< Acts 10 >

1 Now there was a certain man in Cæsarea, named Cornelius, a centurion of the band called the Italian band,
Մարդ մը կար Կեսարիայի մէջ՝ Կոռնելիոս անունով, հարիւրապետ՝ Իտալական կոչուած գունդին մէջ,
2 a devout man, and one that feared God with all his house, who did many acts of charity to the people, and prayed to God always.
բարեպաշտ, եւ աստուածավախ՝ իր ամբողջ տունով. ան շատ ողորմութիւններ կու տար ժողովուրդին ու ամէն ատեն կ՚աղերսէր Աստուծոյ:
3 He distinctly saw, in a vision, about the ninth hour of the day, an angel of God coming in to him, and saying to him, Cornelius.
Գրեթէ օրուան իններորդ ժամուն՝՝ տեսիլքի մէջ ան բացայայտօրէն տեսաւ Աստուծոյ հրեշտակը, որ մտաւ իր քով եւ ըսաւ իրեն. «Կոռնելիո՛ս»:
4 And having looked steadily on him, he was afraid, and said: What is it, Lord? He said to him: Your prayers and your charitable deeds have come up for a memorial before God.
Երբ ակնապիշ նայեցաւ անոր՝ վախցած ըսաւ. «Ի՞նչ է, Տէ՛ր»: Իսկ ան ըսաւ անոր. «Քու աղօթքներդ ու ողորմութիւններդ բարձրացան Աստուծոյ առջեւ՝ յիշատակի համար:
5 And now send men to Joppa, and call for Simon, who is surnamed Peter;
Հիմա մարդի՛կ ղրկէ Յոպպէ, եւ կանչէ՛ Սիմոն անունով մէկը՝ որ Պետրոս մականուանեալ է:
6 he lodges with one Simon a tanner, whose house is by the sea.
Ան հիւրընկալուած է Սիմոն անունով կաշեգործի մը քով, որուն տունը ծովուն մօտ է»:
7 When the angel who spoke to him had departed, he called two of his household servants, and a devout soldier, one of those who waited on him,
Երբ իրեն հետ խօսող հրեշտակը մեկնեցաւ, կանչեց իր տան ծառաներէն երկուքը, նաեւ իրեն տրամադրուած զինուորներէն բարեպաշտ մէկը՝՝,
8 and having made known all things to them, he sent them to Joppa.
եւ ամէն բան պատմելով՝ ղրկեց զանոնք Յոպպէ:
9 And on the morrow, as they were going on their journey, and were drawing near to the city, Peter went up on the house-top to pray, about the sixth hour.
Հետեւեալ օրը, մինչ անոնք կը ճամբորդէին ու կը մօտենային քաղաքին, Պետրոս՝ վեցերորդ ժամու՝՝ ատենները՝ տանիքը բարձրացաւ աղօթելու:
10 And he became very hungry, and desired to eat; but while they were making ready, he fell into a trance;
Շատ անօթեցած ըլլալով՝ կ՚ուզէր ճաշակել. մինչ ճաշը կը պատրաստուէր, վերացում ունեցաւ:
11 and he saw heaven opened, and some vessel, like a great sheet, descending, bound by the four corners, and let down to the earth.
Տեսաւ երկինքը բացուած, ու չորս ծայրերէն կապուած անօթ մը՝ մեծ լաթի մը պէս՝ որ իջաւ երկրի վրայ.
12 In this were all kinds of four-footed beasts of the earth, and wild beasts and creeping things and birds of the air.
անոր մէջ կային երկրի ամէն տեսակ չորքոտանիները, գազաններն ու սողունները, նաեւ երկինքի թռչունները:
13 And there came a voice to him: Rise, Peter, kill and eat.
Եւ ձայն մը եկաւ իրեն. «Կանգնէ՛, Պետրո՛ս, մորթէ՛ ու կե՛ր»:
14 But Peter said: By no means, Lord; for I have never eaten any thing common or unclean.
Բայց Պետրոս ըսաւ. «Ամե՛նեւին, Տէ՛ր. որովհետեւ ես բնա՛ւ չեմ կերեր պիղծ կամ անմաքուր բան»:
15 And the voice came to him again a second time: What God has cleansed, you must not call common.
Դարձեալ ձայնը կրկին եկաւ իրեն. «Ի՛նչ որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր»:
16 This was done the third time; and the vessel was taken up again into heaven.
Ասիկա պատահեցաւ երեք անգամ, յետոյ անօթը դարձեալ վերացաւ երկինք:
17 Now, while Peter was perplexed within himself about the meaning of the vision which he had seen, behold, the men who had been sent from Cornelius, having made inquiry for the house of Simon, stood before the gate.
Մինչ Պետրոս ինքնիրեն կը տարակուսէր թէ ի՛նչ կրնար ըլլալ իր տեսած այս տեսիլքը, ահա՛ Կոռնելիոսէ ղրկուած մարդիկը՝ հարցնելով Սիմոնի տան մասին՝ կայնեցան դրան առջեւ,
18 And they called and asked whether Simon, who was surnamed Peter, lodged there.
եւ կանչելով հարցափորձեցին. «Սիմոնը, որ Պետրոս մականուանեալ է, հո՞ս հիւրընկալուած է»:
19 While Peter was thinking of the vision, the Spirit said to him: Behold, three men ask for you:
Մինչ Պետրոս կը մտածէր տեսիլքին մասին, Սուրբ Հոգին ըսաւ անոր. «Ահա՛ երեք մարդիկ քեզ կը փնտռեն:
20 arise then, and go down, and go with them without hesitation, for I have sent them.
Հետեւաբար կանգնէ՛, իջի՛ր, ու գնա՛ անոնց հետ՝ առանց տատամսելու, որովհետեւ ե՛ս ղրկեցի զանոնք»:
21 And Peter came down to the men, and said: Behold, I am he whom you seek; what is the cause of your coming?
Պետրոս ալ իջաւ այդ մարդոց քով՝ եւ ըսաւ. «Ահա՛ ես եմ ա՛ն՝ որ կը փնտռէք. ինչո՞ւ եկած էք»:
22 They replied: Cornelius the centurion, a just man, and one that fears God, and of good report among the whole nation of the Jews, was instructed by a holy angel to call you to his house, and to hear words from you.
Անոնք ալ ըսին. «Կոռնելիոս հարիւրապետը, արդար ու աստուածավախ մարդ մը՝ բարի վկայուած ամբողջ Հրեաներու ազգէն, պատգամ ստացաւ սուրբ հրեշտակէ մը՝ որ կանչէ քեզ իր տունը եւ լսէ քու խօսքերդ»:
23 Then he called them in, and lodged them. On the morrow he arose, and went with them; and some of the brethren from Joppa accompanied him.
Ուստի ներս կանչեց զանոնք ու հիւրընկալեց: Հետեւեալ օրը՝ Պետրոս ելաւ եւ մեկնեցաւ անոնց հետ. իրեն հետ գացին նաեւ Յոպպէէն եղող քանի մը եղբայրներ:
24 And on the next day, they entered Cæsarea And Cornelius was expecting them, and had called together his relatives and near friends.
Յաջորդ օրը մտան Կեսարիա. Կոռնելիոս ալ կը սպասէր անոնց՝ հրաւիրած ըլլալով իր ազգականներն ու մտերիմ բարեկամները:
25 And as Peter was coming in, Cornelius met him, and fell down at his feet, and did him homage.
Երբ Պետրոս ներս մտաւ, Կոռնելիոս դիմաւորեց զայն, եւ անոր ոտքը իյնալով կ՚երկրպագէր:
26 But Peter raised him up, saying: Stand up; I also am a man.
Բայց Պետրոս ոտքի հանեց զայն՝ ըսելով. «Կանգնէ՛, ես ինքս ալ մարդ եմ»:
27 And; conversing with him, he went in, and found many that had come together.
Ու անոր հետ խօսակցելով՝ ներս մտաւ, շատեր գտաւ՝ համախմբուած,
28 And he said to them: You know that it is unlawful for a Jew to associate with one of another nation, or to go into his house. But God has showed me that I must not call any man common or unclean.
եւ ըսաւ անոնց. «Դուք գիտէ՛ք թէ օրինաւոր չէ հրեայ մարդու մը՝ հաղորդակցիլ օտարազգիի մը հետ կամ մօտենալ անոր. բայց Աստուած ցոյց տուաւ ինծի որ մարդոցմէ ո՛չ մէկը պիղծ կամ անմաքուր կոչեմ:
29 For this reason, when I was sent for, I came without making objection. I ask, therefore, for what purpose have you sent for me?
Ուստի երբ կանչուեցայ՝ եկայ առանց հակաճառութեան. ուրեմն կը հարցնեմ, ի՞նչ բանի համար կանչեցիք զիս»:
30 And Cornelius replied: Four days ago, I was fasting till this hour; and, at the ninth hour, I was praying in my house; and behold, a man stood before me in bright clothing,
Կոռնելիոս ալ ըսաւ. «Չորս օր առաջ՝ մինչեւ այս ժամը ծոմ կը պահէի, ու իններորդ ժամուն տանս մէջ կ՚աղօթէի. եւ ահա՛ փայլուն տարազով մարդ մը կայնեցաւ առջեւս ու ըսաւ.
31 and said: Cornelius, your prayer is heard, and your deeds of charity are remembered before God.
“Կոռնելիո՛ս, քու աղօթքդ ընդունուեցաւ, եւ ողորմութիւններդ Աստուծոյ առջեւ յիշուեցան:
32 Send, therefore, to Joppa, and call for Simon, who is surnamed Peter: he lodges in the house of Simon a tanner, by the sea; who, when he comes, will speak to you.
Ուրեմն մա՛րդ ղրկէ Յոպպէ ու կանչէ՛ Սիմոնը, որ Պետրոս մականուանեալ է. ան ծովուն մօտ՝ Սիմոն անունով կաշեգործի մը տան մէջ հիւրընկալուած է. երբ գայ՝ պիտի խօսի քեզի”:
33 Therefore, I immediately sent to you; and you have done well in coming. Now, therefore, we are all here present before God, to hear all things that are given in charge to you by God.
Ուստի անյապաղ մարդ ղրկեցի քեզի, եւ գոհ եմ՝՝ որ եկար: Ուրեմն հիմա մենք բոլորս ներկայ ենք Աստուծոյ առջեւ՝ լսելու ամէն ինչ որ Աստուծմէ հրամայուած է քեզի»:
34 And Peter opened his mouth, and said: In truth, I perceive that God is no respecter of persons;
Պետրոս բացաւ իր բերանը ու ըսաւ. «Ճշմարտապէս կ՚ըմբռնեմ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ,
35 but, in every nation, he that fears him and works righteousness is accepted by him.
հապա ամէն ազգի մէջ իրեն ընդունելի է ա՛ն՝ որ իրմէ կը վախնայ եւ արդարութիւն կը գործէ:
36 The word which he sent to the sons of Israel, preaching peace by Jesus Christ, (he is Lord of all, )
Այն խօսքը՝ որ Աստուած ղրկեց Իսրայէլի որդիներուն, աւետելու խաղաղութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով, (ա՛ն է բոլորին Տէրը, )
37 that word, you know, which was published through the whole of Judea, beginning from Galilee, after the immersion that John preached;
դուք լաւ գիտէք այդ խօսքը, որ եղաւ ամբողջ Հրէաստանի մէջ՝ Գալիլեայէն սկսելով, այն մկրտութենէն ետք՝ որ Յովհաննէս քարոզեց:
38 how God anointed Jesus of Nazareth with the Holy Spirit, and with power; who went about doing good, and healing all that were oppressed by the devil; for God was with him.
Նազարէթէն եղող Յիսուսը, որ Աստուած օծեց Սուրբ Հոգիով եւ զօրութեամբ, շրջեցաւ բարիք գործելով ու բժշկելով բոլոր Չարախօսէն ճնշուածները, քանի որ Աստուած իրեն հետ էր.
39 And we are witnesses of all that he did, both in the country of the Jews, and in Jerusalem; whom they slew by hanging him on a tree.
եւ մենք վկայ ենք այն բոլոր բաներուն՝ որ ըրաւ Հրէաստանի ու Երուսաղէմի մէջ: Զայն սպաննեցին՝ փայտէն կախելով:
40 Him God raised up the third day, and caused him to appear,
Աստուած յարուցանեց զայն երրորդ օրը, եւ բացայայտեց զայն
41 not to all the people, but to witnesses who were before appointed by God, even to us, who did eat and drink with him, after he rose from the dead.
ո՛չ թէ ամբողջ ժողովուրդին, հապա՝ մեզի - նախապէս Աստուծմէ ընտրուածներուս՝ վկայ ըլլալու -, որ կերանք ու խմեցինք իրեն հետ՝ իր մեռելներէն յարութիւն առնելէն ետք:
42 And he commanded us to preach to the people, and to testify that this is he who has been appointed by God as the judge of the living and the dead.
Եւ ինք պատուիրեց մեզի, որ քարոզենք ու վկայենք ժողովուրդին թէ ի՛նք է Աստուծմէ սահմանուած Դատաւորը ողջերուն եւ մեռելներուն:
43 To him all the prophets bear testimony, that whoever believes on him shall receive remission of sins through his name.
Բոլոր մարգարէները կը վկայեն անոր մասին թէ ո՛վ որ հաւատայ անոր՝ պիտի ստանայ մեղքերու ներում անոր անունով»:
44 While Peter was speaking these things, the Holy Spirit fell on all that heard the word.
Մինչ Պետրոս կ՚ըսէր այս խօսքերը, Սուրբ Հոգին իջաւ բոլոր անոնց վրայ՝ որ կը լսէին խօսքը:
45 And the believers that were of the circumcision, as many as had come with Peter, were astonished, because on the Gentiles also was poured out the gift of the Holy Spirit:
Թլփատուածներէն եղող բոլոր հաւատացեալները, որ եկած էին Պետրոսի հետ, զմայլեցան որ հեթանոսներուն վրայ ալ թափուեցաւ Սուրբ Հոգիին պարգեւը.
46 for they heard them speaking with tongues, and magnifying God. Then Peter answered:
որովհետեւ կը լսէին թէ անոնք կը խօսէին ուրիշ լեզուներով եւ կը մեծարէին Աստուած:
47 Can any one forbid the water, that these should not be immersed, who have received the Holy Spirit as well as we?
Այն ատեն Պետրոս ըսաւ. «Կրնա՞յ մէկը արգիլել, որ ջուրով մկրտուին ասոնք՝ որոնք ստացան Սուրբ Հոգին մեզի պէս»:
48 And he commanded them to be immersed in the name of the Lord. Then they besought him to remain some days.
Ու հրամայեց որ մկրտուին Տէրոջ անունով: Այն ատեն խնդրեցին իրմէ՝ որ հոն մնայ քանի մը օր:

< Acts 10 >