< 羅馬書 11 >

1 再問:莫非天主擯棄了自己的人民嗎?斷然不是! 我自己就是個以色列人,出於亞巴郎的後裔,本雅明支派。
Ուրեմն կ՚ըսեմ. «Միթէ Աստուած վանե՞ց իր ժողովուրդը»: Ամե՛նեւին. որովհետեւ ե՛ս ալ Իսրայելացի եմ, Աբրահամի զարմէն, Բենիամինի տոհմէն:
2 天主並沒有擯棄祂所預選的人民。難道你們不知道聖經在厄里亞篇上說了什麼,他怎樣向天主抱怨以色列?
Աստուած չվանեց իր ժողովուրդը, որ նախապէս ճանչցած էր: Միթէ չէ՞ք գիտեր թէ Գիրքը ի՛նչ կ՚ըսէ Եղիայի մասին, թէ ի՛նչպէս ան կը գանգատէր Աստուծոյ՝ Իսրայէլի դէմ, ըսելով.
3 『上主呀! 他們殺了你的先知,毀壞了你的祭壇,只剩下了我一個,他們還在謀害我的性命。』
«Տէ՛ր, քու մարգարէներդ սպաննեցին ու քու զոհասեղաններդ փլցուցին. ես մինակ մնացած եմ, եւ իմ անձս ալ կը փնտռեն»:
4 然而神諭告訢了他什麼?『我為我自己留下了七千人,他們沒有向巴耳屈過膝。』
Բայց ի՞նչ կ՚ըսէ անոր Աստուծոյ պատգամը. «Ինծի պահեցի եօթը հազար մարդ, որոնք Բահաղի չծնրադրեցին»:
5 同樣,現在也留下了一些殘餘,即天主以恩寵所選拔的人。
Նոյնպէս ալ այս ներկայ ատենը մնացորդ մը կայ՝ շնորհքի ընտրութեան համաձայն:
6 既是出於恩寵,就不是出於作為,不然,恩寵就不算為恩寵了。
Եւ եթէ շնորհքով է, ուրեմն ա՛լ գործերէն չէ. այլապէս՝ շնորհքը ա՛լ շնորհք չ՚ըլլար: Իսկ եթէ գործերէն է, ա՛լ շնորհք չէ. այլապէս՝ գործը ա՛լ գործ չ՚ըլլար: ՝՝
7 那麼還說什麼呢?以色列全體所尋求的,沒有得到,只有那些蒙選的人得到了;其餘的都頑梗不化了。
Ուրեմն ի՞նչ. Իսրայէլ չհասաւ այն բանին՝ որ կը փնտռէր. սակայն ընտրուածնե՛րը հասան անոր, իսկ միւսները կուրցան
8 正如所記載的:『天主賦予了他們沉睡的神,有眼看不見,有耳聽不見,直到今日,仍是如此。』
(ինչպէս գրուած է. «Աստուած անոնց տուաւ թմրութեան ոգի. աչքեր՝ որ չտեսնեն, եւ ականջներ՝ որ չլսեն».) մինչեւ այսօր:
9 達味也說過:『他們的筵席成為他們的陷阱、羅網、絆腳石和應得的報應。
Ու Դաւիթ կ՚ըսէ. «Անոնց սեղանը վարմ, որոգայթ, գայթակղութիւն եւ հատուցում թող ըլլայ իրենց:
10 願他們的眼睛昏迷,不得看見。願你使他們的脊背常常彎曲。』
Անոնց աչքերը թող խաւարին՝ որպէսզի չտեսնեն, եւ անոնց կռնակը ամէ՛ն ատեն վար ծռէ»:
11 那麼我再問:他們失足,是要他們永久跌倒嗎?絕對不是! 而是藉著他們的過犯,使救恩臨到外邦人,為刺激他們發憤。
Ուրեմն կ՚ըսեմ. «Միթէ անոնք սայթաքեցան՝ որպէսզի իյնա՞ն»: Ամե՛նեւին: Հապա՝ փրկութիւնը հասաւ հեթանոսներուն անոնց անկումով, որպէսզի գրգռէ անոնց նախանձը:
12 如果因他們的過犯,世界得以致富;因他們的墮落,外邦人得以致富;他們全體歸正,更將怎樣呢?
