին Աստուած, որ այդպիսի իշխանութիւն տուած էր մարդոց:
9 And going on from there Jesus saw a man named Matthew sitting at the tax office, and He says to him, “Follow me.” So getting up he followed Him.
Յիսուս անկէ յառաջ երթալով՝ տեսաւ մարդ մը, Մատթէոս կոչուած, որ նստած էր մաքս ընդունելու տեղը, եւ ըսաւ անոր. «Հետեւէ՛ ինծի»: Ան ալ կանգնեցաւ ու հետեւեցաւ անոր:
10 Now it happened, as He was reclining at the table in the house, that many tax collectors and sinners had also come and were reclining at the table with Jesus and His disciples!
Տունը սեղան նստած՝՝ ատենը՝ ահա՛ ուրիշ շատ մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ եկած ու սեղան նստած էին Յիսուսի եւ անոր աշակերտներուն հետ:
11 Upon seeing this the Pharisees said to His disciples, “Why does your teacher eat and drink with the tax collectors and sinners?”
Երբ Փարիսեցիները տեսան՝ ըսին անոր աշակերտներուն. «Ինչո՞ւ ձեր վարդապետը կ՚ուտէ մաքսաւորներու եւ մեղաւորներու հետ»:
12 But Jesus heard it, so He said to them: “Those who are strong do not need a physician, but those who are sick.
Բայց երբ Յիսուս լսեց՝ ըսաւ անոնց. «Ո՛չ թէ առողջներուն բժիշկ պէտք է, հապա՝ հիւանդներուն:
13 But go and learn what this means, ‘I desire mercy and not sacrifice.’ For I did not come to call the righteous, but sinners to repentance.”
Գացէ՛ք, սորվեցէ՛ք թէ ի՛նչ ըսել է. “Կարեկցութի՛ւն կ՚ուզեմ, ու ո՛չ թէ զոհ”. որովհետեւ ես եկայ կանչելու ո՛չ թէ արդարները, հապա մեղաւորները՝ ապաշխարութեան»:
14 Then the disciples of John come to Him saying, “Why is it that we and the Pharisees fast about many things, but your disciples do not fast?”
Այն ատեն Յովհաննէսի աշակերտները եկան անոր եւ ըսին. «Ինչո՞ւ մենք ու Փարիսեցիները յաճախ ծոմ կը պահենք, իսկ քու աշակերտներդ չեն պահեր»:
15 So Jesus said to them: “Can the friends of the bridegroom mourn as long as the bridegroom is with them? But the days will come when the bridegroom will be taken away from them, and then they will fast.
Յիսուս ըսաւ անոնց. «Միթէ կարելի՞ է՝ որ հարսնեւորները սգան, քանի փեսան իրենց հետ է: Բայց օրերը պիտի գան՝ երբ փեսան պիտի վերցուի իրենցմէ. ա՛յն ատեն ծոմ պիտի պահեն:
16 “And no one puts a patch of unshrunk cloth on an old garment; for the patch pulls away from the garment and the tear becomes worse.
Ո՛չ մէկը կը ձգէ նոր լաթի կտոր մը հին հանդերձի մը վրայ, որովհետեւ անիկա որ անոր լրումին համար դրուած է, կը քաշէ հանդերձը, ու պատռուածքը աւելի գէշ կ՚ըլլայ:
17 Nor do they put new wine into old wineskins; otherwise the wineskins burst and the wine spills out, and the wineskins will be ruined. But they put new wine into new wineskins, and both are preserved.”
Ո՛չ ալ նոր գինին կը դնեն հին տիկերու մէջ. այլապէս՝ տիկերը կը պատռին, ե՛ւ գինին կը թափի, ե՛ւ տիկերը կը կորսուին: Հապա նոր գինին կը դնեն նո՛ր տիկերու մէջ, ու երկուքն ալ կը պահուին»:
18 While He was saying these things to them, there he was; a certain ruler came and worshiped Him, saying, “My daughter has just died, but come and lay your hand on her and she will live.”
Երբ ան այս բաները կը խօսէր անոնց հետ, ահա՛ պետ մը եկաւ ու երկրպագեց անոր՝ ըսելով. «Աղջիկս թերեւս վախճանած է մինչեւ հիմա. բայց եկո՛ւր, դի՛ր ձեռքդ անոր վրայ, եւ պիտի ապրի»:
19 So Jesus got up and followed him, with His disciples.
Յիսուս ալ ոտքի ելաւ ու հետեւեցաւ անոր՝ իր աշակերտներուն հետ:
20 And then—a woman who had been hemorrhaging for twelve years came from behind and touched the hem of His garment.
Եւ ահա՛ կին մը, որ արիւնահոսութենէ կը տառապէր տասներկու տարիէ ի վեր, մօտեցաւ ետեւէն ու դպաւ անոր հանդերձին քղանցքին.
