< 歌羅西書 1 >
1 因天主的旨意作基督耶穌的宗徒的保祿與弟茂弟兄,
Պօղոս, Աստուծոյ կամքով Յիսուս Քրիստոսի առաքեալը, եւ Տիմոթէոս եղբայրը՝
2 致書給在哥羅森的聖徒及在基督內忠信的弟兄, 恩寵與平安由天主我們的父賜與你們!
Կողոսայի մէջ եղող սուրբերուն ու Քրիստոսով հաւատարիմ եղբայրներուն.
3 我們在祈禱時,常為你們感謝我們的主耶穌基督的天主和父,
շնորհք եւ խաղաղութիւն ձեզի Աստուծմէ՝ մեր Հօրմէն, ու Տէր Յիսուս Քրիստոսէ՝՝: Ամէն ատեն աղօթելով ձեզի համար՝ շնորհակալ կ՚ըլլանք Աստուծմէ ու մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Հօրմէն,
4 因為我們聽說:你們在基督耶穌內的信德,和你們對眾徒所有的愛德:
լսելով Քրիստոս Յիսուսի վրայ ձեր ունեցած հաւատքին եւ բոլոր սուրբերուն հանդէպ ձեր տածած սիրոյն մասին,
5 這是為了那在天上給你們存留的希望,對這希望你們由福音真理的宣講人早已聽過了。
այն յոյսին պատճառով՝ որ երկինքը վերապահուած է ձեզի համար: Անոր մասին նախապէս լսեցիք՝ աւետարանին ճշմարտութեան խօսքով,
6 這福音一傳到你們那裏,就如在全世界上,不斷結果,並在真理內認識了天主的恩寵那天以來,也是一樣;
որ հասաւ ձեզի՝ ինչպէս ամբողջ աշխարհի, ու պտուղ կ՚արտադրէ (եւ կ՚աճի) նոյնպէս ձեր մէջ ալ, այն օրէն ի վեր՝ երբ լսեցիք ու ճշմարտութեամբ գիտցաք Աստուծոյ շնորհքը,
7 這福音也是由我們親愛的同僕厄帕夫辣所學的,他為你們實在是基督的忠僕役,
ինչպէս սորվեցաք մեր սիրելի ծառայակիցէն՝ Եպափրասէն: Ան Քրիստոսի հաւատարիմ սպասարկու մըն է ձեզի համար,
եւ ինք ալ բացայայտեց մեզի ձեր սէրը՝ Հոգիով:
9 為此,自從我們得到了報告那天起,就不斷為你們祈禱,懇求天主使你們對祂的旨意有充分的認識,充滿各種屬神的智慧和見識,
Հետեւաբար մենք ալ՝ այն օրէն երբ լսեցինք՝ չենք դադրիր աղօթելէ ձեզի համար, եւ խնդրելէ որ լեցուած ըլլաք անոր կամքին գիտակցութեամբ՝ ամբողջ իմաստութեամբ ու հոգեւոր ըմբռնումով,
10 好使你們的行動相稱於天主,事事叫祂喜悅,在一切善功上結出果實,在認識天主上護得進展,
որպէսզի ընթանաք Տէրոջ արժանավայել կերպով՝ հաճեցնելով զինք ամէն բանի մէջ, պտղաբեր ըլլալով ամէն տեսակ բարի գործով, եւ աճելով Աստուծոյ ճանաչումով.
11 全力加強自己,賴他光榮的德能,含忍容受一切,欣然
ու զօրացած ամբողջ ոյժով՝ իր փառաւոր զօրութեան համեմատ, ուրախութեամբ համբերող եւ համբերատար ըլլաք,
12 感謝那使我們有資格,在光明中分享聖徒福分的天父,
շնորհակալ ըլլալով Հայր Աստուծմէ, որ արժանացուց մեզ մասնակից ըլլալու լոյսի մէջ բնակող սուրբերու ժառանգութեան,
13 因為是祂由黑暗的權勢下救出了我們,並將我們移植在祂愛子的國內,
եւ ազատեց մեզ խաւարի իշխանութենէն ու փոխադրեց իր սիրելի Որդիին թագաւորութեան.