Ուստի եթէ անոնց անկումը աշխարհի հարստութիւն եղաւ, եւ անոնց նուաստացումը՝ հեթանոսներուն հարստութիւն, ա՛լ ո՜րչափ աւելի՝ անոնց լիութիւնը:
13 我對你們外邦人說:我既然是外邦人的宗徒,我必要光榮我的職務;
Բայց ձեզի՝ հեթանոսներուդ կ՚ըսեմ. «Քանի որ հեթանոսներուն առաքեալն եմ՝ կը փառաւորեմ իմ սպասարկութիւնս,
14 這樣,或許可激動我的同胞發憤,因而能拯救他們幾個人。
յուսալով բարի նախանձը գրգռել իմ մարմինէս եղողներուն, եւ փրկել անոնցմէ ոմանք»:
15 如果因他們被遺棄,世界與天主和好了;那麼,他們如果蒙收納,豈不是死而復生嗎?
Որովհետեւ եթէ անոնց մեկուսացուիլը աշխարհի հաշտութիւն եղաւ, հապա ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց վերստին ընդունուիլը, եթէ ոչ՝ կեանք մեռելներէն:
16 如果所獻的初熟的麥麵是聖的,全麵團也成為聖的;如果樹根是聖的,樹枝也是聖的。
Ուրեմն՝ եթէ երախայրիքը սուրբ է, նոյնն է նաեւ զանգուածը. ու եթէ արմատը սուրբ է, ուրեմն ճիւղերն ալ:
17 假如有幾條橄欖樹枝被折下來,而你這枝野橄欖樹枝被接上去,同沾橄欖樹根的肥脂,
Եթէ այդ ճիւղերէն ոմանք կտրուեցան, ու դո՛ւն՝ որ վայրի ձիթենի էիր, պատուաստուեցար անոնց մէջտեղ եւ հաղորդակից եղար անոնց հետ ձիթենիին արմատին ու պարարտութեան,
18 就不可向舊樹枝自誇。如果你想自誇,就該想不是你托著樹根,而是樹根托著你。
մի՛ պարծենար ճիւղերուն դէմ: Իսկ եթէ պարծենաս, գիտցի՛ր թէ դո՛ւն չես որ կը կրես արմատը, հապա արմա՛տը՝ քեզ:
19 或者你要說:樹枝被折下來,正是為叫我接上去。
Ուրեմն պիտի ըսես. «Ճիւղերը կտրուեցան՝ որպէսզի ես պատուաստուիմ»:
20 不錯,他們因了不信而被折下來,你要因著信,才站得住。你決不可心高氣傲,反應恐懼,
Լա՛ւ. անոնք կտրուեցան անհաւատութեան պատճառով, ու դուն հաստատ մնացած ես հաւատքով: Մեծամիտ մի՛ ըլլար, հապա վախցի՛ր.
21 因為天主既然沒有憐惜了那些原有的樹枝,將來也許不憐惜你。
որովհետեւ եթէ Աստուած չխնայեց բնական ճիւղերուն, գուցէ չխնայէ նաեւ քեզի:
22 可是天主又慈善又嚴厲:天主對於跌倒了的人是嚴厲的,對於你卻是慈善的,只要你存留在祂的慈善上;不然你也必要被砍去。
Ուրեմն տե՛ս Աստուծոյ քաղցրութիւնն ու խստութիւնը. խստութիւն՝ ինկածներուն հանդէպ, իսկ բարութիւն՝ քեզի հանդէպ, եթէ յարատեւես անոր քաղցրութեան մէջ. այլապէս՝ դո՛ւն ալ պիտի կտրուիս:
23 至於他們,如果他們不固執於無信之中,必會再被接上去,因為天主有能力重新把他們接上去。
Իսկ անոնք ալ պիտի պատուաստուին՝ եթէ չմնան իրենց անհաւատութեան մէջ, որովհետեւ Աստուած կարող է դարձեալ պատուաստել զանոնք:
24 其實,如果你這由本生的橄欖樹上被砍下來的,逆著性被接在好橄欖樹上,何況他們那些原生的樹枝,豈不更容易接在自己原來的橄欖樹上麼?
Քանի որ եթէ դուն կտրուեցար այն ձիթենիէն՝ որ բնութեամբ վայրի էր, եւ հակառակ բնութեան՝ պատուաստուեցար լաւ ձիթենիի մը վրայ, ա՛լ ո՜րչափ աւելի ասոնք՝ որ բնական ճիւղերն են, պիտի պատուաստուին իրենց սեփական ձիթենիին վրայ:
25 弟兄們! 免得你們自作聰明,我不願意你們不知道這項奧祕的事,就是只有一部分是執迷不悟的,直到外邦人全數進入天國為止:
Որովհետեւ չեմ ուզեր, եղբայրնե՛ր, որ անգիտանաք սա՛ խորհուրդին, (որպէսզի դուք ձեզ իմաստուն չսեպէք, ) թէ մասնակի կուրութիւն պատահեցաւ Իսրայէլի, մինչեւ որ ներս մտնէ հեթանոսներուն լիութիւնը:
26 那時,全以色列必也獲救,正如經上所載:『拯救者必要來自熙雍,從雅各伯中消除不敬之罪;
Եւ այսպէս՝ ամբողջ Իսրայէլը պիտի փրկուի, ինչպէս գրուած է. «Ազատարարը Սիոնէն պիտի գայ, ու Յակոբէն պիտի հեռացնէ ամբարշտութիւնը:
27 這是我與他們所訂立的盟約:那時我要赦免他們的罪惡。』
Եւ ա՛յս է իմ ուխտս անոնց հետ, երբ քաւեմ անոնց մեղքերը»:
28 照福音來說,他們由於你們的緣故,成了天主的仇人;但照召選來說,由於他們祖先的緣故,他們仍是可愛的,
Աւետարանին համաձայն՝ անոնք թշնամիներ են ձեր պատճառով. բայց ընտրութեան համաձայն՝ սիրելի են իրենց հայրերուն պատճառով,
29 因為天主的恩賜和召選是決不會撤回的。
քանի որ Աստուծոյ շնորհներն ու կոչումը անդառնալի են:
30 就如你們以前背判了天主,如今卻因了他們的背判而蒙受了憐憫;
Որովհետեւ ինչպէս ժամանակին դուք ալ չէիք հնազանդեր Աստուծոյ, բայց հիմա ողորմութիւն գտաք անոնց անհնազանդութեամբ,
31 同樣,因了你們所受的憐憫,他們如今背判,這是為叫他們今後池蒙受憐憫,
նոյնպէս անոնք ալ հիմա չհնազանդեցան, որպէսզի անոնք ալ ողորմութիւն գտնեն ձեր գտած ողորմութեամբ՝՝:
32 因為天主把人都禁錮在背判之中,是為要憐憫眾人。 (eleēsē g1653)
Որովհետեւ Աստուած ներփակեց բոլորը անհնազանդութեան մէջ, որպէսզի ողորմի բոլորին: (eleēsē g1653)
33 啊! 天主的富饒,上智和知識,是麼高深! 他的決斷是多麼不可探察!
«Ո՛վ Աստուծոյ ճոխութեան, իմաստութեան ու գիտութեան խորութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները, եւ անզննելի՝ իր ճամբաները:
34 有誰曾知道上主的心意?或者,有誰曾當過祂的顧問?
Որովհետեւ ո՞վ գիտցաւ Տէրոջ միտքը, կամ ո՞վ անոր խորհրդատու եղաւ:
35 或者,有誰曾先施恩於祂,而望祂還報呢?
Կամ ո՞վ նախապէս անոր տուաւ բան մը, որ հատուցանուի իրեն»:
36 因為萬物都出於祂,依賴祂,而歸於祂。願光榮歸於祂直至永世! 阿們! (aiōn g165)
Որովհետեւ անկէ, անով եւ անորն են բոլոր բաները, որուն փա՜ռք յաւիտեան: Ամէն: (aiōn g165)

< 羅馬書 11 >