< Ephesians 1 >
1 Paul, apostle of Jesus Christ by the will of God, to the saints who are at Ephesus, that is, the faithful in Christ Jesus:
Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալ, Եփեսոսի մէջ եղած սուրբերուն ու Քրիստոս Յիսուսով հաւատարիմներուն.
2 Grace to you and peace from God our Father and Sovereign Jesus Christ.
շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ:
3 Blessed be the God and Father of our Lord Jesus Christ, who has blessed us with every spiritual blessing in the heavenly realms in Christ;
Օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած եւ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ Քրիստոսով օրհնեց մեզ ամէն տեսակ հոգեւոր օրհնութիւններով՝ երկնային վայրերու մէջ,
4 just as He[F] chose us in Him[S] before the foundation of the world, that we should be holy and blameless before Him[F], in love,
ինչպէս անով ընտրեց մեզ աշխարհի հիմնադրութենէն առաջ, որպէսզի մենք իր առջեւ սուրբ եւ անարատ ըլլանք սիրոյ մէջ:
5 having predestined us into an adoption as sons through Jesus Christ, into Him[S], according to the good pleasure of His[F] will,
Նախասահմանեց մեզ իր որդեգրութեան՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, իր կամքին բարեհաճութեան համաձայն,
6 to the praise of the glory of His grace, with which He graced us in the Beloved;
որպէսզի գովաբանենք իր շնորհքին փառքը. անո՛վ ընդունելի դարձուց մեզ՝ Սիրելիին միջոցով:
7 in whom we have the redemption through His[S] blood, the forgiveness of our trespasses, according to the riches of His[F] grace,
Իրմով մենք ունինք ազատագրութիւն՝ իր արիւնին միջոցով, ու մեղքերու ներում՝ իր շնորհքին ճոխութեան համեմատ.
8 that He made to abound toward us in all wisdom and intelligent design,
անո՛վ ճոխացուց մեզ՝ ամբողջ իմաստութեամբ եւ ուշիմութեամբ:
9 having made known to us the ‘secret’ of His will, according to His good pleasure which He purposed in Him[S],
Գիտցուց մեզի իր կամքին խորհուրդը՝ իր բարեհաճութեան համաձայն, որ իր մէջ՝՝ առաջադրած էր.
10 with a view to administering the fullness of the times, so as to bring all things together under one head in Christ—those on the heavens and those on the earth—in Him[S],
որպէսզի ժամանակներու լրումին տնտեսութեան մէջ՝ Քրիստոսով համախմբէ ամէն բան, անոր մէջ միացնէ թէ՛ երկինքի մէջ եղողները, թէ՛ երկրի վրայ եղողները:
11 in whom we were also assigned an inheritance, having been predestined according to the purpose of Him[F] who works all things according to the decision of His will,
Անով ստացանք նաեւ ժառանգութիւն մը, նախասահմանուած ըլլալով համաձայն առաջադրութեան անո՛ր՝ որ կը ներգործէ ամէն բան իր կամքին ծրագիրին համաձայն,
12 so that we should be to the praise of His glory, we who first trusted in the Christ;
որպէսզի մենք՝ նախապէս Քրիստոսի ապաւինողներս՝ գովութիւն ըլլանք իր փառքին:
13 about whom, to be sure, we had heard the true Word—the Gospel of your salvation; by whom, since you also believed, you were sealed with the Holy Spirit of promise,
Դո՛ւք ալ ապաւինեցաք անոր՝ երբ լսեցիք ճշմարտութեան խօսքը, ձեր փրկութեան աւետարանը, եւ հաւատալէ ետք անոր՝ կնքուեցաք խոստացեալ Սուրբ Հոգիով,
14 who is the down payment on our inheritance until the release of the possession, to the praise of His glory.
որ մեր ժառանգութեան գրաւականն է մինչեւ ստացուածքին ազատագրութիւնը՝ իր փառքին գովութեան համար:
15 Because of this, having heard about your faith in the Lord Jesus and your love toward all the saints,
Ուստի ես ալ, լսելէ ետք Տէր Յիսուսի վրայ ձեր ունեցած հաւատքին ու բոլոր սուրբերուն հանդէպ ձեր ունեցած սիրոյն մասին,
16 I really do not stop giving thanks for you, making mention of you in my prayers:
չեմ դադրիր շնորհակալ ըլլալէ ձեզի համար՝ յիշելով ձեզ իմ աղօթքներուս մէջ.
17 that the God of our Lord, Jesus Christ, the Father of glory, may give you the spirit of wisdom and revelation in the real knowledge of Himself,
որպէսզի մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածը, փառքի Հայրը, տայ ձեզի իմաստութեան եւ յայտնութեան հոգին՝ իր գիտակցութեամբ:
18 the eyes of your heart having been enlightened, that you may know 1) what is the hope of His[F] calling, and 2) what the riches of the glory of His inheritance in the saints,
Որպէսզի ձեր միտքին աչքերը լուսաւորուելով՝ գիտնաք թէ ի՛նչ է անոր կոչումին յոյսը, ի՛նչ է անոր ժառանգութեան փառքին ճոխութիւնը՝ սուրբերուն մէջ,
19 and 3) what the exceeding greatness of His power into us who are believing, according to the demonstration of the extent of His might
եւ ի՛նչ է իր զօրութեան գերազանց մեծութիւնը հաւատացեալներուս մէջ՝ գործադրութեան համեմատ իր ուժեղ զօրութեան,
20 which He exercised in the Christ when He raised Him[S] from among the dead and seated Him at His[F] right, in the heavenly realms,
որ ներգործեց Քրիստոսի մէջ՝ երբ մեռելներէն յարուցանեց զայն ու բազմեցուց իր աջ կողմը՝ երկինքի մէջ,
21 far above every ruler and authority and power and dominion—even every name that can be named, not only in this age but also in the next. (aiōn )
ամէն պետութենէ, իշխանութենէ, զօրութենէ եւ տէրութենէ շատ աւելի վեր, ու ամէն անունէ վեր՝ որ կ՚անուանուի, ո՛չ միայն այս աշխարհին մէջ, հապա նաեւ գալիքին մէջ: (aiōn )
22 In short, He[F] placed everything under His[S] feet, and appointed Him to be Head over everything in the Church,
Դրաւ ամէն բան անոր ոտքերուն տակ, ու տուաւ զայն՝ իբր գլուխ ամէն բանի վրայ՝ եկեղեցիին,
23 which is His body, the complement of Him who fills everything in every way.
որ անոր մարմինն է, լրումը անոր՝ որ կը լեցնէ ամէն ինչ՝ բոլորին մէջ: