< 2 Corinthians 10 >
1 Now I Paul myself entreat you by the meekness and gentleness of Christ, who indeed am lowly in presence among you, but am bold toward you when absent.
Ես ինքս՝ Պօղոս՝ կ՚աղաչե՛մ ձեզի Քրիստոսի հեզութեամբ եւ ազնուութեամբ, ես՝ որ ձեր ներկայութեան մէջ խոնարհ եմ, բայց բացակայ ըլլալով՝ խիզախ եմ ձեզի հանդէպ:
2 But I pray not to be bold when present with the confidence by which I consider to be valiant toward some who consider us as walking according to flesh.
Կ՚աղերսեմ որ ներկայ եղած ատենս խիզախ չըլլամ այն վստահութեամբ՝ որով կը մտածեմ յանդուգն ըլլալ ոմանց դէմ, որոնք մեր մասին կը մտածեն ա՛յնպէս՝ իբր թէ կ՚ընթանանք մարմնաւորապէս:
3 For though walking in flesh, we do not war according to flesh.
Քանի որ՝ թէպէտ մարմինով կ՚ընթանանք, ո՛չ թէ մարմինին համաձայն կը մարտնչինք.
4 For the weapons of our warfare are not carnal, but mighty in God for the demolition of strongholds,
որովհետեւ մեր մարտին զէնքերը մարմնաւոր չեն, բայց Աստուծոյ միջոցով զօրաւոր են՝ ամրոցներու քանդումին համար:
5 casting down imaginations, and every high thing exalted against the knowledge of God, and bringing every thought captive into the obedience of the Christ,
Մենք կը քանդենք տրամաբանութիւններ եւ Աստուծոյ գիտութեան դէմ ինքզինք պանծացնող ամէն բարձր բան, ու Քրիստոսի հնազանդութեան գերի կը դարձնենք ամէն մտածում:
6 and having in readiness to avenge every disobedience, whenever your obedience is fulfilled.
Եւ պատրաստ ենք վրէժ առնելու ամէն անհնազանդութեան համար, երբ ձեր հնազանդութիւնը լման ըլլայ:
7 Do ye look at things according to appearance. If any man has convinced himself to be of Christ, let him consider this again of himself, that, as he is of Christ, so also are we of Christ.
Բաներու արտաքին երեւոյթի՞ն կը նայիք: Եթէ ոեւէ մէկը կը վստահի ինքնիր վրայ՝ թէ ինք Քրիոտոսինն է, դարձեալ թող մտածէ ինքնիրմէ՝ թէ ինչպէս ինք Քրիստոսինն է, նոյնպէս ալ՝ մենք:
8 For even if I also should boast somewhat more abundantly about our authority (which the Lord gave us for building up and not for tearing you down), I will not be shamed,
Քանի որ նոյնիսկ եթէ աւելի պարծենայի մեր իշխանութեան վրայ, որ Տէրը տուած է մեզի՝ շինութեան համար, եւ ո՛չ թէ ձեր քանդումին համար, պիտի չամչնայի:
9 so that I would not seem as if to terrify you by the letters.
Որպէսզի չթուի թէ ես կ՚ուզեմ զարհուրեցնել ձեզ նամակներով.
10 Because, The letters, he says, are indeed weighty and powerful, but his bodily presence is weak, and his speech is disdained.
քանի որ կ՚ըսեն. «Անոր նամակները ծանր ու հզօր են, բայց անոր մարմնական ներկայութիւնը տկար է, եւ իր խօսքը՝ անարգ»:
11 Let such a man think this, that such kind we are in word by letters when absent, we are also such kind when present in the work.
Այդպիսին թող մտածէ թէ ի՛նչպէս որ ենք խօսքով՝ նամակներուն մէջ, երբ բացակայ ենք, նո՛յնպէս ալ պիտի ըլլանք գործով՝ երբ ներկայ ըլլանք:
12 For we dare not classify or compare ourselves to some of those who commend themselves. But they, measuring themselves by themselves, and comparing themselves to themselves, do not understand.
Որովհետեւ մենք չենք յանդգնիր մենք մեզ դասել կամ բաղդատել ոմանց հետ՝ որ իրենք զիրենք կը յանձնարարեն. անոնք չեն հասկնար թէ իրենք իրենցմով կը չափուին եւ իրարու միջեւ կը բաղդատուին.
13 But we will not boast in things immeasurable, but according to the measure of the standard that God apportioned to us, of a measure to reach even as far as you.
իսկ մենք չափէ դուրս պիտի չպարծենանք, հապա չափին համեմատ այն սահմանին՝ որ Աստուած բաշխեց մեզի, որպէսզի հասնինք մինչեւ ձեզ:
14 For it is not as not reaching for you. We overextend ourselves. For we even reached as far as you in the good news of the Christ,
Արդարեւ մենք մեզ չենք ընդարձակեր մեր չափէն աւելի, որպէս թէ հասած չըլլայինք ձեզի. քանի որ ի՛րապէս հասանք մինչեւ ձեզ՝ Քրիստոսի աւետարանով:
15 not boasting in things immeasurable, in other men's labors, but having hope of your faith growing in you to be enlarged according to our measure for abundance,
Մեր չափէն դուրս պիտի չպարծենանք՝ ուրիշներուն աշխատանքներով, հապա յոյս ունինք որ՝ երբ ձեր հաւատքը աճի՝ առատօրէն մեծարուինք ձեզմով, մեր սահմանին համեմատ.
16 in order to preach the good news beyond you, not to boast in another measure, in things prepared.
որպէսզի ձեզմէ անդին ալ աւետարանենք, եւ ո՛չ թէ պարծենանք ուրիշի սահմանին մէջ եղած պատրաստ բաներով:
17 But he who boasts should boast in the Lord.
Բայց ո՛վ որ պարծենայ՝ Տէրոջմո՛վ թող պարծենայ.
18 For he who commends himself, that man is not approved, but whom the Lord commends.
որովհետեւ գնահատելի է ո՛չ թէ ա՛ն՝ որ ինքզինք կը յանձնարարէ, հապա ա՛ն՝ որ Տէ՛րը կը յանձնարարէ: