< John 6 >

1 After this, Jesus crossed to the other side of the Sea of Galilee (that is, the Sea of Tiberias).
Ասկէ ետք, Յիսուս գնաց Գալիլեայի՝ այսինքն Տիբերիայի ծովուն միւս կողմը:
2 A large crowd followed Him because they saw the signs He was performing on the sick.
Մեծ բազմութիւն մը կը հետեւէր անոր, որովհետեւ կը տեսնէին այն նշանները՝ որ կ՚ընէր հիւանդներուն վրայ:
3 Then Jesus went up on the mountain and sat down with His disciples.
Յիսուս լեռը ելաւ ու նստաւ հոն՝ իր աշակերտներուն հետ:
4 Now the Jewish Feast of the Passover was near.
Հրեաներուն Զատիկի տօնը մօտ էր:
5 When Jesus looked up and saw a large crowd coming toward Him, He said to Philip, “Where can we buy bread for these people to eat?”
Երբ Յիսուս աչքերը բարձրացուց ու տեսաւ թէ մեծ բազմութիւն մը կու գար իրեն, ըսաւ Փիլիպպոսի. «Ուրկէ՞ հաց գնենք՝ որպէսզի ասոնք ուտեն»:
6 But He was asking this to test him, for He knew what He was about to do.
(Ասիկա կ՚ըսէր՝ զայն փորձելու համար, քանի որ ինք գիտէր թէ ի՛նչ պիտի ընէր: )
7 Philip answered, “Two hundred denarii would not buy enough bread for each of them to have a small piece.”
Փիլիպպոս պատասխանեց անոր. «Երկու հարիւր դահեկանի հաց չի բաւեր անոնց, որպէսզի իւրաքանչիւրը քիչ մը առնէ»:
8 One of His disciples, Andrew, Simon Peter’s brother, said to Him,
Իր աշակերտներէն մէկը, Սիմոն Պետրոսի եղբայրը՝ Անդրէաս, ըսաւ իրեն.
9 “Here is a boy with five barley loaves and two small fish. But what difference will these make among so many?”
«Հոս պատանի մը կայ, որ ունի հինգ գարիէ նկանակ ու երկու ձուկ. բայց ի՞նչ են անոնք՝ այդչափ մարդոց համար»:
10 “Have the people sit down,” Jesus said. Now there was plenty of grass in that place, so the men sat down, about five thousand of them.
Յիսուս ըսաւ. «Նստեցուցէ՛ք այդ մարդիկը»: Հոն առատ խոտ կար, ու մարդիկը նստան՝ թիւով հինգ հազարի չափ:
11 Then Jesus took the loaves and the fish, gave thanks, and distributed to those who were seated as much as they wanted.
Յիսուս առաւ նկանակները, շնորհակալ եղաւ եւ բաշխեց աշակերտներուն, աշակերտներն ալ՝ նստողներուն. նմանապէս ձուկերէն՝ ո՛րչափ որ ուզեցին:
12 And when everyone was full, He said to His disciples, “Gather the pieces that are left over, so that nothing will be wasted.”
Երբ կշտացան՝ ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ժողվեցէ՛ք աւելցած բեկորները, որպէսզի ոչինչ կորսուի»:
13 So they collected them and filled twelve baskets with the pieces of the five barley loaves left over by those who had eaten.
Ուստի ժողվեցին, եւ տասներկու կողով լեցուցին այդ հինգ գարիէ նկանակներէն մնացած բեկորներով, որոնք ուտողներէն աւելցան:
14 When the people saw the sign that Jesus had performed, they began to say, “Truly this is the Prophet who is to come into the world.”
Իսկ մարդիկը, երբ տեսան Յիսուսի ըրած նշանը, կ՚ըսէին. «Ճշմա՛րտապէս ասիկա՛ է այն մարգարէն, որ աշխարհ պիտի գար»:
15 Then Jesus, realizing that they were about to come and make Him king by force, withdrew again to a mountain by Himself.
Ուրեմն Յիսուս, գիտնալով թէ պիտի գան յափշտակելու զինք՝ որպէսզի թագաւոր ընեն զինք, դարձեալ լեռը գնաց՝ առանձին:
16 When evening came, His disciples went down to the sea,
Երբ իրիկուն եղաւ՝ իր աշակերտները իջան ծովեզերքը,
17 got into a boat, and started across the sea to Capernaum. It was already dark, and Jesus had not yet gone out to them.
ու նաւ մտնելով կ՚երթային ծովուն միւս կողմը՝ Կափառնայում: Արդէն մթնցած էր, բայց դեռ Յիսուս եկած չէր իրենց:
18 A strong wind was blowing, and the sea grew agitated.
Ծովն ալ ալեկոծ էր՝ սաստիկ փչող հովէն:
19 When they had rowed about three or four miles, they saw Jesus approaching the boat, walking on the sea—and they were terrified.
Երբ թի վարելով քսանհինգ կամ երեսուն ասպարէզի չափ գացին՝ տեսան Յիսուսը, որ կը մօտենար նաւուն՝ ծովուն վրայ քալելով, ու վախցան:
20 But Jesus spoke up: “It is I; do not be afraid.”
Բայց ինք ըսաւ անոնց. «Ե՛ս եմ, մի՛ վախնաք»:
21 Then they were willing to take Him into the boat, and at once the boat reached the shore where they were heading.
Ուստի ուզեցին ընդունիլ զինք նաւուն մէջ. եւ նաւը իսկոյն հասաւ այն երկիրը՝ ուր կ՚երթային:
22 The next day, the crowd that had remained on the other side of the sea realized that only one boat had been there, and that Jesus had not boarded it with His disciples, but they had gone away alone.
Հետեւեալ օրը՝ բազմութիւնը, որ ծովուն միւս եզերքն էր, տեսաւ թէ ուրիշ նաւակ չկար այն մէկէն զատ՝ որուն մէջ անոր աշակերտները մտած էին, եւ թէ Յիսուս իր աշակերտներուն հետ մտած չէր նաւակը, այլ անոր աշակերտները առանձին գացեր էին
23 However, some boats from Tiberias landed near the place where the people had eaten the bread after the Lord had given thanks.
(բայց Տիբերիայէն ուրիշ նաւակներ եկան այն տեղին մօտ, ուր կերեր էին հացը՝ Տէրոջ շնորհակալ ըլլալէն ետք):
24 So when the crowd saw that neither Jesus nor His disciples were there, they got into the boats and went to Capernaum to look for Him.
Ուրեմն բազմութիւնը՝ տեսնելով թէ ո՛չ Յիսուս հոն է, ո՛չ ալ անոր աշակերտները, իրե՛նք ալ նաւ մտան եւ գացին Կափառնայում՝ փնտռելու Յիսուսը:
25 When they found Him on the other side of the sea, they asked Him, “Rabbi, when did You get here?”
Երբ գտան զինք՝ ծովուն միւս եզերքը, ըսին իրեն. «Ռաբբի՛, ե՞րբ եկար հոս»:
26 Jesus replied, “Truly, truly, I tell you, it is not because you saw these signs that you are looking for Me, but because you ate the loaves and had your fill.
Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Դուք զիս կը փնտռէք՝ ո՛չ թէ քանի որ նշաններ տեսաք, հապա՝ որովհետեւ նկանակներէն կերաք ու կշտացաք”:
27 Do not work for food that perishes, but for food that endures to eternal life, which the Son of Man will give you. For on Him God the Father has placed His seal of approval.” (aiōnios g166)
Գացէ՛ք, գործեցէ՛ք ո՛չ թէ կորստական կերակուրին համար, հապա այն կերակուրին համար՝ որ կը մնայ յաւիտենական կեանքին մէջ, եւ մարդու Որդի՛ն պիտի տայ ձեզի, որովհետեւ Հայրը՝ Աստուած զի՛նք կնքեց»: (aiōnios g166)
28 Then they inquired, “What must we do to perform the works of God?”
Ուրեմն ըսին իրեն. «Ի՞նչ ընենք՝ որպէսզի կատարենք Աստուծոյ գործերը»:
29 Jesus replied, “The work of God is this: to believe in the One He has sent.”
Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Սա՛ է Աստուծոյ գործը, որ հաւատաք անոր ղրկածին»:
30 So they asked Him, “What sign then will You perform, so that we may see it and believe You? What will You do?
Ուստի ըսին իրեն. «Բայց դուն ի՞նչ նշան կ՚ընես, որ տեսնենք ու հաւատանք քեզի. ի՞նչ կը գործես:
31 Our fathers ate the manna in the wilderness, as it is written: ‘He gave them bread from heaven to eat.’”
Մեր հայրերը անապատին մէջ մանանա՛ն կերան, ինչպէս գրուած է. “Երկինքէն հաց տուաւ անոնց՝ որպէսզի ուտեն”»:
32 Jesus said to them, “Truly, truly, I tell you, it was not Moses who gave you the bread from heaven, but it is My Father who gives you the true bread from heaven.
Իսկ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Մովսէս չտուաւ ձեզի երկնային հացը, բայց իմ Հա՛յրս կու տայ ձեզի ճշմարիտ երկնային հացը”.
33 For the bread of God is He who comes down from heaven and gives life to the world.”
որովհետեւ Աստուծոյ հացը ա՛ն է, որ կ՚իջնէ երկինքէն եւ կեանք կու տայ աշխարհի»:
34 “Sir,” they said, “give us this bread at all times.”
Ուրեմն ըսին իրեն. «Տէ՛ր, ամէ՛ն ատեն տուր մեզի այդ հացը»:
35 Jesus answered, “I am the bread of life. Whoever comes to Me will never hunger, and whoever believes in Me will never thirst.
Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ե՛ս եմ կեանքի հացը. ա՛ն որ կու գայ ինծի՝ երբե՛ք պիտի չանօթենայ, եւ ա՛ն որ կը հաւատայ ինծի՝ պիտի չծարաւնայ:
36 But as I stated, you have seen Me and still you do not believe.
Բայց ես ըսի ձեզի. “Դուք զիս տեսաք ալ, ու չէք հաւատար”:
37 Everyone the Father gives Me will come to Me, and the one who comes to Me I will never drive away.
Բոլոր անոնք որ Հայրը կու տայ ինծի՝ պիտի գան ինծի, եւ ա՛ն որ կու գայ ինծի՝ բնա՛ւ պիտի չվտարեմ:
38 For I have come down from heaven, not to do My own will, but to do the will of Him who sent Me.
Որովհետեւ ես իջայ երկինքէն՝ գործադրելու ո՛չ թէ ի՛մ կամքս, հապա անո՛ր կամքը՝ որ ղրկեց զիս:
39 And this is the will of Him who sent Me, that I shall lose none of those He has given Me, but raise them up at the last day.
Եւ զիս ղրկող Հօրը կամքը սա՛ է, որ ո՛չ մէկը կորսնցնեմ բոլոր անոնցմէ՝ որ ինք տուաւ ինծի, հապա յարուցանեմ զանոնք՝ վերջին օրը:
40 For it is My Father’s will that everyone who looks to the Son and believes in Him shall have eternal life, and I will raise him up at the last day.” (aiōnios g166)
Որովհետեւ զիս ղրկողին կամքը սա՛ է, որ ո՛վ որ տեսնէ Որդին ու հաւատայ իրեն՝ ունենայ յաւիտենական կեանքը. ե՛ս ալ պիտի յարուցանեմ զայն՝ վերջին օրը»: (aiōnios g166)
41 At this, the Jews began to grumble about Jesus because He had said, “I am the bread that came down from heaven.”
Ուստի Հրեաները կը տրտնջէին իրեն դէմ, որովհետեւ ըսաւ. «Ե՛ս եմ երկինքէն իջած հացը»,
42 They were asking, “Is this not Jesus, the son of Joseph, whose father and mother we know? How then can He say, ‘I have come down from heaven?’”
եւ կ՚ըսէին. «Ասիկա Յովսէփի որդին՝ Յիսուսը չէ՞, որուն հայրն ու մայրը կը ճանչնանք. հապա ի՞նչպէս ասիկա կ՚ըսէ. “Ես իջայ երկինքէն”»:
43 “Stop grumbling among yourselves,” Jesus replied.
Յիսուս ալ պատասխանեց անոնց. «Մի՛ տրտնջէք ձեր մէջ:
44 “No one can come to Me unless the Father who sent Me draws him, and I will raise him up at the last day.
Ո՛չ մէկը կրնայ գալ ինծի՝ եթէ զիս ղրկող Հայրը չքաշէ զայն. ու ես պիտի յարուցանեմ զայն՝ վերջին օրը:
45 It is written in the Prophets: ‘And they will all be taught by God.’ Everyone who has heard the Father and learned from Him comes to Me—
Մարգարէներուն մէջ գրուած է. “Բոլորն ալ սորված պիտի ըլլան Աստուծմէ”: Ո՛վ որ կը լսէ Հօրմէն ու կը սորվի՝ ինծի՛ կու գայ:
46 not that anyone has seen the Father except the One who is from God; only He has seen the Father.
Ո՛չ մէկը տեսած է Հայրը, բացի անկէ՝ որ Աստուծմէ է. անիկա՛ տեսած է Հայրը:
47 Truly, truly, I tell you, he who believes has eternal life. (aiōnios g166)
Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ա՛ն որ կը հաւատայ ինծի՝ ունի՛ յաւիտենական կեանքը”: (aiōnios g166)
48 I am the bread of life.
Ե՛ս եմ կեանքի հացը:
49 Your fathers ate the manna in the wilderness, yet they died.
Ձեր հայրերը կերան մանանան անապատին մէջ, բայց մեռան:
50 This is the bread that comes down from heaven, so that anyone may eat of it and not die.
Ա՛յս է այն հացը՝ որ կ՚իջնէ երկինքէն, որպէսզի եթէ մէկը ուտէ ասկէ՝ չմեռնի:
51 I am the living bread that came down from heaven. If anyone eats of this bread, he will live forever. And this bread, which I will give for the life of the world, is My flesh.” (aiōn g165)
Ե՛ս եմ կենարար հացը՝ որ իջայ երկինքէն: Եթէ մէկը ուտէ այս հացէն՝ պիտի ապրի յաւիտեա՛ն. եւ այն հացը որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմի՛նս է, որ պիտի տամ աշխարհի կեանքին համար»: (aiōn g165)
52 At this, the Jews began to argue among themselves, “How can this man give us His flesh to eat?”
Ուստի Հրեաները կը վիճէին իրարու հետ եւ կ՚ըսէին. «Ի՞նչպէս ասիկա կրնայ տալ մեզի իր մարմինը՝ ուտելու»:
53 So Jesus said to them, “Truly, truly, I tell you, unless you eat the flesh and drink the blood of the Son of Man, you have no life in you.
Իսկ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Եթէ չուտէք մարդու Որդիին մարմինը ու չխմէք անոր արիւնը, կեանքը չէք ունենար ձեր մէջ”:
54 Whoever eats My flesh and drinks My blood has eternal life, and I will raise him up at the last day. (aiōnios g166)
Ո՛վ որ կ՚ուտէ իմ մարմինս եւ կը խմէ իմ արիւնս՝ ունի յաւիտենական կեանքը, ու ես պիտի յարուցանեմ զայն՝ վերջին օրը. (aiōnios g166)
55 For My flesh is real food, and My blood is real drink.
որովհետեւ իմ մարմինս ճշմա՛րտապէս կերակուր է, եւ իմ արիւնս՝ ճշմա՛րտապէս խմելիք:
56 Whoever eats My flesh and drinks My blood remains in Me, and I in him.
Ա՛ն որ կ՚ուտէ իմ մարմինս ու կը խմէ իմ արիւնս՝ անիկա՛ կը բնակի իմ մէջս, եւ ես՝ անոր մէջ:
57 Just as the living Father sent Me and I live because of the Father, so also the one who feeds on Me will live because of Me.
Ինչպէս ապրող Հայրը ղրկեց զիս, ու ես կ՚ապրիմ Հօրը միջոցով, այնպէս ալ ա՛ն որ կ՚ուտէ զիս՝ ի՛նք ալ պիտի ապրի ինձմով:
58 This is the bread that came down from heaven. Unlike your fathers, who ate the manna and died, the one who eats this bread will live forever.” (aiōn g165)
Ա՛յս է այն հացը՝ որ իջած է երկինքէն: Ա՛ն որ ուտէ այս հացը՝ պիտի ապրի յաւիտեա՛ն. ո՛չ թէ ձեր հայրերուն պէս, որոնք կերան մանանան՝ բայց մեռան»: (aiōn g165)
59 Jesus said this while teaching in the synagogue in Capernaum.
Այս բաները խօսեցաւ ժողովարանին մէջ, երբ կը սորվեցնէր Կափառնայումի մէջ:
60 On hearing it, many of His disciples said, “This is a difficult teaching. Who can accept it?”
Իսկ աշակերտներէն շատերը՝ երբ լսեցին՝ ըսին. «Խիստ է այդ խօսքը, ո՞վ կրնայ մտիկ ընել զայն»:
61 Aware that His disciples were grumbling about this teaching, Jesus asked them, “Does this offend you?
Երբ Յիսուս ինքնիրեն հասկցաւ թէ իր աշակերտները կը տրտնջեն ատոր համար, ըսաւ անոնց. «Ատիկա կը գայթակղեցնէ՞ ձեզ:
62 Then what will happen if you see the Son of Man ascend to where He was before?
Հապա ի՞նչ պիտի մտածէք, եթէ տեսնէք մարդու Որդիին բարձրանալը հոն՝ ուր նախապէս էր:
63 The Spirit gives life; the flesh profits nothing. The words I have spoken to you are spirit and they are life.
Հոգի՛ն է կեանք տուողը. մարմինը օգո՛ւտ մը չունի: Այն խօսքերը որ կ՚ըսեմ ձեզի՝ Հոգի ու կեանք են:
64 However, there are some of you who do not believe.” (For Jesus had known from the beginning which of them did not believe and who would betray Him.)
Բայց ձեր մէջ կան ոմանք՝ որ չեն հաւատար»: Որովհետեւ Յիսուս սկիզբէն գիտէր թէ որո՛նք են անոնք՝ որ չեն հաւատար, եւ ո՛վ է ան՝ որ պիտի մատնէ զինք:
65 Then Jesus said, “This is why I told you that no one can come to Me unless the Father has granted it to him.”
Ու ըսաւ. «Ասո՛ր համար ըսի ձեզի. “Ո՛չ մէկը կրնայ գալ ինծի, եթէ իմ Հօրմէս տրուած չըլլայ անոր”»:
66 From that time on many of His disciples turned back and no longer walked with Him.
Այս պատճառով իր աշակերտներէն շատեր հեռացան, եւ ա՛լ չէին շրջեր իրեն հետ:
67 So Jesus asked the Twelve, “Do you want to leave too?”
Ուստի Յիսուս ըսաւ տասներկուքին. «Միթէ դո՞ւք ալ կ՚ուզէք երթալ»:
68 Simon Peter replied, “Lord, to whom would we go? You have the words of eternal life. (aiōnios g166)
Սիմոն Պետրոս պատասխանեց անոր. «Տէ՛ր, որո՞ւն պիտի երթանք. դո՛ւն ունիս յաւիտենական կեանքի խօսքերը: (aiōnios g166)
69 We believe and know that You are the Holy One of God.”
Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դո՛ւն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին»:
70 Jesus answered them, “Have I not chosen you, the Twelve? Yet one of you is a devil!”
Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Ես չընտրեցի՞ ձեզ՝ տասներկուքդ. բայց ձեզմէ մէկը չարախօս է»:
71 He was speaking about Judas, the son of Simon Iscariot. For although Judas was one of the Twelve, he was later to betray Jesus.
Ան կը խօսէր Իսկարիովտացի Սիմոնեան Յուդայի մասին, որովհետեւ անիկա՛ էր որ պիտի մատնէր զինք, թէպէտ տասներկուքէն մէկն էր:

< John 6 >