< 使徒行傳 24 >

1 五天,大司祭阿納尼雅同幾個長老和一個名叫特爾突羅的律師下來,向總督控告保祿。
Հինգ օր ետք, Անանիա քահանայապետը՝ երէցներուն եւ Տերտիւղոս անունով ճարտասանի մը հետ իջաւ, ու յայտնեցին կառավարիչին իրենց ամբաստանութիւնը՝ Պօղոսի դէմ:
2 保祿被傳來後,特爾突羅便開始控告說:「斐理斯大人!因了你,我們纔得大享太平,由於你的照料,這民族得了改善:
Երբ կանչեցին զայն, Տերտիւղոս սկսաւ ամբաստանել եւ ըսել. «Որովհետեւ խոր խաղաղութիւն կը վայելենք քու միջոցովդ, ու բարեբաստիկ կարգադրութիւններ եղած են այս ազգին՝ քու կանխամտածութեամբդ,
3 這是我們時時處處感激不盡的。
ամէն ատեն եւ ամէն տեղ կ՚ընդունինք զանոնք ամբողջ շնորհակալութեամբ, պատուակա՛ն Փելիքս:
4 但為了不多耽誤你的時間,我請求你發仁慈,略聽我們片刻。
Բայց որպէսզի ա՛լ աւելի չձանձրացնեմ քեզ, կ՚աղաչե՛մ, քու ներողամտութեամբդ մտի՛կ ըրէ մեզի. համառօտաբար պիտի խօսինք:
5 我們查出這人實在是個危險人物。他鼓動天下的一切猶太人作亂,又是納匝肋教派的魁首。
Մենք գտանք թէ այս մարդը ժանտախտ մըն է. ապստամբութեան կը մղէ ամբողջ երկրագունդին բոլոր Հրեաները, ու պարագլուխն է Նազովրեցիներու աղանդին:
6 他還企圖褻瀆聖殿,我們便把他抓住了。【本想按我們的法律來審判他,
Ան նոյնիսկ փորձեց տաճարը սրբապղծել. ուստի բռնեցինք զայն եւ ուզեցինք դատել մեր Օրէնքին համաձայն:
7 可是千夫長里息雅趕到,以武力將他從我們手中奪去,
Բայց Լիւսիաս հազարապետը եկաւ, մեծ բռնութեամբ առաւ զայն մեր ձեռքէն,
8 命令控告他的人,到你這裏來。】你問問他,便可知道我們控告這人的一切事是真的了。」
ու հրամայեց զայն ամբաստանողներուն որ գան քեզի: Դուն ինքդ հարցաքննելով զինք՝ պիտի կարենաս գիտնալ այն բոլոր բաները, որոնց համար մենք կ՚ամբաստանենք զայն»:
9 猶太人也一起附和,肯定事情確是如此。
Հրեաներն ալ միաձայնեցան, հաւաստելով թէ այդ բաները ա՛յդպէս են:
10 總督示意叫保祿說話,保祿便回答說:「我知道你多年以來,就作這民族的判官,所以我可放心為我自己的事作辯護。
Երբ կառավարիչը նշան ըրաւ իրեն՝ որ խօսի, Պօղոս պատասխանեց. «Գիտնալով որ շատ տարիներէ ի վեր դուն այս ազգին դատաւորն ես, աւելի սիրայօժարութեամբ կը ջատագովեմ զիս.
11 你能夠查知:自從我上耶路撒冷來朝拜,到現在還不過十二天。
որովհետեւ կրնա՛ս գիտնալ թէ ես տասներկու օրէն աւելի չէ որ բարձրացայ Երուսաղէմ՝ երկրպագելու:
12 他們在聖殿裏,或在會堂裏,或在城內,沒有看見我同什麼人爭論,或集合過群眾。
Զիս երբե՛ք չգտան՝ ոեւէ մէկուն հետ վիճաբանելու կամ բազմութիւն մէկտեղելու ատեն, ո՛չ տաճարին, ո՛չ ժողովարաններուն,
13 對於他們現在控告我的事,他們也不能向你證明。
ո՛չ քաղաքին մէջ. ո՛չ ալ կրնան ապացուցանել այն բաները, որոնց համար հիմա կ՚ամբաստանեն զիս:
14 但是有一點,我卻向你承認:就是我確是依照他們所稱為異端的道,事奉祖先的天主;凡合乎法律及先知書上所記載的一切,我都相信。
Բայց սա՛ կը դաւանիմ քու առջեւդ՝՝, թէ կը պաշտեմ իմ հայրերուս Աստուածը այն ճամբային համաձայն՝ որ իրենք կը կոչեն հերձուած, հաւատալով Օրէնքին ու Մարգարէներուն մէջ գրուած բոլոր բաներուն:
15 我對天主所有的希望,也是他們自己所期待的,就是義人及不義的人將要復活。
Յոյս ունիմ Աստուծոյ վրայ, ինչպէս ասո՛նք ալ ակնկալութիւն ունին, թէ մեռելներուն յարութիւն պիտի ըլլայ, թէ՛ արդարներուն եւ թէ անարդարներուն:
16 因此,我自己勉力,對天主對人時常保持良心無愧。
Ուստի այս բանին համար ես ճիգ կը թափեմ, որ ամէն ատեն ունենամ անսայթաք խղճմտանք մը՝ Աստուծոյ ու մարդոց առջեւ:
17 我離開耶路撒冷多年以後,纔回到那裏,是為賙濟我國人,並呈獻祭物。
Ուրեմն ես՝ շատ տարիներ ետք՝ եկայ ողորմութիւններ բերելու իմ ազգիս, նաեւ ընծաներ:
18 這期間,有人見我在聖殿裏行取潔禮,既沒有集眾,也沒有作亂。
Այսպէս՝ քանի մը ասիացի Հրեաներ գտան զիս տաճարին մէջ՝ մաքրագործուած, առանց բազմութեան կամ աղմուկի.
19 不過,只有幾個從亞細亞來的猶太人,他們若有告我的事,他們應該到你面前控告。
պէտք էր որ անո՛նք գային առջեւդ եւ ամբաստանէին, եթէ ունէին ինծի դէմ ըսելիք բան մը:
20 或者,如果這裏的這些人,見我站在公議會前有什麼不對,他們儘可提出;
Կամ թէ ասոնք՝ իրե՛նք թող ըսեն, ի՞նչ անիրաւութիւն գտան իմ վրաս՝ երբ կայնած էի ատեանին առջեւ:
21 即使有,無非是為了我站在他們中間所喊的這一聲:為了死者的復活,我今天纔受你們審判。」
Թերեւս միայն սա՛ մէկ աղաղակս, որ բարձրացուցի երբ իրենց մէջ կայնած էի. «Մեռելներու յարութեա՛ն համար ես այսօր ձեզմէ կը դատուիմ»:
22 斐理斯對於這道,既有比較確切的認識,便有意拖延,就對他們說:「等里息雅千夫長下來,我再審斷你們的事。」
Փելիքս յետաձգեց անոնց հարցը, որովհետեւ ճշգրիտ տեղեկութիւն ունէր այդ ճամբային մասին, եւ ըսաւ. «Երբ Լիւսիաս հազարապետը հոս իջնէ, պիտի քննեմ ձեր գործը»:
23 遂命百夫長看守保祿,要從寬待他,不要阻止他的近人來接濟他。
Ու հրամայեց հարիւրապետին որ պահէ զայն, բայց անդորրութիւն տայ եւ իրեններէն ո՛չ մէկը արգիլէ՝ սպասաւորելու անոր կամ երթալու անոր քով:
24 過了幾天,斐理斯和他的猶太籍妻子得魯息拉一起來到,就打發人叫保祿來,聽他講論有關信仰基督耶穌的道理。
Քանի մը օր ետք, Փելիքս եկաւ իր Դրուսիղա կնոջ հետ՝ որ Հրեայ էր, կանչեց Պօղոսը, եւ լսեց անկէ Քրիստոս Յիսուսի վրայ եղած հաւատքի մասին:
25 保祿講論到公義、節操和將來的審判時,斐理斯害怕起來,便回答說:「現在你回去,等我得便,再叫你來。」
Երբ ան կը խօսէր արդարութեան, ժուժկալութեան ու գալիք դատաստանին մասին, Փելիքս՝ ահաբեկած՝ պատասխանեց. «Գնա՛ հիմա, ու երբ ատեն ունենամ՝ կը կանչեմ քեզ»:
26 他同時也希望保祿給他些錢,因此,履次打發人叫他來和他談話。
Նաեւ յոյս ունէր որ Պօղոս իրեն դրամ տայ. ուստի յաճախ կը կանչէր զայն եւ կը խօսակցէր անոր հետ:
27 滿了兩年,頗爾基約斐斯托接了斐理斯的任;斐理斯願意向猶太人討好,就將保祿留在監裏。
Բայց երբ երկու տարի անցաւ, Փելիքսի յաջորդեց Պորկիոս Փեստոս. Փելիքս ալ՝ ուզելով շնորհք ընել Հրեաներուն՝ կապուած ձգեց Պօղոսը:

< 使徒行傳 24 >