< Matthew 26 >
1 Now it happened, when Jesus had finished all these words, that He said to His disciples,
Երբ Յիսուս աւարտեց այս բոլոր խօսքերը, ըսաւ իր աշակերտներուն.
2 “You know that after two days the Passover takes place, and the Son of the Man will be handed over to be crucified.”
«Գիտէք թէ երկու օր ետք՝ Զատիկ պիտի ըլլայ, ու մարդու Որդին պիտի մատնուի՝ խաչուելու համար»:
3 Then the chief priests, the scribes and the elders of the people assembled at the palace of the high priest, the one called Caiaphas,
Այն ատեն քահանայապետները, դպիրները եւ ժողովուրդին երէցները հաւաքուեցան գաւիթը քահանայապետին՝ որ Կայիափա կը կոչուէր,
4 and they plotted to seize Jesus by trickery and kill Him.
ու խորհրդակցեցան նենգութեամբ բռնել Յիսուսը եւ սպաննել:
5 But they said, “Not during the feast, in order not to have an uproar among the people.”
Բայց կ՚ըսէին. «Ո՛չ տօնին ատենը, որպէսզի աղմուկ չըլլայ ժողովուրդին մէջ»:
6 Now when Jesus was in Bethany at the house of Simon the leper,
Երբ Յիսուս Բեթանիա էր, բորոտ Սիմոնի տունը,
7 a woman approached Him, having an alabaster flask of very expensive perfume, and she began to pour it on His head as He reclined at the table.
կին մը՝ որ ունէր թանկարժէք օծանելիքի ալապաստրէ շիշ մը՝ եկաւ անոր ու թափեց զայն անոր գլուխին վրայ, երբ ան սեղան նստած էր:
8 But upon seeing it His disciples were indignant saying: “Why this waste?
Անոր աշակերտները տեսնելով՝ ընդվզեցան եւ ըսին. «Ինչո՞ւ այս վատնումը.
9 For this perfume could have been sold for a good deal and given to the poor.”
քանի որ այդ օծանելիքը կրնար սուղ գինով ծախուիլ ու աղքատներուն տրուիլ»:
10 But being aware Jesus said to them: “Why are you bothering the woman? She has done something beautiful to me.
Յիսուս հասկնալով՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ կ՚անհանգստացնէք կինը. ան լա՛ւ գործ մը ըրաւ ինծի:
11 You will always have the poor with you, but you will not always have me.
Որովհետեւ ամէ՛ն ատեն ունիք աղքատները ձեզի հետ, բայց ամէն ատեն չունիք զիս:
12 In putting this perfume on my body she did it with a view to my burial.
Ա՛ն որ թափեց այդ օծանելիքը մարմինիս վրայ, ըրաւ իմ թաղումի՛ս համար:
13 Assuredly I say to you, wherever this gospel may be proclaimed in the whole world, what this woman did will also be told in her memory.”
Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ամբողջ աշխարհի մէջ՝ ո՛ւր որ այս աւետարանը քարոզուի, ասոր ըրածն ալ պիտի պատմուի՝ իր յիշատակին համար”»:
14 Then one of the twelve, the one called Judas Iscariot, went to the chief priests
Այն ատեն տասներկուքէն մէկը, որ կը կոչուէր Յուդա Իսկարիովտացի, գնաց քահանայապետներուն եւ ըսաւ.
15 and said, “What are you willing to give me so that I deliver Him to you?” So they counted out to him thirty silver coins.
«Ի՞նչ կ՚ուզէք տալ ինծի, որպէսզի մատնեմ զայն ձեզի»: Անոնք ալ խոստացան անոր երեսուն կտոր արծաթ:
16 From then on he kept looking for an opportunity to betray Him.
Այդ ատենէն ետք պատեհութիւն կը փնտռէր, որպէսզի մատնէր զայն անոնց:
17 Now on the first day of Unleavened Bread the disciples came to Jesus saying to Him, “Where do you want us to prepare for You to eat the Passover?”
Բաղարջակերքի առաջին օրը՝ աշակերտները եկան Յիսուսի ու ըսին անոր. «Ո՞ւր կ՚ուզես որ պատրաստենք քեզի պէտք եղածը՝ զատիկը ուտելու համար»:
18 So He said: “Go into the city to ‘you know who’ and say to him, ‘The Teacher says, “My time is near, I will do the Passover with my disciples at your place.”’”
Ան պատասխանեց. «Գացէ՛ք քաղաքը՝ այսինչ մարդուն, եւ ըսէ՛ք անոր. “Վարդապետը կ՚ըսէ. "Ժամանակս մօտ է, քո՛ւ քովդ պիտի կատարեմ Զատիկը՝ աշակերտներուս հետ"”»:
19 And the disciples did as Jesus directed them and prepared the Passover.
Աշակերտներն ալ ըրին՝ ինչպէս Յիսուս հրամայեց իրենց, ու պատրաստեցին զատիկը:
20 When it was evening He was reclining at the table with the twelve.
Երբ իրիկուն եղաւ՝ սեղան նստաւ տասներկուքին հետ:
21 And as they were eating He said, “Assuredly I say to you that one of you will betray me.”
Մինչ կ՚ուտէին՝ ըսաւ. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի թէ ձեզմէ մէկը պիտի մատնէ զիս»:
22 This really upset them and they each began to say to Him, “It isn't me, is it, Lord?”
Չափազանց տրտմեցան եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը սկսաւ ըսել անոր. «Տէ՛ր, միթէ ե՞ս եմ»:
23 In answer He said: “It is the one who dipped his hand in the bowl with me, he will betray me.
Ան ալ պատասխանեց. «Ա՛ն որ ինծի հետ թաթխեց իր ձեռքը պնակին մէջ, անիկա՛ պիտի մատնէ զիս»:
24 The Son of the Man is really going just as it is written about Him, but woe to that man by whom the Son of the Man is betrayed! It would have been better for that man not to have been born.”
Ի՛րապէս մարդու Որդին կ՚երթայ՝ ինչպէս գրուած է իր մասին, բայց վա՜յ այն մարդուն՝ որուն միջոցով մարդու Որդին կը մատնուի: Այդ մարդուն լաւ պիտի ըլլար՝ որ ծնած չըլլար»:
25 Then Judas, who was betraying Him, answered and said, “It isn't me, is it, Rabbi?” He says to him, “You said it!”
Յուդա, որ պիտի մատնէր զայն, պատասխանեց. «Վարդապե՛տ, միթէ ե՞ս եմ»: Ըսաւ անոր. «Դո՛ւն ըսիր»:
26 Now as they were eating, after taking the bread and blessing it, Jesus broke it, gave it to the disciples and said, “Take, eat; this is my body.”
Մինչ անոնք կ՚ուտէին, Յիսուս հաց առաւ, օրհնեց, կտրեց, տուաւ աշակերտներուն եւ ըսաւ. «Առէ՛ք, կերէ՛ք. ա՛յս է իմ մարմինս»:
27 And taking the cup and giving thanks He gave it to them saying: “Drink of it, all of you;
Նաեւ բաժակը առաւ, շնորհակալ եղաւ, տուաւ անոնց ու ըսաւ.
28 for this is my blood, that of the new covenant, that which is being shed on behalf of many for forgiveness of sins.
«Բոլո՛րդ ալ խմեցէ՛ք ասկէ. որովհետեւ ա՛յս է իմ արիւնս, նո՛ր ուխտին արիւնը, որ կը թափուի՝ շատերուն մեղքերու ներումին համար:
29 Furthermore, I tell you that I will not drink of this fruit of the vine from now on until that day when I drink it new with you in my Father's kingdom.”
Բայց կը յայտարարեմ ձեզի. “Ասկէ ետք բնա՛ւ պիտի չխմեմ որթատունկին բերքէն, մինչեւ այն օրը՝ երբ ձեզի հետ նո՛ր կերպով խմեմ զայն իմ Հօրս թագաւորութեան մէջ”»:
30 And after hymn-singing they went out to the Mount of Olives.
Օրհներգելէ ետք՝ գացին Ձիթենիներու լեռը:
31 Then Jesus says to them: “All of you will be caused to stumble because of me this night, for it is written: ‘I will strike the Shepherd and the sheep of the flock will be scattered.’
Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Դուք բոլորդ պիտի գայթակղիք այս գիշեր իմ պատճառովս, որովհետեւ գրուած է. “Հովիւը պիտի զարնեմ, ու հօտին ոչխարները պիտի ցրուին”:
32 But after I am raised I will go before you to Galilee.”
Բայց յարութիւն առնելէս ետք՝ ձեզմէ առաջ պիտի երթամ Գալիլեա»:
33 Peter answered and said to Him, “Even if everyone else is caused to stumble because of you, I will never be caused to stumble.”
