< John 14 >
1 “Do not let your hearts be troubled. You believe in God; believe in Me as well.
«Ձեր սիրտը թող չվրդովի. հաւատացէ՛ք Աստուծոյ, հաւատացէ՛ք նաեւ ինծի:
2 In My Father’s house are many rooms. If it were not so, would I have told you that I am going there to prepare a place for you?
Շատ բնակարաններ կան իմ Հօրս տան մէջ. եթէ այդպէս չըլլար, միթէ պիտի ըսէի՞ ձեզի թէ կ՚երթամ՝ որ տեղ պատրաստեմ ձեզի:
3 And if I go and prepare a place for you, I will come back and welcome you into My presence, so that you also may be where I am.
Երբ երթամ եւ տեղ պատրաստեմ ձեզի, դարձեալ պիտի գամ ու քովս ընդունիմ ձեզ, որպէսզի ո՛ւր ես եմ՝ դո՛ւք ալ հոն ըլլաք:
4 You know the way to the place where I am going.”
Գիտէք ո՛ւր կ՚երթամ, գիտէք նաեւ ճամբան»:
5 “Lord,” said Thomas, “we do not know where You are going, so how can we know the way?”
Թովմաս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, չենք գիտեր ո՛ւր կ՚երթաս, եւ ի՞նչպէս կրնանք գիտնալ ճամբան»:
6 Jesus answered, “I am the way and the truth and the life. No one comes to the Father except through Me.
Յիսուս ըսաւ անոր. «Ե՛ս եմ ճամբան, ճշմարտութիւնն ու կեանքը. ո՛չ մէկը կու գայ Հօրը քով՝ բայց միայն ինձմով:
7 If you had known Me, you would know My Father as well. From now on you do know Him and have seen Him.”
Եթէ ճանչնայիք զիս՝ պիտի ճանչնայիք նաեւ իմ Հայրս. եւ այժմէն իսկ կը ճանչնաք զայն, ու տեսած էք զայն»:
8 Philip said to Him, “Lord, show us the Father, and that will be enough for us.”
Փիլիպպոս ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ցո՛յց տուր մեզի Հայրը, ու կը բաւէ մեզի»:
9 Jesus replied, “Philip, I have been with you all this time, and still you do not know Me? Anyone who has seen Me has seen the Father. How can you say, ‘Show us the Father’?
Յիսուս ըսաւ անոր. «Ա՛յսքան ժամանակ ես ձեզի հետ եմ, եւ չճանչցա՞ր զիս, Փիլիպպո՛ս: Ա՛ն որ տեսաւ զիս՝ տեսաւ Հա՛յրը. դուն ի՞նչպէս կ՚ըսես. “Ցո՛յց տուր մեզի Հայրը”:
10 Do you not believe that I am in the Father and the Father is in Me? The words I say to you, I do not speak on My own. Instead, it is the Father dwelling in Me, performing His works.
Չե՞ս հաւատար թէ ես Հօրը մէջն եմ, ու Հայրը իմ մէջս է: Այն խօսքերը՝ որ կ՚ըսեմ ձեզի, ես ինձմէ չեմ ըսեր. հապա Հայրը՝ որ բնակած է իմ մէջս, անիկա՛ կ՚ընէ այդ գործերը:
11 Believe Me that I am in the Father and the Father is in Me—or at least believe on account of the works themselves.
Հաւատացէ՛ք ինծի, թէ ես Հօրը մէջն եմ, ու Հայրը իմ մէջս է:
12 Truly, truly, I tell you, whoever believes in Me will also do the works that I am doing. He will do even greater things than these, because I am going to the Father.
Այլապէս՝ գոնէ գործերո՛ւն համար հաւատացէք ինծի: Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ա՛ն որ կը հաւատայ ինծի, ի՛նք ալ պիտի ընէ այն գործերը՝ որ ես կ՚ընեմ, եւ անոնցմէ աւելի՛ մեծ գործեր պիտի ընէ, որովհետեւ ես կ՚երթամ Հօրս քով”:
13 And I will do whatever you ask in My name, so that the Father may be glorified in the Son.
Ի՛նչ որ խնդրէք իմ անունովս՝ պիտի ընեմ զայն, որպէսզի Հայրը փառաւորուի Որդիով:
14 If you ask Me for anything in My name, I will do it.
Եթէ որեւէ բան խնդրէք իմ անունովս, պիտի ընեմ»:
15 If you love Me, you will keep My commandments.
«Եթէ կը սիրէք զիս՝ պահեցէ՛ք իմ պատուիրաններս:
16 And I will ask the Father, and He will give you another Advocate to be with you forever— (aiōn )
Ես ալ պիտի թախանձեմ Հօրը, եւ ուրիշ Մխիթարիչ մը պիտի տայ ձեզի, որպէսզի յաւիտեան բնակի ձեզի հետ.- (aiōn )
17 the Spirit of truth. The world cannot receive Him, because it neither sees Him nor knows Him. But you do know Him, for He abides with you and will be in you.
Ճշմարտութեան Հոգին, որ այս աշխարհը չի կրնար ընդունիլ, որովհետեւ չի տեսներ զայն ու չի ճանչնար զայն. բայց դուք կը ճանչնաք զայն, որովհետեւ կը բնակի ձեր քով եւ պիտի ըլլայ ձեր մէջ:
18 I will not leave you as orphans; I will come to you.
Ձեզ որբ պիտի չթողում. պիտի գամ ձեզի:
19 In a little while the world will see Me no more, but you will see Me. Because I live, you also will live.
Քիչ մը ատենէն ետք աշխարհը ա՛լ պիտի չտեսնէ զիս. բայց դուք պիտի տեսնէք զիս, որովհետեւ ես կ՚ապրի՛մ, եւ դո՛ւք ալ պիտի ապրիք:
20 On that day you will know that I am in My Father, and you are in Me, and I am in you.
Այն օրը պիտի գիտնաք թէ ես իմ Հօրս մէջ եմ, ու դուք՝ իմ մէջս, ես ալ՝ ձեր մէջ:
21 Whoever has My commandments and keeps them is the one who loves Me. The one who loves Me will be loved by My Father, and I will love him and reveal Myself to him.”
Ա՛ն որ ունի իմ պատուիրաններս եւ կը պահէ զանոնք, անիկա՛ է զիս սիրողը: Ա՛ն որ կը սիրէ զիս՝ պիտի սիրուի իմ Հօրմէ՛ս. ու ես պիտի սիրեմ զայն, եւ զիս պիտի յայտնեմ անոր»:
22 Judas (not Iscariot) asked Him, “Lord, why are You going to reveal Yourself to us and not to the world?”
Յուդա (ոչ Իսկարիովտացին) ըսաւ անոր. «Տէ՛ր, ի՞նչպէս կ՚ըլլայ՝ որ դուն քեզ պիտի յայտնես մեզի, բայց ոչ՝ աշխարհին»:
23 Jesus replied, “If anyone loves Me, he will keep My word. My Father will love him, and We will come to him and make Our home with him.
Յիսուս պատասխանեց անոր. «Եթէ մէկը սիրէ զիս՝ պիտի պահէ իմ խօսքս, ու իմ Հայրս պիտի սիրէ զայն. եւ պիտի գանք անոր ու բնակինք անոր հետ:
24 Whoever does not love Me does not keep My words. The word that you hear is not My own, but it is from the Father who sent Me.
Ա՛ն որ չի սիրեր զիս՝ չի պահեր իմ խօսքերս: Այն խօսքը որ կը լսէք՝ իմս չէ, հապա Հօրս՝ որ ղրկեց զիս:
25 All this I have spoken to you while I am still with you.
Այս բաները խօսեցայ ձեզի, քանի դեռ կը մնամ ձեր քով:
26 But the Advocate, the Holy Spirit, whom the Father will send in My name, will teach you all things and will remind you of everything I have told you.
Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրը պիտի ղրկէ իմ անունովս, անիկա՛ պիտի սորվեցնէ ձեզի ամէնը, եւ ինչ որ ըսի ձեզի՝ պիտի յիշեցնէ ձեզի:
27 Peace I leave with you; My peace I give to you. I do not give to you as the world gives. Do not let your hearts be troubled; do not be afraid.
Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. ես չեմ տար ձեզի ա՛յնպէս՝ ինչպէս աշխարհը կու տայ: Ձեր սիրտը թող չվրդովի ու չերկնչի:
28 You heard Me say, ‘I am going away, and I am coming back to you.’ If you loved Me, you would rejoice that I am going to the Father, because the Father is greater than I.
Լսեցիք թէ ըսի ձեզի. “Ես կ՚երթամ, բայց դարձեալ պիտի գամ ձեզի”: Եթէ սիրէիք զիս, պիտի ուրախանայիք՝ որ ես կ՚երթամ Հօրը քով, որովհետեւ իմ Հայրս ինձմէ մեծ է:
29 And now I have told you before it happens, so that when it does happen, you will believe.
Եւ այժմէն՝ դեռ չեղած՝ ըսի ձեզի, որպէսզի երբ ըլլայ՝ հաւատաք:
30 I will not speak with you much longer, for the prince of this world is coming, and he has no claim on Me.
Ա՛լ շատ պիտի չխօսիմ ձեզի հետ, որովհետեւ այս աշխարհի իշխանը կու գայ. բայց ո՛չ մէկ հեղինակութիւն ունի իմ վրաս:
31 But I do exactly what the Father has commanded Me, so that the world may know that I love the Father. Get up! Let us go on from here.
Սակայն աշխարհը թող գիտնայ թէ ես կը սիրեմ Հայրը, եւ կ՚ընեմ ա՛յնպէս՝ ինչպէս Հայրը պատուիրեց ինծի: Ոտքի՛ ելէք, երթա՛նք ասկէ»: