< 希伯來書 3 >

1 所以,有分於天上召選的諸聖弟兄啊。你們應細心想想,我們公認的欽使和大司祭耶穌,
Ուստի, սո՛ւրբ եղբայրներ, երկնային կոչումին բաժնեկիցնե՛ր, ուշադի՛ր եղէք մեր դաւանութեան Առաքեալին ու Քահանայապետին՝ Քրիստոս Յիսուսի,
2 對那委派衪的是怎樣忠信,正如『梅瑟在衪的全家中』一樣。
որ հաւատարիմ էր զինք նշանակողին, ինչպէս Մովսէս ալ՝ անոր ամբողջ տան մէջ:
3 衪本來比梅瑟堪受更大地光榮,就如修建房屋的人,比那房屋理當更受尊榮。
Որովհետեւ ինք արժանացաւ Մովսէսէն ա՛յնքան աւելի փառքի, որքան աւելի պատիւ կ՚ունենայ տուն կառուցանողը՝ քան տունը:
4 不錯,每座房屋都由一個人修建,但那創造萬有的卻是天主。
Քանի որ ամէն տուն ունի կառուցանող մը. բայց ա՛ն որ կառուցանեց բոլոր բաները՝ Աստուա՛ծ է:
5 梅瑟在天主的全家中的確忠信,不過衪只是臣僕,為給那當要宣布的事作證;
Արդարեւ Մովսէս անոր ամբողջ տան մէջ հաւատարիմ էր իբր ծառայ՝ ըսուելիքներուն վկայ ըլլալու համար.
6 但基督卻是兒子,管理自己的家;衪的家就是我們,只要我們保存由望德所生的依恃和榮耀,『堅定不移,直到最後。』
բայց Քրիստոս՝ իբր որդի կը տիրէ իր իսկ տան վրայ: Մե՛նք ենք անոր տունը, եթէ գէթ մինչեւ վախճանը ամուր բռնենք համարձակութիւնը եւ յոյսին պարծանքը:
7 為此,聖神有話說:『今天你們如果聽見衪的聲音,
Ուստի, ինչպէս Սուրբ Հոգին կ՚ըսէ. «Այսօր, եթէ պիտի լսէք անոր ձայնը,
8 不要再心硬了,像在叛亂之時,像在曠野中試探的那一天;
մի՛ խստացնէք ձեր սիրտերը՝ ինչպէս դառնութեան ատեն, փորձութեան օրը՝ անապատին մէջ,
9 在那裏,你們的祖宗以考驗試探了我,雖然見了我的作為,
ուր ձեր հայրերը փորձեցին ու քննեցին զիս, թէպէտ քառասուն տարի տեսան իմ գործերս:
10 共四十年之久。所以我厭惡了那一世代,說:衪們心中時常迷惑,衪們不認識我的道路,
Ուստի զզուեցայ այդ սերունդէն եւ ըսի. “Անոնք միշտ մոլորած են իրենց սիրտով, ու չգիտցան իմ ճամբաներս”:
11 所以我在怒中起誓說:衪們決不得進入我的安息。』
Հետեւաբար երդում ըրի իմ բարկութեանս մէջ. “Անոնք պիտի չմտնեն իմ հանգստավայրս”»:
12 弟兄們你們要小心,免得你們中有人起背信的惡心,背離生活的天主;
Զգուշացէ՛ք, եղբայրնե՛ր, որպէսզի ձեզմէ ո՛չ մէկուն ներսը անհաւատութեան չար սիրտ մը ըլլայ՝ հեռանալով ապրող Աստուծմէն:
13 反之,只要還有「今天」在,你們要天天互相勸勉,免得你們有人因罪惡的誘惑而硬了心,
Հապա ամէն օր յորդորեցէ՛ք զիրար, քանի «այսօր» կ՚ըսուի, որպէսզի ձեզմէ ո՛չ մէկը խստանայ մեղքին խաբէութեամբ:
14 因為我們已成了有分於基督的人,只要我們保存著起初懷有的信心,堅定不移,直到最後,
Արդարեւ մենք բաժնեկից եղած ենք Քրիստոսի, եթէ գէթ մինչեւ վախճանը հաստատ բռնենք մեր սկիզբի վստահութիւնը,
15 經上所說:『今天你們如果聽見衪的聲音,不要再心硬了,像在叛亂之時,』
մինչ կ՚ըսուի. «Այսօր, եթէ պիտի լսէք անոր ձայնը, մի՛ խստացնէք ձեր սիրտերը՝ ինչպէս դառնութեան ատեն»:
16 是誰聽了而起了叛亂呢﹖豈不是梅瑟從埃及領出來的眾人嗎﹖
Քանի որ ոմանք՝ լսելէ ետք՝ դառնացուցին. սակայն ոչ՝՝ բոլորը՝ որ Եգիպտոսէն ելած էին Մովսէսի միջոցով:
17 四十年之久,天主厭惡了誰呢﹖不是那些犯了罪,而衪們的屍首倒在曠野中的人嗎﹖
Իսկ որոնցմէ՞ զզուեցաւ քառասուն տարի. մեղանչողներէն չէ՞ր, որոնց դիակները ինկան անապատին մէջ:
18 衪向誰起了誓,不准進入衪的安息呢﹖不是向那些背信的人嗎﹖
Եւ որո՞նց երդում ըրաւ՝ թէ պիտի չմտնեն իր հանգստավայրը, եթէ ոչ՝ անհնազանդներուն:
19 於是我們看出:衪們不得進入安息,是因了背信的緣故。
Ու կը տեսնենք թէ չկրցան մտնել՝ իրենց անհաւատութեան պատճառով:

< 希伯來書 3 >