< Matthew 16 >
1 Then the Pharisees and Sadducees came and tested Jesus by asking Him to show them a sign from heaven.
Փարիսեցիներն ու Սադուկեցիները քովը եկան՝ փորձելու համար զինք, եւ կը խնդրէին իրմէ որ երկինքէն նշան մը ցոյց տայ իրենց:
2 But He replied, “When evening comes, you say, ‘The weather will be fair, for the sky is red,’
Ան ալ պատասխանեց անոնց. «Երբ իրիկուն ըլլայ՝ կ՚ըսէք. “Վաղը լաւ օդ պիտի ըլլայ, որովհետեւ երկինքը շառագունած է”,
3 and in the morning, ‘Today it will be stormy, for the sky is red and overcast.’ You know how to interpret the appearance of the sky, but not the signs of the times.
իսկ առտուն. “Այսօր մրրիկ պիտի ըլլայ, որովհետեւ երկինքը շառագունած ու մթագնած է”: Կեղծաւորնե՛ր, գիտէ՛ք զննել երկինքի երեսը, բայց չէ՞ք կրնար գիտնալ ժամանակներուն նշանները:
4 A wicked and adulterous generation demands a sign, but none will be given it except the sign of Jonah.” Then He left them and went away.
Չար ու շնացող սերունդը նշան կը խնդրէ: Սակայն ուրիշ նշան պիտի չտրուի անոր, բայց միայն Յովնան մարգարէին նշանը»: Եւ ձգեց զանոնք ու գնաց:
5 When they crossed to the other side, the disciples forgot to take bread.
Երբ իր աշակերտները անցան միւս եզերքը, մոռցած էին հաց առնել:
6 “Watch out!” Jesus told them. “Beware of the leaven of the Pharisees and Sadducees.”
Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ուշադի՛ր եղէք, զգուշացէ՛ք Փարիսեցիներու եւ Սադուկեցիներու խմորէն»:
7 They discussed this among themselves and concluded, “It is because we did not bring any bread.”
Անոնք ալ կը մտածէին իրենց մէջ՝ ըսելով. «Հաց չբերինք մեզի հետ»:
8 Aware of their conversation, Jesus said, “You of little faith, why are you debating among yourselves about having no bread?
Երբ Յիսուս ըմբռնեց՝ ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ կը մտածէք ձեր մէջ, թերահաւատնե՛ր, թէ հաց չառիք:
9 Do you still not understand? Do you not remember the five loaves for the five thousand, and how many basketfuls you gathered?
Տակաւին չէ՞ք հասկնար եւ չէ՞ք յիշեր հինգ նկանակները՝ որ բաժնեցիք հինգ հազարին, ու քանի՞ կողով վերցուցիք.
10 Or the seven loaves for the four thousand, and how many basketfuls you gathered?
ո՛չ ալ եօթը նկանակները՝ որ բաժնեցիք չորս հազարին, եւ քանի՞ զամբիւղ վերցուցիք:
11 How do you not understand that I was not telling you about bread? But beware of the leaven of the Pharisees and Sadducees.”
Ի՞նչպէս չէք հասկնար թէ հացի՛ համար չըսի ձեզի. “Զգուշացէ՛ք Փարիսեցիներու եւ Սադուկեցիներու խմորէն”»:
12 Then they understood that He was not telling them to beware of the leaven used in bread, but of the teaching of the Pharisees and Sadducees.
Այդ ատեն հասկցան թէ չըսաւ որ զգուշանան հացի խմորէն, հապա՝ Փարիսեցիներու եւ Սադուկեցիներու ուսուցումէն:
13 When Jesus came to the region of Caesarea Philippi, He questioned His disciples: “Who do people say the Son of Man is?”
Երբ Յիսուս կ՚երթար Փիլիպպոսի Կեսարիային երկրամասը՝ հարցուց իր աշակերտներուն. «Մարդիկ ի՞նչ կ՚ըսեն, ո՞վ եմ ես՝ մարդու Որդին»:
14 They replied, “Some say John the Baptist; others say Elijah; and still others, Jeremiah or one of the prophets.”
Անոնք ըսին. «Ոմանք կ՚ըսեն թէ Յովհաննէս Մկրտիչն ես, ուրիշներ՝ Եղիան, ուրիշներ ալ՝ Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը»:
15 “But what about you?” Jesus asked. “Who do you say I am?”
Ըսաւ անոնց. «Իսկ դո՛ւք ի՞նչ կ՚ըսէք, ո՞վ եմ»:
16 Simon Peter answered, “You are the Christ, the Son of the living God.”
Սիմոն Պետրոս պատասխանեց. «Դուն Քրիստո՛սն ես, ապրող Աստուծոյ Որդին»:
17 Jesus replied, “Blessed are you, Simon son of Jonah! For this was not revealed to you by flesh and blood, but by My Father in heaven.
Յիսուս ըսաւ անոր. «Երանի՜ քեզի, Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի. որովհետեւ ո՛չ թէ մարմինն ու արիւնը յայտնեցին քեզի ասիկա, հապա իմ Հայրս՝ որ երկինքն է:
18 And I tell you that you are Peter, and on this rock I will build My church, and the gates of Hades will not prevail against it. (Hadēs )
Ես ալ կը յայտարարեմ քեզի. “Դուն Պետրոս ես, եւ այս վէմին վրայ պիտի կառուցանեմ իմ եկեղեցիս, ու դժոխքին դռները պիտի չյաղթեն անոր: (Hadēs )
19 I will give you the keys of the kingdom of heaven. Whatever you bind on earth will be bound in heaven, and whatever you loose on earth will be loosed in heaven.”
Երկինքի թագաւորութեան բանալիները պիտի տամ քեզի, եւ ի՛նչ որ երկրի վրայ կապես՝ երկինքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ, ու ի՛նչ որ երկրի վրայ արձակես՝ երկինքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ”»:
20 Then He admonished the disciples not to tell anyone that He was the Christ.
Այն ատեն աշակերտներուն պատուիրեց՝ որ ո՛չ մէկուն ըսեն թէ ինք Քրիստոսն է:
21 From that time on Jesus began to show His disciples that He must go to Jerusalem and suffer many things at the hands of the elders, chief priests, and scribes, and that He must be killed and on the third day be raised to life.
Այդ ատենէն ետք Յիսուս ցոյց տուաւ իր աշակերտներուն թէ պէտք էր որ երթար Երուսաղէմ, շատ չարչարանքներ կրէր երէցներէն, քահանայապետներէն եւ դպիրներէն, սպաննուէր ու յարութիւն առնէր երրորդ օրը:
22 Peter took Him aside and began to rebuke Him. “Far be it from You, Lord!” he said. “This shall never happen to You!”
Պետրոս մէկդի առաւ զինք, եւ սկսաւ յանդիմանել զինք՝ ըսելով. «Ամե՛նեւին, Տէ՛ր. այդ բանը չպատահի՛ քեզի»:
23 But Jesus turned and said to Peter, “Get behind Me, Satan! You are a stumbling block to Me. For you do not have in mind the things of God, but the things of men.”
Ինք ալ դառնալով՝ Պետրոսի ըսաւ. «Ետե՛ւս գնա, Սատանա՛յ, դուն գայթակղութիւն ես ինծի. որովհետեւ ո՛չ թէ Աստուծոյ բաները կը մտածես, հապա՝ մարդոց բաները»:
24 Then Jesus told His disciples, “If anyone wants to come after Me, he must deny himself and take up his cross and follow Me.
Այն ատեն Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. «Եթէ մէկը ուզէ գալ իմ ետեւէս, թող ուրանայ ինքզինք, վերցնէ իր խաչը, ու հետեւի ինծի:
25 For whoever wants to save his life will lose it, but whoever loses his life for My sake will find it.
Որովհետեւ ո՛վ որ ուզէ փրկել իր անձը՝ պիտի կորսնցնէ զայն, իսկ ո՛վ որ կորսնցնէ իր անձը՝ ինծի համար, պիտի գտնէ զայն:
26 What will it profit a man if he gains the whole world, yet forfeits his soul? Or what can a man give in exchange for his soul?
Քանի որ մարդ ի՞նչ օգուտ կ՚ունենայ, եթէ շահի ամբողջ աշխարհը բայց կորսնցնէ իր անձը. կամ՝ մարդ ի՞նչ փրկանք պիտի տայ իր անձին փոխարէն:
27 For the Son of Man will come in His Father’s glory with His angels, and then He will repay each one according to what he has done.
Որովհետեւ մարդու Որդին պիտի գայ իր Հօր փառքով՝ իր հրեշտակներուն հետ, եւ այն ատեն պիտի հատուցանէ իւրաքանչիւրին՝ իր գործերուն համեմատ:
28 Truly I tell you, some who are standing here will not taste death before they see the Son of Man coming in His kingdom.”
Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Հոս ներկայ եղողներէն կան ոմանք՝ որ մահ պիտի չհամտեսեն, մինչեւ որ տեսնեն մարդու Որդին՝ եկած իր թագաւորութեամբ”»: