< John 9 >

1 Now as He was passing by He saw a man blind from birth.
Երբ կ՚անցնէր՝ տեսաւ մարդ մը, կոյր ծնած:
2 And His disciples asked Him saying, “Rabbi, who sinned, this man or his parents, in that he was born blind?”
Իր աշակերտները հարցուցին իրեն. «Ռաբբի՛, ո՞վ մեղանչեց, ասիկա՞ թէ անոր ծնողները, որ ան կոյր ծնաւ»:
3 Jesus answered: “Neither this man nor his parents sinned, but so that the works of God might be displayed in him.
Յիսուս պատասխանեց. «Ո՛չ ասիկա մեղանչած է, ո՛չ ալ անոր ծնողները, հապա՝ որպէսզի Աստուծոյ գործերը յայտնաբերուին իր վրայ:
4 I must accomplish the works of Him who sent me while it is day; night is coming when no one can work.
Մինչ ցերեկ է, պէտք է որ գործեմ զիս ղրկողին գործերը. գիշերը կու գայ, երբ ո՛չ մէկը կրնայ գործել:
5 While I am in the world, I am the Light of the world.”
Այնքան ատեն որ ես աշխարհի մէջ եմ՝ աշխարհի լոյսն եմ»:
6 Upon saying these things He spat on the ground and made mud with the saliva, and spread the mud on the blind man's eyes.
Երբ ըսաւ ասիկա՝ թքնեց գետին, կաւ շինեց թուքով, այդ կաւով ծեփեց կոյրին աչքերը
7 And He said to him, “Go wash in the pool of Siloam” (which is translated, ‘Sent’). So he went and washed, and came away seeing!
եւ ըսաւ անոր. «Գնա՛, լուացուէ՛ Սելովամի աւազանին մէջ» (որ կը թարգմանուի՝ ղրկուած): Ան ալ գնաց եւ լուացուեցաւ, եկաւ՝ ու կը տեսնէր:
8 Then the neighbors and those who previously had seen that he was blind started saying, “Isn't this the man who sat begging?”
Իսկ դրացիները, եւ անոնք որ նախապէս տեսած էին զինք՝ թէ կոյր էր, կ՚ըսէին. «Ասիկա չէ՞ր ան՝ որ կը նստէր ու կը մուրար»: Ոմանք կ՚ըսէին. «Անիկա՛ է»:
9 Others said, “This is he”; still others, “He is like him.” He kept saying, “I'm the one!”
Ուրիշներ կ՚ըսէին. «Անոր նման մէկն է»: Իսկ ինք կ՚ըսէր. «Ե՛ս եմ»:
10 So they said to him, “How were your eyes opened?”
Ուրեմն ըսին իրեն. «Հապա ի՞նչպէս աչքերդ բացուեցան»:
11 He answered and said: “A man called Jesus made mud and anointed my eyes and said to me, ‘Go to the pool of Siloam and wash.’ So when I went and washed, I saw!”
Ինք պատասխանեց. «Յիսուս կոչուած մարդ մը կաւ շինեց, ծեփեց աչքերս ու ըսաւ ինծի. “Գնա՛ Սելովամի աւազանը եւ լուացուէ՛”: Ես ալ գացի, լուացուեցայ, ու կը տեսնեմ»:
12 Then they said to him, “Where is He?” He says, “I don't know.”
Ուստի ըսին իրեն. «Ո՞ւր է ան»: Ըսաւ անոնց. «Չեմ գիտեր»:
13 They bring the man who was formerly blind to the Pharisees.
Փարիսեցիներուն տարին զայն՝ որ ժամանակին կոյր էր,
14 (Now it was a Sabbath when Jesus made the mud and opened his eyes.)
ու Շաբաթ օր էր՝ երբ Յիսուս շինեց կաւը եւ բացաւ անոր աչքերը:
15 So once again the Pharisees also asked him how he had received his sight. So he said to them, “He put mud on my eyes, and I washed, and I see.”
Ուստի Փարիսեցիներն ալ դարձեալ կը հարցնէին իրեն թէ ի՛նչպէս աչքերը բացուեցան՝՝: Ան ալ ըսաւ անոնց. «Կաւ դրաւ աչքերուս վրայ, ու լուացուեցայ եւ կը տեսնեմ»:
16 Then some of the Pharisees said, “This man cannot be from God, because he does not keep the Sabbath,” Others were saying, “How can a sinful man do such signs?” And there was a division among them.
Ուստի Փարիսեցիներէն ոմանք կ՚ըսէին. «Այդ մարդը Աստուծմէ չէ, որովհետեւ չի պահեր Շաբաթ օրը»: Ուրիշներ կ՚ըսէին. «Մեղաւոր մարդ մը ի՞նչպէս կրնայ ընել այսպիսի նշաններ». եւ պառակտում եղաւ անոնց մէջ:
17 So they address the blind man again, “What do you say about him, in that he opened your eyes?” He said, “He is a prophet.”
Դարձեալ ըսին կոյրին. «Դուն ի՞նչ կ՚ըսես անոր մասին՝ որ բացաւ աչքերդ»: Ան ալ ըսաւ. «Մարգարէ՛ մըն է»:
18 However the Jews did not believe concerning him that he was blind and received sight until they summoned the parents of the one who had received sight.
Իսկ Հրեաները չէին հաւատար թէ ան կոյր էր եւ աչքերը բացուեցան, մինչեւ որ կանչեցին այդ աչքերը բացուած մարդուն ծնողները,
19 And they asked them saying: “Is this your son, whom you say was born blind? How then does he now see?”
ու հարցուցին անոնց. «Ա՞յս է ձեր որդին, որուն մասին դուք կ՚ըսէք թէ կոյր ծնաւ. հապա ի՞նչպէս հիմա կը տեսնէ»:
20 So his parents answered them and said: “We know that this is our son, and that he was born blind;
Անոր ծնողները պատասխանեցին անոնց. «Գիտենք թէ ա՛յս է մեր որդին, եւ թէ ինք կոյր ծնաւ:
21 but by what means he now sees we don't know, or who opened his eyes we don't know. He is of age. Ask him. He will speak for himself.”
Բայց հիմա ի՛նչ կերպով կը տեսնէ՝ չենք գիտեր, կամ թէ ո՛վ բացաւ ատոր աչքերը՝ մենք չենք գիտեր. ինք չափահաս է, իրե՛ն հարցուցէք, ի՛նք թող խօսի իր մասին»:
22 His parents said these things because they feared the Jews, because the Jews had already agreed that if anyone confessed Him to be Christ he would be barred from the synagogue.
Անոր ծնողները ըսին ասիկա, որովհետեւ կը վախնային Հրեաներէն. քանի որ Հրեաները արդէն միաձայնած էին, որ եթէ մէկը դաւանի զայն որպէս Քրիստոս՝ վռնտուի ժողովարանէն:
23 That is why his parents said, “He is of age; ask him.”
Ուստի անոր ծնողները ըսին. «Ինք չափահաս է, իրե՛ն հարցուցէք»:
24 So they summoned the man who had been blind a second time and said to him: “Give glory to God! We know that this man is a sinner.”
Ուրեմն կրկին կանչեցին այդ մարդը՝ որ կոյր էր, եւ ըսին անոր. «Փա՜ռք տուր Աստուծոյ. մենք գիտե՛նք թէ այդ մարդը մեղաւոր է»:
25 So he answered and said: “That He is a sinner, I do not know. One thing I do know, that having been blind I now see!”
Ան ալ պատասխանեց. «Չեմ գիտեր թէ մեղաւոր է՝ թէ ոչ. մէ՛կ բան գիտեմ, թէ կոյր էի՝ ու հիմա կը տեսնեմ»:
26 So they said to him again: “What did he do to you? How did he open your eyes?”
Դարձեալ ըսին անոր. «Ի՞նչ ըրաւ քեզի, ի՞նչպէս բացաւ աչքերդ»:
27 He answered them: “I already told you and you didn't listen. Why do you want to hear it again? You don't want to become His disciples too, do you?”
Պատասխանեց անոնց. «Արդէ՛ն ըսի ձեզի, ու չլսեցիք. ինչո՞ւ կ՚ուզէք դարձեալ լսել. միթէ դո՞ւք ալ կ՚ուզէք ըլլալ անոր աշակերտները»:
28 They reviled him and said: “You are that fellow's disciple, but we are Moses' disciples.
Իսկ անոնք հեգնելով զայն՝ ըսին. «Դո՛ւն ես անոր աշակերտը, իսկ մենք՝ Մովսէսի՛ աշակերտներն ենք:
29 We know that God spoke to Moses; but this fellow—we don't know where he's from.”
Մենք գիտե՛նք թէ Աստուա՛ծ խօսեցաւ Մովսէսի. բայց չենք գիտեր թէ ասիկա ուրկէ՛ է»:
30 The man answered and said to them: “Why, this is remarkable—you don't know where He is from; yet He opened my eyes!
Մարդը պատասխանեց անոնց. «Ա՛յդ է զարմանալին, որ դուք չէք գիտեր թէ ուրկէ՛ է ան, թէպէտ ի՛նք բացաւ իմ աչքերս:
31 Now we know that God doesn't listen to sinners; but if anyone is God-fearing and does His will, to him He listens.
Գիտենք թէ Աստուած մտիկ չ՚ըներ մեղաւորներուն. բայց եթէ մէկը աստուածապաշտ ըլլայ եւ անոր կամքը գործադրէ՝ մտիկ կ՚ընէ անոր:
32 Since time began it was never heard that anyone opened the eyes of a person born blind. (aiōn g165)
Դարերու սկիզբէն ի վեր լսուած չէ, որ մէկը բացած ըլլայ ծնունդով կոյրի մը աչքերը: (aiōn g165)
33 If this man were not from God he would not be able to do anything.”
Եթէ անիկա Աստուծմէ չըլլար, ոչի՛նչ կրնար ընել»:
34 They answered and said to him, “You were totally born in sins, and you are teaching us?” And they expelled him.
Պատասխանեցին անոր. «Դուն ամբողջովին մեղքերու մէջ ծնած ես, ու մեզի՞ կը սորվեցնես», եւ վտարեցին զայն:
35 Jesus heard that they had expelled him, and finding him He said to him, “Do you believe into the Son of God?”
Յիսուս լսեց թէ վտարեցին զայն. երբ գտաւ զայն՝ ըսաւ անոր. «Դուն կը հաւատա՞ս Աստուծոյ Որդիին»:
36 He answered and said, “And who is He, Lord, that I may believe into Him?”
Ան պատասխանեց. «Տէ՛ր, ո՞վ է՝ որ հաւատամ անոր»:
37 So Jesus said to him, “You have both seen Him and He is the One who is speaking with you.”
Յիսուս ըսաւ անոր. «Թէ՛ տեսար զայն, թէ՛ ալ ի՛նքն է քեզի հետ խօսողը»:
38 So he said, “Lord, I believe!” And he worshiped Him.
Ան ալ ըսաւ. «Կը հաւատա՛մ, Տէ՛ր», ու երկրպագեց անոր:
39 And Jesus said, “I came into this world for judgment, so that those who do not see may see, and those who ‘see’ may become blind.”
Յիսուս ըսաւ. «Ես այս աշխարհը եկայ՝ դատաստանի համար, որպէսզի չտեսնողները՝ տեսնեն, իսկ տեսնողները՝ կուրանան»:
40 And some of the Pharisees who were with Him heard these words and said to Him, “We aren't blind too, are we?”
Փարիսեցիներէն ոմանք, որ իրեն հետ էին, լսելով ասիկա՝ ըսին իրեն. «Միթէ մե՞նք ալ կոյր ենք»:
41 Jesus said to them: “If you were ‘blind’ you would not have sin. But now you say, ‘We see,’ so your sin remains.
Յիսուս ըսաւ անոնց. «Եթէ կոյր ըլլայիք՝ մեղք չէիք ունենար. բայց հիմա կ՚ըսէք. “Կը տեսնե՛նք”. ուրեմն ձեր մեղքը կը մնայ ձեր վրայ»:

< John 9 >