21 For she kept saying to herself, “If only I may touch His garment I will be healed.”
քանի որ կ՚ըսէր ինքնիրեն. «Եթէ միայն դպչիմ անոր հանդերձին՝ պիտի բժշկուիմ»:
22 But Jesus, turning around and seeing her, said, “Take courage, daughter; your faith has made you well.” And the woman was healed from that very hour.
Յիսուս, երբ ետեւ դարձաւ ու տեսաւ զայն, ըսաւ. «Քաջալերուէ՛, աղջիկ, հաւատքդ բժշկեց քեզ»: Եւ կինը բժշկուեցաւ նոյն ժամուն:
23 When Jesus came into the ruler's house and saw the flutists and the crowd making a commotion,
Երբ Յիսուս հասաւ պետին տունը, ու տեսաւ սրնգահարները եւ աղմկարար բազմութիւնը,
24 He says to them, “Go away, for the girl is not dead, but sleeping.” So they began to ridicule Him.
ըսաւ անոնց. «Մեկնեցէ՛ք, որովհետեւ աղջիկը մեռած չէ, հապա կը քնանայ»:
25 But when the crowd had been put outside, He went in and grasped her hand, and the girl got up.
Անոնք ալ ծաղրեցին զինք: Բայց երբ բազմութիւնը դուրս հանուեցաւ, ինք ներս մտաւ, բռնեց անոր ձեռքէն, եւ աղջիկը ոտքի ելաւ:
26 And the report of this went out into all that land.
Այս լուրը տարածուեցաւ ամբողջ երկիրը:
27 As Jesus went on from there two blind men followed Him, crying out and saying, “Have mercy on us, Son of David!”
Երբ Յիսուս յառաջ անցաւ անկէ, երկու կոյրեր հետեւեցան անոր՝ աղաղակելով. «Ողորմէ՜ մեզի, Դաւիթի՛ Որդի».
28 And arriving in the house, the blind men approached Him; so He says to them, “Do you believe that I am able to do this?” They say to Him, “Yes, Lord.”
Երբ տուն հասաւ, կոյրերը եկան իրեն: Յիսուս ըսաւ անոնց. «Կը հաւատա՞ք թէ կրնամ ընել այս բանը»: Ըսին անոր. «Այո՛, Տէ՛ր»:
29 Then He touched their eyes saying, “According to your faith let it be to you.”
Այն ատեն դպաւ անոնց աչքերուն եւ ըսաւ. «Թող ըլլայ ձեզի՝ ձեր հաւատքին համեմատ»:
30 And their eyes were opened. And Jesus sternly warned them saying, “See to it that no one knows!”
Անոնց աչքերը բացուեցան, ու Յիսուս ազդարարեց անոնց՝ ըսելով. «Զգուշացէ՛ք որ ո՛չ մէկը գիտնայ»:
31 But going out they spread the news about Him in all that country.
Բայց անոնք մեկնելով տարածեցին անոր համբաւը այդ ամբողջ երկրին մէջ:
32 As they were going out, well, they brought to Him a mute man, demonized.
Երբ անոնք դուրս ելան, ահա՛ համր դիւահար մարդ մը բերին իրեն:
33 And when the demon was cast out, the mute spoke. And the crowds marveled saying, “Never was it seen like this in Israel!”
Երբ դեւը ելաւ, համրը խօսեցաւ: Ուստի բազմութիւնները զարմացան, ու կ՚ըսէին թէ բնա՛ւ այսպիսի բան երեւցած չէր Իսրայէլի մէջ:
34 But the Pharisees said, “He casts out demons by the ruler of the demons.”
Բայց Փարիսեցիները կ՚ըսէին. «Ան դեւերուն իշխանո՛վ դուրս կը հանէ դեւերը»:
35 Then Jesus went around to all the cities and villages, teaching in their synagogues and preaching the Gospel of the kingdom, and healing every disease and every illness among the people.
Յիսուս կը շրջէր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը, կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ, կը քարոզէր արքայութեան աւետարանը, եւ կը բուժէր բոլոր ախտերն ու բոլոր վատառողջութիւնները ժողովուրդին մէջ:
36 Seeing the crowds He was moved with compassion for them, because they were harassed and prostrated, like sheep without a shepherd.
Եւ տեսնելով բազմութիւնները՝ գթաց անոնց վրայ, որովհետեւ պարտասած ու ցրուած էին՝ հովիւ չունեցող ոչխարներու պէս:
37 Then He says to His disciples: “The harvest truly is plentiful, but the workers are few.
Այն ատեն ըսաւ իր աշակերտներուն. «Հունձքը ի՛րապէս շատ է, բայց գործաւորները՝ քիչ.
38 Therefore pray to the Lord of the harvest that He may send out workers into His harvest.”
ուրեմն աղերսեցէ՛ք հունձքին Տէրոջ, որ գործաւորներ ուղարկէ իր հունձքին»:

< Matthew 9 >