անո՛վ մենք ազատագրութիւն ունինք՝ իր արիւնով, այսինքն՝ մեղքի ներում:
15 祂是不可見的天主的肖像,是一切受造物者的首生者,
Ան անտեսանելի Աստուծոյ պատկերն է, բոլոր արարածներուն անդրանիկը,
16 因為在天上和在地上的一切,可見的與不可見的,或是上座者,或是宰制者,或是率領者,或是掌權者,都是在祂內受造的:一切都是藉著祂,並且是為了祂而受造的。
որովհետեւ անո՛վ ստեղծուեցաւ ամէն բան, ինչ որ երկինքի մէջ է եւ ինչ որ երկրի վրայ կայ, տեսանելի կամ անտեսանելի. թէ՛ գահերը, թէ՛ տէրութիւնները, թէ՛ պետութիւնները, թէ՛ իշխանութիւնները: Բոլոր բաները ստեղծուեցան անով եւ անոր համար:
Ան ամէն բանէ առաջ է, ու անո՛վ ամէն բան հաստատ կը կենայ:
18 祂又是身體──教會的頭:祂是元始,是死者中的首生者,為使祂在萬有之上獨佔首位,
Ա՛ն է մարմինին, այսինքն՝ եկեղեցիին գլուխը. ա՛ն է սկիզբը, մեռելներէն անդրանիկը, որպէսզի նախապատիւ ըլլայ ամէն բանի մէջ.
որովհետեւ Հայրը բարեհաճեցաւ որ Աստուածութեան ամբողջ լիութիւնը բնակի անոր մէջ,
20 並藉著祂使萬有,無論是地上的,是天上的,都與自己重歸於好,因著祂十字架的血立定了和平。
եւ անո՛վ հաշտեցնէ իրեն հետ բոլորը, թէ՛ երկրի վրայ ու թէ՛ երկինքի մէջ եղողները, խաղաղութիւն ընելով անոր արիւնով, որ թափուեցաւ խաչին վրայ:
21 連你們從前也與天主隔絕,並因邪惡的行為在心意上與祂為敵;
Եւ ձեզ ալ, որ ժամանակին ուծացած ու ձեր միտքով թշնամիներ էիք՝ չար գործերով,
22 可是現今天主卻以祂血肉的身體,藉著死亡使你們與自己和好了,把你們呈獻在祂跟前,成為聖潔,無瑕和無可指摘的,
հիմա հաշտեցուց անոր բուն մարմինով՝ մահուան միջոցով, որպէսզի անոր առջեւ սուրբ, անարատ եւ անմեղադրելի ներկայացնէ ձեզ,
23 只要你們在信德上站穩,堅定不移,不偏離你們由聽福音所得的希望,這福音已傳與天下一切受造物,我保祿就是這福音的僕役。
եթէ հիմնուած ու հաստատուած մնաք հաւատքին վրայ, առանց խախտելու յոյսէն այն աւետարանին՝ որ դուք լսեցիք. ան քարոզուեցաւ երկինքի տակ եղած բոլոր արարածներուն, ու ես՝ Պօղոս՝ սպասարկու եղայ անոր:
24 如今我在為你們受苦,反覺高興,因為這樣我可在我的肉身上,為基督的身體──教會,補充基督的苦難所欠缺的;
Հիմա ուրախ եմ ձեզի համար կրած չարչարանքներուս մէջ, ու Քրիստոսի կրած տառապանքներուն պակասը կը լրացնեմ իմ մարմինիս մէջ՝ անոր մարմինին համար, որ եկեղեցին է:
25 我依照天主為你們所授與我的職責,作了這教會的僕役,好把天主的道理充分地宣揚出去,
Ես սպասարկու եղայ անոր Աստուծոյ տնտեսութեամբ՝ որ տրուեցաւ ինծի ձեզի համար, որպէսզի լիովին քարոզեմ Աստուծոյ խօսքը,
26 這道理就是從世世代代以來所隱藏,而如今卻顯示給祂的聖徒的奧祕。 (aiōn )
այն խորհուրդը՝ որ ծածկուած էր բոլոր դարերէն ու սերունդներէն, իսկ հիմա յայտնաբերուեցաւ իր սուրբերուն, (aiōn )
27 天主願意他們知道,這奧祕為外邦人是有如何豐盛的光榮,這奧祕就是基督在你們中作了你們覺得光榮的希望。
որոնց Աստուած ուզեց գիտցնել թէ ի՛նչ է այս խորհուրդին փառքին ճոխութիւնը հեթանոսներուն մէջ, այսինքն՝ Քրիստոս ձեր մէջ, փառքի յոյսը:
28 我們所傳揚的,就是這位基督,因而我們以各種智慧,勸告一切人,教訓一切人,好把一切人,呈獻於天主前,成為在基督內的成全人;
Մենք կը հռչակենք զինք, խրատելով ամէն մարդ եւ սորվեցնելով ամէն մարդու՝ ամբողջ իմաստութեամբ, որպէսզի ներկայացնենք ամէն մարդ կատարեալ՝ Քրիստոս Յիսուսով:
29 我就是為這事而勞苦,按祂以大能在我身上所發動的力量,盡力奮鬥。
Ասո՛ր համար ես կ՚աշխատիմ, պայքարելով իր ներգործութեան համեմատ՝ որ զօրութեամբ կը գործէ իմ մէջս: