< 馬太福音 15 >

1 時,有法利塞人和經師,從耶路撒冷來到耶穌跟前說:「
Այն ատեն Յիսուսի եկան դպիրներ ու Փարիսեցիներ, որոնք Երուսաղէմէն էին, եւ ըսին.
2 你的門徒為什麼違犯先人的傳受?他們吃飯時竟不洗手。」
«Ինչո՞ւ քու աշակերտներդ զանց կ՚ընեն նախնիքներուն աւանդութիւնը, քանի որ չեն լուար իրենց ձեռքերը՝ երբ հաց կ՚ուտեն»:
3 耶穌回答他們說:「你們為什麼為了你們的傳受,而惟犯天主的戒命呢?
Ինք ալ պատասխանեց անոնց. «Հապա դո՛ւք ինչո՞ւ զանց կ՚ընէք Աստուծոյ պատուիրանը՝ ձեր աւանդութեան պատճառով:
4 天主曾說過:『你要孝敬父親和父母。』又說過:『咒罵父親和母親的,應處以死行刑。』
Արդարեւ Աստուած պատուիրեց. “Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ.
5 你們卻說:誰若對父親或母親說:我所能供養你的,已成了獻儀;
եւ ո՛վ որ անիծէ իր հայրը կամ մայրը, մահո՛վ թող վախճանի”:
6 他就不必再孝敬父親或母親了。你們就為了你們的傳受,廢棄了天主的話。
Բայց դուք կ՚ըսէք. “Ո՛վ որ իր հօր կամ մօր ըսէ թէ "ի՛նչ օգուտ որ պիտի ստանաս ինձմէ՝ Աստուծոյ տալիք ընծայ է", եւ իր հայրը կամ մայրը չպատուէ՝ ազատ է”: Ա՛յսպէս՝ անվաւեր դարձուցած էք Աստուծոյ պատուիրանը՝ ձեր աւանդութեան պատճառով:
7 假善人哪!依撒意亞論你們預言的真好,他說:『
Կեղծաւորնե՛ր, Եսայի ճի՛շդ մարգարէացաւ ձեր մասին՝ ըսելով.
8 這民族用嘴唇尊敬我,他們的心卻是遠離我;
“Այս ժողովուրդը միայն շրթունքո՛վ կը պատուէ զիս, բայց իրենց սիրտը հեռու է ինձմէ.
9 他更們恭敬我也是假的,因為他們講授的教義是人的規律。』」
եւ պարապ տեղը կը պաշտեն զիս՝ մարդոց պատուէրները սորվեցնելով իբր վարդապետութիւն”»:
10 耶穌便叫群眾來,對他們說:「你門聽,且要明白:
Եւ բազմութիւնը կանչելով իրեն՝ ըսաւ անոնց. «Լսեցէ՛ք ու հասկցէ՛ք.
11 不是入於口的,纔始人污穢。」
ո՛չ թէ ինչ որ կը մտնէ բերանը՝ կը պղծէ մարդը, հապա ինչ որ կ՚ելլէ բերանէն՝ անիկա՛ կը պղծէ մարդը»:
12 那時,們徒前來告訴耶穌說:「你知道法利塞人聽了這話,起了反感嗎﹖」
Այն ատեն իր աշակերտները մօտեցան եւ ըսին իրեն. «Գիտե՞ս թէ Փարիսեցիները գայթակղեցան, երբ լսեցին այդ խօսքը»:
13 耶穌答說:「任何植物,凡不是我天父所栽種的,必要連根拔除。
Ան ալ պատասխանեց. «Ամէն տունկ՝ որ իմ երկնաւոր Հայրս չէ տնկած, պիտի խլուի:
14 由他們罷!他們是瞎子,且是瞎子的領路人;但若瞎子領瞎子兩人必要掉在坑裏。」
Թողուցէ՛ք զանոնք. իրենք կոյր են, ու կոյրերու առաջնորդ: Եթէ կոյրը առաջնորդէ կոյրը, երկուքն ալ փոսը պիտի իյնան»:
15 伯多錄遂應聲對耶蘇說:「請你為我們講解這個比喻罷!」
Պետրոս ըսաւ անոր. «Բացատրէ՛ մեզի այս առակը»:
16 耶穌說:「連你們也不明白嗎?
Յիսուս ըսաւ. «Դո՞ւք ալ տակաւին անխելք էք.
17 你們不曉得:凡如於口的,先到肚腹內,然後排泄到廁所裏去嗎?
չէ՞ք հասկնար թէ ամէն ինչ որ կը մտնէ բերանը, կը պարունակուի փորին մէջ, ու կը ձգուի արտաքնոցը:
18 但那從口裏出來的,都是由心裏發出來的,這些纔始人污穢,
Իսկ ինչ որ բերանէն դուրս կ՚ելլէ՝ սիրտէ՛ն յառաջ կու գայ, եւ անիկա՛ կը պղծէ մարդը:
19 因為由心裏發出來的是惡念、兄殺、姦淫、邪淫、盜竊、妄證、誹謗。
Որովհետեւ սիրտէ՛ն կ՚ելլեն չար մտածումներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութիւններ, սուտ վկայութիւններ ու հայհոյութիւններ:
20 這些都使人污穢,至於不洗手吃飯,並不能使人污穢。」
Ասո՛նք են որ կը պղծեն մարդը, բայց անլուայ ձեռքով հաց ուտելը՝ չի պղծեր մարդը»:
21 耶穌離開那裏,就退往提洛和漆冬一帶去了。
Յիսուս անկէ մեկնելով՝ գնաց Տիւրոսի ու Սիդոնի երկրամասերը:
22 看,有一個客納罕婦人,從那地方出來喊說:「主,達味之子,可憐我罷!我的女兒被魔糾纏的好苦啊!」
Եւ ահա՛ քանանացի կին մը, այդ հողամասերէն ելած, կը պոռար անոր. «Ողորմէ՜ ինծի, Տէ՛ր, Դաւիթի՛ որդի, աղջիկս սաստիկ կը չարչարուի դեւէն»:
23 耶穌卻一句話也不回答她。他的們徒就上前求他說:「打發她走罷!因為她在我們後面不停地喊叫。」
Ինք ո՛չ մէկ խօսքով պատասխանեց անոր. իսկ իր աշակերտները մօտենալով՝ կը թախանձէին իրեն ու կ՚ըսէին. «Արձակէ՛ զայն, որովհետեւ կ՚աղաղակէ մեր ետեւէն»:
24 耶穌回答說:「我被派遣,只是為了以色列家失迷的羔羊。」
Ինք ալ պատասխանեց. «Ես ղրկուեցայ միայն Իսրայէլի տան կորսուած ոչխարներուն»:
25 那婦人卻前來叩拜他說:「主,援助我罷!」
Բայց անիկա եկաւ, երկրպագեց անոր եւ ըսաւ. «Տէ՛ր, օգնէ՛ ինծի»:
26 耶穌回答說:「拿兒女的餅扔給小狗,是不對的。」
Ան ալ պատասխանեց. «Լաւ չէ առնել զաւակներուն հացը ու նետել շուներուն»:
27 但她說:「是啊!主,可是小狗也吃主人桌子上掉下來的碎屑。」
Անիկա ալ ըսաւ. «Այո՛, Տէ՛ր. սակայն շուները կը կերակրուին իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներով»:
28 耶穌回答她說:「啊! 婦人,妳的信德真大,就如妳所願望的,給妳成就罷!」從那時刻起,她的女兒就痊愈了。
Այն ատեն Յիսուս պատասխանեց անոր. «Ո՛վ կին, մեծ է հաւատքդ. թող ըլլայ քեզի՝ ի՛նչ որ կ՚ուզես»: Եւ նոյն ժամուն անոր աղջիկը բժշկուեցաւ:
29 耶穌離開了那裏,來到加里肋亞海岸,上了山坐在那裏。
Յիսուս անկէ մեկնեցաւ. երբ Գալիլեայի ծովեզերքը հասաւ՝ լեռը ելլելով նստաւ:
30 於是有許多群眾帶著瘸子、瞎子、啞吧、和許多其他的病人來到耶穌跟前,把他們放在他的足前,他便治好了他們;
Ու մեծ բազմութիւններ եկան իրեն, որոնք ունէին իրենց հետ կաղեր, կոյրեր, համրեր, հաշմանդամներ եւ շատ ուրիշներ, ու ձգեցին զանոնք Յիսուսի ոտքը: Ան ալ բուժեց զանոնք.
31 致始群眾見到啞吧說話,殘廢康復,瘸子行走,瞎子看見,都大為驚奇,頌揚以色列的天主。
այնպէս որ բազմութիւնը զմայլեցաւ՝ տեսնելով որ համրերը կը խօսէին, հաշմանդամները կը բժշկուէին, կաղերը կը քալէին եւ կոյրերը կը տեսնէին. ու կը փառաբանէին Իսրայէլի Աստուածը:
32 耶穌將自己的們徒召來說:「我很憐憫這群眾,因為他們同我在一起以經三天,也沒有什麼可吃的;我不願遣散他們空著肚子回去,怕他們在路上昏倒。」
Յիսուս՝ քովը կանչելով իր աշակերտները՝ ըսաւ. «Կը գթամ այդ բազմութեան վրայ, որովհետեւ արդէն երեք օրէ ի վեր քովս են, եւ ուտելիք ոչի՛նչ ունին: Չեմ ուզեր անօթի արձակել զանոնք, որպէսզի ճամբան չպարտասին»:
33 們徒對他說:「在荒野裏我們從那裏得這麼多的餅,使這麼多的群眾吃飽呢?」
Աշակերտները ըսին անոր. «Մենք անապատին մէջ ուրկէ՞ պիտի ունենանք այնչափ հաց, որ կշտացնենք ա՛յսչափ մեծ բազմութիւն մը»:
34 耶穌對他們說:「你們有多少餅 ?」他們說:「七個,還有幾條小魚。」
Յիսուս ըսաւ անոնց. «Քանի՞ նկանակ ունիք»: Անոնք ալ ըսին. «Եօթը, ու քանի մը մանր ձուկ»:
35 耶穌就吩咐群眾坐在地上,
Հրամայեց բազմութեան՝ որ նստին գետինին վրայ:
36 拿起那七個餅和魚來,祝謝了,擘開,遞給們徒;門徒再分給群眾。
Առաւ եօթը նկանակներն ու ձուկերը, շնորհակալ եղաւ, կտրեց եւ տուաւ աշակերտներուն, աշակերտներն ալ՝ բազմութեան:
37 眾人都吃了,也都飽了,把剩下的碎塊收集了滿滿七籃子。
Բոլորը կերան ու կշտացան, եւ վերցնելով աւելցած բեկորները՝ եօթը զամբիւղ լեցուցին:
38 吃的人數,除婦女和孩子外,約有四千人。
Անոնք որ կերան՝ չորս հազար այր մարդիկ էին, կիներէն ու մանուկներէն զատ:
39 耶穌遣散了群眾,就上船,來到瑪加丹境內。
Երբ արձակեց բազմութիւնը, նաւ մտաւ եւ գնաց Մագդաղայի հողամասը:

< 馬太福音 15 >