< Galatians 1 >

1 Paul, an apostle—not from men nor through a man, but through Jesus Christ and God the Father, who raised Him from the dead—
Պօղոս, առաքեալ եղած՝ ո՛չ մարդոցմէ, ո՛չ ալ մարդու միջոցով, հապա Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, եւ Հայր Աստուծոյ՝ որ մեռելներէն յարուցանեց զայն,
2 and all the brothers with me, to the congregations in Galatia:
ու բոլոր եղբայրները՝ որ ինծի հետ են, Գաղատիայի եկեղեցիներուն.
3 Grace to you and peace from God the Father and our Lord Jesus Christ,
շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Հայր Աստուծմէ, ու մեր Տէրոջմէն՝ Յիսուս Քրիստոսէ,
4 who gave Himself for our sins, so that He might deliver us out of this present malignant age, according to the will of our God and Father, (aiōn g165)
որ ընծայեց ինքզինք մեր մեղքերուն համար, որպէսզի ազատէ մեզ այս ներկայ չար աշխարհէն՝ Աստուծոյ եւ մեր Հօր կամքին համաձայն, (aiōn g165)
5 to whom be the glory forever and ever. Amen. (aiōn g165)
որուն փա՜ռք դարէ դար՝՝: Ամէն: (aiōn g165)
6 I am sadly surprised that you are turning away so quickly from the one who called you by the grace of Christ, to a different gospel
Կը զարմանամ որ ա՛յդչափ շուտ անցած էք այն աւետարանէն՝ որ կանչեց ձեզ Քրիստոսի շնորհքին, ուրիշ աւետարանի մը.
7 —it is not a mere variation, but certain people are unsettling you and wanting to distort the Gospel of the Christ.
ան ուրիշ աւետարան մը չէ, այլ կան ոմանք՝ որ կը վրդովեն ձեզ, ու կ՚ուզեն խեղաթիւրել Քրիստոսի աւետարանը:
8 Now even if we, or an angel out of heaven, should preach any other gospel to you than what we have preached to you, let him be accursed!
Բայց նոյնիսկ եթէ մենք, կամ երկինքէն հրեշտակ մը, քարոզէ ձեզի ուրիշ որեւէ աւետարան՝ քան զայն որ մենք քարոզեցինք ձեզի, նզովեա՛լ ըլլայ:
9 As we have just said, I here emphatically repeat: If anyone preaches any other gospel to you than what you have received, let him be accursed!
Ինչպէս նախապէս ըսինք, հիմա ալ ես դարձեալ կ՚ըսեմ. «Եթէ մէ՛կը քարոզէ ձեզի ուրիշ որեւէ աւետարան՝ քան զայն որ դուք ընդունեցիք, նզովեա՛լ ըլլայ»:
10 Am I just now appealing to men, or to God? Or am I trying to please men? You see, if I were still pleasing men I would not be a slave of Christ.
Որովհետեւ հիմա մարդի՞կ կը համոզեմ՝ թէ Աստուած. կամ մարդի՞կ կը ջանամ հաճեցնել: Քանի որ եթէ ես տակաւին մարդիկ հաճեցնէի, ա՛լ Քրիստոսի ծառայ չէի ըլլար:
11 Now I want you to know, brothers, that the Gospel preached by me is not according to man;
Բայց ձեզի կը ծանուցանեմ, եղբայրնե՛ր, թէ ինձմէ քարոզուած աւետարանը՝ մարդու համաձայն չէ:
12 because I did not receive it from any man, nor was I taught it; rather it came through a revelation from Christ.
Որովհետեւ ես զայն ո՛չ մարդէ ընդունեցի, ո՛չ ալ մէկէ մը սորվեցայ, հապա՝ Յիսուս Քրիստոսի յայտնութեան միջոցով:
13 You have heard of my former conduct while in Judaism, how I was rabid in my persecution of God's Church and tried to annihilate it;
Քանի որ դուք լսած էք իմ նախկին վարքիս մասին՝ հրէութեան մէջ, թէ ի՛նչպէս չափէն աւելի կը հալածէի Աստուծոյ եկեղեցին, ու կը տապալէի զայն:
14 indeed I was advancing in Judaism beyond many Jews of my own age, being far more zealous for the traditions of my forefathers.
Եւ հրէութեան մէջ կը յառաջդիմէի՝ աւելի քան իմ ցեղիս մէջ եղած շատ մը հասակակիցներս, գերազանցօրէն աւելի նախանձախնդիր ըլլալով հայրերուս աւանդութիւններուն:
15 But when God—who set me apart from my mother's womb and called me through His grace—resolved
Բայց երբ Աստուած, (որ զատեց զիս մօրս որովայնէն եւ կանչեց իր շնորհքին միջոցով, )
16 to reveal His Son in me so that I might proclaim Him among the nations/Gentiles, I did not start by consulting with flesh and blood,
բարեհաճեցաւ իր Որդին յայտնել ինծի, որպէսզի աւետեմ զայն հեթանոսներուն մէջ, իսկոյն՝ մարմինին եւ արիւնին հետ չխորհրդակցեցայ,
17 nor did I go up to Jerusalem to those who were apostles before I was; rather I went off into Arabia, and then returned to Damascus.
ո՛չ ալ Երուսաղէմ ելայ՝ ինձմէ առաջ առաքեալ եղողներուն քով, հապա Արաբիա գացի, ապա դարձեալ Դամասկոս վերադարձայ:
18 Subsequently, after three years, I went up to Jerusalem to compare notes with Peter, and stayed with him fifteen days.
Յետոյ՝ երեք տարի ետք՝ Երուսաղէմ ելայ Պետրոսը տեսնելու, եւ տասնհինգ օր անոր հետ կեցայ:
19 (I saw none of the other apostles except James, the Lord's brother.
Սակայն առաքեալներէն ուրիշ ո՛չ մէկը տեսայ, այլ միայն Յակոբոսը՝ Տէրոջ եղբայրը:
20 Really, before God, I am not lying in what I write to you.)
Ինչ որ կը գրեմ ձեզի, ահա՛ Աստուծոյ առջեւ կը հաստատեմ, թէ չեմ ստեր:
21 Then I went into the regions of Syria and Cilicia.
Ապա գացի Սուրիայի ու Կիլիկիայի շրջանները:
22 So I remained unknown by face to the congregations of Judea (those in Christ)
Ես դէմքով անծանօթ էի Հրէաստանի մէջ եղած Քրիստոսի եկեղեցիներուն.
23 —they just kept hearing that “He who once persecuted us now proclaims the faith he formerly tried to destroy.”
անոնք միայն լսած էին թէ “ա՛ն որ ժամանակին կը հալածէր մեզ, հիմա կ՚աւետէ այն հաւատքը՝ որ ատենօք կը տապալէր”,
24 And they glorified God about me.
եւ ինձմով կը փառաւորէին Աստուած:

< Galatians 1 >