< John 10 >
1 “Most assuredly I say to you, he who does not enter the sheepfold by the door, but climbs up some other way, the same is a thief and a robber.
«Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ա՛ն որ դռնէն չի մտներ ոչխարներուն բակը՝ հապա ուրիշ տեղէ կը բարձրանայ, անիկա գող եւ աւազակ է.
2 But he who enters by the door is a shepherd of the sheep.
բայց ա՛ն որ դռնէն կը մտնէ՝ ոչխարներուն հովիւն է”:
3 To him the doorkeeper opens, and the sheep hear his voice; and he calls his own sheep by name and leads them out.
Դռնապանը կը բանայ անոր, եւ ոչխարները կը լսեն անոր ձայնը. իր ոչխարները կը կանչէ իրենց անունով ու դուրս կը հանէ զանոնք:
4 And whenever he takes out his own sheep he goes ahead of them, and the sheep follow him because they know his voice.
Երբ հանէ իր ոչխարները՝ կ՚երթայ անոնց առջեւէն, ու ոչխարները կը հետեւին իրեն՝ որովհետեւ կը ճանչնան իր ձայնը:
5 But they will not follow a stranger; rather they will run away from him, because they do not know the voice of strangers.”
Սակայն չեն հետեւիր օտարի մը՝ հապա կը փախչին անկէ, որովհետեւ չեն ճանչնար օտարներու ձայնը»:
6 Jesus gave them this illustration, but they did not understand what He was telling them.
Յիսուս ըսաւ անոնց այս առակը, բայց անոնք չէին հասկնար թէ ի՛նչ էր՝ որ կը խօսէր իրենց:
7 Then Jesus addressed them again: “Most assuredly I say to you, I am the door of the sheep.
Ուրեմն Յիսուս դարձեալ ըսաւ անոնց. «Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ե՛ս եմ ոչխարներուն դուռը”:
8 All who ever came before me are thieves and robbers, but the sheep did not listen to them.
Բոլոր անոնք՝ որ եկան ինձմէ առաջ, գող եւ աւազակ էին, բայց ոչխարները մտիկ չըրին անոնց:
9 I am the door. If anyone enters by me, he will be saved, and will go in and out and find pasture.
“Ե՛ս եմ դուռը”. եթէ մէկը ներս մտնէ ինձմէ՝ պիտի փրկուի. պիտի մտնէ ու ելլէ, եւ արօտ գտնէ:
10 The thief comes only in order to steal, and to kill, and to destroy. I have come so that they may have life, and have it abundantly.
Գողը ուրիշ բանի համար չի գար, բայց միայն՝ գողնալու, սպաննելու եւ կորսնցնելու համար: Ես եկայ որ կեա՛նք ունենան, եւ ճոխութեա՛մբ ունենան:
11 “I am the good shepherd. The good shepherd lays down his life on behalf of the sheep.
“Ե՛ս եմ բարի հովիւը”. բարի հովիւը կ՚ընծայէ իր անձը ոչխարներուն համար:
12 But the hired man, not being the shepherd and not owning the sheep, sees the wolf coming and abandons the sheep, and runs away; and the wolf snatches the sheep and scatters them.
Բայց վարձկանը՝ որ հովիւ չէ եւ ոչխարները իր սեփականը չեն, երբ տեսնէ թէ գայլը կու գայ՝ կը թողու ոչխարները ու կը փախչի. եւ գայլը կը յափշտակէ ոչխարները ու կը ցրուէ զանոնք:
13 Now the hired man runs away because he is a hired man and it does not matter to him about the sheep.
Եւ վարձկանը կը փախչի՝ որովհետեւ ինք վարձկան է, ու չի հոգար ոչխարները:
14 “I am the good shepherd, and I know my own sheep, and I am known by them.