Պետրոս պատասխանեց անոր. «Թէեւ բոլորն ալ գայթակղին քու պատճառովդ, ես բնա՛ւ պիտի չգայթակղիմ»:
34 Jesus said to him, “Assuredly I say to you that this night, before any rooster crows, you will deny me three times.”
Յիսուս ըսաւ անոր. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի. “Այս գիշեր՝ դեռ աքաղաղը չկանչած՝ երե՛ք անգամ պիտի ուրանաս զիս”»:
35 Peter says to Him, “Even if I have to die with you, I will not deny you!” And all the other disciples said the same.
Պետրոս ըսաւ անոր. «Նոյնիսկ եթէ պէտք ըլլայ որ քեզի հետ մեռնիմ՝ բնա՛ւ պիտի չուրանամ քեզ»: Այսպէս կ՚ըսէին նաեւ բոլոր աշակերտները:
36 Then Jesus comes with them to a place called Gethsemane, and He says to the disciples, “Sit here while I go over there and pray.”
Այն ատեն Յիսուս գնաց անոնց հետ վայր մը՝ որ Գեթսեմանի կը կոչուէր, եւ ըսաւ աշակերտներուն. «Հո՛ս նստեցէք, մինչ ես կ՚երթամ հոն՝ աղօթելու»:
37 And taking Peter and the two sons of Zebedee along He began to be troubled and distressed.
Իրեն հետ առնելով Պետրոսն ու Զեբեդէոսի երկու որդիները, սկսաւ տրտմիլ եւ շատ վշտանալ:
38 Then Jesus says to them: “My soul is in anguish, to the point of death. Stay here and watch with me.”
Այն ատեն ըսաւ անոնց. «Իմ անձս չափազանց տրտում է՝ մեռնելու աստիճան: Հո՛ս մնացէք եւ արթո՛ւն կեցէք ինծի հետ»:
39 And going a little farther He fell on His face and prayed saying, “My Father, if it is possible, let this cup pass me by; nevertheless not as I wish, but as you do.”
Ու քիչ մը առջեւ երթալով՝ ինկաւ իր երեսին վրայ, եւ աղօթեց՝ ըսելով. «Իմ հա՜յրս, եթէ կարելի է՝ այս բաժակը թող անցնի ինձմէ. բայց ո՛չ թէ ինչպէս ե՛ս կ՚ուզեմ, հապա՝ ինչպէս դո՛ւն կ՚ուզես»:
40 Then He comes to the disciples and finds them sleeping, and He says to Peter: “So, you (pl.) were not able to watch with me one hour!
Երբ եկաւ աշակերտներուն, քնացած գտաւ զանոնք ու ըսաւ Պետրոսի. «Այդպէս մէ՞կ ժամ ալ չկրցաք արթուն կենալ ինծի հետ:
41 Watch and pray, so that you do not enter into temptation. The spirit on its part is willing, but the flesh is weak.”
Արթո՛ւն կեցէք եւ աղօթեցէ՛ք, որպէսզի չմտնէք փորձութեան մէջ. արդարեւ հոգին յօժար է, բայց մարմինը՝ տկար»:
42 And going away a second time He prayed saying, “My Father, if this cup cannot pass from me unless I drink it, let your will be done.”
Դարձեալ երկրորդ անգամ գնաց աղօթեց՝ ըսելով. «Իմ հա՜յրս, եթէ կարելի չէ որ այս բաժակը անցնի ինձմէ՝ առանց խմելու անկէ, քու կամքդ թող ըլլայ»:
43 And coming He finds them sleeping again, because their eyes had been weighed down.
Երբ եկաւ՝ դարձեալ քնացած գտաւ զանոնք, որովհետեւ անոնց աչքերը ծանրացած էին:
44 So leaving them He went away and prayed a third time, saying the same thing.
Թողուց զանոնք ու դարձեալ գնաց, երրորդ անգամ աղօթեց՝ նո՛յն խօսքը ըսելով:
45 Then He comes to His disciples and says to them: “Sleep some more and take your rest! Actually, the hour is here and the Son of the Man is being betrayed into sinners' hands.
Այն ատեն եկաւ իր աշակերտներուն եւ ըսաւ անոնց. «Ասկէ ետք քնացէ՛ք ու հանգստացէ՛ք. ահա՛ ժամը մօտեցաւ, եւ մարդու Որդին պիտի մատնուի մեղաւորներուն ձեռքը:
46 Get up, let's go; see, the one who is betraying me has come!”
Ոտքի՛ ելէք, երթա՛նք ասկէ. ահա՛ մօտեցաւ ա՛ն՝ որ պիտի մատնէ զիս»:
47 And while He was still speaking, there was Judas, one of the twelve, and with him a large crowd with swords and clubs, sent from the chief priests and elders of the people.
Մինչ ան դեռ կը խօսէր, Յուդա՝ տասներկուքէն մէկը՝ եկաւ, եւ իրեն հետ մեծ բազմութիւն մը՝ սուրերով ու բիրերով, քահանայապետներէն եւ ժողովուրդին երէցներէն:
48 (Now His betrayer had given them a sign saying, “Whomever I kiss, it is He; take Him!”)
Զայն մատնողը նշան մը տուեր էր անոնց՝ ըսելով. «Ո՛վ որ համբուրեմ՝ ա՛ն է, բռնեցէ՛ք զայն»:
49 And he went right up to Jesus and said, “Greetings, Rabbi!” and kissed Him.
Եւ իսկոյն մօտենալով Յիսուսի՝ ըսաւ. «Ողջո՜յն, Վարդապե՛տ», ու համբուրեց զայն:
50 So Jesus said to him, “Friend, what brings you here?” Then approaching they laid hands on Jesus and took Him.
Յիսուս ըսաւ անոր. «Ընկե՛ր, ըրէ՛ ի՛նչ բանի համար որ եկար»: Այն ատեն մօտեցան, ձեռք բարձրացուցին Յիսուսի վրայ ու բռնեցին զայն:
51 And then, one of those with Jesus stretched out his hand and drew his sword, and striking the servant of the high priest he cut off his ear!
Յիսուսի հետ եղողներէն մէկը՝ երկարեց ձեռքը, եւ քաշելով իր սուրը՝ զարկաւ քահանայապետին ծառային ու խլեց անոր ականջը:
52 But Jesus says to him: “Put your sword back into its place, for all who take the sword will die by the sword.
Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր. «Վերադարձո՛ւր սուրդ իր տեղը, որովհետեւ բոլոր սուր առնողները՝ սուրո՛վ պիտի կորսուին:
53 Do you actually suppose that I cannot call upon my Father right now and He will place beside me more than twelve legions of angels?
Կը կարծես թէ չե՞մ կրնար հի՛մա աղաչել իմ Հօրս, որ հասցնէ ինծի տասներկու լեգէոնէն աւելի հրեշտակներ:
54 But how then would the Scriptures be fulfilled that it has to happen this way?”
Բայց ի՞նչպէս պիտի իրագործուին գրուածները, թէ ա՛յսպէս պէտք է ըլլայ»:
55 At that time Jesus said to the crowd: “Have you come out with swords and clubs, as against a bandit, to arrest me? I used to sit daily with you in the temple, teaching, and you did not seize me.
Այդ ժամուն Յիսուս ըսաւ բազմութիւններուն. «Իբր թէ աւազակի՞ դէմ ելաք՝ սուրերով ու բիրերով բռնելու զիս: Ամէ՛ն օր տաճարին մէջ կը նստէի ձեզի հետ եւ կը սորվեցնէի, ու չբռնեցիք զիս:
56 But all this has happened so that the Scriptures of the prophets should be fulfilled.” Then all the disciples forsook Him and ran away.
Բայց այս ամէնը կատարուեցաւ, որպէսզի մարգարէներուն գրածները իրագործուին»: Այն ատեն բոլոր աշակերտները թողուցին զայն եւ փախան:
57 So those who had seized Jesus led Him away to Caiaphas the high priest, where the scribes and the elders were assembled.
Անոնք որ բռնեցին Յիսուսը՝ տարին Կայիափա քահանայապետին, ուր դպիրներն ու երէցները հաւաքուած էին:
58 Now Peter was following Him at a distance, up to the high priest's courtyard. And going inside he sat down with the attendants, to see the end.
Պետրոս հեռուէն հետեւեցաւ անոր՝ մինչեւ քահանայապետին գաւիթը, ներս մտաւ եւ նստաւ սպասաւորներուն հետ, որպէսզի տեսնէ վախճանը:
59 The chief priests and the elders, in fact the whole Council, kept looking for false witnesses against Jesus so that they could put Him to death,
Քահանայապետներն ու երէցները եւ ամբողջ ատեանը կը փնտռէին սուտ վկայութիւն մը Յիսուսի դէմ, որպէսզի մեռցնեն զայն.
60 but did not find any. Even though many false witnesses came forward, they did not find any. But at last two false witnesses came forward
բայց չգտան: Թէպէտ շատ սուտ վկաներ ալ եկան, ոչինչ գտան: Յետոյ երկու սուտ վկաներ եկան
61 and said, “This fellow said, ‘I am able to destroy the temple of God and to rebuild it in three days.’”
ու ըսին. «Ասիկա ըսաւ. “Ես կրնամ քակել Աստուծոյ տաճարը եւ կառուցանել զայն երեք օրուան մէջ”»:
62 And standing up the high priest said to Him: “Do you answer nothing? What is it that these men are testifying against you?”
Քահանայապետը կանգնելով՝ ըսաւ անոր. «Ոչի՞նչ կը պատասխանես. ի՞նչ կը վկայեն ասոնք քեզի դէմ»:
63 But Jesus kept silent. So reacting the high priest said to Him, “I put you under oath by the Living God so that you tell us if you are the Messiah, the Son of God!”
Յիսուս լուռ կեցաւ: Ուստի քահանայապետը ըսաւ անոր. «Ապրո՛ղ Աստուծմով կ՚երդմնեցնեմ քեզ, որ ըսես մեզի թէ դո՞ւն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին»:
64 Jesus says to him: “You said it. Furthermore, I tell you, hereafter you will see the Son of the Man sitting at the Power's right, and coming on the clouds of heaven.”
Յիսուս ըսաւ անոր. «Դո՛ւն ըսիր: Բայց կը յայտարարեմ ձեզի. “Ասկէ ետք պիտի տեսնէք մարդու Որդին՝ բազմած Զօրութեան աջ կողմը, ու եկած երկինքի ամպերուն վրայ”»:
65 Then the high priest tore his clothes saying: “He has blasphemed! Why do we still need witnesses? See, now you have heard His blasphemy!
Այն ատեն քահանայապետը պատռեց իր հանդերձները եւ ըսաւ. «Հայհոյե՛ց. ա՛լ ի՞նչ պէտք ունինք վկաներու: Ահա՛ հիմա լսեցիք ատոր հայհոյութիւնը.
66 What do you think?” So in answer they said, “He deserves death!”
ի՞նչ կը մտածէք»: Անոնք պատասխանեցին. «Մահապա՛րտ է»:
67 Then they spat in His face and punched Him, while others slapped Him
Այն ատեն թքնեցին անոր երեսը, ու կռփահարեցին զայն: Ոմանք ալ ապտակելով՝ ըսին.
68 saying, “Messiah, prophesy to us! Who is the one who hit you?”
«Մարգարէացի՛ր մեզի, դո՛ւն՝ Քրիստո՛ս, ո՞վ է ան՝ որ զարկաւ քեզի»:
69 Now Peter sat outside in the courtyard. And a certain servant girl approached him saying, “You too were with Jesus the Galilean.”
Երբ Պետրոս դուրսը՝ գաւիթը նստած էր, աղախին մը եկաւ անոր եւ ըսաւ. «Դո՛ւն ալ Գալիլեացի Յիսուսի հետ էիր»:
70 But he denied before them all saying, “I don't know what you are saying.”
Բայց ան ուրացաւ բոլորին առջեւ՝ ըսելով. «Չեմ գիտեր ի՛նչ կը խօսիս»:
71 And having gone out to the gateway, another girl saw him and says to those who were there, “This fellow also was with Jesus the Natsorean.”
Երբ դուրս ելաւ՝ նախագաւիթը, ուրիշ աղախին մը տեսաւ զայն ու ըսաւ հոն եղողներուն. «Ասիկա՛ ալ Յիսուս Նազովրեցիին հետ էր»:
72 And he denied again, with an oath, “I do not know the man!”
Պետրոս դարձեալ երդում ընելով ուրացաւ. «Չեմ ճանչնար այդ մարդը»:
73 But a little later the bystanders came up and said to Peter, “Really, you too are one of them, because your very accent gives you away!”
Քիչ ետք՝ հոն կայնողները եկան եւ ըսին Պետրոսի. «Ճշմա՛րտապէս դո՛ւն ալ անոնցմէ ես, որովհետեւ խօսուածքդ ալ կը յայտնէ քեզ»:
74 Then he began to curse and to swear, “I do not know the man!” And immediately a rooster crowed.
Այն ատեն սկսաւ նզովել ու երդում ընել՝ ըսելով. «Չեմ ճանչնար այդ մարդը»: Իսկոյն աքաղաղը կանչեց:
75 And Peter remembered the word that Jesus had said to him, “Before any rooster crows, you will deny me three times.” And going out he cried bitterly.
Պետրոս յիշեց Յիսուսի խօսքը՝ որ իրեն ըսեր էր. «Դեռ աքաղաղը չկանչած՝ երե՛ք անգամ պիտի ուրանաս զիս». եւ դուրս ելլելով՝ դառնապէս լացաւ: