< Matthew 3 >

1 In those days came John the Immerser, preaching in the wilderness of Judea,
Այդ օրերը Յովհաննէս Մկրտիչը եկաւ, Հրէաստանի անապատին մէջ քարոզելով
2 and saying: Repent, for the kingdom of heaven is at hand.
եւ ըսելով. «Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»:
3 For this is he that was spoken of by Isaiah the prophet, saying: The voice of one crying in the wilderness, Prepare the way of the Lord, make his paths straight.
Ա՛յս է ա՛ն, որուն մասին Եսայի մարգարէն խօսեցաւ՝ ըսելով. «Անապատին մէջ գոչողին ձայնը. “Պատրաստեցէ՛ք Տէրոջ ճամբան, շտկեցէ՛ք անոր շաւիղները”»:
4 But the same John had his clothing of camel’s hair, and a girdle of leather around his loins, and his food was locusts and wild honey.
Յովհաննէսի հագուստը ուղտի մազէ էր, իր մէջքին շուրջ՝ կաշիէ գօտի ունէր, եւ իր կերակուրը՝ մարախ ու վայրի մեղր էր:
5 Then went out to him Jerusalem, and all Judea, and all the region round about the Jordan,
Այն ատեն Երուսաղէմէն, ամբողջ Հրէաստանէն եւ Յորդանանի ամբողջ շրջակայքէն կ՚երթային իրեն,
6 and were immersed by him in the Jordan, confessing their sins.
կը մկրտուէին իրմէ՝ Յորդանանի մէջ, ու կը խոստովանէին իրենց մեղքերը:
7 But when he saw many of the Pharisees and Sadducees coming to his immersion, he said to them: Generation of vipers, who has warned you to flee from the coining wrath?
Երբ տեսաւ Փարիսեցիներէն եւ Սադուկեցիներէն շատեր՝ որ եկած էին իր մկրտութեան, ըսաւ. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ իմացուց ձեզի՝ խուսափիլ գալիք բարկութենէն:
8 Bring forth, therefore, fruit worthy of repentance:
Ուրեմն ապաշխարութեան արժանավայել պտո՛ւղ բերէք.
9 and think not to say within yourselves, We have Abraham for our father; for I say to you that God is able from these stones to raise up children to Abraham.
ու մի՛ մտածէք ձեր մէջ ըսել. “Մենք Աբրահա՛մը ունինք իբր հայր”. որովհետեւ կը յայտարարեմ ձեզի թէ Աստուած կարող է այս քարերէ՛ն հանել Աբրահամի զաւակներ:
10 Even now the ax is lying at the root of the trees: therefore, every tree that does not bring forth good fruit is cut down and thrown into the fire.
Կացինը արդէն իսկ դրուած է ծառերու արմատին քով. ուրեմն ամէն ծառ որ լաւ պտուղ չի բերեր, կը կտրուի ու կրակը կը նետուի:
11 I immerse you in water, in order to repentance; but he that comes after me is mightier than I, whose sandals I am not worthy to carry. He will immerse you in the Holy Spirit and in fire:
Արդարեւ ես կը մկրտեմ ձեզ ջուրով՝ ապաշխարութեան համար, բայց ա՛ն որ կու գայ իմ ետեւէս՝ ինձմէ հզօր է, ու ես արժանի չեմ անոր կօշիկները կրելու. անիկա՛ պիտի մկրտէ ձեզ Սուրբ Հոգիով ու կրակով:
12 whose winnowing-shovel is in his hand, and he will thoroughly cleanse his thrashing-floor, and gather his grain into his granary; but the chaff he will burn with unquenchable fire.
Անոր հեծանոցը իր ձեռքն է. իր կալը պիտի մաքրէ եւ իր ցորենը պիտի ժողվէ ամբարը, իսկ յարդը պիտի այրէ անշէջ կրակով»:
13 Then came Jesus from Galilee to the Jordan to John, to be immersed by him.
Այն ատեն Յիսուս եկաւ Գալիլեայէն Յորդանան՝ Յովհաննէսի, որպէսզի մկրտուի անկէ:
14 But John forbade him, saying: I have need to be immersed by thee, and comest thou to me?
Յովհաննէս կ՚արգիլէր զայն ու կ՚ըսէր. «Ե՛ս պէտք է որ մկրտուիմ քեզմէ, ու դո՞ւն կու գաս ինծի»:
15 But Jesus answering said to him: Permit it now; for thus it becomes us to perform fully every righteous act. Then he permitted him.
Յիսուս պատասխանեց անոր «Թո՛յլ տուր հիմա, որովհետեւ ա՛յսպէս կը պատշաճի մեզի, որ գործադրենք արդարութիւնը իր ամբողջութեամբ»: Այն ատեն թոյլ տուաւ անոր:
16 And after Jesus was immersed, he came up immediately from the water; and lo, the heavens were opened to him, and he saw the Spirit of God descending like a dove, and coming upon him.
Երբ Յիսուս մկրտուեցաւ, իսկոյն դուրս ելաւ ջուրէն, եւ ահա՛ երկինքը բացուեցաւ ու տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի պէս կ՚իջնէր ու կու գար իր վրայ:
17 And lo, a voice from heaven, saying: This is my beloved Son, in whom I delight.
Եւ ահա՛ ձայն մը եկաւ երկինքէն՝ որ կ՚ըսէր. «Ա՛յս է իմ սիրելի Որդիս՝ որուն հաճեցայ»:

< Matthew 3 >