< Djela apostolska 4 >
1 Dok su oni još govorili narodu, priđu im svećenici, hramski zapovjednik i saduceji,
Երբ անոնք կը խօսէին ժողովուրդին, քահանաները, տաճարին մեծաւորն ու Սադուկեցիները հասան անոնց վրայ,
2 ozlovoljeni što uče narod i navješćuju - u Isusu - uskrsnuće od mrtvih;
նեղանալով որ անոնք կը սորվեցնէին ժողովուրդին եւ կը հռչակէին Յիսուսի միջոցով մեռելներէն յարութիւն առնելը:
3 pograbe ih i bace u tamnicu do sutra jer već bijaše večer.
Ձեռք բարձրացուցին անոնց վրայ ու արգելարան դրին զանոնք մինչեւ հետեւեալ օրը, որովհետեւ արդէն իրիկուն էր:
4 Ipak mnogi od onih koji su čuli Riječ, povjerovaše te broj vjernika poraste nekako do pet tisuća.
Բայց այդ խօսքը լսողներէն շատեր հաւատացին, եւ մարդոց թիւը հասաւ գրեթէ հինգ հազարի:
5 Sutradan se sastadoše u Jeruzalemu glavari, starješine i pismoznanci -
Հետեւեալ օրը՝ Երուսաղէմի մէջ հաւաքուեցան անոնց պետերը, երէցներն ու դպիրները,
6 i veliki svećenik Ana, i Kajfa, i Ivan, i Aleksandar, i svi od roda velikosvećeničkoga.
նաեւ Աննա քահանայապետը եւ Կայիափա, Յովհաննէս ու Աղեքսանդրոս, եւ բոլոր անոնք՝ որ քահանայապետի ընտանիքներէ էին:
7 Izvedoše apostole preda se pa ih stadoše ispitivati: “Kojom snagom ili po kojem imenu vi to učiniste?”
Զանոնք մէջտեղ կայնեցուցած՝ կը հարցաքննէին. «Ի՞նչ զօրութեամբ կամ ի՞նչ անունով ըրիք այս բանը»:
8 Onda Petar pun Duha Svetoga reče: “Glavari narodni i starješine!
Այն ատեն Պետրոս՝ Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ ըսաւ անոնց. «Ժողովուրդի պետե՛ր եւ Իսրայէլի երէցնե՛ր,
9 Zar mi danas odgovaramo zbog dobra djela učinjena bolesnu čovjeku? Po kome je ovaj spašen?
եթէ մենք կը հարցաքննուինք այսօր՝ տկար մարդու մը եղած բարիքին համար, թէ ի՛նչ կերպով բժշկուեցաւ,
10 Neka bude znano svima vama i svemu narodu Izraelovu: po imenu Isusa Krista Nazarećanina, kojega ste vi raspeli, a kojega Bog uskrisi od mrtvih! Po njemu ovaj stoji pred vama zdrav!
գիտցէ՛ք դուք բոլորդ եւ ամբողջ Իսրայէլի ժողովուրդը, թէ Նազովրեցի Յիսուս Քրիստոսի անունով, որ դուք խաչեցիք բայց Աստուած մեռելներէն յարուցանեց, ահա՛ անո՛վ ասիկա բժշկուած կեցած է հոս՝ ձեր առջեւ:
11 On je onaj kamen koji vi graditelji odbaciste, ali koji postade kamen zaglavni.
Ա՛յս է այն քարը, ձեզմէ՝ կառուցանողներէդ անարգուած, որ անկիւնաքարը եղաւ:
12 I nema ni u kome drugom spasenja. Nema uistinu pod nebom drugoga imena dana ljudima po kojemu se možemo spasiti.”
Եւ ուրիշ ո՛չ մէկով փրկութիւն կայ. որովհետեւ անկէ զատ ուրիշ անուն մը չկայ երկինքի տակ՝ մարդոց մէջ տրուած, որով կարենանք փրկուիլ»:
13 Kad vidješe neustrašivost Petrovu i Ivanovu, a znajući da su to ljudi nepismeni i neuki, bijahu u čudu; znali su ih, da bijahu s Isusom, ali
Իսկ անոնք, նայելով Պետրոսի ու Յովհաննէսի համարձակութեան, եւ ըմբռնելով թէ անուս ու տգէտ մարդիկ են՝ զարմացան, եւ գիտցան թէ անոնք Յիսուսի հետ էին:
14 videći gdje s njima stoji izliječeni čovjek, nisu mogli ništa protusloviti.
Տեսնելով այդ բուժուած մարդը՝ որ կայնած էր անոնց հետ, ոչինչ կրցան խօսիլ անոնց դէմ:
15 Stoga zapovjediše da izađu iz vijećnice pa stadoše raspravljati:
Ուստի հրամայելով անոնց՝ որ դուրս ելլեն ատեանէն, խորհրդակցեցան իրարու հետ
16 “Što ćemo s tim ljudima? Ta učinili su očit znak, poznat svim Jeruzalemcima, ne možemo ga nijekati;
եւ ըսին. «Ի՞նչ ընենք այս մարդոց. որովհետեւ Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներուն բացայայտ է թէ իսկապէս երեւելի նշան մը կատարուեցաւ ասոնց միջոցով, ու մենք չենք կրնար ուրանալ:
17 ali da se još više ne razglasi u narod, zaprijetimo im da nikomu živom o tom Imenu više ne govore.”
Սակայն՝ որպէսզի ժողովուրդին մէջ ա՛լ աւելի չտարածուի՝ սաստիկ սպառնանք անոնց, որ այլեւս ո՛չ մէկուն խօսին այդ անունով»:
18 Pozvaše ih i zapovjediše im da podnipošto ne zbore niti naučavaju u ime Isusovo.
Ապա կանչելով զանոնք՝ պատուիրեցին անոնց որ ամե՛նեւին չխօսին եւ չսորվեցնեն Յիսուսի անունով:
19 Ali im Petar i Ivan odgovoriše: “Sudite je li pred Bogom pravo slušati radije vas nego Boga.
Բայց Պետրոս ու Յովհաննէս պատասխանեցին անոնց. «Եթէ Աստուծոյ առջեւ իրաւացի՛ է՝ որ Աստուծմէ աւելի ձեզի՛ մտիկ ընենք, դո՛ւք դատեցէք.
20 Mi doista ne možemo ne govoriti što vidjesmo i čusmo.”
որովհետեւ մենք չենք կրնար չխօսիլ մեր տեսածին ու լսածին մասին»:
21 Ali oni ne našavši kako da ih kazne, opet im zaprijete pa ih otpuste poradi naroda jer su svi slavili Boga zbog onoga što se dogodilo.
Իսկ անոնք դարձեալ սպառնալէ ետք՝ արձակեցին զանոնք, առանց զիրենք պատուհասելու կերպ մը գտնելու, ժողովուրդին պատճառով, քանի որ բոլորն ալ կը փառաբանէին Աստուած կատարուածին համար.
22 Jer čovjeku na kom se dogodi čudo ozdravljenja bijaše više od četrdeset godina.
որովհետեւ այն մարդը՝ որուն վրայ այս բժշկութեան նշանը եղաւ՝ քառասուն տարեկանէն աւելի էր:
23 Otpušteni, odoše svojima i javiše što im rekoše veliki svećenici i starješine.
Երբ արձակուեցան՝ գացին իրենց խումբին քով, ու պատմեցին ինչ որ քահանայապետները եւ երէցները ըսած էին իրենց:
24 Kad su oni to čuli, jednodušno podigoše glas k Bogu i rekoše: “Gospodine, ti si stvorio nebo i zemlju i more i sve što je u njima!
Անոնք ալ, երբ լսեցին, միաբանութեամբ իրենց ձայնը բարձրացուցին Աստուծոյ՝ ըսելով. «Տէ՛ր, դո՛ւն ես այն Աստուածը՝ որ ստեղծեցիր երկինքն ու երկիրը, ծովը եւ բոլոր անոնց մէջ եղածները,
25 Ti si na usta oca našega, sluge svoga Davida, po Duhu Svetom rekao: Zašto se bune narodi, zašto puci ludosti snuju?
որ ըսիր քու ծառայիդ՝ Դաւիթի բերանով. “Ինչո՞ւ հեթանոսները մոլեգնեցան ու ժողովուրդները ունայն բաներ խոկացին.
26 Ustaju kraljevi zemaljski, Knezovi se rotÄe protiv Gospodina i protiv Pomazanika njegova.
երկրի թագաւորները իրարու քով կայնեցան ու պետերը հաւաքուեցան՝ Տէրոջ դէմ եւ անոր Օծեալին դէմ”:
27 RotÄe se, uistinu, u ovome gradu na svetog Slugu tvoga Isusa, kog pomaza, rotÄe se Herod i Poncije Pilat zajedno s narodima i pucima izraelskim
Որովհետեւ ճշմարտապէս (այս քաղաքին մէջ) հաւաքուեցան քու սուրբ Որդիիդ՝ Յիսուսի դէմ, որ դուն օծեցիր, Հերովդէս ու Պոնտացի Պիղատոս, հեթանոսներուն հետ եւ Իսրայէլի ժողովուրդին հետ,
28 da učine što tvoja ruka i tvoja volja predodredi da se zbude.
ընելու այն՝ ինչ որ քու ձեռքդ ու ծրագիրդ նախապէս որոշած էին՝ որ կատարուին:
29 I evo sada, Gospodine, promotri prijetnje njihove i daj slugama svojim sa svom smjelošću navješćivati riječ tvoju!
Եւ հիմա, Տէ՛ր, նայէ՛ անոնց սպառնալիքներուն, ու շնորհէ՛ քու ծառաներուդ՝ որպէսզի լման համարձակութեամբ քարոզենք քու խօսքդ,
30 Pruži ruku svoju da bude ozdravljenja, znamenja i čudesa po imenu svetoga Sluge tvoga Isusa.”
երկարելով քու ձեռքդ՝ որ բժշկութիւններ, նշաններ եւ սքանչելիքներ կատարուին քու սուրբ Որդիիդ՝ Յիսուսի անունով»:
31 I pošto se pomoliše, potrese se mjesto gdje bijahu sabrani, i svi se napuniše Duha Svetoga te stanu navješćivati riječ Božju smjelo.
Երբ անոնք աղերսեցին, սարսեցաւ այն տեղը՝ ուր հաւաքուած էին, ու բոլորը լեցուեցան Սուրբ Հոգիով եւ համարձակութեամբ կը քարոզէին Աստուծոյ խօսքը:
32 U mnoštva onih što prigrliše vjeru bijaše jedno srce i jedna duša. I nijedan od njih nije svojim zvao ništa od onoga što je imao, nego im sve bijaše zajedničko.
Հաւատացեալներուն բազմութիւնը մէկ սիրտ ու մէկ հոգի էր: Անոնցմէ ո՛չ մէկը կ՚ըսէր իր որեւէ ստացուածքին համար թէ “իրն է”. հապա իրենց բոլոր բաները հասարակաց կը սեպէին:
33 Apostoli pak velikom silom davahu svjedočanstvo o uskrsnuću Gospodina Isusa i svi uživahu veliku naklonost.
Առաքեալները մեծ զօրութեամբ կը վկայէին Տէր Յիսուսի յարութեան մասին, եւ մեծ շնորհք կար անոնց բոլորին վրայ:
34 Doista, nitko među njima nije oskudijevao jer koji bi god posjedovali zemljišta ili kuće, prodavali bi ih i utržak donosili
Անոնց մէջ ո՛չ մէկ կարօտեալ կար. որովհետեւ անոնք որ տէր էին արտերու կամ տուներու՝ կը ծախէին, կը բերէին ծախուածներուն հասոյթները
35 i stavljali pred noge apostolima. A dijelilo se svakomu koliko je trebao.
ու կը դնէին առաքեալներու տրամադրութեան տակ՝՝, եւ իւրաքանչիւրին կը բաշխուէր իր կարիքին համեմատ:
36 A Josip, od apostola prozvan Barnaba, što znači Sin utjehe, levit, rodom Cipranin,
Յովսէս, որ առաքեալներէն Բառնաբաս մականուանուեցաւ, (որ կը թարգմանուի՝ Մխիթարութեան որդի, ) Ղեւտացի, ծնունդով՝ Կիպրացի,
37 posjedovaše jednu njivu; proda je pa donese novac i postavi pred noge apostolima.
ագարակ մը ունենալով՝ ծախեց, բերաւ դրամը ու դրաւ առաքեալներու տրամադրութեան տակ: