< Matthew 5 >
1 When Jesus saw the crowds, He went up on the mountain and sat down. His disciples came to Him,
Տեսնելով բազմութիւնները՝ լեռը ելաւ: Երբ նստաւ, իր աշակերտները քովը գացին,
2 and He began to teach them, saying:
եւ իր բերանը բանալով՝ կը սորվեցնէր անոնց ու կ՚ըսէր.
3 “Blessed are the poor in spirit, for theirs is the kingdom of heaven.
«Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը անո՛նցն է:
4 Blessed are those who mourn, for they will be comforted.
Երանի՜ սգաւորներուն, որովհետեւ անո՛նք պիտի մխիթարուին:
5 Blessed are the meek, for they will inherit the earth.
Երանի՜ հեզերուն, որովհետեւ անո՛նք պիտի ժառանգեն երկիրը:
6 Blessed are those who hunger and thirst for righteousness, for they will be filled.
Երանի՜ անոնց՝ որ անօթութիւն ու ծարաւ ունին արդարութեան, որովհետեւ անո՛նք պիտի կշտանան:
7 Blessed are the merciful, for they will be shown mercy.
Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անո՛նք ողորմութիւն պիտի գտնեն:
8 Blessed are the pure in heart, for they will see God.
Երանի՜ անոնց՝ որ սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անո՛նք պիտի տեսնեն Աստուած:
9 Blessed are the peacemakers, for they will be called sons of God.
Երանի՜ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անո՛նք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին:
10 Blessed are those who are persecuted because of righteousness, for theirs is the kingdom of heaven.
Երանի՜ անոնց՝ որ հալածուած են արդարութեան համար, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը անո՛նցն է:
11 Blessed are you when people insult you, persecute you, and falsely say all kinds of evil against you because of Me.
Երանի՜ ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն, եւ ստութեամբ ձեզի դէմ ամէն տեսակ չար խօսքեր կ՚ըսեն՝ իմ պատճառովս:
12 Rejoice and be glad, because great is your reward in heaven; for in the same way they persecuted the prophets before you.
Ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը շատ է երկինքը. քանի որ ա՛յս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները»:
13 You are the salt of the earth. But if the salt loses its savor, how can it be made salty again? It is no longer good for anything, except to be thrown out and trampled by men.
«Դո՛ւք էք երկրի աղը. եթէ աղը կորսնցնէ իր համը, ինք ինչո՞վ պիտի աղուի: Անկէ ետք ո՛չ մէկ ազդեցութիւն կ՚ունենայ, հապա դուրս կը նետուի եւ կը կոխկռտուի մարդոց ոտքին տակ:
14 You are the light of the world. A city on a hill cannot be hidden.
Դո՛ւք էք աշխարհի լոյսը. քաղաք մը՝ որ լերան վրայ կը գտնուի՝՝, չի կրնար պահուիլ:
15 Neither do people light a lamp and put it under a basket. Instead, they set it on a stand, and it gives light to everyone in the house.
Ու ճրագը չեն վառեր եւ դներ գրուանի տակ, հապա՝ աշտանակի՛ վրայ, որ լուսաւորէ բոլոր տան մէջ եղողները:
16 In the same way, let your light shine before men, that they may see your good deeds and glorify your Father in heaven.
Ձեր լոյսը ա՛յնպէս թող փայլի մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը եւ փառաբանեն ձեր Հայրը՝ որ երկինքն է»:
17 Do not think that I have come to abolish the Law or the Prophets. I have not come to abolish them, but to fulfill them.
«Մի՛ կարծէք թէ եկայ՝ աւրելու Օրէնքը կամ Մարգարէները: Եկայ ո՛չ թէ աւրելու, հապա՝ գործադրելու:
18 For I tell you truly, until heaven and earth pass away, not a single jot, not a stroke of a pen, will disappear from the Law until everything is accomplished.
Որովհետեւ ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Մինչեւ որ երկինքն ու երկիրը անցնին, Օրէնքէն յովտ մը կամ նշանագիր մը պիտի չանցնի՝ մինչեւ որ բոլորն ալ կատարուին”:
19 So then, whoever breaks one of the least of these commandments and teaches others to do likewise will be called least in the kingdom of heaven; but whoever practices and teaches them will be called great in the kingdom of heaven.
Ուրեմն ո՛վ որ այս ամենափոքր պատուիրաններէն մէկը լուծէ եւ մարդոց ա՛յնպէս սորվեցնէ, անիկա ամենափոքր պիտի կոչուի երկինքի թագաւորութեան մէջ. բայց ո՛վ որ գործադրէ ու սորվեցնէ, անիկա մեծ պիտի կոչուի երկինքի թագաւորութեան մէջ:
20 For I tell you that unless your righteousness exceeds that of the scribes and Pharisees, you will never enter the kingdom of heaven.
Որովհետեւ կը յայտարարեմ ձեզի. “Եթէ ձեր արդարութիւնը չգերազանցէ դպիրներու եւ Փարիսեցիներու արդարութիւնը, բնա՛ւ պիտի չմտնէք երկինքի թագաւորութիւնը”»:
21 You have heard that it was said to the ancients, ‘Do not murder’ and ‘Anyone who murders will be subject to judgment.’
«Լսեր էք թէ ըսուեցաւ նախնիքներուն. “Մի՛ սպաններ”: Ո՛վ որ սպաննէ, արժանի պիտի ըլլայ դատաստանի:
22 But I tell you that anyone who is angry with his brother will be subject to judgment. Again, anyone who says to his brother, ‘Raca,’ will be subject to the Sanhedrin. But anyone who says, ‘You fool!’ will be subject to the fire of hell. (Geenna )
Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ զուր տեղը բարկանայ իր եղբօր դէմ՝ արժանի պիտի ըլլայ դատաստանի: Ո՛վ որ "ապուշ" ըսէ իր եղբօր՝ արժանի պիտի ըլլայ ատեանի դատապարտութեան: Ո՛վ որ "յիմար" ըսէ իր եղբօր՝ արժանի պիտի ըլլայ գեհենի կրակին”: (Geenna )
23 So if you are offering your gift at the altar and there remember that your brother has something against you,
Ուրեմն եթէ քու ընծադ զոհասեղանին վրայ բերես, ու հոն յիշես թէ եղբայրդ բա՛ն մը ունի քեզի դէմ,
24 leave your gift there before the altar. First go and be reconciled to your brother; then come and offer your gift.
հո՛ն ձգէ ընծադ՝ զոհասեղանին առջեւ. նա՛խ գնա՝ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ, եւ ա՛յն ատեն եկուր՝ որ մատուցանես ընծադ:
25 Reconcile quickly with your adversary, while you are still on the way to court. Otherwise, he may hand you over to the judge, and the judge may hand you over to the officer, and you may be thrown into prison.
Շուտո՛վ համաձայնէ քու ոսոխիդ հետ, մինչ ճամբան ես անոր հետ, որպէսզի հակառակորդդ չյանձնէ քեզ դատաւորին, ու դատաւորը՝ ոստիկանին, եւ բանտը չնետուիս:
26 Truly I tell you, you will not get out until you have paid the last penny.
Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի. “Բնա՛ւ դուրս պիտի չելլես անկէ, մինչեւ որ վճարես վերջին նաքարակիտը”»:
27 You have heard that it was said, ‘Do not commit adultery.’
«Լսեր էք թէ ըսուեցաւ. “Շնութիւն մի՛ ըներ”:
28 But I tell you that anyone who looks at a woman to lust after her has already committed adultery with her in his heart.
Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ կը նայի կնոջ մը՝ անոր ցանկալու համար, արդէ՛ն անիկա իր սիրտին մէջ շնութիւն ըրած է անոր հետ”:
29 If your right eye causes you to sin, gouge it out and throw it away. It is better for you to lose one part of your body than for your whole body to be thrown into hell. (Geenna )
Ուստի եթէ աջ աչքդ կը գայթակղեցնէ քեզ, հանէ՛ զայն ու նետէ՛ քեզմէ. որովհետեւ աւելի օգտակար է քեզի՝ որ անդամներէդ մէկը կորսուի, բայց ամբողջ մարմինդ չնետուի գեհենը: (Geenna )
30 And if your right hand causes you to sin, cut it off and throw it away. It is better for you to lose one part of your body than for your whole body to depart into hell. (Geenna )
Եթէ աջ ձեռքդ կը գայթակղեցնէ քեզ, կտրէ՛ զայն ու նետէ՛ քեզմէ. որովհետեւ աւելի օգտակար է քեզի՝ որ անդամներէդ մէկը կորսուի, ու ամբողջ մարմինդ չնետուի գեհենը»: (Geenna )
31 It has also been said, ‘Whoever divorces his wife must give her a certificate of divorce.’
«Նաեւ ըսուեցաւ. “Ո՛վ որ արձակէ իր կինը, թող տայ անոր ամուսնալուծումի վկայագիր մը”:
32 But I tell you that anyone who divorces his wife, except for sexual immorality, brings adultery upon her. And he who marries a divorced woman commits adultery.
Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ կ՚արձակէ իր կինը՝ առանց պոռնկութեան պատճառի, ի՛նք շնութիւն ընել կու տայ անոր, եւ ո՛վ որ կ՚ամուսնանայ արձակուածին հետ՝ շնութիւն կ՚ընէ”»:
33 Again, you have heard that it was said to the ancients, ‘Do not break your oath, but fulfill your vows to the Lord.’
«Լսեր էք դարձեալ թէ ըսուեցաւ նախնիքներուն. “Սուտ երդում մի՛ ըներ, հապա հատուցանէ՛ Տէրոջ ըրած երդումներդ”:
34 But I tell you not to swear at all: either by heaven, for it is God’s throne;
Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Երբե՛ք երդում մի՛ ընէք, ո՛չ երկինքի վրայ՝ որ Աստուծոյ գահն է,
35 or by the earth, for it is His footstool; or by Jerusalem, for it is the city of the great King.
ո՛չ երկրի վրայ՝ որ անոր ոտքերուն պատուանդանն է, ո՛չ Երուսաղէմի վրայ՝ որ Մեծ Թագաւորին քաղաքն է,
36 Nor should you swear by your head, for you cannot make a single hair white or black.
ո՛չ ալ գլուխիդ վրայ երդում ըրէ, որովհետեւ չես կրնար մէ՛կ մազ ճերմկցնել կամ սեւցնել:
37 Simply let your ‘Yes’ be ‘Yes,’ and your ‘No,’ ‘No.’ Anything more comes from the evil one.
Հապա ձեր խօսքը ըլլայ՝ այո՛ն՝ այո՛, եւ ո՛չը՝ ո՛չ. ասկէ աւելին յառաջ կու գայ Չարէն”»:
38 You have heard that it was said, ‘Eye for eye and tooth for tooth.’
«Լսեր էք թէ ըսուեցաւ. “Աչքի տեղ՝ աչք, եւ ակռայի տեղ՝ ակռայ”:
39 But I tell you not to resist an evil person. If someone slaps you on your right cheek, turn to him the other also;
Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Չարին մի՛ դիմադրեր. հապա ո՛վ որ ապտակէ աջ այտիդ, դարձո՛ւր անոր միւսն ալ:
40 if someone wants to sue you and take your tunic, let him have your cloak as well;
Եթէ մէկը ուզէ դատ վարել քեզի հետ ու բաճկոնդ առնել, թո՛ղ տուր անոր հանդերձդ ալ:
41 and if someone forces you to go one mile, go with him two miles.
Եւ ո՛վ որ ստիպէ քեզ մղոն մը երթալ, գնա՛ անոր հետ երկու մղոն:
42 Give to the one who asks you, and do not turn away from the one who wants to borrow from you.
Տո՛ւր քեզմէ ուզողին, ու երես մի՛ դարձներ անկէ՝ որ կ՚ուզէ փոխ առնել քեզմէ”»:
43 You have heard that it was said, ‘Love your neighbor’ and ‘Hate your enemy.’
«Լսեր էք թէ ըսուեցաւ. “Սիրէ՛ ընկերդ եւ ատէ՛ թշնամիդ”:
44 But I tell you, love your enemies and pray for those who persecute you,
Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Սիրեցէ՛ք ձեր թշնամիները, օրհնեցէ՛ք ձեզ անիծողները, բարի՛ք ըրէք անոնց՝ որ կ՚ատեն ձեզ, եւ աղօթեցէ՛ք անոնց համար՝ որ կը պախարակեն ու կը հալածեն ձեզ,
45 that you may be sons of your Father in heaven. He causes His sun to rise on the evil and the good, and sends rain on the righteous and the unrighteous.
որպէսզի ըլլաք ձեր երկնաւոր Հօր որդիները. որովհետեւ իր արեւը կը ծագեցնէ թէ՛ չարերուն եւ թէ բարիներուն վրայ, եւ անձրեւ կը ղրկէ թէ՛ արդարներուն եւ թէ անարդարներուն վրայ:
46 If you love those who love you, what reward will you get? Do not even tax collectors do the same?
Որովհետեւ եթէ դուք սիրէք ձեզ սիրողները, ի՞նչ վարձատրութիւն կ՚ունենաք. մաքսաւորնե՛րն ալ նոյնը չե՞ն ըներ:
47 And if you greet only your brothers, what are you doing more than others? Do not even Gentiles do the same?
Ու եթէ բարեւէք միայն ձեր եղբայրները, ի՞նչ աւելի կ՚ընէք ուրիշներէն. մաքսաւորնե՛րն ալ նոյնը չե՞ն ըներ:
48 Be perfect, therefore, as your heavenly Father is perfect.
Ուրեմն դուք կատարեա՛լ եղէք, ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է”»: