< 1 Corinthians 15 >

1 Now, brothers, I want to add information to the Gospel that I proclaimed to you, that you also received, and in which you stand;
Եղբայրնե՛ր, կը գիտցնեմ ձեզի այն աւետարանը՝ որ քարոզեցի ձեզի, ու դուք ալ ընդունեցիք եւ անոր մէջ հաստատ կը կենաք:
2 through which also you are saved, if you hold fast that word that I proclaimed to you—unless you believed in vain.
Անով նաեւ կը փրկուիք, եթէ յիշողութեան մէջ պահէք ինչ որ աւետեցի ձեզի. այլապէս՝ զուր տեղը հաւատացած կ՚ըլլաք:
3 Because I transmitted to you at first that which I also received: that Christ died for our sins according to the Scriptures,
Որովհետեւ նախ աւանդեցի ձեզի այն՝ որ ես ալ ընդունեցի, թէ Քրիստոս մեռաւ մեր մեղքերուն համար՝ Գիրքերուն համաձայն,
4 and that He was buried, and that He was raised on the third day according to the Scriptures,
թաղուեցաւ, յարութիւն առաւ երրորդ օրը՝ Գիրքերուն համաձայն,
5 and that He was seen by Cephas, then by the Twelve.
ու երեւցաւ Կեփասի, ապա տասներկուքին:
6 After that He was seen by over five hundred brothers at once, most of whom are still living, while some have fallen asleep.
Յետոյ միաժամանակ երեւցաւ հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու, որոնց մեծ մասը կը մնայ մինչեւ այժմ, իսկ ոմանք ալ ննջեցին:
7 After that He was seen by James, then by all the apostles.
Ապա երեւցաւ Յակոբոսի, յետոյ՝ բոլոր առաքեալներուն:
8 And last of all He was seen by me also, like one born out of season.
Բոլորէն ետք՝ երեւցաւ նաեւ ինծի, որպէս թէ վիժածի մը:
9 For I am the least of the apostles, who am not worthy to be called an apostle, because I persecuted the Church of God.
Որովհետեւ ես առաքեալներուն փոքրագոյնն եմ, եւ արժանի ալ չեմ առաքեալ կոչուելու, քանի որ հալածեցի Աստուծոյ եկեղեցին:
10 But by the grace of God I am what I am, and His grace toward me has not been in vain; in fact, I have worked harder than all of them—well, not I, but the grace of God that was with me.
Բայց Աստուծոյ շնորհքո՛վն եմ՝ ինչ որ եմ: Եւ անոր շնորհքը՝ որ իմ վրաս է, ընդունայն չեղաւ. հապա ես անոնց բոլորէն շա՛տ աւելի աշխատեցայ. սակայն ո՛չ թէ ես, հապա Աստուծոյ շնորհքը՝ որ ինծի հետ էր:
11 So whether it was I or they, thus we preached and thus you believed.
Ուստի՝ թէ՛ ես, թէ՛ անոնք ա՛յսպէս կը քարոզենք, ու դուք ա՛յսպէս հաւատացիք:
12 Now if Christ is being proclaimed as having been raised from among the dead, how can some among you say that there is no resurrection of the dead?
Ուրեմն եթէ կը քարոզուի թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ի՞նչպէս ձեզմէ ոմանք կ՚ըսեն թէ “մեռելներու յարութիւն չկայ”:
13 If there is no resurrection of the dead, not even Christ has been raised.
Բայց եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ, ուրեմն Քրիստո՛ս ալ յարութիւն առած չէ:
14 And if Christ has not been raised, then our preaching is empty, and so is your faith!
Ու եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ուրեմն մեր քարոզութիւնը ունայն է, ու ձեր հաւատքն ալ ունայն է:
15 Further, we are even discovered to be false witnesses of God, because we have testified about God that He raised the Christ, whom He did not raise, if in fact the dead are not raised.
Իսկ մենք ալ Աստուծոյ սուտ վկաները կ՚ըլլանք, որովհետեւ Աստուծոյ համար վկայեցինք թէ մեռելներէն յարուցանեց Քրիստոսը. մինչդեռ յարուցանած չէ զայն, եթէ ի՛րապէս մեռելները յարութիւն չեն առներ:
16 For if no dead are raised, neither has Christ been raised.
Քանի որ եթէ մեռելները յարութիւն չեն առներ, Քրիստոս ալ յարութիւն առած չէ.
17 And if Christ has not been raised, your faith is useless; you are still in your sins.
ու եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չէ, ձեր հաւատքը փուճ է, եւ տակաւին ձեր մեղքերուն մէջ էք.
18 Then those also who have fallen asleep in Christ are lost.
ուրեմն Քրիստոսով ննջեցեալներն ալ կորսուած են:
19 If it is only for this life that we have hoped in Christ, we are of all men most pitiable.
Եթէ միայն այս կեանքին համար Քրիստոսի յուսացած ենք, մենք բոլոր մարդոցմէն աւելի խղճալի ենք:
20 But indeed, Christ has been raised from the dead; He became the firstfruits of those who have fallen asleep.
Իսկ հիմա՝ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ու եղած երախայրիքը անոնց՝ որ ննջեցին:
21 For since death came through a man, resurrection of the dead also came through a man.
Որովհետեւ՝ քանի մարդով եղաւ մահը, մարդո՛վ ալ եղաւ մեռելներու յարութիւնը:
22 For as all in Adam are dying, so also all in the Christ will be made alive.
Որովհետեւ ինչպէս Ադամով բոլորը կը մեռնին, նոյնպէս ալ Քրիստոսով բոլորը կեանք պիտի ստանան:
23 But each one in his own order: Christ the firstfruits, then those who belong to Christ at His coming;
Բայց իւրաքանչիւրը իր կարգով. նախ երախայրիքը՝ Քրիստոս, յետոյ Քրիստոսի պատկանողները՝ իր գալուստին:
24 then the end, when He hands over the Kingdom to the God and Father, whenever He puts an end to every ruler and all authority and power.
Ապա պիտի գայ վախճանը, երբ թագաւորութիւնը պիտի յանձնէ Աստուծոյ՝ Հօրը, ոչնչացնելէ ետք ամէն պետութիւն, ամէն իշխանութիւն ու զօրութիւն:
25 Because it is necessary that He reign until He has put all the enemies under His feet.
Որովհետեւ ան պէտք է թագաւորէ, մինչեւ որ բոլոր թշնամիները դնէ իր ոտքերուն տակ:
26 The last enemy that will be destroyed is death.
Վերջին թշնամին որ պիտի ոչնչացուի՝ մահն է, որովհետեւ Գիրքը կ՚ըսէ. «Ամէն բան դրաւ անոր ոտքերուն տակ».
27 For “He has put all things under His feet.” But when it says that all things have been subordinated, it is obvious that He who put all things under Him is excepted.
Բայց երբ կ՚ըսէ թէ “ամէն բան դրուած է անոր տակ”, բացայայտ է թէ բացի անկէ՝ որ ամէն բան դրաւ անոր տակ:
28 Now whenever all things have been subjected to Him, then the Son Himself will also be subjected to Him who subjected all things to Him, so that God may be all in all.
Ու երբ ամէն բան հպատակի անոր, այն ատեն Որդին՝ ինք ալ՝ պիտի հպատակի անո՛ր՝ որ ամէն բան դրաւ իրեն տակ, որպէսզի Աստուած ըլլայ ամէն ինչ՝ բոլորին մէջ:
29 Otherwise, what will they do who are being baptized in place of the dead? If the dead are not raised at all, just why are they being baptized in the place of the dead?
Այլապէս, ի՞նչ պիտի ընեն անոնք՝ որ կը մկրտուին մեռելներուն համար, եթէ մեռելները երբե՛ք յարութիւն չեն առներ: Ուրեմն ինչո՞ւ կը մկրտուին անոնց համար.
30 And why do we face danger every hour?
եւ ինչո՞ւ մենք ալ վտանգի մէջ ենք ամէն ժամ:
31 I die every day—so I affirm by the boasting about you that I have in Christ Jesus our Lord.
Ես ամէն օր կը մեռնիմ. վկայ կը բերեմ այն պարծանքը՝ որ ունիմ ձեր վրայ Քրիստոս Յիսուսով՝ մեր Տէրոջմով:
32 If I fought human ‘animals’ in Ephesus, what did I gain? If the dead are not raised, “Let us eat and drink, for tomorrow we die!”
Եթէ Եփեսոսի մէջ կռուած ըլլայի գազաններու դէմ՝ մարդոց նման, ի՞նչ օգուտ էր ինծի, եթէ մեռելները յարութիւն չեն առներ. ուտենք՝՝ ու խմենք, որովհետեւ վաղը պիտի մեռնինք:
33 Stop kidding yourselves: evil associations corrupt good habits.
Մի՛ մոլորիք. չար ընկերակցութիւնները կ՚ապականեն բարի բարքը:
34 Sober up righteously, and stop sinning, for some have no knowledge of God. I say this to your shame.
Սթափեցէ՛ք արդարութեամբ ապրելու համար, ու մի՛ մեղանչէք. որովհետեւ ձեզմէ ոմանք չունին Աստուծոյ գիտութիւնը. ասիկա կ՚ըսեմ՝ ձեզ ամչցնելու համար:
35 But someone will say, “How are the dead raised? With what kind of body do they come?”
Բայց մէկը պիտի ըսէ. «Ի՞նչպէս մեռելները յարութիւն կ՚առնեն, եւ ի՞նչ մարմինով կու գան»:
36 Ignorant, what you plant is not brought to life unless it dies.
Ա՛նմիտ, ինչ որ դուն կը սերմանես՝ կեանք չի ստանար եթէ չմեռնի:
37 And what you plant is a bare seed (perhaps of wheat or some one of the others); you do not plant the body that it will become.
Իսկ ինչ որ կը սերմանես, ո՛չ թէ այն մարմինը որ պիտի բուսնի՝ կը սերմանես, հապա մերկ հատիկը, ըլլայ ան ցորենի թէ ուրիշ սերմի.
38 But God gives it a body just as He determined, to each of the seeds its own body.
բայց Աստուած մարմին կու տայ անոր՝ ինչպէս կը կամենայ, եւ իւրաքանչիւր սերմին՝ իր յատուկ մարմինը:
39 All flesh is not the same flesh: that of humans is one kind, and the flesh of animals is another, that of fish is another, that of birds is yet another.
Ամէն մարմին նոյն մարմինը չէ. հապա ուրի՛շ է մարդոց մարմինը, ուրիշ՝ անասուններուն մարմինը, ուրիշ՝ ձուկերունը, եւ ուրիշ՝ թռչուններունը:
40 There are also celestial bodies and terrestrial bodies; but the glory of the heavenly is one, while that of the earthly is another.
Կան նաեւ երկնաւոր մարմիններ ու երկրաւոր մարմիններ. բայց երկնաւորներուն փառքը ուրի՛շ է, երկրաւորներունը՝ ուրիշ:
41 There is one splendor of the sun, another splendor of the moon, and another splendor of the stars; and star differs from star in brightness.
Արեւին փառքը ուրիշ է, լուսինին փառքը՝ ուրիշ, եւ աստղերուն փառքը՝ ուրիշ. որովհետեւ մէկ աստղը փառքով կը տարբերի միւս աստղէն:
42 The resurrection of the dead is like that: the body is ‘planted’ in deterioration and it is raised in incorruptibility;
Այսպէս է նաեւ մեռելներուն յարութիւնը: Մարմինը կը սերմանուի ապականութեամբ, եւ յարութիւն կ՚առնէ անապականութեամբ.
43 it is ‘planted’ in dishonor and it is raised in glory; it is ‘planted’ in weakness and it is raised in power;
կը սերմանուի անպատուութեամբ, ու յարութիւն կ՚առնէ փառքով. կը սերմանուի տկարութեամբ, եւ յարութիւն կ՚առնէ զօրութեամբ:
44 it is ‘planted’ a natural body and it is raised a spiritual body. There is a natural body and there is a spiritual body.
Կը սերմանուի իբր շնչաւոր մարմին, ու յարութիւն կ՚առնէ իբր հոգեւոր մարմին: Շնչաւոր մարմին կայ, նաեւ հոգեւոր մարմին կայ,
45 So also it is written: “The first man, Adam, became a living being”; the last Adam became a life-giving spirit.
եւ սա՛ գրուած է. «Առաջին մարդը՝ Ադամ՝ եղաւ ապրող անձ». իսկ վերջին Ադամը՝ ապրեցնող հոգի:
46 However, the spiritual is not first, but the natural, and then the spiritual.
Բայց ո՛չ թէ նախ հոգեւորը, հապա՝ շնչաւորը, ու յետո՛յ՝ հոգեւորը:
47 The first man was of the earth, of soil; the second man was the Lord from heaven.
Առաջին մարդը երկրէն է՝ հողեղէն, բայց երկրորդ մարդը Տէրն է՝ երկինքէն:
48 As was the earth-man, just so are the earth-people; and as was the heaven-man, just so are the heaven-people.
Ինչպէս հողեղէնն է՝ նոյնպէս ալ հողեղէններն են, եւ ինչպէս երկնաւորն է՝ նոյնպէս ալ երկնաւորներն են:
49 And just as we have borne the image of the earth-man, we should also bear the image of the heaven-man.
Ինչպէս կը կրենք հողեղէնին պատկերը, նաեւ պիտի կրենք երկնաւորին պատկերը:
50 Now this I say, brothers, that flesh and blood cannot inherit the Kingdom of God; neither will deterioration inherit incorruptibility.
Ուրեմն սա՛ կ՚ըսեմ, եղբայրնե՛ր, թէ մարմին եւ արիւն չեն կրնար ժառանգել Աստուծոյ թագաւորութիւնը, ո՛չ ալ ապականութիւնը կը ժառանգէ անապականութիւն:
51 And now, I tell you a mystery: we will not all sleep, but we will all be changed
Ահա՛ կը յայտնեմ ձեզի խորհուրդ մը. «Բոլորս պիտի չննջենք, բայց բոլորս ալ պիտի փոխուինք.
52 —in a split second, in an eye twinkle, at the last trumpet—the trumpet will blast and the dead will be raised incorruptible, and we will be changed.
անմի՛ջապէս, ակնթարթի մը մէջ, վերջին փողին հնչելու ատենը. որովհետեւ փողը պիտի հնչէ, մեռելները յարութիւն պիտի առնեն՝ առանց ապականութեան, ու մենք ալ պիտի փոխուինք»:
53 Because this corruptible must put on incorruption, and this mortal put on immortality.
Որովհետեւ պէտք է որ այս ապականացու մարմինը հագնի անապականութիւն, եւ այս մահկանացուն հագնի անմահութիւն:
54 So whenever this corruptible puts on incorruption and this mortal puts on immortality, then this written word will happen: “Death has been swallowed down into victory.”
Ուստի երբ այս ապականացու մարմինը հագնի անապականութիւն, եւ այս մահկանացուն հագնի անմահութիւն, այն ատեն պիտի իրագործուի այն խօսքը՝ որ գրուեցաւ. «Մահը ընկղմեցաւ յաղթութեան մէջ»:
55 “Where, O Death, is your sting? Where, O Hades, is your victory?” (Hadēs g86)
«Մա՛հ, ո՞ւր է խայթոցդ. դժո՛խք, ո՞ւր է յաղթութիւնդ»: (Hadēs g86)
56 The stinger of death is sin, and the adjunct of sin is the law.
Մահուան խայթոցը մեղքն է, ու մեղքին զօրութիւնը՝ Օրէնքը:
57 Now thanks be to God who gives us the victory through our Lord Jesus Christ!
Բայց շնորհակալութի՛ւն Աստուծոյ, որ մեզի յաղթութիւն կու տայ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով:
58 So then, my dear brothers, be steadfast, immovable, always abounding in the work of the Lord, knowing that your labor is not in vain in the Lord.
Հետեւաբար, սիրելի՛ եղբայրներս, հաստատո՛ւն եւ անշա՛րժ եղէք, ու ամէն ատեն յառաջդիմեցէ՛ք Տէրոջ գործին մէջ, գիտնալով թէ ձեր աշխատանքը ընդունայն չէ Տէրոջմով:

< 1 Corinthians 15 >