< 使徒行傳 18 >
Ասկէ ետք Պօղոս՝ հեռանալով Աթէնքէն՝ եկաւ Կորնթոս,
2 在那裏遇見了一個猶太人,名叫阿桂拉,原藉本都,他同妻子普黎史拉最近從義大利來,因為喀勞狄曾命所有的猶太人都離開羅馬。保祿就投到他們那裏,
գտաւ Հրեայ մը՝ Ակիւղաս անունով, ծնունդով՝ Պոնտացի, որ իր Պրիսկիղա կնոջ հետ նոր եկած էր Իտալիայէն (քանի որ Կղօդիոս պատուիրած էր բոլոր Հրեաներուն՝ հեռանալ Հռոմէն), եւ գնաց անոնց քով:
3 因為是同業,保祿便留在他們那裏工作;原來他們是以製造帳幕為業的。
Քանի ինք արհեստակից էր, անոնց քով բնակեցաւ եւ աշխատեցաւ, որովհետեւ արհեստով վրանագործ էին:
4 每逢安息日,保祿就在會堂裏辯論,勸化猶太人和希臘人。
Իսկ ամէն Շաբաթ օր կը խօսէր ժողովարանին մէջ, եւ կը համոզէր Հրեաներն ու Յոյները:
5 及至息拉和弟茂德從馬其頓來到後,保祿就專心傳道,向猶太人證明耶穌就是默西亞。
Երբ Շիղա եւ Տիմոթէոս իջան Մակեդոնիայէն, Պօղոս հոգիի կսկիծով կը վկայէր Հրեաներուն թէ Յիսուս՝ Քրիստո՛սն է:
6 可是,因為他們反對,而且說褻瀆的話,保祿就拂拭衣服向他們說:「你們的血歸到你們頭上,與我無干,從今以後,我要到外邦人那裏去了。」
Բայց երբ անոնք ընդդիմացան ու կը հայհոյէին, իր հանդերձները թօթուելով՝ ըսաւ անոնց. «Ձեր արիւնը ձեր գլո՛ւխը ըլլայ, ես անպարտ եմ. ասկէ ետք՝ հեթանոսներո՛ւն պիտի երթամ»:
7 於是離開那裏,進了一個名叫弟鐸猶斯托的家裏,這人敬畏天主,他的家緊靠著會堂。
Եւ մեկնելով անկէ՝ մտաւ Յուստոս անունով մէկու մը տունը, որ աստուածապաշտ էր. անոր տունը ժողովարանին կից էր:
8 會堂長克黎斯頗和他的全家都信了主,還有許多格林多人聽了道而相信,也領了洗。
Ժողովարանին պետը՝ Կրիսպոս՝ հաւատաց Տէրոջ իր ամբողջ ընտանիքով: Կորնթացիներէն շատեր ալ լսելով՝ հաւատացին ու մկրտուեցան:
9 夜間,主藉異象對保祿說:「不要害怕,只管講,不要緘默,
Գիշերը տեսիլքի մէջ Տէրը ըսաւ Պօղոսի. «Մի՛ վախնար, հապա խօսէ՛ եւ լուռ մի՛ կենար.
10 因為有我與你同在,必沒有人向你下手加害你,因為在這城裏有許多百姓是屬於我的。」
որովհետեւ ես քեզի հետ եմ, ու ո՛չ մէկը ձեռքը վրադ պիտի դնէ՝ քեզի վնասելու համար. քանի որ ես շատ ժողովուրդ ունիմ այս քաղաքին մէջ»:
11 於是,他就在那裏住了一年零六個月,在他們中講授天主的聖道。
Հոն տարի մը ու վեց ամիս կեցաւ, եւ Աստուծոյ խօսքը կը սորվեցնէր անոնց մէջ:
12 當加里雍作阿哈雅總督時,猶太人同心合意地起來攻擊保祿,把他帶到法庭
Աքայիայի փոխ-հիւպատոսին՝ Գաղիոնի օրերը, Հրեաները միաբանելով՝ ըմբոստացան Պօղոսի դէմ, եւ դատարանը տարին զայն՝
ըսելով. «Ասիկա կը համոզէ մարդիկը՝ որ պաշտեն Աստուած Օրէնքին հակառակ կերպով»:
14 保祿剛要開口,加里雍就向猶太人說:「猶太人啊!如果有什麼犯法或邪惡的罪行,我自當容忍你們;
Երբ Պօղոս պիտի բանար իր բերանը, Գաղիոն ըսաւ Հրեաներուն. «Եթէ անիրաւութեան մը կամ չար լրբութեան մը համար ըլլար, ո՛վ Հրեաներ, կ՚արժէր որ հանդուրժէի ձեզի.
15 但問題既是關於道理、名目和你們自己的法律的事,你們自己管罷,我不願作這些事的判官。」
բայց եթէ հարցը՝ խօսքի, անուններու եւ ձեր Օրէնքին մասին է, դուք ձեզմէ՛ տեսէք դատը. որովհետեւ ես չեմ փափաքիր այդպիսի բաներու դատաւոր ըլլալ».
ու զանոնք վռնտեց դատարանէն:
17 於是眾希臘人拉住會堂長索斯特乃,在法庭前打了他;而加里雍全不理睬這些事。
Ուստի բոլոր Յոյները բռնեցին Սոսթենէսը, ժողովարանին պետը, եւ ծեծեցին դատարանին առջեւ: Բայց Գաղիոն բնա՛ւ հոգ չէր ըներ այս մասին:
18 保祿又住了些日子,就與弟兄們辭別,乘船往敘利亞去;和他一起的,有普黎史拉和和阿桂拉,因為保祿許有誓願,在耕格勒剃了頭髮。
Իսկ Պօղոս, տակաւին շատ օրեր հոն մնալէ ետք, հրաժեշտ առաւ եղբայրներէն ու նաւարկեց դէպի Սուրիա - Պրիսկիղա եւ Ակիւղաս ալ իրեն հետ -, նախապէս իր գլուխը խուզած ըլլալով Կենքրեայի մէջ, որովհետեւ ուխտ ըրած էր:
19 到了厄弗所,保祿便把他們留在那裏,自己進了會堂,同猶太人辯論。
Երբ հասաւ Եփեսոս՝ հոն ձգեց զանոնք, իսկ ինք մտնելով ժողովարանը՝ կը խօսէր Հրեաներուն հետ:
Իրեն թախանձեցին որ աւելի՛ երկար ժամանակ մնայ իրենց քով. բայց չհաւանեցաւ,
21 卻辭別他們說:「若是天主願意,我還要回到你們這裏來。」遂從厄弗所開船走了。
հապա հրաժեշտ առաւ անոնցմէ՝ ըսելով. «Պէտք է որ անպատճառ այս յառաջիկայ տօնը կատարեմ Երուսաղէմի մէջ, բայց՝՝ Աստուծոյ կամքով դարձեալ պիտի վերադառնամ ձեզի»: Ու Եփեսոսէն նաւարկեց
22 在凱撒勒雅下船,就上耶路撒冷問候教會,然後下到安提約基雅。
եւ Կեսարիա հասնելով՝ Երուսաղէմ բարձրացաւ, բարեւեց եկեղեցին, ու յետոյ իջաւ Անտիոք:
23 保祿住了一個時期,又出發,挨次經過迦拉達區和夫黎基雅,堅固眾位門徒。
Ժամանակ մը հոն կենալէ ետք՝ մեկնեցաւ, եւ կարգով Գաղատացիներուն երկիրն ու Փռիւգիա կը շրջէր՝ բոլոր աշակերտները ամրացնելով:
24 有一個在亞歷山大里亞出生的猶太人,名叫阿頗羅,是個有口才的人,長於聖經,他到了厄弗所。
Ապողոս անունով Հրեայ մը, ծնունդով՝ Աղեքսանդրացի, ճարտասան մարդ մը՝ որ հմուտ էր Սուրբ Գիրքերուն, եկաւ հասաւ Եփեսոս:
25 這人學過主的道理,講論耶穌的事,心神熱烈,教訓人也很詳實,卻只知若翰的洗禮。
Ան կրթուած էր Տէրոջ ճամբային մէջ, ու եռանդուն հոգիով՝ կը խօսէր եւ ճշգրտութեամբ կը սորվեցնէր Տէրոջ մասին. բայց ինք գիտէր միայն Յովհաննէսի մկրտութիւնը:
26 這人開始在會堂裏放膽講論。普黎史拉和阿桂拉聽了他的講論,就把他接來,給他更詳實地講解了天主的道理。
Ան սկսաւ ժողովարանին մէջ քարոզել համարձակութեամբ: Երբ Ակիւղաս ու Պրիսկիղա լսեցին զայն՝ իրենց քով առին զինք, եւ աւելի ճշգրտութեամբ բացատրեցին իրեն Աստուծոյ ճամբան:
27 阿頗羅有意往阿哈雅去,弟兄們都鼓勵他,並且給門徒寫信,叫他們接待他;他到了那裏,依賴恩寵,給了信友們很多的貢獻,
Երբ ան փափաքեցաւ երթալ Աքայիա, եղբայրները նամակ գրեցին ու խրախուսեցին այնտեղի աշակերտները՝ որ ընդունին զինք: Եւ հոն հասնելով՝ Աստուծոյ շնորհքով շատ օգտակար եղաւ հաւատացեալներուն.
28 因為他經常有力地當眾駁倒猶太人,用聖經指明耶穌就是默西亞。
քանի որ հրապարակաւ ուժգնօրէն կը համոզէր Հրեաները, Սուրբ Գիրքերէն ցոյց տալով թէ Յիսուս՝ Քրիստո՛սն է: