< 1 Corinthians 14 >

1 Pursue love, and desire the spiritual gifts, but especially that you may prophesy.
Սիրո՛յ հետամուտ եղէք, ու նախանձախնդի՛ր եղէք հոգեւոր պարգեւներու, մա՛նաւանդ՝ մարգարէանալու:
2 Because he who speaks in a ‘language’ is not speaking to people but to God, since no one understands; in spirit he speaks mysteries.
Որովհետեւ ա՛ն որ կը խօսի անծանօթ լեզուով, կը խօսի ո՛չ թէ մարդոց՝ հապա Աստուծոյ, քանի որ ո՛չ մէկը կը հասկնայ զինք. սակայն ան խորհուրդներ կ՚արտայայտէ հոգիով:
3 But he who prophesies speaks edification and exhortation and comfort to people.
Իսկ ա՛ն որ կը մարգարէանայ, կը խօսի մարդո՛ց՝ շինութիւն, յորդոր եւ սփոփանք տալու:
4 The one speaking in a ‘language’ edifies himself, but he who prophesies edifies the congregation.
Ա՛ն որ անծանօթ լեզուով կը խօսի՝ ինքզի՛նք կը շինէ. բայց ա՛ն որ կը մարգարէանայ՝ եկեղեցի՛ն կը շինէ:
5 I could wish that you all spoke in ‘languages’, but even more that you might prophesy; because the one prophesying is greater than the one speaking in ‘languages’ (unless he interprets), so that the congregation may receive edification.
Կ՚ուզեմ որ դուք բոլորդ լեզուներ խօսիք, մա՛նաւանդ՝ մարգարէանաք. որովհետեւ ա՛ն որ կը մարգարէանայ, աւելի մեծ է քան ա՛ն որ լեզուներ կը խօսի, բացի եթէ ինք թարգմանէ՝ որպէսզի եկեղեցին շինութիւն ստանայ:
6 Now then, brothers, what good will I do you if I come to you speaking in ‘languages’ instead of addressing you with revelation, or with knowledge, or with prophecy, or with teaching?
Իսկ հիմա, եղբայրնե՛ր, եթէ ես գամ ձեզի՝ լեզուներ խօսելով, ի՞նչ օգուտ պիտի ստանաք ինձմէ, եթէ չխօսիմ ձեզի կա՛մ յայտնութեամբ, կա՛մ գիտութեամբ, կա՛մ մարգարէութեամբ եւ կա՛մ ուսուցումով:
7 Take lifeless things like a flute or a harp; if they make no distinction in the notes when they produce sound, how will it be known what is being piped or harped?
Ձայն տուող անշունչ բաներն անգամ, ըլլա՛յ սրինգ թէ քնար, եթէ հնչիւններու զանազանութիւն չտան, ի՞նչպէս պիտի ճանչցուի սրինգով կամ քնարով նուագուածը:
8 Also a trumpet; if it gives an indistinct sound, who will prepare for battle?
Որովհետեւ եթէ փողն ալ անորոշ ձայն տայ, ո՞վ պիտի պատրաստուի պատերազմի:
9 So it is with you: if you do not deliver an intelligible message with the ‘language’, how will it be known what is being said? You will just be speaking into the air.
Նոյնպէս ալ դուք, եթէ լեզուով դիւրահասկնալի խօսքեր չարտաբերէք, ի՞նչպէս պիտի հասկցուի խօսուածը. որովհետեւ խօսած պիտի ըլլաք օդին:
10 There are probably a great many kinds of sounds in the world, and none of them is without significance.
Ձայներու ո՛րքան տեսակներ ալ ըլլան աշխարհի մէջ, անոնցմէ ո՛չ մէկը անըմբռնելի է:
11 But if I do not know the force of the sound, I will be a foreigner to the speaker, and he will be a foreigner to me.
Ուրեմն եթէ չգիտնամ ձայնին իմաստը, ես օտարական մը պիտի ըլլամ խօսողին, խօսողն ալ օտարական մը պիտի ըլլայ ինծի:
12 And you too: since you are zealous for spiritual things, aim at the edification of the congregation, that you may all grow.
Նոյնպէս ալ դուք, քանի նախանձախնդիր էք հոգեւոր պարգեւներու, ջանացէ՛ք գերազանց ըլլալ՝ եկեղեցիին շինութեան համար:
13 Therefore the one speaking in a ‘language’ should pray that he may interpret.
Ուստի ա՛ն որ կը խօսի անծանօթ լեզուով, թող աղօթէ՝ որ կարենայ թարգմանել:
14 For if I pray in a ‘language’, my spirit prays, but my mind is unfruitful.
Քանի որ եթէ ես աղօթեմ անծանօթ լեզուով, հոգի՛ս կ՚աղօթէ, բայց միտքս անպտուղ է:
15 So what then? I will pray with the spirit, but I will also pray with the mind; I will sing with the spirit, but I will also sing with the mind.
Ուրեմն ի՞նչ ընելու եմ: Պիտի աղօթեմ հոգիով, պիտի աղօթեմ միտքո՛վ ալ. սաղմոս պիտի երգեմ հոգիով, սաղմոս պիտի երգեմ միտքո՛վ ալ:
16 Otherwise, if you bless with the spirit, how will he who occupies the place of the outsider say the “Amen” at your giving of thanks, since he does not know what you are saying?
Այլապէս, երբ դուն օրհնաբանես հոգիով, ի՞նչպէս ա՛ն որ տգէտի տեղը գրաւած է՝ «ամէն» պիտի ըսէ քու շնորհակալութեանդ ատեն, քանի որ չի հասկնար քու ըսածդ:
17 You, of course, give thanks quite well, but the other is not edified.
Արդարեւ դուն լաւ շնորհակալ կ՚ըլլաս, բայց միւսը չի շինուիր:
18 I thank my God speaking in ‘languages’ more than you all,
Շնորհակալ եմ Աստուծմէ, որ ձեր բոլորէն աւելի լեզուներ կը խօսիմ.
19 but in the congregation I would rather speak five words with my understanding, precisely so as to instruct others, than ten thousand words in a ‘language’.
սակայն կը նախընտրեմ եկեղեցիին մէջ հինգ խօսք ըսել միտքո՛վս, որպէսզի ուրիշներուն ալ սորվեցնեմ, քան բիւրաւոր խօսքեր՝ անծանօթ լեզուով:
20 Brothers, stop thinking like children—well, in malice be ‘infants’, but in thinking be adults.
Եղբայրնե՛ր, ըմբռնումով մանուկ մի՛ ըլլաք, հապա չարամտութեան մէջ մանուկ եղէք, իսկ ըմբռնումով՝ չափահաս:
21 In the law it stands written: “I will speak to this people in foreign languages and with different ‘lips’, but not even then will they listen to me,” says the Lord.
Օրէնքին մէջ գրուած է. «Ուրիշ լեզուներով եւ ուրիշ շրթունքներով պիտի խօսիմ այս ժողովուրդին, սակայն այդպէս ալ մտիկ պիտի չընեն ինծի, - կ՚ըսէ Տէրը»:
22 Therefore the ‘languages’ are for a sign, not to believers but to unbelievers; while prophesying is not for unbelievers but for believers.
Հետեւաբար լեզուները նշանի համար են, ո՛չ թէ հաւատացեալներուն՝ հապա անհաւատներուն. իսկ մարգարէութիւնը՝ ո՛չ թէ անհաւատներուն, հապա՝ հաւատացեալներուն:
23 So if the whole congregation comes together and all are speaking in ‘languages’, but outsiders or unbelievers come in, will they not say that you are raving?
Ուրեմն, եթէ ամբողջ եկեղեցին համախմբուի տեղ մը եւ բոլորն ալ խօսին անծանօթ լեզուներ, ու հոն մտնեն տգէտներ կամ անհաւատներ, պիտի չըսե՞ն թէ դուք խելագարած էք:
24 But if everyone is prophesying, and an unbeliever or outsider comes in, he is reproved by all, he is examined by all.
Իսկ եթէ բոլորն ալ մարգարէանան, ու հոն մտնէ անհաւատ մը կամ տգէտ մը, բոլորէն ալ կը կշտամբուի, բոլորէն ալ կը դատուի:
25 And thus the secrets of his heart are exposed, and so, falling on his face he will worship God, affirming, “Truly God is among you!”
Եւ այսպէս՝ անոր սիրտին գաղտնիքները երեւան կ՚ելլեն, ու երեսի վրայ իյնալով պիտի երկրպագէ Աստուծոյ, եւ յայտարարէ թէ ի՛րապէս Աստուած ձեր մէջ է:
26 So what goes on, brothers? Whenever you come together, each of you has a psalm, has a teaching, has a ‘language’, has a revelation, has an interpretation. Let all things be done for edification.
Ուրեմն ի՞նչ, եղբայրնե՛ր: Երբ կը համախմբուիք, եթէ ձեզմէ իւրաքանչիւրը ունի սաղմոս մը, ուսուցում մը, լեզու մը, յայտնութիւն մը, մեկնութիւն մը՝՝, ամէն բան թող ըլլայ շինութեա՛ն համար:
27 If anyone speaks in a ‘language’, let it be two—at the most three—and in turn, and let one interpret.
Եթէ մէկը խօսի անծանօթ լեզուով, երկու, կամ ամենէն շատը՝ երեք հոգի թող ըլլան, եւ խօսին կարգով. մէկն ալ թող թարգմանէ:
28 But if there is no interpreter, let him keep silent in church; let him speak to himself and to God.
Բայց եթէ թարգմանող չըլլայ, թող լռէ եկեղեցիին մէջ, ու թող խօսի ինքնիրեն եւ Աստուծոյ հետ:
29 Let two or three prophets speak, and let the others evaluate.
Մարգարէները թող խօսին՝ երկու կամ երեք հոգի, ու միւսները վճռեն:
30 But if another who is sitting by receives a revelation, the first should stop speaking.
Իսկ եթէ ուրիշի մը՝ որ նստած է՝ բան մը յայտնուի, առաջինը թող լռէ:
31 For you can all prophesy one by one, so that all may learn and all may be encouraged.
Որովհետեւ բոլորդ ալ կրնաք մէկ առ մէկ մարգարէանալ, որպէսզի բոլորն ալ սորվին, եւ բոլորն ալ մխիթարուին:
32 Yes, spirits of prophets are subordinate to prophets.
Եւ մարգարէներուն հոգիները մարգարէներուն կը հպատակին.
33 Further, God is not a God of disorder but of peace. As in all the congregations of the saints,
քանի որ Աստուած խառնակութեան Աստուած չէ, հապա՝ խաղաղութեան, ինչպէս սուրբերուն բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:
34 your wives should keep silent in the assemblies, for they are not permitted to speak, but to be in subordination, as the law also says.
Եկեղեցիներուն մէջ՝ ձեր կիները թող լռեն, որովհետեւ անոնց արտօնուած չէ խօսիլ, հապա՝ հպատակիլ, ինչպէս կ՚ըսէ Օրէնքն ալ:
35 If they want to learn about something, let them ask their own husbands at home, for it is shameful for women to speak in church.
Իսկ եթէ ուզեն որեւէ բան սորվիլ, թող հարցնեն տա՛ն մէջ՝ իրենց ամուսիններուն. քանի որ կիներուն ամօթ է եկեղեցիին մէջ խօսիլ:
36 Or was it from you that the Word of God went forth? Or was it only to you that it came?
Միթէ Աստուծոյ խօսքը ձեզմէ՞ ելաւ, կամ միայն ձեզի՞ հասաւ:
37 If anyone thinks that he is a prophet or spiritual, let him acknowledge that the things I write to you are the Lord's commands.
Եթէ մէկը կը կարծէ թէ ինք մարգարէ է, կամ հոգեւոր, թող գիտակցի թէ ձեզի գրած բաներս՝ Տէրոջ պատուիրաններն են:
38 But if anyone is ignorant, let him remain so.
Բայց եթէ մէկը անգէտ է՝ թող անգէտ ըլլայ:
39 So then, brothers, seek to prophesy, and do not forbid to speak in ‘languages’.
Հետեւաբար, եղբայրնե՛ր, նախանձախնդի՛ր եղէք մարգարէանալու, ու մի՛ արգիլէք լեզուներ խօսիլն ալ:
40 Let all things be done properly and in order.
Ամէն բան թող ըլլայ վայելչութեամբ եւ կարգով:

< 1 Corinthians 14 >