“Ե՛ս եմ բարի հովիւը”. կը ճանչնամ իմիններս ու կը ճանչցուիմ իմիններէս:
15 Just as the Father knows me, I also know the Father, and I lay down my life on behalf of the sheep.
Ինչպէս Հայրը կը ճանչնայ զիս՝ ես ալ կը ճանչնամ Հայրը, եւ իմ անձս կ՚ընծայեմ ոչխարներուն համար:
16 I also have other sheep, that are not of this fold; I must bring them also, and they will listen to my voice; and there will be one flock, one shepherd.
Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ՝ որոնք այս բակէն չեն. զանո՛նք ալ պէտք է բերեմ. ու իմ ձայնս պիտի լսեն, եւ ըլլան մէ՛կ հօտ ու մէ՛կ հովիւ:
17 “Because of this the Father loves me, in that I lay down my life so that I may take it up again.
Իմ Հայրս կը սիրէ զիս՝ քանի որ ես իմ անձս կ՚ընծայեմ, որպէսզի դարձեալ առնեմ զայն:
18 No one takes it from me, but I lay it down of myself. I have authority to lay it down, and I have authority to take it up again. This command I have received from my Father.”
Ո՛չ մէկը կ՚առնէ զայն ինձմէ, հապա ե՛ս ինձմէ կ՚ընծայեմ զայն: Իշխանութիւն ունիմ ընծայելու զայն, եւ իշխանութիւն ունիմ դարձեալ առնելու զայն. այս պատուէրը ստացայ իմ Հօրմէս»:
19 Therefore there was another division among the Jews because of these words.
Այս խօսքերուն համար՝ դարձեալ պառակտում եղաւ Հրեաներուն մէջ:
20 Many of them were saying: “He has a demon and is raving mad. Why do you listen to him?”
Անոնցմէ շատեր կ՚ըսէին. «Դե՛ւ կայ ատոր մէջ, ու խելագարած է. ինչո՞ւ մտիկ կ՚ընէք ատոր»:
21 Others were saying: “These are not the sayings of someone who is demonized. A demon cannot open blind people's eyes, can it?”
Ուրիշներ կ՚ըսէին. «Այս խօսքերը դիւահարի խօսքեր չեն. միթէ դեւը կրնա՞յ բանալ կոյրերուն աչքերը»:
22 Now it was the Feast of Dedication in Jerusalem; and it was winter.
Այդ ատեն Երուսաղէմի մէջ Նաւակատիքի տօնը կը կատարուէր՝՝, ու ձմեռ էր.
23 And Jesus was walking about in the temple, in Solomon's porch.
Յիսուս կը քալէր տաճարին մէջ՝ Սողոմոնի սրահը:
24 Then the Jews surrounded Him and said to Him: “How long will you keep us in suspense? If you are the Christ, tell us plainly.”
Ուստի Հրեաները շրջապատեցին զինք եւ ըսին իրեն. «Մինչեւ ե՞րբ պիտի մտատանջես մեզ. եթէ Քրիստոսը դո՛ւն ես՝ բացորոշապէս ըսէ՛ մեզի»:
25 Jesus answered them: “I did tell you, and you do not believe. The works that I do in my Father's name—these testify concerning me.
Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Ըսի՛ ձեզի, ու չէք հաւատար: Այն գործերը՝ որ ես կ՚ընեմ իմ Հօրս անունով, անո՛նք կը վկայեն իմ մասիս:
26 But you do not believe because you are not among my sheep, just like I told you.
Բայց դուք չէք հաւատար՝ որովհետեւ իմ ոչխարներէս չէք, ինչպէս ըսի ձեզի՝՝:
27 My sheep hear my voice, and I know them, and they follow me.
Իմ ոչխարներս կը լսեն իմ ձայնս, ես ալ կը ճանչնամ զանոնք, եւ կը հետեւին ինծի:
28 And I give them eternal life, and they will never ever be wasted; and no one will snatch them out of my hand. (aiōn , aiōnios )
Ես կու տամ անոնց յաւիտենական կեանքը, ու յաւիտեա՛ն պիտի չկորսուին, եւ ո՛չ մէկը պիտի յափշտակէ զանոնք իմ ձեռքէս: (aiōn , aiōnios )
29 My Father, who has given them to me, is greater than all; and no one is able to snatch out of my Father's hand.
Իմ Հայրս՝ որ ինծի տուաւ զանոնք՝ բոլորէն մեծ է, ու ո՛չ մէկը կրնայ յափշտակել իմ Հօրս ձեռքէն:
30 I and the Father are one.”
Ես եւ Հայրը մէկ ենք»:
31 Therefore the Jews picked up stones again to stone Him.
Ուստի Հրեաները դարձեալ քարեր վերցուցին՝ որպէսզի քարկոծեն զինք:
32 Jesus answered them: “Many good works I have shown you from my Father. For which one of them are you stoning me?”
Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Շատ բարի գործեր ցոյց տուի ձեզի՝ իմ Հօրմէս. անոնցմէ ո՞ր գործին համար կը քարկոծէք զիս»:
33 The Jews answered Him saying, “It is not for a good work that we are stoning you, but for blasphemy; precisely because you, being a man, make yourself God!”
Հրեաները պատասխանեցին անոր. «Քեզ չենք քարկոծեր բարի գործի համար, հապա՝ հայհոյութեան համար. որովհետեւ դո՛ւն՝ որ մարդ ես, դուն քեզ Աստուա՛ծ կ՚ընես»:
34 Jesus answered them: “Is it not written in your law, ‘I said, you are gods’?
Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Միթէ ձեր Օրէնքին մէջ գրուած չէ՞. “Ես ըսի. "Դուք աստուածներ էք"”:
35 If He called them ‘gods’ to whom the Word of God came—and the Scripture cannot be broken—
Եթէ աստուածներ կը կոչէ անոնք՝ որոնց տրուեցաւ Աստուծոյ խօսքը, (ու կարելի չէ որ այդ գրուածը աւրուի, )
36 do you say ‘You are blaspheming’ to the One the Father sanctified and sent into the world because I said, ‘I am God's Son’?
հապա զայն՝ որ Հայրը սրբացուց եւ աշխարհ ղրկեց, դուք ի՞նչպէս կ՚ըսէք անոր. “Կը հայհոյե՛ս”, որովհետեւ ըսի. “Աստուծոյ Որդի եմ”:
37 If I am not doing the works of my Father, do not believe me.
Եթէ չեմ ըներ իմ Հօրս գործերը՝ մի՛ հաւատաք ինծի:
38 But if I am doing them, even though you do not believe me, believe the works, so that you may know and believe that the Father is in me, and I in Him.”
Իսկ եթէ կ՚ընեմ, թէպէտ չէք հաւատար ինծի՝ գոնէ գործերո՛ւն հաւատացէք, որպէսզի գիտնաք եւ հաւատաք թէ Հայրը իմ մէջս է, ու ես՝ անոր մէջ»:
39 So they tried again to seize Him, but He escaped from their hand.
Դարձեալ կը ջանային ձերբակալել զայն. բայց գնաց անոնց ձեռքէն,
40 He went away again across the Jordan, to the place where John was baptizing at first; and He remained there.
եւ դարձեալ մեկնեցաւ Յորդանանի միւս կողմը, այն տեղը՝ ուր Յովհաննէս նախապէս կը մկրտէր, ու մնաց հոն:
41 And many came to Him and said, “Though John did not perform any sign, everything John said about this man was true.”
Շատեր գացին անոր եւ ըսին. «Իրա՛ւ Յովհաննէս նշա՛ն մը չըրաւ.
42 And many of the people there believed into Him.
բայց ի՛նչ որ Յովհաննէս ըսաւ ասոր մասին՝ ամէնը ճշմարիտ էր»: Ու հոն շատեր հաւատացին անոր: