< 1 Timothy 3 >
1 This is a trustworthy saying: If anyone aspires to be an overseer, he desires a noble task.
Սա՛ խօսքը վստահելի է. եթէ մէկը եպիսկոպոսութեան կը բաղձայ, բարի գործի կը ցանկայ:
2 An overseer, then, must be above reproach, the husband of but one wife, temperate, self-controlled, respectable, hospitable, able to teach,
Ուստի եպիսկոպոսը պէտք է ըլլայ անարատ, մէկ կնոջ ամուսին, զգաստ, խոհեմ, համեստ, հիւրասէր, սորվեցնելու ընդունակ,
3 not dependent on wine, not violent but gentle, peaceable, and free of the love of money.
ոչ գինեմոլ, ոչ զարնող, հապա՝ ազնիւ, ոչ կռուազան, ոչ արծաթասէր,
4 An overseer must manage his own household well and keep his children under control, with complete dignity.
իր տան լաւ վերակացու եղող, ենթարկուած զաւակներ ունեցող՝ ամբողջ պատկառանքով.
5 For if someone does not know how to manage his own household, how can he care for the church of God?
(քանի որ եթէ մէկը չգիտնայ վերակացու ըլլալ իր տան, ի՞նչպէս հոգ պիտի տանի Աստուծոյ եկեղեցիին.)
6 He must not be a recent convert, or he may become conceited and fall under the same condemnation as the devil.
ո՛չ ալ նորահաւատ, որ հպարտանալով չիյնայ Չարախօսին սահմանուած դատապարտութեան մէջ:
7 Furthermore, he must have a good reputation with outsiders, so that he will not fall into disgrace and into the snare of the devil.
Նաեւ պէտք է ունենայ բարի վկայութիւն դուրսիններէ՛ն ալ, որպէսզի չիյնայ նախատինքի ու Չարախօսին թակարդին մէջ:
8 Deacons likewise must be dignified, not double-tongued or given to much wine or greedy for money.
Նմանապէս սարկաւագները պէտք է ըլլան պատկառելի, ոչ երկլեզու, ոչ գինեմոլ, ոչ ամօթալի շահախնդրութեան հետամուտ եղող,
9 They must hold to the mystery of the faith with a clear conscience.
հապա հաւատքին խորհուրդը պահող՝ մաքուր խղճմտանքով:
10 Additionally, they must first be tested. Then, if they are above reproach, let them serve as deacons.
Ասոնք ալ նախ թող փորձարկուին, ու յետոյ կատարեն սարկաւագութիւն՝ եթէ անմեղադրելի գտնուին:
11 In the same way, the women must be dignified, not slanderers, but temperate and faithful in all things.
Նոյնպէս ալ անոնց կիները պէտք է ըլլան պատկառելի, ոչ չարախօս, հապա զգաստ, հաւատարիմ՝ ամէն բանի մէջ:
12 A deacon must be the husband of but one wife, a good manager of his children and of his own household.
Սարկաւագները թող ըլլան մէկ կնոջ ամուսին, եւ լաւ վերակացու իրենց զաւակներուն ու տան.
13 For those who have served well as deacons acquire for themselves a high standing and great confidence in the faith that is in Christ Jesus.
որովհետեւ անոնք որ լաւ կը կատարեն սարկաւագութիւնը՝ կը տիրանան բարի աստիճանի մը, ու շատ համարձակութեան՝ Քրիստոս Յիսուսի վրայ եղած հաւատքին մէջ:
14 Although I hope to come to you soon, I am writing you these things
Կը գրեմ քեզի այս բաները, թէպէտ կը յուսամ շուտով գալ քեզի,
15 in case I am delayed, so that you will know how each one must conduct himself in God’s household, which is the church of the living God, the pillar and foundation of the truth.
որպէսզի՝ եթէ յապաղիմ՝ գիտնաս թէ ի՛նչպէս պէտք է վարուիս Աստուծոյ տան մէջ, որ ապրող Աստուծոյ եկեղեցին է, ճշմարտութեան սիւնն ու խարիսխը:
16 By common confession, the mystery of godliness is great: He appeared in the flesh, was vindicated by the Spirit, was seen by angels, was proclaimed among the nations, was believed in throughout the world, was taken up in glory.
Անվիճելիօրէն մեծ է բարեպաշտութեան խորհուրդը. Աստուած երեւցաւ մարմինով, արդարացաւ Հոգիով, տեսնուեցաւ հրեշտակներէն, քարոզուեցաւ հեթանոսներուն մէջ, հաւատացուեցաւ աշխարհի մէջ, եւ համբարձաւ փառքով: